ՍԱՂՄՈՍ 2։1-12

2  Ինչո՞ւ հեթանոսները խռովութիւն կ’ընենՈւ ժողովուրդները պարապ բան կը մտածեն,   Երկրի թագաւորները ինքզինքնին կը հաստատենՈւ իշխանները մէկտեղ խորհուրդ կ’ընենՏէրոջը դէմ ու անոր Օծեալին դէմ,   Ըսելով. «Կոտրե՛նք անոնց կապերը,Ու մեզմէ ձգե՛նք անոնց լուծը*»։   Երկինքը բնակողը անոնց վրայ պիտի ծիծաղի։Տէրը ծաղր պիտի ընէ զանոնք։   Այն ատեն իր բարկութիւնովը պիտի խօսի անոնցԵւ իր սրտմտութիւնովը պիտի խռովեցնէ զանոնք, ըսելով.   «Ե՛ս օծեցի իմ թագաւորսԻմ սուրբ լերանս՝ Սիօնին վրայ»։   Հրամանը պիտի պատմեմ։Տէրը ինծի ըսաւ.«Դո՛ւն իմ որդիս ես,Ես այսօր քեզ ծնայ։   Խնդրէ՛ ինձմէ ու հեթանոսները քեզի ժառանգութիւն պիտի տամՈւ երկրի ծայրերը քեզի ստացուածք։   Զանոնք երկաթէ գաւազանով պիտի կոտրես*,Բրուտի ամանի պէս պիտի փշրես զանոնք»։ 10  Ուստի հիմա, ո՛վ թագաւորներ, մտքերնիդ առէք,Երկրի՛ դատաւորներ, խրատուեցէ՛ք։ 11  Երկիւղով ծառայեցէ՛ք Տէրոջը,Ու դողալով անկէ վախցէ՛ք*։ 12  Որդին համբուրեցէք՝ որպէս զի չբարկանայՈւ ճամբուն մէջ չկորսուիք,Երբ անոր բարկութիւնը քիչ մը բորբոքի։Երանի՜ այն ամենուն որոնք անոր կը յուսան։

Ստորանիշներ

2։3 Եբր., չուանները
2։9 Կամ, հովուես
2։11 Կամ, ցնծացէք