ՍԱՂՄՈՍ 51։1-19

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը Նաթան մարգարէին եկած ժամանակը 51  Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Աստուած, քու ողորմութեանդ համեմատ,Քու առատ գթութեանդ համեմատ ջնջէ իմ յանցանքներս։   Իմ անօրէնութենէս բոլո՛րովին զիս լուաՈւ իմ մեղքէս զիս սրբէ։   Վասն զի ես կը ճանչնամ իմ յանցանքներսՈւ իմ մեղքս միշտ իմ առջեւս է։   Քեզի՛՝ միա՛յն քեզի դէմ մեղանչեցիԵւ քու աչքերուդ առջեւ չարութիւն ըրի,Որպէս զի արդար ըլլաս խօսքերուդ մէջՈւ անարատ ըլլաս դատաստանիդ մէջ։   Ահա ես անօրէնութիւնով ծնայՈւ իմ մայրս մեղքով յղացաւ զիս։   Ահա դուն ճշմարտութիւն կ’ուզես երիկամունքներու մէջ.Ու ծածուկ տեղը իմաստութիւնդ պիտի յայտնես ինծի։   Զոպայի մշտիկով մաքրէ զիս ու մաքուր պիտի ըլլամ։Զիս լուա՛ ու ձիւնէն աւելի ճերմակ պիտի ըլլամ։   Ցնծութեամբ եւ ուրախութեամբ լեցուր զիս։Թող ցնծան այն ոսկորները, որոնք կոտրեցիր։   Իմ մեղքերէս երեսդ ծածկէ՛Ու բոլոր անօրէնութիւններս ջնջէ՛։ 10  Ո՛վ Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ՛Եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ։ 11  Զիս երեսէդ մի՛ ձգերՈւ քու Սուրբ Հոգիդ ինձմէ մի՛ առներ։ 12  Քու փրկութեանդ ցնծութիւնը ինծի վերադարձո՛ւրՈւ կամաւոր* հոգի մը թող հաստատէ՛ զիս։ 13  Ամբարիշտներուն պիտի սորվեցնեմ քու ճամբաներդՈւ մեղաւորները քեզի պիտի դառնան։ 14  Ո՛վ Աստուած, իմ փրկութեանս Աստուածը,Փրկէ՛ զիս արիւնահեղութենէ.Լեզուս ցնծութեամբ պիտի խօսի քու արդարութեանդ վրայով։ 15  Ո՛վ Տէր, իմ շրթունքներս բա՛ցՈւ բերանս պիտի պատմէ քու գովութիւնդ։ 16  Վասն զի զոհի չես հաճիր, որ զանիկա մատուցանեմ։Դուն ողջակէզի ա՛լ չես հաճիր։ 17  Աստուծոյ զոհը կոտրած հոգին է.Կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես անարգեր։ 18  Քու բարեսրտութիւնովդ Սիօնի բարիք ըրէ,Երուսաղէմի պարիսպները շինէ։ 19  Այն ատեն պիտի հաճիս արդարութեան զոհերուն,Ողջակէզներուն ու բոլորովին այրուած զոհերուն.Այն ատեն քու սեղանիդ վրայ զուարակներ պիտի մատուցանեն։

Ստորանիշներ

51։12 Կամ, ազնիւ