ՍԱՂՄՈՍ 8։1-9

Սաղմոս Դաւիթի 8  Ո՛վ Տէր, մեր Տէրը,Ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ,Որ քու փառքդ երկինքներէն վեր դրիր։   Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնովԳովութիւն* կատարեցիր՝ քու թշնամիներուդ համար,Որպէս զի թշնամին ու վրէժխնդիրը լռեցնես։   Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատներուդ գործը՝Լուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր,   Մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես,Կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կ’ընես։   Քիչ մը վար ըրիր զանիկա հրեշտակներէն,Փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա.   Քու ձեռքերուդ գործերուն վրայ իշխան դրիր զանիկա.Ամէն բան անոր ոտքին տակ դրիր.   Բոլոր ոչխարները ու արջառները,Նաեւ վայրենի անասունները,   Երկնքի թռչունները ու ծովուն ձուկերըԵւ ինչ որ ծովու ճամբաներուն մէջ կը պտըտի։   Ով Տէր, մեր Տէրը,Ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ։

Ստորանիշներ

8։2 Կամ, Զօրութիւն