ՍԱՂՄՈՍ 61։1-8

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը 61  Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ աղաղակսՈւ մտիկ ըրէ՛ իմ աղօթքիս։   Երկրի ծայրէն քեզի պիտի կանչեմ՝ սրտիս մարելու ատենը,Դէպի ինձմէ բարձր եղած վէմը առաջնորդէ՛ զիս։   Վասն զի դուն ինծի ապաւէն եղար,Ամուր աշտարակ մը՝ թշնամիին դէմ։   Ես քու խորանիդ մէջ պիտի բնակիմ յաւիտեան.Քու թեւերուդ հովանաւորութեանը տակ պիտի ապաւինիմ։ (Սէլա։)   Վասն զի դուն՝ ո՛վ Աստուած՝ լսեցիր իմ ուխտերս.Քու անունէդ վախցողներուն ժառանգութիւնը ինծի տուիր։   Թագաւորին օրերուն վրայ օրեր պիտի աւելցնես.Անոր տարիները ազգէ մինչեւ ազգ թող տեւեն։   Անիկա յաւիտեան Աստուծոյ առջեւ պիտի նստի։Ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն պիտի պատրաստէ, որպէս զի զանիկա պահպանեն։   Այսպէս սաղմոս պիտի երգեմ քու անուանդ յաւիտեան,Որպէս զի ամէն օր ուխտերս կատարեմ։

Ստորանիշներ