Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 14

Ամէն բանի մէջ պարկեշտ եղիր

Ամէն բանի մէջ պարկեշտ եղիր

«Կ’ուզենք ամէն բանի մէջ վարուիլ պարկեշտութեամբ» (ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 13։18, ԱԾ

1, 2. Եհովան ինչո՞ւ կը հաճի մեզի, երբ կը տեսնէ պարկեշտ ըլլալու մեր ճիգերը. բացատրէ՛։

ՏՂԵԿ մը իր մօր հետ խաղալիքի վաճառատունէ մը դուրս ելած ատեն, յանկարծ շփոթած կանգ կ’առնէ։ Ան իր ձեռքին մէջ ունի փոքր խաղալիք մը, զոր վաճառատունէն առած է եւ մոռցած է զայն ետ վերադարձնել կամ իր մօր հարցնել եթէ կարելի է զայն գնել։ Ան վշտացած՝ կը սկսի լալ։ Մայրը զինք կը հանդարտեցնէ եւ ետ վաճառատուն կը տանի, որպէսզի խաղալիքը վերադարձնէ եւ ներողութիւն խնդրէ։ Երբ տղեկը այդպէս կ’ընէ, մօր սիրտը ուրախութեամբ կը լեցուի եւ պարծանք կը զգայ։ Ինչո՞ւ։

2 Ծնողներ միշտ կ’ուրախանան, երբ տեսնեն իրենց զաւակները կը սորվին պարկեշտութեան կարեւորութիւնը։ Նոյնն է պարագան մեր երկնաւոր Հօր, ‘ճշմարտութեան Աստուծոյ’ (Սաղմոս 31։5)։ Երբ ան կը նկատէ թէ հոգեւորապէս կը հասուննանք, կը հաճի՝ տեսնելով պարկեշտ ըլլալու մեր ճիգերը։ Քանի որ կ’ուզենք զինք հաճեցնել եւ իր սիրոյն մէջ մնալ, մենք ալ Պօղոս առաքեալի զգացումները կ’արձագանգենք. «Կ’ուզենք ամէն բանի մէջ վարուիլ պարկեշտութեամբ» (Եբրայեցիս 13։18, ԱԾ)։ Այժմ կեդրոնանանք կեանքի չորս գլխաւոր մարզերու վրայ, ուր երբեմն կը դժուարանանք պարկեշտութիւն ցուցաբերել։ Ապա նկատի պիտի առնենք պարկեշտ ըլլալուն բերած կարգ մը օրհնութիւնները։

ՊԱՐԿԵՇՏՈՒԹԻՒՆ՝ ՄԵՐ ԱՆՁԻՆ ՀԵՏ

3-5. ա) Աստուծոյ Խօսքը մեզ ինչպէ՞ս կը զգուշացնէ ինքնախաբէութեան վտանգներէն։ բ) Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ մենք մեր անձին հետ պարկեշտ ըլլանք։

3 Մեր առաջին մարտահրաւէրն է՝ սորվիլ մեր անձին հետ պարկեշտ ըլլալ։ Որպէս անկատար մարդիկ, շատ դիւրին է մեզի, որ ինքնախաբէութեան տեղի տանք։ Օրինակ, Յիսուս Լաւոդիկէի մէջ գտնուող քրիստոնեաներուն ըսաւ, թէ անոնք իրենք զիրենք խաբած էին, խորհելով թէ հարուստ են, մինչ անոնք հոգեւորապէս «աղքատ ու կոյր ու մերկ» էին։ Անոնց վիճակը իրապէս խղճալի էր (Յայտնութիւն 3։17)։ Իրենց ինքնախաբէութիւնը, իրենց պարագան աւելի վտանգաւոր դարձուց։

4 Նաեւ նկատի առ թէ Յակոբոս աշակերտ ինչ ազդարարեց, երբ ըսաւ. «Եթէ մէկը զինք կրօնասէր կը սեպէ ու իր լեզուին սանձ չի դներ, այլ իր սիրտը կը խաբէ, անոր կրօնասիրութիւնը փուճ է» (Յակոբոս 1։26)։ Եթէ խորհինք թէ մեր լեզուն անպատշաճօրէն գործածելով հանդերձ Եհովան տակաւին կ’ընդունի մեր պաշտամունքը, պարզապէս մենք մեզ խաբած կ’ըլլանք։ Եհովայի տուած մեր պաշտամունքը փուճ պիտի ըլլայ, այսինքն՝ բոլորովին պարապ։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզ պաշտպանել այսպիսի աղէտալի ընթացքէ մը։

5 Նոյն հատուածին մէջ, Յակոբոս Աստուծոյ խօսքին ճշմարտութիւնը կը նմանցնէ հայելիի մը։ Ան մեզ կը խրատէ որ Աստուծոյ կատարեալ օրէնքին ուշադրութեամբ նայինք եւ ըստ այնմ բարեփոխումներ ընենք (կարդա՛ Յակոբոս 1։23-25)։ Աստուածաշունչը կրնայ մեզի օգնել մեր անձին հետ պարկեշտ ըլլալու եւ տեսնելու, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք որ այս մարզին մէջ բարելաւուինք (Ողբք 3։40. Անգէ 1։5)։ Նաեւ կրնանք Եհովային աղօթել եւ իրմէ խնդրել որ մեզ քննէ եւ օգնէ, որ որեւէ լուրջ թերութիւն նկատենք եւ սրբագրենք (Սաղմոս 139։23, 24)։ Անպարկեշտութիւնը խաբէական տկարութիւն մըն է, ուստի պէտք է զայն նկատենք այնպէս, ինչպէս մեր երկնաւոր Հայրը կը նկատէ զայն։ Առակաց 3։32–ը կ’ըսէ. «Ծուռ մարդը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, բայց անոր մտերմութիւնը արդարներուն հետ է»։ Եհովան կրնայ մեզի օգնել, որ իրեն պէս զգանք եւ մենք մեզ տեսնենք, ինչպէս ինք կը տեսնէ մեզ։ Յիշէ թէ Պօղոս ըսաւ. «Կ’ուզենք ամէն բանի մէջ վարուիլ պարկեշտութեամբ»։ Ներկայիս չենք կրնար կատարեալ ըլլալ, բայց անկեղծօրէն կը փափաքինք եւ կը ջանանք պարկեշտ ըլլալ։

ՊԱՐԿԵՇՏՈՒԹԻՒՆ՝ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՄԷՋ

Պարկեշտութիւնը մեզի կ’օգնէ որ որեւէ բան չթաքցնենք մեր կողակիցէն

6. Կողակիցներ ինչո՞ւ իրարու հետ պէտք է պարկեշտ ըլլան, եւ հետեւաբար անոնք ի՞նչ վտանգներէ կը խուսափին։

6 Պարկեշտութիւնը քրիստոնեայ ընտանիքը զատորոշող յատկանիշը պէտք է ըլլայ։ Ուստի ամուսինն ու կինը իրարու հետ պէտք է անկեղծութեամբ հաղորդակցին։ Քրիստոնէական ամուսնութեան մէջ պէտք չէ ըլլան վնասակար ու պիղծ սովորութիւններ, ինչպէս՝ ուրիշին հետ սիրաբանիլ, համացանցի միջոցով գաղտնի փոխյարաբերութիւններ մշակել կամ որեւէ տեսակի պոռնկագրութիւն գործածել։ Կարգ մը ամուսնացած քրիստոնեաներ, իրենց կողակիցէն գաղտնի, այսպիսի սխալ վարքի միջամուխ եղած են։ Սակայն ասիկա անպարկեշտ արարք մըն է։ Նկատի առ հաւատարիմ Դաւիթ թագաւորին խօսքերը. «Խարդախ մարդոց հետ չնստեցայ ու կեղծաւորներու պիտի չընկերանամ» (Սաղմոս 26։4)։ Եթէ ամուսնացած ես, բնաւ միջամուխ մի՛ ըլլար վարքի մը, որ կրնայ քեզ մղել ըրածներդ թաքցնելու կողակիցէդ։

7, 8. Ո՞ր աստուածաշնչական օրինակները կրնան զաւակներուն օգնել, որ պարկեշտութեան արժէքը սորվին։

7 Ծնողներ, երբ իրենց զաւակներուն պարկեշտութեան կարեւորութեան մասին կը սորվեցնեն, իմաստութիւն է որ անոնք Աստուածաշունչէն օրինակներ գործածեն։ Կան անպարկեշտութեան օրինակներ, ինչպէս Աքարը, որ գողութիւն ըրաւ եւ փորձեց իր արարքը թաքցնել։ Գէեզին, որ նիւթական շահ ձեռք ձգելու համար սուտ խօսեցաւ։ Իսկ Յուդան, որ գող էր, եւ այնպէս մը ձեւացուց որ ինք Յիսուսի բարեկամն էր, որպէսզի անոր վնաս հասցնէր (Յեսու 6։17-19. 7։11-25. Դ. Թագաւորաց 5։14-16, 20-27. Մատթէոս 26։14, 15. Յովհաննէս 12։6

8 Նաեւ կան պարկեշտութեան օրինակներ, ինչպէս Յակոբը, որ իր որդիները յորդորեց որ իրենց պարկերուն մէջ գտնուած դրամը վերադարձնեն, խորհելով թէ սխալմամբ հոն դրուած էին։ Յեփթայէին դուստրը, որ իր հօր ուխտը յարգեց, թէեւ ատիկա մեծ զոհողութիւն պահանջեց իրմէ։ Յիսուս, որ վայրագ խուժանի մը առջեւ խիզախօրէն յայտնեց իր ինքնութիւնը, որպէսզի մարգարէութիւնը կատարէ եւ իր բարեկամները պաշտպանէ (Ծննդոց 43։12. Դատաւորաց 11։30-40. Յովհաննէս 18։3-11)։ Այս քանի մը օրինակները կրնան ծնողներուն գաղափար մը տալ Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուած արժէքաւոր տեղեկութիւններուն մասին, որոնց միջոցով անոնք կրնան իրենց զաւակներուն սորվեցնել պարկեշտութիւնը սիրել եւ արժեւորել։

9. Ծնողներ ի՞նչ բանէ պէտք է խուսափին, եթէ կ’ուզեն իրենց զաւակներուն պարկեշտութեան օրինակ հանդիսանալ, եւ իրենց օրինակը ինչո՞ւ կարեւոր է։

9 Այսպիսի ուսուցում մը ծնողներուն վրայ կարեւոր պարտաւորութիւն մը կը դնէ։ Պօղոս առաքեալ հարց տուաւ. «Դուն որ ընկերիդ կը սորվեցնես, քու անձիդ չե՞ս սորվեցներ. որ կը քարոզես չգողնալ, բայց դուն կը գողնա՞ս» (Հռովմայեցիս 2։21)։ Կարգ մը ծնողներ իրենց զաւակները կը շփոթեցնեն, անոնց սորվեցնելով պարկեշտութիւն, մինչ իրենք պարկեշտութեամբ չեն վարուիր։ Անոնք թերեւս մանրիկ գողութիւն մը արդարացնեն, ըսելով. «Ասիկա գողութիւն չի նկատուիր, քանի որ վաճառատան տէրը կ’ակնկալէ որ մարդիկ այս իրերը իրենց հետ տանին»։ Կամ թէ անճիշդ խօսք մը խօսիլը արդարացնեն, ըսելով. «Ասիկա պարզապէս ճերմակ սուտ մըն է»։ Իրականութեան մէջ, գողութիւնը գողութիւն է, գողցուածը որքան ալ անարժէք ըլլայ, իսկ սուտը սուտ՝ անիկա մեծ ըլլայ կամ պզտիկ (կարդա՛ Ղուկաս 16։10) *։ Երեխաները կեղծաւորութիւնը շուտ կը նկատեն եւ անիկա կրնայ լրջօրէն վնասել իրենց (Եփեսացիս 6։4)։ Սակայն, երբ իրենց ծնողին օրինակէն պարկեշտութիւն սորվին, մինչ անոնք կը մեծնան շատ հաւանաբար Եհովան փառաբանեն այս անպարկեշտ աշխարհին մէջ (Առակաց 22։6

ՊԱՐԿԵՇՏՈՒԹԻՒՆ՝ ԺՈՂՈՎՔԻՆ ՄԷՋ

10. Հաւատակիցներու միջեւ եղած անկեղծ հաղորդակցութեան առնչութեամբ ի՞նչ զգուշացումներ պէտք է ի մտի ունենանք։

10 Քրիստոնեայ հաւատակիցներու հետ ընկերակցիլը, պարկեշտութիւն մշակելու բազմաթիւ պատեհութիւններ կու տայ մեզի։ Ինչպէս այս գրքին 12–րդ գլուխին մէջ սորվեցանք, խօսելու պարգեւը գործածելու մէջ պէտք է ուշադիր ըլլանք, յատկապէս մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ։ Առօրեայ խօսակցութիւնը կրնայ շատ դիւրաւ վնասակար բամբասանքի վերածուիլ, նոյնիսկ՝ զրպարտութեան։ Եթէ չստուգուած պատմութիւն մը կրկնենք, թերեւս սուտ մը տարածելու մէջ բաժին բերենք. ուստի շատ աւելի լաւ է որ մեր շրթները զսպենք (Առակաց 10։19)։ Միւս կողմէ, թերեւս գիտենք թէ որոշ լուր մը ճիշդ է, բայց ատիկա չի նշանակեր թէ զայն ուրիշին պէտք է պատմենք։ Թերեւս այդ լուրը մեզի չի վերաբերիր կամ անոր մասին խօսիլը ազնուութիւն պիտի չըլլայ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։11ա)։ Ոմանք այսպիսի վարուելակերպ կը չքմեղացնեն, զայն կոչելով անկեղծութիւն։ Բայց մեր խօսքերը պէտք է միշտ շնորհքով ու ազնիւ ըլլան (կարդա՛ Կողոսացիս 4։6

11, 12. ա) Լուրջ մեղքի միջամուխ եղողներէն ոմանք ինչպէ՞ս խնդիրը կը բարդացնեն։ բ) Լուրջ մեղքերու շուրջ Սատանայի յառաջ քշած սուտերէն ոմանք ի՞նչ են, եւ ինչպէ՞ս կրնանք անոնց դէմ պայքարիլ։ գ) Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ թէ Եհովայի կազմակերպութեան հետ պարկեշտութեամբ կը վարուինք։

11 Յատկապէս կարեւոր է պարկեշտ ըլլալ ժողովքին մէջ առաջնորդութիւնը առնողներուն հետ։ Լուրջ մեղքի միջամուխ եղողներէն ոմանք խնդիրը կը բարդացնեն, երբ կը փորձեն զայն ծածկել ու սուտ խօսիլ ժողովքի երէցներուն, երբ ատոր մասին հարցուի իրենց։ Այսպիսիները նոյնիսկ կը սկսին կրկնակի կեանք մը վարել, ձեւացնելով Եհովային ծառայել, մինչ հետամուտ կ’ըլլան մեղաւոր լուրջ ընթացքի մը, ունենալով սուտերով լեցուն կեանք մը (Սաղմոս 12։2)։ Իսկ ուրիշներ երէցներուն կը պատմեն ճշմարտութեան մէկ մասը, բայց կարեւոր իրողութիւնները կը թաքցնեն անոնցմէ (Գործք 5։1-11)։ Այսպիսի անպարկեշտութիւն յաճախ ծագում կ’առնէ Սատանայի յառաջ քշած սուտերուն հաւատալէն (տե՛ս « Լուրջ մեղքերու վերաբերեալ Սատանային սուտերը» շրջանակը)։

12 Նաեւ կարեւոր է որ պարկեշտութիւն ցուցաբերենք Եհովայի կազմակերպութեան հանդէպ, երբ գրաւոր կերպով հարցումներու կը պատասխանենք։ Օրինակի համար, երբ դաշտի ծառայութեան մեր տեղեկագիրը կը ներկայացնենք, ուշադիր կ’ըլլանք որ իրողութիւնները չխեղաթիւրենք։ Նոյնպէս, երբ ծառայութեան որոշ մէկ առանձնաշնորհումի վերաբերեալ դիմումնագիր մը կը լեցնենք, բնաւ պէտք չէ ստենք մեր առողջութեան կամ մեր մասին որեւէ ա՛յլ տեղեկութեան նկատմամբ (կարդա՛ Առակաց 6։16-19

13. Ինչպէ՞ս կրնանք պարկեշտութիւն ցուցաբերել, եթէ հաւատակիցի մը հետ կ’աշխատինք։

13 Մենք պէտք է պարկեշտ ըլլանք նաեւ, երբ հաւատակիցներու հետ առեւտրական գործեր կ’ունենանք։ Այսպիսի պարագաներու, պէտք է զգոյշ ըլլանք որ մեր գործը հեռու պահենք Թագաւորութեան սրահին մէջ կամ ծառայութեան ատեն մեր մատուցած պաշտամունքէն։ Թերեւս մեզմէ մէկը գործատէր ըլլայ, իսկ միւսը՝ պաշտօնեայ։ Եթէ մեր քով եղբայրներ կամ քոյրեր կ’աշխատին, զգոյշ պիտի ըլլանք որ անոնց հետ պարկեշտութեամբ վարուինք, անոնց վճարելով ժամանակին ե՛ւ համաձայնուած գումարը, նաեւ անոնց մատուցանելով օրէնքին կողմէ նշուած պարտաւորութիւնները (Ա. Տիմոթէոս 5։18. Յակոբոս 5։1-4)։ Իսկ եթէ մե՛նք կ’աշխատինք եղբօր կամ քրոջ մը քով, պէտք է մեր ստացած վարձքին փոխարէն լման աշխատանք տանք (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։10)։ Չենք ակնկալեր որ մեր հոգեւոր փոխյարաբերութեան պատճառով ան մեզի տարբեր աչքով նայի, կարծես թէ ստիպուած է մեզի միւս գործաւորներէն աւելի արձակուրդ կամ առաւելութիւններ տալ (Եփեսացիս 6։5-8

14. Երբ քրիստոնեաներ գործի մը ձեռնարկեն, իմաստութիւն է որ անոնք ի՞նչ նախազգուշութիւններ առնեն, եւ ինչո՞ւ։

14 Իսկ եթէ մեր աշխատանքը պարփակէ վտանգաւոր ձեռնարկ մը, թերեւս ներդրում կամ փոխառութիւն մը, այդ պարագային ինչպէ՞ս պիտի վարուինք։ Աստուածաշունչը կը հայթայթէ կարեւոր եւ գործնական սկզբունք մը. ամէն բան գրի առնել։ Օրինակ, երբ Երեմիան հողաշերտ մը գնեց, ան վկաներու ներկայութեամբ կալուածագրի երկու օրինակ պատրաստեց եւ ապահով տեղ մը դրաւ, անհրաժեշտ պարագային անոր դիմելու համար (Երեմիա 32։9-12. տե՛ս նաեւ Ծննդոց 23։16-20)։ Երբ հաւատակիցներու հետ գործ մը կը ձեռնարկենք, բոլոր մանրամասնութիւնները զգուշութեամբ պատրաստուած, ստորագրուած ու վկայուած փաստաթուղթի մը մէջ նշելը չի նշանակեր, թէ մեր հաւատակիցին չենք վստահիր։ Փոխարէն, ատիկա կ’օգնէ խուսափելու թիւրիմացութիւններէ, յուսախաբութիւններէ եւ նոյնիսկ բաժանում պատճառող անհամաձայնութիւններէ։ Բոլոր քրիստոնեաները պէտք է ի մտի ունենան, թէ որեւէ գործի պատճառով չ’արժեր ժողովքին միութիւնն ու խաղաղութիւնը վտանգել (Ա. Կորնթացիս 6։1-8) *։

ՊԱՐԿԵՇՏՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՇԽԱՐՀԻԿ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ

15. Եհովան ի՞նչ կը զգայ առեւտրական անպարկեշտ սովորութիւններուն նկատմամբ, իսկ քրիստոնեաներ այս առնչութեամբ ի՞նչ կ’ընեն։

15 Քրիստոնեան միայն ժողովքին մէջ չէ որ պարկեշտ պէտք է ըլլայ։ Պօղոս ըսաւ. «Կ’ուզենք ամէն բանի մէջ վարուիլ պարկեշտութեամբ» (Եբրայեցիս 13։18, ԱԾ)։ Մեր Ստեղծիչին համար շատ կարեւոր է, որ մեր առեւտրական գործառնութեանց մէջ ալ պարկեշտութեամբ վարուինք։ Միայն Առակաց գրքին մէջ, քանի մը անգամ ակնարկութիւն եղած է խարդախուած կշիռքի (Առակաց 11։1. 20։10, 23)։ Վաղեմի ժամանակներուն, առեւտուրի մէջ կշիռք եւ կշիռքի քարեր գործածելը սովորական էր, կշռելու համար գնուած ապրանքներն ու վճարուած դրամը։ Անպարկեշտ վաճառականներ կը գործածէին երկու տեսակ կշիռքի քարեր, ինչպէս նաեւ սխալ կշիռք մը, իրենց յաճախորդները խաբելու համար *։ Եհովան այսպիսի արարքներ կ’ատէ։ Իր սիրոյն մէջ մնալու համար, պէտք է բացարձակապէս խուսափինք առեւտրական բոլոր անպարկեշտ սովորութիւններէն։

16, 17. Ներկայ աշխարհին մէջ ի՞նչ անպարկեշտ արարքներ սովորական դարձած են, իսկ ճշմարիտ քրիստոնեաները ի՞նչ վճռած են ընել։

16 Այս աշխարհին իշխանը Սատանան ըլլալով, չենք զարմանար որ անպարկեշտութիւնը մեր շուրջը համատարած է։ Թերեւս ամէն օր անպարկեշտ ըլլալու փորձութիւնը կը դիմագրաւենք։ Մարդիկ գործի ընդունուելու համար, յաճախ սուտ եւ չափազանցուած տեղեկութիւններ կու տան՝ իրենց կրթութեան, աշխատանքի փորձառութեան եւ ա՛յլ բաներու մասին։ Երբ մարդիկ ուրիշ երկիր գաղթելու, տուրքեր վճարելու, ապահովագրուելու եւ նման բաներ ընելու համար դիմումներ ներկայացնեն, սովորաբար սխալ պատասխաններ կու տան, իրենց ուզածը ձեռք ձգելու համար։ Աշակերտներէն շատեր քննութիւններու ատեն խարդախութիւն կ’ընեն, կամ երբ դպրոցին մէջ շարադրութիւններ եւ տարբեր պարտականութիւններ կը նշանակուին իրենց, անոնք համացանցէն ուրիշներու գրածները կը գողնան եւ զանոնք կը ներկայացնեն որպէս թէ իրենց սեփականն են։ Իսկ երբ մարդիկ պետական կաշառակեր պաշտօնեաներու հետ գործ կ’ունենան, յաճախ զանոնք կը կաշառեն, իրենց ուզածը ձեռք ձգելու համար։ Մենք չենք զարմանար, երբ այսպիսի վարք մը կը տեսնենք այս աշխարհին մէջ, ուր շատեր «անձնասէր, արծաթասէր. . . բարին չսիրող» են (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5

17 Ճշմարիտ քրիստոնեաները վճռած են այս սովորութիւններէն որեւէ մէկուն միջամուխ չըլլալ։ Սակայն պարկեշտ ըլլալը երբեմն դժուար կ’ըլլայ, քանի որ այնպէս կը թուի թէ անպարկեշտ արարքներ գործողները այս աշխարհին մէջ յաջողութիւն կը գտնեն եւ նոյնիսկ կը յառաջդիմեն (Սաղմոս 73։1-8)։ Միւս կողմէ, քրիստոնեաներ թերեւս դրամական նեղութիւն կրեն, քանի որ կը փափաքին «ամէն բանի մէջ» պարկեշտ մնալ։ Պարկեշտ ըլլալու համար ա՛յսքան զոհողութիւններ ընելը կ’արժէ՞։ Անշո՛ւշտ։ Բայց ինչո՞ւ։ Պարկեշտ վարքը ի՞նչ օրհնութիւններ յառաջ կը բերէ։

ՊԱՐԿԵՇՏ ԸԼԼԱԼՈՒՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

18. Պարկեշտութեան համբաւը ինչո՞ւ մեծապէս արժէքաւոր է։

18 Կեանքի մէջ քիչ բաներ կան, որոնք նոյնքան արժէքաւոր են, որքան պարկեշտ ու վստահելի ըլլալու համբաւը (տե՛ս « Ամէ՞ն ատեն պարկեշտ եմ» շրջանակը)։ Իւրաքանչիւր անհատ կրնայ այսպիսի համբաւ մը կերտել, քանի որ անիկա կախեալ չէ մեր տաղանդէն, հարստութենէն, տեսքէն, ընկերային մակարդակէն կամ որեւէ ուրիշ բանէ։ Ասով հանդերձ, քիչեր են որ ջանք կը թափեն բարի համբաւ վաստկելու համար. անիկա հազուագիւտ է (Միքիա 7։2)։ Թերեւս ոմանք քեզ ծաղրեն պարկեշտութեանդ համար, սակայն ուրիշներ պարկեշտութիւնդ պիտի գնահատեն, եւ առ ի արդիւնք քեզի պիտի վստահին եւ քեզ յարգեն։ Եհովայի վկաներէն շատեր նոյնիսկ նկատած են, թէ պարկեշտութիւնը նիւթական օգուտներ բերած է իրենց։ Ատոր պատճառաւ անոնք իրենց գործը չեն կորսնցուցած, մինչ անպարկեշտ պաշտօնեաներ գործէն արձակուած են, կամ թէ՝ գործի մը ընդունուած են, քանի որ հոն պարկեշտ պաշտօնեայի մը խիստ կարիքը կար։

19. Պարկեշտ կենցաղ մը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել մեր խղճին եւ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութեան։

19 Նման պարագաներ քեզի հետ պատահին կամ ոչ, պիտի նկատես թէ պարկեշտութիւնը տակաւին աւելի մեծ օրհնութիւններ կը բերէ, ինչպէս՝ մաքուր խիղճ մը։ Պօղոս գրեց. «Մենք համոզուած ենք թէ մաքուր խիղճ ունինք» (Եբրայեցիս 13։18)։ Ասկէ զատ, մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը անկասկած պիտի նկատէ քու բարի համբաւդ, եւ ան կը սիրէ պարկեշտ մարդիկը (կարդա՛ Սաղմոս 15։1, 2. Առակաց 22։1)։ Արդարեւ, պարկեշտ ըլլալը քեզի կ’օգնէ Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու եւ ասիկա մեծագոյն վարձատրութիւնն է զոր կրնանք ձեռք ձգել։ Այժմ քննարկենք ասոր առնչուած նիւթ մը. Եհովայի տեսակէտը աշխատանքի նկատմամբ։

^ պարբ. 9 Եթէ ժողովքին մէջ ոեւէ մէկը սովորութիւն դարձնէ դիտմամբ սուտ խօսիլը, որուն նպատակը ըլլայ ուրիշներուն վնաս հասցնել, ասիկա կրնայ երէցները մղել դատական քայլեր առնելու։

^ պարբ. 14 Գործի ձեռնարկ մը ձախողելու պարագային ինչ ընելու նկատմամբ, տե՛ս «Դրամական բնոյթ ունեցող հարցեր լուծել» յաւելուածը։

^ պարբ. 15 Առեւտրականներ կշիռքի քարերուն մէկ տեսակը կը գործածէին գնելու ատեն, իսկ միւսը՝ ծախելու ատեն, եւ այսպէս երկու ձեւով ալ կը շահէին։ Անոնք նաեւ կը գործածէին կշիռք մը, որուն նժարներէն մէկը միւսէն աւելի երկար կամ ծանր կ’ըլլար, որպէսզի ապրանքը կշռելու ատեն կարենային յաճախորդը խաբել։