Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 12

Թող խօսքդ ‘շինութեան համար’ ըլլայ

Թող խօսքդ ‘շինութեան համար’ ըլլայ

«Ձեր բերնէն ապականեալ խօսք մը թող չելլէ, հապա ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար» (ԵՓԵՍԱՑԻՍ 4։29

1-3. ա) Եհովայի մեզի տուած պարգեւներէն մէկը ի՞նչ է եւ անիկա ինչպէ՞ս կրնայ սխալ կերպով գործածուիլ։ բ) Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու համար, խօսելու պարգեւը ինչպէ՞ս պէտք է գործածենք։

ԵՆԹԱԴՐԵՆՔ որ սիրելիներէդ մէկուն ինքնաշարժ մը կը նուիրես։ Ի՞նչ կը զգաս, երբ իմանաս որ ան ինքնաշարժը քշած է այնպէս մը, որ ուրիշներուն վնաս հասցուցած է։ Ցաւ չե՞ս զգար։

2 Եհովան՝ «ամէն բարի նուէր եւ ամէն կատարեալ պարգեւ» Տուողը, մեզ օժտած է խօսելու կարողութեամբ (Յակոբոս 1։17)։ Մարդիկը անասուններէն զանազանող այս պարգեւը, մեզ կարող կը դարձնէ ոչ միայն մեր մտածումները ուրիշներու հաղորդելու, այլ նաեւ՝ մեր զգացումները։ Սակայն ինչպէս ինքնաշարժը, նոյնպէս ալ խօսելու պարգեւը կրնայ սխալ կերպով գործածուիլ։ Եհովան որքա՜ն ցաւ կը զգայ, երբ կը տեսնէ որ այս պարգեւը այնպէս մը կը գործածուի, որ ուրիշներուն սրտացաւ ու վիշտ կը պատճառէ։

3 Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու համար, պէտք է խօսելու պարգեւը գործածենք ա՛յնպէս, ինչպէս որ զայն Տուողը մտադրած էր։ Եհովան մեզի յստակօրէն կ’ըսէ, թէ ինչպիսի խօսելակերպ մը զինք կը հաճեցնէ։ Իր Խօսքը կ’ըսէ. «Բնաւ ձեր բերնէն ապականեալ խօսք մը թող չելլէ, հապա ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար, որպէս զի լսողներուն շնորհք տայ» (Եփեսացիս 4։29)։ Այժմ քննարկենք թէ ինչո՛ւ պէտք է մեր լեզուն զսպենք, ինչպիսի՛ խօսելակերպէ պէտք է խուսափինք եւ ինչպէ՛ս կրնանք ‘շինութեան համար’ խօսքեր խօսիլ։

ԻՆՉՈ՛Ւ ՊԷՏՔ Է ՄԵՐ ԼԵԶՈՒՆ ԶՍՊԵՆՔ

4, 5. Աստուածաշունչի կարգ մը առակներ ինչպէ՞ս կը նկարագրեն խօսքերուն զօրութիւնը։

4 Մեր լեզուն զսպելու կարեւոր պատճառներէն առաջինն այն է՝ թէ խօսքերը մեծապէս կ’ազդեն մարդոց։ Առակաց 15։4–ը կ’ըսէ. «Խաղաղասէր լեզուն կենաց ծառ է, բայց խռովարար լեզուն սիրտ կը կոտրէ» *։ Ճիշդ ինչպէս որ ջուրը կը թարմացնէ ծարաւած ծառը, նոյնպէս ալ մեղմ խօսքը կը թարմացնէ զայն լսողները. իսկ չար լեզուն կրնայ ուրիշներուն սիրտը կոտրել։ Արդարեւ, մեր խօսքերը զօրութիւն ունին վիրաւորելու կամ բուժելու (Առակաց 18։21

5 Խօսքերուն զօրութիւնը վառ կերպով նկարագրող ա՛յլ առակ մը կ’ըսէ. «Մարդիկ կան, որոնց անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն» (Առակաց 12։18)։ Առանց մտածելու ըսուած խօսքերը կրնան զգացական խոր վէրքեր պատճառել եւ փոխյարաբերութիւններ քանդել։ Երբեք պատահա՞ծ է որ նման խօսքեր սիրտդ խոցոտեր են։ Նոյն առակը կը շարունակէ ըսել. «Իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է»։ Աստուածային իմաստութիւն ցուցաբերող անհատի մը նկատառու խօսքերը կրնան սրտաբեկ անհատ մը բուժել եւ փոխյարաբերութիւններ վերականգնել։ Կրնա՞ս մտաբերել պարագայ մը, ուր անհատի մը ազնիւ խօսքերը բուժիչ ազդեցութիւն ունեցան վրադ (կարդա՛ Առակաց 16։24)։ Խօսքերուն զօրութեան գիտակցելով, վստահաբար կ’ուզենք մեր լեզուն գործածել ուրիշները բուժելու՝ եւ ոչ թէ անոնց վնաս հասցնելու համար։

Մեղմ խօսքերը թարմացուցիչ են

6. Մեր լեզուն զսպելը ինչո՞ւ իսկական պայքար մըն է։

6 Մեր լեզուն զսպելու երկրորդ պատճառը այն է՝ թէ մեղքն ու անկատարութիւնը մեզ կը մղեն մեր լեզուն սխալ կերպով գործածելու։ Որքան ալ ջանք թափենք չենք կրնար մեր լեզուն ամբողջովին զսպել։ Խօսքերը կը բխին մեր սրտէն, իսկ ‘մարդուն սրտին խորհուրդը չար է’ (Ծննդոց 8։21. Ղուկաս 6։45)։ Հետեւաբար, մեր լեզուն սանձելը իսկական պայքար մըն է (կարդա՛ Յակոբոս 3։2-4)։ Թէեւ չենք կրնար մեր լեզուն կատարելապէս զսպել, սակայն կրնանք շարունակ ջանք թափել զայն աւելի լաւ կերպով գործածելու։ Ինչպէս որ հոսանքն ի վեր լողացող լողորդը պէտք է հոսանքին դէմ պայքարի, նոյնպէս ալ մենք պէտք է պայքարինք մեր լեզուն սխալ կերպով գործածելու մեղաւոր հակումին դէմ։

7, 8. Եհովան ո՞ր տարողութեամբ մեզ մեր խօսքերուն համար համարատու կը նկատէ։

7 Մեր լեզուն զսպելու երրորդ պատճառը այն է՝ թէ Եհովան մեզ մեր խօսքերուն համար համարատու կը նկատէ։ Մեր լեզուն գործածելու կերպը ոչ միայն կ’ազդէ ընկեր արարածներու հետ մեր փոխյարաբերութեան, այլ նաեւ՝ Եհովայի առջեւ մեր կեցուածքին։ Յակոբոս 1։26–ը կ’ըսէ. «Եթէ մէկը զինք կրօնասէր կը սեպէ ու իր լեզուին սանձ չի դներ, այլ իր սիրտը կը խաբէ, անոր կրօնասիրութիւնը փուճ է» *։ Ինչպէս նախորդ գլուխին մէջ տեսանք, մեր խօսքերը սերտօրէն առնչուած են մեր պաշտամունքին։ Եթէ մեր լեզուն չսանձենք եւ թունաւոր խօսքերով անընդհատ ուրիշները վիրաւորենք, մեր բոլոր քրիստոնէական գործունէութիւնները Աստուծոյ աչքին անարժէք պիտի նկատուին։ Ասիկա լուրջ հարց մը չէ՞ (Յակոբոս 3։8-10

8 Յստակ է ուրեմն որ խօսելու պարգեւը ճիշդ կերպով գործածելու վաւերական պատճառներ ունինք։ Նախ քննարկենք խօսելակերպ մը, որ ճշմարիտ քրիստոնեային կեանքին մէջ վստահաբար տեղ չունի, ապա նկատի առնենք օգտակար ու կերտիչ խօսքերու տեսակներ։

ՔԱՆԴԻՉ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

9, 10. ա) Ներկայիս ինչպիսի՞ խօսելակերպ սովորական դարձած է։ բ) Ինչո՞ւ պէտք է մերժենք անհամեստ խօսքերը (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

9 Անհամեստ խօսքեր։ Անէծքը, հայհոյանքը եւ ա՛յլ տեսակի անհամեստ խօսքերը մարդոց առօրեային մաս կը կազմեն։ Շատեր այսպիսի արտայայտութիւններ կը գործածեն, իրենց ըսածը շեշտելու համար կամ իրենց աղքատիկ բառամթերքին պատճառաւ։ Կատակերգակներ յաճախ գռեհիկ բառերով սեռի մասին աղտոտ կատակներ կ’ընեն մարդիկը խնդացնելու նպատակով։ Սակայն անհամեստ խօսքերը ամենեւին խնդալիք չեն։ Շուրջ 2000 տարի առաջ, ներշնչման ներքեւ Պօղոս առաքեալ Կողոսայի ժողովքը խրատեց, որ «անհամեստ խօսքերը» մէկդի ձգէ (Կողոսացիս 3։8)։ Պօղոս Եփեսոսի ժողովքին ըսաւ որ «խեղկատակութիւն»ը այն բաներէն մէկն է, որուն «անունը անգամ պէտք չէ յիշուի» ճշմարիտ քրիստոնեաներուն մէջ (Եփեսացիս 5։3, 4

10 Անհամեստ խօսքերը Եհովային զզուելի են։ Անոնք զզուելի են նաեւ անոնց՝ որոնք Զինք կը սիրեն։ Արդարեւ, Եհովայի հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ անհամեստ խօսքերը մերժելու։ Պօղոս, երբ «մարմնին գործերը» կը թուէ, կը նշէ «պղծութիւն»ը, որ կրնայ ընդգրկել անհամեստ խօսքեր (Գաղատացիս 5։19-21)։ Ասիկա շատ լուրջ հարց է։ Անհատ մը կրնայ ժողովքէն վտարուիլ, եթէ քանի մը անգամ խրատուելէ ետք, անզեղջօրէն շարունակէ գործածել անբարոյ, նուաստացուցիչ եւ ապականիչ խօսքեր *։

11, 12. ա) Ի՞նչ է բամբասանքը եւ անիկա ինչպէ՞ս կրնայ վնասակար ըլլալ։ բ) Եհովան պաշտողները ինչո՞ւ պէտք է խուսափին զրպարտիչ խօսակցութենէ։

11 Բամբասանք եւ զրպարտութիւն։ Մարդիկ հակումը ունին ուրիշներու եւ անոնց կեանքին մասին խօսելու։ Բայց արդեօք ամէն խօսակցութիւն բամբասա՞նք է։ Ո՛չ։ Օրինակ՝ առաջին դարու քրիստոնեաները իրարու բարօրութեամբ խորապէս հետաքրքրուած էին եւ հաւատակիցներու մասին պատշաճ տեղեկութիւններ բաժնեցին (Եփեսացիս 6։21, 22. Կողոսացիս 4։8, 9)։ Մենք ալ կրնանք ուրիշները չվիրաւորող դրական կամ օգտակար բաներու մասին խօսիլ, ինչպէս՝ վերջերս ո՛վ մկրտուեցաւ կամ թէ ո՛վ քաջալերութեան կարիքը ունի։ Սակայն եթէ իրողութիւններ խեղաթիւրենք կամ անձնական գաղտնիքներ քօղազերծենք՝ մեր խօսակցութիւնը կը վերածուի բամբասանքի, որ վնասակար է։ Բայց վտանգաւորը այն է, թէ բամբասանքը կրնայ առաջնորդել զրպարտութեան, որ մի՛շտ քանդիչ է։ Զրպարտութիւնը՝ անհատի մը համբաւը վարկաբեկելու համար սուտ ամբաստանութիւններ ընելն է։ Օրինակ՝ Յիսուսը վարկաբեկելու համար փարիսեցիները նենգամիտ զրպարտութեան դիմեցին (Մատթէոս 9։32-34. 12։22-24)։ Իսկ զրպարտութիւնը յաճախ կռիւ կը հրահրէ (Առակաց 26։20

12 Եհովան աչք չի խփեր անոնց, որոնք խօսելու պարգեւը կը գործածեն ուրիշները վարկաբեկելու, կամ բաժանումներ յառաջացնելու համար։ Ան կ’ատէ «եղբայրներու մէջ կռիւներ ցանող մարդ»ը (Առակաց 6։16-19)։ «Զրպարտիչ» թարգմանուած յունարէն բառը տի·ապո·լոս է, որ նաեւ կը գործածուի Սատանային ակնարկելու համար։ Ան կը կոչուի «Բանսարկու», որ կը նշանակէ զրպարտիչ, քանի որ Աստուծոյ դէմ զրպարտութիւններ կ’ընէ (Յայտնութիւն 12։9, 10)։ Վստահաբար կ’ուզենք խուսափիլ այն խօսելակերպէն, որ մեզ կրնայ բանսարկուի մը վերածել։ Զրպարտութիւն ընելը ժողովքին մէջ անընդունելի է, քանի որ անիկա կը հրահրէ մարմնի գործեր, ինչպէս՝ «հակառակութիւններ» եւ «երկպառակութիւններ» (Գաղատացիս 5։19-21)։ Ուստի առաջ որ մէկու մը մասին լուրեր հաղորդես, դուն քեզի հարց տուր. ‘Այս լուրը ճի՞շդ է։ Զայն կրկնելը ազնիւ արարք մը պիտի ըլլա՞յ։ Այս լուրը տարածելը անհրաժեշտ կամ յարմա՞ր է’ (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։11

13, 14. ա) Վիրաւորական խօսքերը ուրիշներու վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն կ’ունենան։ բ) Ի՞նչ է հայհոյութիւնը, եւ հայհոյողը ինքզինք ինչո՞ւ վտանգաւոր կացութեան մը առջեւ կը դնէ։

13 Վիրաւորական խօսքեր։ Ինչպէս նախապէս նշեցինք, խօսքերը վնաս հասցնելու զօրութիւնը ունին։ Իրականութեան մէջ, անկատարութեան պատճառով, բոլորս ալ ատեն–ատեն կ’ըսենք այնպիսի բաներ, որոնց համար յետոյ կը զղջանք։ Սակայն Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ խօսելակերպէ մը, որ քրիստոնէական ընտանիքին կամ ժողովքին մէջ անընդունելի է։ Պօղոս քրիստոնեաները կը յորդորէ. «Ամէն դառնութիւն եւ բարկութիւն ու սրտմտութիւն եւ աղաղակ ու հայհոյութիւն վերցուի ձեզմէ» (Եփեսացիս 4։31)։ Ա՛յլ թարգմանութիւններ այս համարին մէջ նշուած «հայհոյութիւն» բառը կը թարգմանեն «չար խօսքեր», «վիրաւորական խօսք» եւ «նախատական լեզու»։ «Հայհոյութիւն»ը, ներառեալ՝ վարկաբեկիչ անուններ կախելը եւ անողոք ու յարատեւ քննադատութիւն ընելը, կրնայ ուրիշներու արժանապատուութիւնը վար առնել եւ զիրենք անարժէք զգացնել։ Այս առնչութեամբ մանաւանդ երեխաները խոցելի են, քանի որ անոնք զգայուն ու դիւրահաւատ են (Կողոսացիս 3։21

14 Աստուածաշունչը խստիւ կը դատապարտէ հայհոյելը,– ուրիշները վիրաւորական, վարկաբեկիչ կամ նախատական խօսքերով նուաստացնելու սովորութիւնը։ Անհատ մը որ հայհոյելը սովորութիւն կը դարձնէ, ինքզինք վտանգաւոր կացութեան մը առջեւ կը դնէ։ Եթէ ան իրեն օգնելու համար թափուած ջանքերը անտեսէ, կրնայ ժողովքէն վերցուիլ։ Եւ եթէ իր ճամբաները չփոխէ, ան նոյնիսկ նոր աշխարհին մէջ ապրելու օրհնութիւնը կրնայ կորսնցնել (Ա. Կորնթացիս 5։11-13. 6։9, 10)։ Հետեւաբար, բացայայտ է թէ Աստուծոյ սիրոյն մէջ չենք կրնար մնալ, եթէ սովորութիւն դարձնենք խօսիլ՝ անհամեստ, անճիշդ կամ անազնիւ խօսքեր։ Այսպիսի խօսակցութիւն քանդիչ է։

ԽՕՍՔԵՐ՝ ‘ՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ’

15. Ինչպիսի՞ խօսակցութիւն ‘շինութեան համար’ է։

15 Ինչպէ՞ս կրնանք խօսելու պարգեւը գործածել, ա՛յնպէս՝ ինչպէս զայն Տուողը մտադրած էր։ Մտաբերէ, թէ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը յորդորէ որ խօսինք «ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար» (Եփեսացիս 4։29)։ Եհովան կը հաճի, երբ մեր խօսքերը ուրիշները կը շինեն, կը քաջալերեն եւ կը զօրացնեն։ Սակայն այսպիսի խօսքեր խօսելու համար մտածել պէտք է։ Աստուածաշունչը կանոններ չի դներ, ոչ ալ ‘ողջամիտ խօսքերու’ ցանկ մը կը հայթայթէ մեզի (Տիտոս 2։8)։ Որպէսզի կարենանք ‘շինութեան համար’ խօսքեր խօսիլ, պէտք է ի մտի ունենանք շինիչ խօսակցութիւնը յատկանշող երեք պարզ բայց կարեւոր ազդակներ. մեր խօսքը պէտք է ըլլայ ողջամիտ, ճշմարիտ եւ ազնիւ։ Այս ազդակները ի մտի ունենալով, քննարկենք շինիչ խօսակցութեան քանի մը տեսակները (տե՛ս « Խօսքերս շինի՞չ են» շրջանակը)։

16, 17. ա) Ինչո՞ւ ուրիշները պէտք է գովենք։ բ) Ժողովքին եւ ընտանիքին անդամները գովելու ի՞նչ պատեհութիւններ կան։

16 Անկեղծ գովասանք։ Թէ՛ Եհովան եւ թէ Յիսուս գովասանքի ու գնահատական խօսքերու կարեւորութեան գիտակցեցան (Մատթէոս 3։17. 25։19-23. Յովհաննէս 1։47)։ Որպէս քրիստոնեաներ, մենք ալ պէտք է ուրիշները անկեղծօրէն գովենք։ Ինչո՞ւ։ Առակաց 15։23–ը կ’ըսէ. «Ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը որչա՜փ գեղեցիկ է»։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Երբ անկեղծ գովասանք ստանամ, ինչպէ՞ս կը զգամ։ Չե՞մ ուրախանար եւ չե՞մ ոգեւորուիր’։ Արդարեւ, գովասանքի անկեղծ խօսք մը քեզի զգալ կու տայ թէ մէկը քեզ նկատած է, քեզմով հետաքրքրուած է եւ ըրածդ կ’արժեւորէ։ Քաջալերական խօսքերը վստահութիւնդ կը կերտեն եւ քեզ կը մղեն, որ ապագային աւելին ընես։ Եթէ գովասանք ստանալը կը գնահատես, ուրեմն պէտք չէ՞ դուն ալ քու կարգիդ ուրիշները գովես (կարդա՛ Մատթէոս 7։12

17 Դուն քեզ մարզէ ուրիշներուն լաւ բաները տեսնելու, եւ յետոյ զիրենք գովէ։ Ժողովքին մէջ թերեւս ունկնդրես լաւ ներկայացուած դասախօսութիւն մը, նկատես հոգեւոր նպատակակէտերու ձգտող երիտասարդ մը կամ ժողովներուն հաւատարմաբար ներկայ գտնուող վատառողջ տարեց մը։ Գովասանքի անկեղծ խօսք մը կրնայ անոնց սրտին դպչիլ եւ զիրենք հոգեւորապէս զօրացնել։ Նաեւ ընտանիքին մէջ, ամուսիններ ու կիներ փոխադարձաբար անկեղծ գովասանքի ու գնահատական խօսքեր լսելու կարիքը ունին (Առակաց 31։10, 28)։ Յատկապէս երեխաները կը քաջալերուին, երբ ուրիշներ կը նկատեն ու կը գովեն զիրենք։ Ինչպէս որ արեւն ու ջուրը կը թարմացնեն բոյսը, նոյնպէս ալ գովասանքն ու գնահատական խօսքերը կը թարմացնեն երեխան։ Ծնողնե՛ր, առիթներ գտէք որ ձեր զաւակները գովէք իրենց լաւ յատկութիւններուն եւ թափած ջանքերուն համար։ Գովասանքի անկեղծ խօսք մը կրնայ ձեր զաւակներուն մէջ քաջութիւն ու վստահութիւն կերտել եւ զիրենք մղել, որ ա՛լ աւելի ջանան ընել այն ինչ որ ճիշդ է։

18, 19. Մեր հաւատակիցները քաջալերելու եւ մխիթարելու համար ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մեր լաւագոյնը պէտք է ընենք։

18 Քաջալերութիւն եւ մխիթարութիւն։ Եհովան խորապէս հետաքրքրուած է «խոնարհներ»ով եւ «կոտրած սրտեր» ունեցող անհատներով (Եսայի 57։15)։ Իր Խօսքը մեզ կը յորդորէ որ թէ՛ ‘մէկզմէկ մխիթարենք’ եւ թէ՝ ‘վատասիրտները’ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։11, 14)։ Կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուած կը նկատէ ու կը գնահատէ այն ջանքերը, զորս կը թափենք մեր վհատած հաւատակիցները քաջալերելու եւ մխիթարելու համար։

Եհովան կը հաճի երբ մեր խօսքերով ուրիշները կերտենք

19 Սակայն ինչպէ՞ս կրնաս վհատած կամ ընկճուած հաւատակից մը մխիթարել։ Մի՛ խորհիր թէ պէտք է անոր խնդիրները լուծես։ Շատ մը պարագաներու, յաճախ պարզ խօսքերը շատ աւելի օգտակար կ’ըլլան։ Ընկճուած անհատը հաւաստիացուր թէ իրմով հետաքրքրուած ես։ Առաջարկէ իրեն հետ բարձրաձայն աղօթել։ Կրնաս Եհովայէն խնդրել, որ անհատին օգնէ գիտակցելու թէ ուրիշներ եւ Աստուած զինք որքա՜ն կը սիրեն (Յակոբոս 5։14, 15)։ Զինք հաւաստիացուր թէ ինք ժողովքին մէջ պիտանի եւ արժէքաւոր անդամ մըն է (Ա. Կորնթացիս 12։12-26)։ Աստուածաշունչէն քաջալերական համար մը կարդա՛, իրեն վստահեցնելու համար, որ Եհովան անձնապէս իրմով հետաքրքրուած է (Սաղմոս 34։18. Մատթէոս 10։29-31)։ Սրտաբեկ անհատին «աղէկ խօսք» մը ըսելու համար ժամանակ յատկացնելը եւ անկեղծօրէն խօսիլը, անկասկած պիտի օգնեն իրեն զգալու թէ ինք սիրուած ու գնահատուած անձ մըն է (կարդա՛ Առակաց 12։25

20, 21. Ի՞նչ ազդակներ խրատը ազդու կը դարձնեն։

20 Ազդու խրատ։ Անկատարութեան պատճառով, բոլորս ալ ատեն–ատեն խրատ ստանալու կարիքը ունինք։ Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ. «Խրատը լսէ՛ եւ կրթութիւնը ընդունէ՛, որպէս զի ապագային իմաստուն ըլլաս» (Առակաց 19։20)։ Միայն երէցները չեն որ խրատներ կու տան։ Ծնողներն ալ իրենց զաւակները կը խրատեն (Եփեսացիս 6։4)։ Հասուն քոյրեր թերեւս խրատ տան տարիքով փոքր քոյրերու (Տիտոս 2։3-5)։ Ուրիշներու հանդէպ սէրը մեզ կը մղէ տալու խրատներ, որոնք անհատին կողմէ դիւրաւ պիտի ընդունուին, առանց զինք ընկճելու։ Ի՞նչ բան պիտի օգնէ ասիկա ընելու։ Նկատի առ երեք ազդակներ, որոնք խրատը աւելի ազդու կը դարձնեն. խրատատուին կեցուածքն ու դրդապատճառը, խրատին հիմը եւ տրուած կերպը։

21 Ազդու խրատը կախեալ է խրատատուէն։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Ե՞րբ դիւրին կ’ըլլայ խրատ ընդունիլը’։ Դիւրին կ’ըլլայ, երբ գիտնաս որ քեզ խրատողը քեզմով հետաքրքրուած է եւ ոչ թէ կը խրատէ, քանի որ քեզմէ նեղուած է կամ ծածուկ շարժառիթներ ունի։ Ուստի, երբ ուրիշները կը խրատես, քո՛ւ կեցուածքդ ու շարժառիթդ նոյնը պէտք չէ՞ ըլլայ։ Խրատը նաեւ ազդու է, երբ հիմնուած է Աստուծոյ Խօսքին վրայ (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Աստուածաշունչէն ուղղակի մէջբերենք կամ ոչ, մեր տուած խրատները պէտք է հիմնուած ըլլան Աստուծոյ Խօսքին վրայ։ Հետեւաբար, երէցները պէտք է զգոյշ ըլլան որ իրենց անձնական կարծիքները ուրիշներուն չպարտադրեն, ոչ ալ Սուրբ Գրութիւնները խեղաթիւրեն, այն տպաւորութիւնը տալու համար, թէ Աստուածաշունչը թիկունք կը կանգնի իրենց անձնական մէկ կարծիքին։ Խրատը նաեւ աւելի ազդու է, եթէ անիկա ճիշդ ձեւով ներկայացուի։ Ազնուութեամբ տրուած խրատը ընդունիլը աւելի դիւրին է, եւ զայն ստացողին արժանապատուութիւնը չի վիրաւորեր (Կողոսացիս 4։6

22. Խօսելու պարգեւը գործածելու առնչութեամբ ի՞նչ վճռած ես ընել։

22 Վստահաբար, խօսելու կարողութիւնը Աստուծոյ կողմէ թանկարժէք պարգեւ մըն է։ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը մեզ պէտք է մղէ այս պարգեւը օգտագործելու եւ ոչ թէ սխալ կերպով գործածելու։ Մտաբերենք թէ ուրիշներուն ուղղած մեր խօսքերը զօրութիւն ունին. շինելու կամ քանդելու։ Հետեւաբար, ջանանք այս պարգեւը գործածել ‘շինութեան համար’, ինչպէս որ զայն Տուողը մտադրած էր։ Այսպէս, մեր խօսքերը մեր շուրջինները պիտի քաջալերեն ու թարմացնեն, եւ մեզի պիտի օգնեն Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու։

^ պարբ. 4 Առակաց 15։4–ի մէջ «խռովարար» թարգմանուած եբրայերէն բառը նաեւ կրնայ թարգմանուիլ «խեղաթիւրող, կամակոր»։

^ պարբ. 7 «Փուճ» թարգմանուած յունարէն բառը նաեւ թարգմանուած է «պարապ» (Ա. Կորնթացիս 15։17

^ պարբ. 10 Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, «պղծութիւն»ը տարբեր տեսակի մեղքերու ակնարկող արտայայտութիւն մըն է։ Թէեւ ամէն տեսակի պղծութիւններու համար դատական յանձնախումբ չի կազմուիր, սակայն անհատ մը կրնայ ժողովքէն վտարուիլ, եթէ անզեղջօրէն շարունակէ լուրջ պղծութիւն գործել (Բ. Կորնթացիս 12։21. Եփեսացիս 4։19. տե՛ս «Հարցումներ՝ ընթերցողներէն» յօդուածը, Դիտարան 15 յուլիս 2006 [անգլերէնով])։