Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչի ընդհանուր ներդաշնակութիւնը

Աստուածաշունչի ընդհանուր ներդաշնակութիւնը

Գլուխ 11

Աստուածաշունչի ընդհանուր ներդաշնակութիւնը

Երեւակայեցէք գրադարան մը, բաղկացած՝ 66 գիրքերէ որոնք գրուած են շուրջ 40 տարբեր անհատներու կողմէ, աւելի քան 1,600 տարիներու ժամանակաշրջանի մը մէջ։ Տարբեր երկիրներու մէջ ապրած այս գրողները երեք տարբեր լեզուներ գործածած են։ Իւրաքանչիւր գրող տարբեր անձնաւորութիւն, տաղանդներ եւ ծագում ունէր։ Սակայն, երբ անոնց գրած գիրքերը վերջապէս իրարու քով բերուեցան, զարմանալիօրէն անոնք մեծ գիրք մը կազմեցին, որ հիմնական մէկ բնաբան կը զարգացնէ սկիզբէն մինչեւ վերջը։ Ասիկա դժուար է երեւակայել, այդպէս չէ՞։ Սակայն Աստուածաշունչը ճիշդ այսպիսի գրադարան մըն է։

1. (Յառաջաբանը ներառեալ.) Ի՞նչ յատկանշական ներդաշնակութիւն կը վկայէ այն իրողութեան թէ Աստուածաշունչը Աստուծմէ ներշնչուած է։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ պարկեշտօրէն ուսումնասիրող մը պիտի տպաւորուի այն իրողութենէն որ թէեւ անիկա տարբեր գիրքերու հաւաքածոյ մըն է, սակայն միաձուլուած գիրք մըն է։ Միաձուլուած՝ այն իմաստով որ, սկիզբէն մինչեւ վերջը, Աստուածաշունչը կը քաջալերէ միակ Աստուծոյ պաշտամունքը, որու յատկանիշները անփոփոխ են, ինչպէս նաեւ անոր բոլոր գիրքերը մէկ գլխաւոր բնաբան կը հետապնդեն։ Այս ընդհանուր ներդաշնակութիւնը զօրաւոր փաստ մըն է թէ Աստուածաշունչը, արդարեւ, Աստուծոյ Խօսքն է։

2, 3. Եդեմի մէջ տրուած ի՞նչ մարգարէութիւն յոյս կը տածէր, եւ ի՞նչ պարագաներ այդ մարգարէութեան տրուելուն առաջնորդեցին։

2 Աստուածաշունչի հիմնական բնաբանը անոր առաջին գիրքին՝ Ծննդոցին՝ սկիզբի գլուխներուն մէջ կը շեշտուի։ Հոն կը կարդանք որ մեր առաջին ծնողքը՝ Ադամն ու Եւան, կատարեալ ստեղծուեցան եւ դրախտային պարտէզի մը՝ Եդեմի՝ մէջ դրուեցան։ Սակայն, Եւայի մօտենալով, օձ մը Աստուծոյ օրէնքներուն ուղիղ ըլլալը հարցի տակ դրաւ եւ խորամանկ սուտերով դրդեց զինք որ մեղանչէ։ Ադամ իր կնոջ հետեւեցաւ եւ ան ալ Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցաւ։ Հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։ Երկուքն ալ Եդեմէն վռնտուեցան եւ մահուան դատապարտուեցան։ Մենք ներկայիս այդ առաջին ըմբոստութեան հետեւանքները կը կրենք, քանի որ բոլորս ալ մեր առաջին ծնողքէն մեղք ու մահ ժառանգած ենք։—Ծննդոց 3։17, 19, 24. Հռովմայեցիս 5։12

3 Այդ եղերական պահուն սակայն, Աստուած մարգարէութիւն մը տուաւ, որ յոյս կը տածէր։ Մարգարէութիւնը ուղղուեցաւ օձին, բայց Ադամի ու Եւայի լսելի կերպով մը, որպէսզի անոնք կարենային զայն իրենց զաւակներուն փոխանցել։ Աստուած հետեւեալը ըսաւ. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։—Ծննդոց 3։15. Հռովմայեցիս 8։20, 21

4. Եդեմի մէջ Եհովայի տուած մարգարէութեան մէջ ի՞նչ էութիւններ յիշուեցան, եւ դարերու ընթացքին անոնք ինչպէ՞ս իրարու հետ գործառնութիւն պիտի ունենային։

4 Նկատի առէք թէ այս գլխաւոր համարին մէջ չորս տարբեր էութիւններ կը յիշուին. օձն ու իր սերունդը, ինչպէս նաեւ կինն ու իր սերունդը։ Այս էութիւնները հազարաւոր տարիներու ընթացքին տեղի ունենալիք դէպքերուն գլխաւոր դերակատարները պիտի ըլլային։ Յարատեւ թշնամութիւն գոյութիւն պիտի ունենար երկու կողմերուն՝ կնոջ ու իր սերունդին եւ Սատանային ու իր սերունդին՝ միջեւ։ Այս թշնամութիւնը ճշմարիտ եւ սուտ պաշտամունքին, շիտակ եւ սխալ վարմունքին միջեւ անվերջ պայքար պիտի ներփակէր։ Որոշ ժամանակ մը, օձը երեւութապէս առաւելութիւն մը ձեռք պիտի ձգէր, երբ կնոջ սերունդին գարշապարը խայթէր։ Սակայն, կնոջ սերունդը վերջապէս պիտի ջախջախէր օձին գլուխը եւ Աստուած պիտի ջատագովուէր, երբ այդ առաջին ըմբոստութեան բոլոր հետքերը վերցուէին։

5. Ինչպէ՞ս գիտենք որ այդ մարգարէութեան կինը Եւան չէր։

5 Որո՞նք են կինը եւ օձը։ Իսկ որո՞նք են անոնց սերունդները։ Երբ իր առաջին որդին՝ Կայէնը ունեցաւ, Եւա բացագանչեց. «Մարդ ստացայ [Եհովայի օգնութեամբ ՆԱ]»։ (Ծննդոց 4։1) Ան թերեւս կը խորհէր թէ ինքն էր մարգարէութեան կինը եւ թէ իր որդին պիտի ըլլար սերունդը։ Սակայն, Կայէն, օձին նման, չար հոգի մը ունէր։ Իր կրտսեր եղբայրը՝ Աբէլը՝ սպաննելով, ան մարդասպան մը դարձաւ։ (Ծննդոց 4։8) Յստակ է, ուրեմն, որ մարգարէութիւնը աւելի խոր եւ այլաբանական իմաստ մը ունէր, զոր միայն Աստուած ի վիճակի էր բացատրելու։ Բայց Աստուած աստիճանաբար ըրաւ ասիկա։ Աստուածաշունչի բոլոր 66 գիրքերն ալ կերպով մը կը նպաստեն Աստուածաշունչի այս առաջին մարգարէութեան իմաստին յայտնութեան։

Ո՞վ Է Օձը

68. Յիսուսի ո՞ր խօսքերը մեզի կօգնեն օձին ետին եղած զօրութիւնը բնորոշելու։ Բացատրեցէք։

6 Նախ, ո՞վ է Ծննդոց 3։15–ին մէջ յիշուած օձը։ Պատմութիւնը կըսէ որ Եդեմի մէջ բառացի օձ մը մօտեցաւ Եւայի։ Սակայն բառացի օձերը չեն կրնար խօսիլ։ Այդ օձին ետին զօրութիւն մը եղած ըլլալու էր, որ զինք այդպէս վարուելու մղեց։ Ի՞նչ էր այդ զօրութիւնը։ Այդ զօրութեան ինքնութիւնը յստակօրէն յայտնուեցաւ մեր Հասարակ Դարաշրջանի առաջին դարուն, երբ Յիսուս երկրի վրայ իր ծառայութիւնը կը մատուցանէր։

7 Առիթով մը, Յիսուս ինքնարդար Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն հետ կը խօսէր, որոնք կը պարծենային թէ իրենք Աբրահամի որդիներն էին։ Սակայն, անոնք յամառօրէն կը հակառակէին Յիսուսի քարոզած ճշմարտութեան։ Ուստի, Յիսուս անոնց ըսաւ. «Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք ու ձեր հօրը բաղձանքը կուզէք ընել։ Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ, վասնզի անոր ներսիդին ճշմարտութիւն չկայ։ Երբ անիկա ստութիւն խօսի, բուն իրեններէն կը խօսի, քանզի անիկա ստախօս է եւ անոր հայրը»։—Յովհաննու 8։44

8 Յիսուսի խօսքերը զօրաւոր եւ շեշտակի էին։ Ան Բանսարկուն նկարագրեց որպէս «մարդասպան» մը եւ ստութեան հայրը։ Արձանագրուած առաջին սուտերը օձին կողմէ արտաբերուեցան Եդեմի մէջ։ Ան որ այդ սուտերը խօսեցաւ արդարեւ ստութեան հայրն էր։ Ասկէ զատ, այդ սուտերը Ադամի եւ Եւայի մահուան պատճառ եղան, այդ վաղեմի ստախօսը մարդասպան մը դարձնելով։ Բացայայտ է, ուրեմն, որ Եդեմի մէջ օձին ետին եղած զօրութիւնը Բանսարկու Սատանան էր, իսկ Եհովա իրապէս Սատանային կուղղէր այդ վաղեմի մարգարէութիւնը։

9. Սատանան ինչպէ՞ս գոյութիւն ունեցաւ։

9 Ոմանք հարց տուած են. Եթէ Աստուած բարի է, ինչո՞ւ այսպիսի արարած մը՝ Բանսարկուն՝ ստեղծեց։ Յիսուսի խօսքերը մեզի կօգնեն այս հարցումին ալ պատասխանելու։ Յիսուս Սատանայի մասին ըսաւ. «Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր»։ Ուստի, երբ Սատանան Եւային սուտ խօսեցաւ, ա՛յն ատեն ան Սատանայ դարձաւ, Եբրայերէն բառ մը, որ կը նշանակէ՝ «հակառակորդ»։ Աստուած չստեղծեց Սատանան։ Նախապէս հաւատարիմ եղած հրեշտակ մը թոյլ տուաւ որ իր սրտին մէջ չար ցանկութիւններ զարգանան, այնպէս որ ան Սատանայ դարձաւ։—Բ. Օրինաց 32։4. բաղդատել Յոբ 1։612. 2։110. Յակոբու 1։1315։

Օձին Սերունդը

10, 11. Յիսուս եւ Յովհաննէս առաքեալ ինչպէ՞ս մեզի կօգնեն Օձին սերունդը բնորոշելու։

10 Բայց ո՞վ է օձին սերունդը։ Յիսուսի խօսքերը կօգնեն մեզի հանելուկին այս մասն ալ լուծելու։ Ան Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն ըսաւ. «Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք ու ձեր հօրը բաղձանքը կ’ուզէք ընել»։ Այդ Հրեաները Աբրահամի սերունդ էին, ինչպէս անոնք կը պարծենային։ Սակայն անոնց ամբարիշտ վարքը զանոնք Սատանայի՝ մեղքի հեղինակին՝ հոգեւոր որդիներ կը դարձնէր։

11 Առաջին դարու վերջաւորութեան գրելով, Յովհաննէս առաքեալ յստակօրէն կը բացատրէ թէ որո՛նք Օձին՝ Սատանային՝ սերունդին կը պատկանին։ Ան կը գրէ. «Ան որ մեղք կը գործէ, Սատանայէն է, վասնզի Սատանան սկիզբէն ի վեր կը մեղանչէ. ... Ասով յայտնի են Աստուծոյ որդիներն ու Սատանային որդիները։ Ամէն ով որ արդարութիւն չի գործեր, անիկա Աստուծմէ չէ եւ ան ալ՝ որ իր եղբայրը չի սիրեր»։ (Ա. Յովհաննու 3։810) Ակներեւաբար, Օձին սերունդը շատ գործունեայ եղած է ամբողջ մարդկային պատմութեան ընթացքին։

Ո՞վ Է Կնոջ Սերունդը

12, 13. (ա) Եհովա ինչպէ՞ս Աբրահամին յայտնեց որ կնոջ սերունդը իր շառաւիղէն պիտի գար։ (բ) Սերունդին նկատմամբ խոստումը ո՞վ ժառանգեց։

12 Իսկ ո՞վ է կնոջ սերունդը։ Ասիկա ցարդ յարուցուած ամենէն կարեւոր հարցումն է, քանի որ կնոջ սերունդն է, որ վերջապէս պիտի ջախջախէ Սատանային գլուխը եւ առաջին ըմբոստութեան գէշ հետեւանքները պիտի սրբէ։ Հ.Դ.Ա. քսաներորդ դարուն, Աստուած այս սերունդին ինքնութեան մասին հիմնական նշան մը տուաւ հաւատարիմ Աբրահամին։ Աբրահամի մեծ հաւատքին պատճառաւ, Աստուած խոստումներու շարք մը տուաւ անոր, իրմէ սերելիք սերունդին մասին։ Այդ խոստումներէն մէկը կը յայտնէր թէ կնոջ սերունդը, որ Սատանային գլուխը պիտի ջախջախէր, Աբրահամի զաւակներէն պիտի գար։ Աստուած անոր ըսաւ. «Քու սերունդդ իր թշնամիներուն քաղաքները պիտի ժառանգէ ու երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին [իրենք զիրենք պիտի օրհնեն ՆԱ], որովհետեւ իմ ձայնիս ականջ դրիր»։—Ծննդոց 22։17, 18

13 Մինչ տարիները սահեցան, Աբրահամի տուած Եհովայի խոստումը կրկնուեցաւ Աբրահամի որդւոյն՝ Իսահակի եւ անոր թոռան՝ Յակոբի։ (Ծննդոց 26։35. 28։1015) Վերջապէս, Յակոբի սերունդը 12 ցեղեր կազմեց եւ այդ ցեղերէն մէկը՝ Յուդան՝ մասնայատուկ խոստում մը ստացաւ։ «Իշխանութիւնը Յուդայէն պիտի չպակսի, ո՛չ ալ անոր ոտքերուն մէջտեղէն՝ օրէնսդիրը, մինչեւ որ Սելովը գայ ու ժողովուրդները անոր հնազանդին»։ (Ծննդոց 49։10) Բացայայտօրէն, Սերունդը Յուդայի ցեղէն պիտի գար։

14. Ո՞ր ազգը կազմակերպուեցաւ գալիք Սերունդին համար պատրաստ ըլլալու։

14 Հ.Դ.Ա. տասնըվեցերորդ դարու վերջաւորութեան, Իսրայէլի 12 ցեղերը որպէս ազգ կազմակերպուեցան Աստուծոյ սեփական ժողովուրդը ըլլալու։ Այս նպատակով, Աստուած անոնց հետ ուխտ մը ըրաւ եւ անոնց օրինագիրք մը տուաւ։ Ասոր գլխաւոր նպատակն էր գալիք Սերունդին համար ժողովուրդ մը պատրաստել։ (Ելից 19։5, 6. Գաղատացիս 3։24) Անկէ ի վեր, կնոջ Սերունդին հանդէպ Սատանային թշնամութիւնը յայտնի եղաւ Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդին հանդէպ ազգերուն թշնամութենէն։

15. Վերջնական ի՞նչ նշան տրուեցաւ թէ Աբրահամի շառաւիղին ո՛ր ընտանիքէն յառաջ պիտի գար Սերունդը։

15 Հ.Դ.Ա. տասնըմէկերորդ դարուն, վերջնական նշան մը տրուեցաւ թէ Սերունդը ո՛ր ընտանիքէն յառաջ պիտի գար։ Այդ ժամանակ, Աստուած Իսրայէլի երկրորդ թագաւորին՝ Դաւիթին՝ խօսեցաւ ու խոստացաւ որ Սերունդը իր շառաւիղէն պիտի գար եւ որ Անոր աթոռը յաւիտեան ապահով պիտի ըլլար։ (Բ. Թագաւորաց 7։1116) Անկէ սկսեալ, պատշաճօրէն կարելի եղաւ Սերունդին ակնարկել որպէս Դաւիթի որդի։—Մատթէոս 22։4245

16, 17. Եսայի ինչպէ՞ս նկարագրեց Սերունդին բերելիք օրհնութիւնները։

16 Յաջորդ տարիներուն, Աստուած մարգարէներ հանեց, որպէսզի անոնք գալիք Սերունդին մասին շատ մը ներշնչեալ տեղեկութիւններ տան։ Օրինակի համար, Հ.Դ.Ա. ութերորդ դարուն, Եսային գրեց. «Մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։ Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Հայր, Խաղաղութեան Իշխան։ Դաւիթին աթոռին վրայ ու անոր թագաւորութեանը վրայ անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ»։—Եսայեայ 9։6, 7

17 Եսայի այս Սերունդին մասին դարձեալ մարգարէացաւ. «Աղքատին դատը արդարութեամբ պիտի տեսնէ ու երկրին զրկուածներուն համար իրաւամբ պիտի յանդիմանէ։ ... Գայլը գառին հետ պիտի բնակի ու ինձը ուլին հետ պիտի պառկի։ Հորթն ու առոյգ առիւծը եւ պարարտ զուարակը մէկտեղ պիտի արածին ...։ Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։ (Եսայեայ 11։49) Ի՜նչ ճոխ օրհնութիւններ պիտի բերէր այս սերունդը։

18. Սերունդին մասին Դանիէլ յաւելեալ ի՞նչ տեղեկութիւն արձանագրեց։

18 Մեր Հասարակ Դարաշրջանէն Առաջ վեցերորդ դարուն, Դանիէլ Սերունդին մասին յաւելեալ մարգարէութիւն մը արձանագրեց։ Ան նախագուշակեց այն ժամանակը, երբ երկնքի մէջ Որդի մարդոյ նման մէկը պիտի երեւնար եւ ըսաւ որ «անոր իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն տրուեցաւ, որպէսզի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն»։ (Դանիէլ 7։13, 14) Ուստի, գալիք Սերունդը երկնային թագաւորութիւն մը պիտի ժառանգէր, իսկ անոր արքայական հեղինակութիւնը ամբողջ երկրի վրայ պիտի տարածուէր։

Հանելուկը Լուծուած

19. Ինչպէս հրեշտակը յայտնեց, Մարիամ ի՞նչ դեր պիտի խաղար գալիք Սերունդին նկատմամբ։

19 Սերունդին ինքնութիւնը վերջապէս քօղազերծուեցաւ մեր Հասարակ Դարաշրջանի սկիզբը։ Հ.Դ.Ա. 2–ին, հրեշտակ մը Դաւիթի սերունդէն եղած Հրեայ երիտասարդուհիի մը երեւցաւ, որու անունն էր՝ Մարիամ։ Հրեշտակը անոր ըսաւ որ ան մասնայատուկ զաւկի մը ծնունդ պիտի տար եւ աւելցուց. «Անիկա մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի։ Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը ու Յակոբին տանը վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէ։ Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։ (Ղուկաս 1։32, 33) Ուստի, երկար ատենէ սպասուած «սերունդ»ը ի վերջոյ պիտի գար։

20. Ո՞վ է խոստացեալ Սերունդը, եւ ան ի՞նչ պատգամ քարոզեց Իսրայէլի մէջ։

20 Հ.Դ. 29–ին (Դանիէլի կողմէ շատ առաջուընէ մատնանշուած թուական մը), Յիսուս մկրտուեցաւ։ Այն ատեն սուրբ հոգին անոր վրայ իջաւ, իսկ Աստուած զինք ընդունեց որպէս իր Որդին։ (Դանիէլ 9։2427. Մատթէոս 3։16, 17) Ապա Յիսուս երեքուկէս տարի Հրեաներուն վկայութիւն տուաւ, յայտարարելով. «Երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է»։ (Մատթէոս 4։17) Այս ժամանակամիջոցին, Յիսուս Եբրայերէն Գրութիւններէն այնքան շատ մարգարէութիւններ կատարեց որ արդարեւ խոստացեալ Սերունդը ըլլալուն շուրջ ո՛չ մէկ կասկած ձգեց։

21. Սերունդին ինքնութեան մասին առաջին Քրիստոնեաները ի՞նչ հասկցան։

21 Առաջին Քրիստոնեաները ասիկա լաւ հասկցան։ Պօղոս Գաղատիոյ Քրիստոնեաներուն բացատրեց. «Արդ՝ խոստումները Աբրահամին ու անոր սերունդին եղան. քանզի չըսեր. Եւ քու սերունդներուդ, որպէս թէ շատերու համար, հապա որպէս թէ մէկի համար Եւ քու սերունդիդ, որ Քրիստոս է»։ (Գաղատացիս 3։16) Յիսուս պիտի ըլլար Եսայի նախագուշակած «Խաղաղութեան Իշխան»ը։ Երբ ան վերջապէս իր Թագաւորութիւնովը գար, արդարութիւնը եւ իրաւունքը պիտի հաստատուէին ամբողջ երկրի վրայ։

Իսկ Ո՞վ Է Կինը

22. Եդեմի մէջ Եհովայի տուած մարգարէութեան մէջ ակնարկուած կինը ո՞վ է։

22 Եթէ Յիսուս Սերունդն է, ուրեմն ո՞վ է այն կինը որու ակնարկուեցաւ Եդեմի մէջ։ Քանի որ օձին ետին գտնուած զօրութիւնը հոգեղէն արարած մըն էր, պէտք չէ զարմանանք որ կինն ալ հոգեղէն ըլլայ, ոչ թէ՝ մարմնեղէն։ Պօղոս առաքեալ երկնային «կնոջ» մը մասին խօսեցաւ, երբ ըսաւ. «Բայց վերի Երուսաղէմը ազատ է, որ մեր ամենուն մայրն է»։ (Գաղատացիս 4։26) Ուրիշ համարներ կը մատնանշեն որ այս «վերին Երուսաղէմը» արդէն հազարամեակներէ ի վեր գոյութիւն ունէր։ Անիկա հոգեղէն արարածներէ բաղկացած Եհովայի երկնային կազմակերպութիւնն է, ուրկէ Յիսուս երկիր եկաւ, որպէսզի կնոջ սերունդին դերը կատարէ։ Միայն այսպիսի հոգեղէն կինմը կրնար հազարամեակներ տոկալ «առաջուան օձ»ին թշնամութեան։—Յայտնութիւն 12։9. Եսայեայ 54։1, 13. 62։26

23. Եհովայի Եդեմական մարգարէութեան իմաստին յառաջդիմական յայտնութիւնը ինչո՞ւ շատ յատկանշական է։

23 Ծննդոց 3։15–ի այս վաղեմի մարգարէութեան զարգացման հակիրճ ակնարկ մը նետելը զօրաւոր վկայութիւն մը կու տայ Աստուածաշունչին հոյակապ ներդաշնակութեան։ Իրապէս յատկանշական է որ այս մարգարէութիւնը հասկնալի կը դառնայ միմիայն երբ Հ.Դ.Ա. քսաներորդ, տասնըմէկերորդ, ութերորդ եւ վեցերորդ դարերու պատահարները եւ խօսքերը կապենք մեր Հասարակ Դարաշրջանի Ա. դարու խօսքերուն ու դէպքերուն հետ։ Կարելի չէ այս բոլորը դիպուածի վերագրել։ Ասոնց ետին անպայման առաջնորդող ձեռք մը ըլլալու էր։—Եսայեայ 46։9, 10

Ի՛նչ կը Նշանակէ Մեզի Համար

24. Սերունդին բնորոշումը ի՞նչ կը նշանակէ մեզի համար։

24 Այս մարգարէութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ մեզի համար։ Յիսուս «կնոջ» գլխաւոր «սերունդ»ն է։ Ծննդոց 3։15–ի այդ վաղեմի մարգարէութիւնը կը նախագուշակէր որ Օձը սերունդին գարշապարը պիտի խայթէրեւ ասիկա պատահեցաւ երբ Յիսուս տանջանքի ցիցին վրայ մեռաւ։ Խայթուածքի մը վնասը մնայուն չէ։ Հետեւաբար, Օձին երեւութական յաղթանակը շուտով պարտութեան դարձաւ, երբ Յիսուս յարուցուեցաւ։ (Ինչպէս 6–րդ գլուխին մէջ տեսանք, անժխտելի ապացոյցներ կան թէ ասիկա իրողութիւն մըն է։) Յիսուսի մահը արդարամիտ մարդոց փրկութեան հիմը եղաւ։ Ուստի, Սերունդը օրհնութիւն մը եղաւ, ինչպէս Աստուած խոստացած էր Աբրահամին։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել այն մարգարէութիւններուն մասին, ըստ որոնց, Յիսուս ամբողջ երկրին վրայ պիտի իշխէր երկնային թագաւորութենէ մը։

25, 26. Կնոջ սերունդին եւ Օձին միջեւ եղող թշնամութիւնը ի՞նչ հարց կը բովանդակէր, ինչպէս նկարագրուած է Յայտնութեան մէջ։

25 Յայտնութիւն 12–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած մարգարէական պատկերաւոր տեսիլք մը այս Թագաւորութեան հաստատուիլը կը նկարագրէ երկնքի մէջ արու զաւկի մը ծնունդով։ Այս Թագաւորութեան մէջ, խոստացեալ Սերունդը զօրութիւն կը ստանայ Միքայէլ տիտղոսին ներքեւ, որ կը նշանակէ՝ «Ո՞վ Է Աստուծոյ Պէս»։ «Առաջուան օձը» երկնքէն ընդմիշտ դուրս վռնտելով, ան ցոյց կու տայ որ ո՛չ մէկը կրնայ իրաւացիօրէն ասպարէզ կարդալ Եհովայի գերիշխանութեան։ Կը կարդանք. «Վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ [ամբողջ] աշխարհ մոլորեցուց»։—Յայտնութիւն 12։79

26 Ասիկա երկնքին հանգստութիւն կը բերէ, բայց երկրին՝ նեղութիւն։ Երկնքի մէջ սա յաղթական աղաղակը թնդաց. «Հիմա եղաւ մեր Աստուծոյն փրկութիւնը ու զօրութիւնը եւ թագաւորութիւնը ու անոր Օծեալին իշխանութիւնը»։ Ապա կը կարդանք. «Ասոր համար ուրախացէք, ո՛վ երկինք ու անոր մէջ բնակողներ. վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասնզի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։—Յայտնութիւն 12։10, 12

27. Սատանայի երկնքէն վռնտուելուն մասին մարգարէութիւնը ե՞րբ կատարուեցաւ։ Ինչպէ՞ս գիտենք ասիկա։

27 Կրնա՞նք գիտնալ թէ այս մարգարէութիւնը ե՛րբ պիտի կատարուէր։ Իրականութեան մէջ, աշակերտները ճիշդ այս հարցումը ուղղեցին Յիսուսի, երբ իր ներկայութեան եւ իրերու դրութեան վախճանին նշանըխնդրեցին իրմէ, որու մասին խօսեցանք 10–րդ գլուխին մէջ։ (Մատթէոս 24։3, ՆԱ) Ինչպէս տեսանք, ջախջախիչ փաստեր կան թէ երկնային Թագաւորութեան մէջ զօրութիւն ստացած Յիսուսի ներկայութիւնը սկսաւ 1914–ին։ Այն ատենէն ի վեր, արդարեւ կրնանք ըսել. «Վա՜յ երկրին»։

28, 29. Տակաւին երկրի թատերաբեմին վրայ ի՞նչ մեծ փոփոխութիւններ պիտի ըլլան, եւ ինչպէ՞ս գիտենք որ անոնք շուտով տեղի պիտի ունենան։

28 Բայց մի՛ մոռնաք որ այդ երկնային աղաղակը կը ծանուցանէր թէ Սատանան «քիչ ժամանակ» պիտի մնար։ Ուստի, Ծննդոց 3։15–ի այդ առաջին մարգարէութիւնը անդիմադրելիօրէն իր յանգումին կը մօտենայ։ Օձն ու իր սերունդը, կինն ու իր սերունդը, բոլորն ալ բնորոշուած են։ Սերունդին գարշապարը խայթուեցաւ, բայց անիկա ապաքինուեցաւ։ Շուտով, Աստուծոյ արդէն իշխող Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ պիտի ջախջախէ Սատանան (եւ անոր սերունդը)։

29 Ասիկա երկրի թատերաբեմին վրայ հսկայական փոփոխութիւններ պիտի բերէ։ Բոլոր անոնք որոնք կը փաստեն Սատանայի սերունդը ըլլալ, անոր հետ պիտի բնաջնջուին։ Ինչպէս սաղմոսերգուն մարգարէացաւ. «Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես»։ (Սաղմոս 37։10) Ի՜նչ արմատական փոփոխութիւն մը պիտի ըլլայ ատիկա։ Այն ատեն, պիտի իրականանան սաղմոսերգուին յաջորդ խօսքերը. «Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։—Սաղմոս 37։11

30. Ինչո՞ւ Աստուածաշունչին ներշնչուած ըլլալուն եւ Աստուծոյ գոյութեան վրայ կասկած յայտնող սկեպտիկները անիրապաշտ են։

30 Այս կերպով, «Խաղաղութեան Իշխան»ը ի վերջոյ բոլոր մարդոց խաղաղութիւն պիտի բերէ։ Ասիկա Աստուածաշունչին մէջ խոստացուած է, ինչպէս նկատի առինք Եսայեայ 9։6, 7–ին մէջ։ Այս սկեպտիկական դարուն, շատեր այսպիսի խոստումներ անիրապաշտ կը գտնեն։ Բայց մարդս ասոր փոխարէն ի՞նչ կը հրամցնէ։ Իրապէս ոչինչ։ Իսկ միւս կողմէն, այս խոստումը յստակօրէն նշուած է Աստուածաշունչին մէջ, որ Աստուծոյ անթերի Խօսքն է։ Իրականութեան մէջ, սկեպտիկներն են որ անիրապաշտ են։ (Եսայեայ 55։8, 11) Անոնք Աստուած կանտեսեն, որ Աստուածաշունչը ներշնչեց եւ որ գերագոյն իրականութիւնն է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 151]

Աստուածաշունչի առաջին մարգարէութիւնը ինկած մարդկութեան յոյս տածեց

[Նկար՝ էջ 154]

Հ.Դ.Ա. քսաներորդ դարուն, Եհովա Աբրահամին ըսաւ որ խոստացեալ Սերունդը իր շառաւիղէն պիտի գար

[Նկար՝ էջ 155]

Հ.Դ.Ա. տասնըմէկերորդ դարուն, Դաւիթ Թագաւոր իմացաւ որ Սերունդը իր արքայական շառաւիղէն պիտի գար

[Նկար՝ էջ 156]

Հ.Դ.Ա. ութերորդ դարուն, Եսայի Սերունդին բերելիք օրհնութիւնները նախագուշակեց

[Նկար՝ էջ 157]

Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն, Դանիէլ նախագուշակեց որ Սերունդը երկնային թագաւորութեան մը մէջ պիտի իշխէր

[Նկար՝ էջ 159]

Հ.Դ. առաջին դարու գրեթէ սկիզբը, Մարիամ իմացաւ որ իր յղանալիք երախան՝ Յիսուսը՝ մեծնալով Սերունդը պիտի ըլլար