ՍԱՂՄՈՍ 24։1-10
Սաղմոս Դաւիթի
24 Տէրոջն է երկիրն ու անոր լիութիւնը։Աշխարհն ու անոր բնակիչները։
2 Վասն զի ինք անոր հիմերը ծովերուն վրայ ձգեցՈւ զանիկա գետերուն վրայ հաստատեց։
3 Ո՞վ պիտի ելլէ Տէրոջը լեռը,Կամ ո՞վ պիտի կենայ անոր սուրբ տեղը։
4 Ձեռքերով սուրբը ու սրտով մաքուրը,Որ ստութեան անձնատուր չեղաւՈւ նենգութեամբ երդում չըրաւ.
5 Անիկա Տէրոջմէն օրհնութիւն պիտի ստանայՈւ իր փրկութեանը Աստուծմէն՝ արդարութիւն։
6 Զանիկա փնտռողներուն ցեղը այս է.Քու երեսդ խնդրողը Յակոբն է*։ (Սէլա։)
7 Ո՛վ դռներ, գլուխնիդ վեր վերցուցէքՈւ վերցուեցէ՛ք, ո՛վ յաւիտենական դռներ,Որպէս զի փառաց Թագաւորը մտնէ։
8 Ո՞վ է այս փառաց Թագաւորը,Կարող ու հզօր Տէրը,Պատերազմի մէջ հզօր Տէրը։
9 Ո՛վ դռներ, գլուխնիդ վեր վերցուցէքՈւ վերցուեցէ՛ք, ո՛վ յաւիտենական դռներ,Որպէս զի փառաց Թագաւորը մտնէ։
10 Ո՞վ է այս փառաց Թագաւորը։Զօրքերուն Տէրը,Ինքն է փառաց Թագաւորը։ (Սէլա։)
Ստորանիշներ
^ 24։6 Կամ, ո՛վ Յակոբ