ՍԱՂՄՈՍ 25։1-22
Սաղմոս Դաւիթի
25 Ո՛վ Տէր, իմ անձս քեզի վերցուցի։
2 Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզի յուսացի. թող չամչնամՈւ թշնամիներս իմ վրաս չցնծան։
3 Բոլոր քեզի սպասողները թող չամչնան.Ունայնութեամբ անօրէնութիւն ընողները թող ամչնան։
4 Ո՛վ Տէր, քու ճամբաներդ ցուցուր ինծի,Քու շաւիղներդ սորվեցուր ինծի։
5 Քու ճշմարտութեանդ մէջ ինծի առաջնորդէ ու սորվեցուր ինծի,Քանզի դո՛ւն ես իմ փրկութեանս Աստուածը։Ես քեզի կը սպասեմ ամէն օր։
6 Ո՛վ Տէր, քու գթութիւններդ ու ողորմութիւններդ յիշէ,Վասն զի յաւիտենական են։
7 Մանկութեան մեղքերս ու յանցանքներս մի՛ յիշեր,Հապա քու ողորմութիւնովդ զիս յիշէ՝Քու բարութեանդ համար, ո՛վ Տէր։
8 Տէրը բարի եւ ուղիղ է.Անոր համար մեղաւորներուն կը սորվեցնէ ճամբան։
9 Դատաստանի մէջ պիտի առաջնորդէ հեզերունՈւ իր ճամբան հեզերուն պիտի սորվեցնէ։
10 Տէրոջը բոլոր ճամբաները ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն են՝Իր ուխտը ու վկայութիւնները պահողներուն։
11 Ո՛վ Տէր, քու անուանդ համարՆերէ իմ անօրէնութիւնս, վասն զի* մեծ է։
12 Ո՞վ է այն մարդը որ Տէրոջմէն կը վախնայ։Ահա անոր պիտի սորվեցնէ իր ընտրած ճամբան։
13 Անոր անձը բարութեան մէջ պիտի բնակիՈւ անոր սերունդը երկիրը պիտի ժառանգէ։
14 Տէրոջը բարեկամութիւնը իրմէ վախցողներուն հետ էՈւ իր ուխտը անոնց կը սորվեցնէ։
15 Իմ աչքերս ամէն ատեն Տէրոջը կը նային,Վասն զի ան պիտի հանէ իմ ոտքերս որոգայթէն։
16 Ինծի դարձիր ու ողորմէ ինծի,Վասն զի մինակ ու վշտացած եմ։
17 Սրտիս նեղութիւնները շատցան.Իմ վիշտերէս զիս դուրս հանէ։
18 Իմ նեղութեանս ու տառապանքիս նայէՈւ բոլոր մեղքերս ներէ։
19 Տե՛ս իմ թշնամիներս, վասն զի շատցանՈւ սաստիկ ատելութիւնով զիս ատեցին։
20 Պահէ՛ իմ անձս ու փրկէ՛ զիս.Թող չամչնամ, վասն զի քեզի յուսացի։
21 Կատարելութիւնը եւ ուղղութիւնը զիս թող պահեն,Վասն զի քեզի սպասեցի։
22 Ո՛վ Աստուած, փրկէ ԻսրայէլըԻր ամէն նեղութիւններէն։
Ստորանիշներ
^ 25։11 Կամ, թէեւ