ՍԱՂՄՈՍ 4։1-8
Սաղմոս Դաւիթի
4 Կանչելու ատենս ինծի պատասխան տուր, ո՛վ իմ արդարութեանս Աստուածը։Նեղութեան մէջ զիս ընդարձակեցիր.Ողորմէ՛ ինծի ու լսէ՛ իմ աղօթքս։
2 Մարդո՛ց որդիներ, մինչեւ ե՞րբ իմ փառքս ամօթի պիտի դարձնէքԵւ ունայնութիւն պիտի սիրէք ու ստութիւն փնտռէք։ (Սէլա։)
3 Բայց գիտցէք թէ Տէրը իրեն նուիրուած մարդը որոշեց*։Տէրը պիտի լսէ իրեն կանչելու ատենս։
4 Դողացէ՛ք ու մեղք մի՛ գործէք.Խօսեցէ՛ք սրտերնուդ հետ ձեր անկողիններուն վրայ ու լռեցէ՛ք։ (Սէլա։)
5 Արդարութեան զոհեր մատուցանեցէ՛ք,Ու Տէրոջը յուսացէ՛ք։
6 Շատեր կ’ըսեն թէ՝ «Ո՞վ մեզի բարութիւն պիտի ցուցնէ»։Ո՛վ Տէր, քու երեսիդ լոյսը մեր վրայ ծագեցուր։
7 Իմ սրտիս ուրախութիւն տուիր՝Անոնց ցորենին ու գինիին առատութեան ժամանակէն աւելի։
8 Խաղաղութեամբ պիտի պառկիմ ու քնանամ,Վասն զի դո՛ւն միայն, ո՛վ Տէր, զիս ապահովութեամբ կը բնակեցնես։
Ստորանիշներ
^ 4։3 Կամ, ըլլայ