ՍԱՂՄՈՍ 38։1-22
Սաղմոս Դաւիթի՝ յիշատակի համար
38 Ո՛վ Տէր, քու սրտմտութիւնովդ զիս մի՛ յանդիմաներՈւ բարկութիւնովդ զիս մի՛ խրատեր։
2 Վասն զի քու նետերդ իմ ներսիդիս մխուեցանԵւ քու ձեռքդ իմ վրաս կը ճնշէ։
3 Իմ մարմնիս մէջ առողջութիւն չկայ՝ քու բարկութեանդ երեսէնՈւ ոսկորներուս մէջ հանգստութիւն չկայ իմ մեղքիս պատճառով,
4 Վասն զի անօրէնութիւններս գլխէս վեր բարձրացան,Ծանր բեռի պէս իմ վրաս* ծանրացան։
5 Վէրքերս հոտեցան ու փտեցանԻմ յիմարութեանս պատճառով։
6 Նուաստացայ ու խիստ ցածցայ.Ամէն օր տրտում կը պտըտիմ,
7 Վասն զի աղիքներս ջերմութիւնով լեցուեցանՈւ մարմնիս մէջ առողջութիւն չկայ։
8 Տկարացայ ու խիստ ճնշուեցայ.Սրտիս հեծութենէն մռնչեցի։
9 Ո՛վ Տէր, իմ ամէն բաղձանքս քու առջեւդ էՈւ իմ հեծութիւնս քեզմէ չծածկուեցաւ։
10 Սիրտս կը բաբախէ, ոյժս պակսեցաւՈւ իմ աչքերուս լոյսը՝ ան ալ ինծի հետ չէ։
11 Սիրականներս ու ընկերներս իմ չարչարանքիս պատճառով հեռու կը կենան,Ազգականներս ալ հեռու կը կենան
12 Ու անձս փնտռողները ինծի որոգայթ կը լարենՈւ ինծի չարիք ուզողները աւերումի մասին կը խօսինԵւ ամէն օր նենգութեան մասին կը մտածեն։
13 Սակայն ես խուլի պէս չեմ լսերՈւ բերանը չբացող համրի մը պէս եմ։
14 Եւ ես այնպիսի մարդու մը պէս եմ, որ չի լսերՈւ հակառակ խօսք չկայ իր բերանը։
15 Վասն զի, ո՛վ Տէր, ես քեզի կը յուսամ։Դուն պիտի պատասխանես, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։
16 Վասն զի ըսի. «Թող չխնդան իմ վրաս, անոնք որՈտքիս սահած ժամանակը ինծի դէմ կը հպարտանան»։
17 Վասն զի ես կաղ ըլլալու պատրաստ եմՈւ իմ ցաւս ամէն ատեն առջեւս է։
18 Վասն զի անօրէնութիւնս պիտի պատմեմՈւ մեղքիս համար հոգ պիտի ընեմ։
19 Բայց թշնամիներս ողջ են, ուժովցան։Զիս զուր տեղը ատողները շատցան։
20 Ու աղէկութեան փոխարէն գէշութիւն ընողներըԻնծի դէմ կը կենան, վասն զի ես աղէկութեան ետեւէ կ’երթամ։
21 Զիս մի՛ թողուր, ո՛վ Տէր,Ո՛վ իմ Աստուածս, ինձմէ մի՛ հեռանար։
22 Ինծի օգնութիւն ընելու արտորա՛,Ո՛վ Տէր, իմ փրկութիւնս։
Ստորանիշներ
^ 38։4 Եբր., ինձմէ