ՍԱՂՄՈՍ 88։1-18

Կորխի որդիներուն երգն ու Սաղմոսը 88  Ո՛վ Տէր իմ փրկութեանս Աստուա՛ծը,Ցորեկը կ’աղաղակեմ ու գիշերը քու առջեւդ եմ։   Իմ աղօթքս թող քու առջեւդ ելլէ։Խոնարհեցո՛ւր քու ականջդ իմ աղաղակիս։   Վասն զի իմ անձս չարիքներով լեցուեցաւՈւ իմ կեանքս գերեզմանին մօտեցաւ։   Գուբը իջնողներու հետ սեպուեցայ.Ոյժ չունեցող մարդու մը պէս եղայ։   Մեռելներու մէջ ինկած եմԳերեզմանի մէջ պառկող սպաննուածներու պէս,Որոնք ա՛լ չես յիշերՈւ քու ձեռքէդ մերժուած են։   Դուն զիս ամենէն խորունկ գուբին մէջ դրիր,Խաւար ու խոր անդունդներու մէջ։   Քու սրտմտութիւնդ ճնշեց իմ վրասԵւ քու բոլոր ալիքներովդ զիս չարչարեցիր։ (Սէլա։)   Իմ ճանչուորներս ինձմէ հեռացուցիր,Զիս գարշելի ըրիր անոնց առջեւ.Գոցուեցայ ու դուրս չեմ ելլեր։   Տառապանքէն աչքերս վատացան.Ամէն օր քեզի աղաղակեցի, ո՛վ Տէր,Ձեռքերս քեզի երկնցուցի։ 10  Միթէ մեռելներո՞ւն հրաշք պիտի ընես.Միթէ մեռածնե՞րը պիտի ելլեն ու քեզ գովեն։ (Սէլա։) 11  Միթէ կը պատմուի՞ քու ողորմութիւնդ գերեզմանին մէջՈւ քու ճշմարտութիւնդ՝ կորստեան մէջ։ 12  Միթէ կը ճանչցուի՞ն քու հրաշքներդ խաւարին մէջՈւ քու արդարութիւնդ՝ մոռացման երկրին մէջ։ 13  Բայց ես, ո՛վ Տէր, քեզի աղաղակեցիՈւ իմ աղօթքս առտուն քու առջեւդ պիտի ելլէ։ 14  Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ իմ անձս կը մերժեսՈւ քու երեսդ կը ծածկես ինձմէ։ 15  Ես խեղճ եմ ու մանկութենէս ի վեր մեռնելու վրայ եմ։Քու ահերդ քաշեցի ու խռովեցայ։ 16  Քու սրտմտութիւնդ իմ վրաս իջաւԵւ քու զարհուրանքներդ զիս կորսնցուցին։ 17  Ամէն օր ջուրի պէս զիս պատեցին,Միասին չորս կողմս առին։ 18  Հեռացուցիր ինձմէ սիրելին ու բարեկամը,Իմ ճանչուորներս խաւարի մէջ են։

Ստորանիշներ