ՍԱՂՄՈՍ 45։1-17

Կորխի որդիներուն քերթուածը. երգ սիրոյ 45  Իմ սրտէս բարի խօսք կը բղխիՇարադրածս թագաւորին համար է,Իմ լեզուս արագագիր դպիրին գրչին պէս է։   Դուն մարդոց որդիներէն աւելի գեղեցիկ ես.Քու շրթունքներէդ շնորհք կը հոսի.Անոր համար Աստուած քեզ օրհնեց յաւիտեան։   Ո՛վ Հզօր, թուրդ մէջքդ կապէՔու փառքովդ ու վայելչութիւնովդ։   Ու քու վայելչութիւնովդ յառաջացիր։Ճշմարտութեան ու հեզութեան եւ արդարութեան համար հեծիրՈւ քու աջ ձեռքդ քեզի ահաւոր բաներ պիտի սորվեցնէ։   Քու նետերդ սուր ենՈւ թագաւորին թշնամիներուն սրտին մէջ մխուած են։Ժողովուրդները քու տակդ պիտի իյնան։   Ո՛վ Աստուած, քու աթոռդ յաւիտեանս յաւիտենից կը տեւէ։Քու թագաւորութեանդ գաւազանը ուղղութեան գաւազան է։   Արդարութիւնը կը սիրես ու անօրէնութիւնը կ’ատես.Անոր համար, Աստուած, քու Աստուածդ,Ուրախութեան իւղով քեզ օծեց քու ընկերներէդ աւելի։   Քու բոլոր հանդերձներդ զմուռս ու հալուէ եւ կասիա կը բուրեն.Փղոսկրէ պալատներէն նուագարաններուն լարերը* քեզ ուրախացուցին։   Թագաւորներու աղջիկները քու պատուոյ տիկիններուդ մէջ են.Թագուհին քու աջ կողմդ կը կանգնի Ոփիրի ոսկիով զարդարուած։ 10  Ո՛վ աղջիկ, լսէ՛ ու տե՛ս եւ քու ականջդ ծռէ՛.Մոռցի՛ր քու ժողովուրդդ ու քու հօրդ տունը։ 11  Այն ատեն թագաւորը պիտի ցանկայ քու գեղեցկութեանդ,Վասն զի ան է քու տէրդ, ուստի խոնարհիր անոր առջեւ։ 12  Տիւրոսի աղջիկը ու ժողովուրդին հարուստներըԸնծայով պիտի խնդրեն քու շնորհքդ։ 13  Թագաւորին աղջիկը փառաւոր է,Ոսկի թելով հիւսուած է իր հանդերձը։ 14  Նկարազարդ հանդերձով պիտի բերուի թագաւորին.Անոր ընկերացող աղջիկները քեզի պիտի բերուին։ 15  Ցնծութիւնով եւ ուրախութիւնով պիտի բերուին,Թագաւորին պալատը պիտի մտնեն։ 16  Քու հայրերուդ տեղը որդիներդ պիտի ըլլան.Բոլոր երկրի մէջ իշխաններ պիտի ընես զանոնք։ 17  Քու անունդ հռչակել պիտի տամ ազգէ մինչեւ ազգ.Անոր համար ժողովուրդները քեզ պիտի գովեն յաւիտեանս յաւիտենից։

Ստորանիշներ

45։8 Կամ, ուրկէ