ՍԱՂՄՈՍ 49։1-20
Կորխի որդիներուն Սաղմոսը
49 Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ բոլոր ազգեր,Ակա՛նջ դրէք, աշխարհի բոլոր բնակիչներ,
2 Ռամիկներ ու ազնուականներ,Հարուստներ ու աղքատներ մէկտեղ։
3 Բերանս իմաստութիւն պիտի խօսիՈւ սրտիս խորհուրդները՝ հանճար։
4 Իմ ականջս առակի պիտի ծռեմ,Հանելուկս քնարով պիտի լուծեմ։
5 Ինչո՞ւ վախնամ չար օրերու մէջԵրբ դարանակալներու* անօրէնութիւնը չորս կողմս կը պատէ։
6 Իրենց զօրութեանը յուսացողներէնՈւ իրենց հարստութեանը շատութիւնովը հպարտացողներէն
7 Մէկը բնաւ չի կրնար փրկել իր եղբայրը,Ո՛չ ալ անոր փրկանքը Աստուծոյ հատուցանել,
8 (Քանզի սուղ է անոնց անձին փրկութեան գինը,Երբեք կարելի չէ գոհացնել։)
9 Որպէս զի ապրի յաւիտեանՈւ ապականութիւն չտեսնէ։
10 Վասն զի կը տեսնէ թէ իմաստունները կը մեռնին,Յիմարը ու անխելքը մէկտեղ կը կորսուինՈւ իրենց ստացուածքները ուրիշներուն կը թողուն։
11 Անոնք կը կարծեն թէ իրենց տուները յաւիտեան պիտի մնանՈւ իրենց բնակարանները՝ ազգէ մինչեւ ազգ.Երկիրները իրենց անուններովը կը կոչեն։
12 Բայց մարդը պատուոյ մէջ չի մնար,Անասուններուն նման է, որոնք կը կորսուին։
13 Անոնց այս ճամբան իրենց յիմարութիւն է,Սակայն անոնց ետեւէն եկողները անոնց խօսքէն պիտի հաճոյանան։ (Սէլա։)
14 Անոնք ոչխարներու պէս գերեզմանը պիտի դրուին։Մահը անոնց հովիւը պիտի ըլլայ։Ուղիղը զանոնք գերեզմանը պիտի իջեցնէ.Առտուն անոնց կերպարանքը պիտի կորսուի.Գերեզմանը անոնց բնակարան պիտի ըլլայ։
15 Սակայն Աստուած գերեզմանին իշխանութենէն պիտի փրկէ իմ անձս,Վասն զի զիս պիտի ընդունի։ (Սէլա։)
16 Մի՛ վախնար, երբ մարդ մը հարստանայՈւ անոր տանը փառքը շատնայ.
17 Վասն զի մեռնելու ատենը ամենեւին բան մը իրեն հետ պիտի չտանիՈւ իր փառքը իր ետեւէն պիտի չիջնէ։
18 Թէպէտեւ իր կենդանութեան զինք երջանիկ կը կարծէր։(Ու մարդ կը գովուի, երբ իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ։)
19 Սակայն իր նախահայրերուն պիտի երթայՈւ ալ երբեք լոյս պիտի չտեսնեն։
20 Մարդը, որ պատուոյ մէջ եղած ատեն իմաստուն չեղաւ՝Անասուններու կը նմանի, որոնք կը կորսուին։
Ստորանիշներ
^ 49։5 Կամ, իմ գարշապարներուս