ՍԱՂՄՈՍ 145։1-21

Օրհնութիւն Դաւիթի 145  Քեզ պիտի բարձրացնեմ, ո՛վ իմ Աստուածս, որ Թագաւոր ես,Ու քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի օրհնեմ։   Ամէն օր քեզ պիտի օրհնեմԵւ քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի գովեմ։   Մեծ ու խիստ գովելի է ՏէրըՈւ անոր մեծութիւնը անքննելի է։   Մէկ սերունդը միւսին պիտի գովէ քու գործերդԵւ քու զօրութիւններդ պիտի պատմէ։   Քու փառքիդ մեծութեանը վայելչութիւնըՈւ քու հրաշալի գործերդ պիտի յայտնեմ։   Եւ քու ահաւոր գործերուդ վրայ պիտի խօսինՈւ ես քու մեծութիւնդ պիտի պատմեմ։   Քու մեծ բարերարութեանդ յիշատակը պիտի հրատարակենԵւ քու Արդարութիւնովդ պիտի ցնծան։   Ողորմած ու գթած է Տէրը,Երկայնամիտ ու բազումողորմ է։   Տէրը ամենուն բարի էՈւ անոր ողորմութիւնները իր բոլոր գործերուն վրայ են։ 10  Ո՛վ Տէր, քու բոլոր գործերդ քեզ պիտի գովենԵւ քու սուրբերդ քեզ պիտի օրհնեն։ 11  Քու թագաւորութեանդ փառքը պիտի յայտնենՈւ քու զօրութիւնդ պիտի պատմեն. 12  Որպէս զի անոր զօրաւոր գործերը ու անոր թագաւորական փառաւոր մեծութիւնըՄարդոց որդիներուն գիտցնեն։ 13  Քու թագաւորութիւնդ յաւիտենական թագաւորութիւն էՈւ քու տէրութիւնդ՝ ազգէ մինչեւ ազգ։ 14  Տէրը կը հաստատէ բոլոր իյնալու վրայ եղողներըԵւ բոլոր վար ծռածները կը կանգնեցնէ։ 15  Ամենուն աչքերը քեզի կը սպասենՈւ ժամանակին անոնց կերակուրը դուն իրենց կու տաս։ 16  Քու ձեռքդ կը բանասՈւ ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես։ 17  Տէրը արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջՈւ ողորմած է իր բոլոր գործերուն մէջ։ 18  Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն,Այն ամենուն՝ որ ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն։ 19  Անիկա իրմէ վախցողներուն փափաքը կը լեցնէԵւ անոնց աղաղակը կը լսէ ու կը փրկէ զանոնք։ 20  Տէրը բոլոր զինք սիրողները կը պահէ,Սակայն բոլոր ամբարիշտները կը կորսնցնէ։ 21  Իմ բերանս Տէրոջը գովութիւնը պիտի պատմէՈւ ամէն մարմին անոր սուրբ անունը պիտի օրհնէ յաւիտեանս յաւիտենից։

Ստորանիշներ