Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ետեւի կողքը

Ետեւի կողքը

Ետեւի կողքը

ԱՐԴԻ ԱՇԽԱՐՀԸ չափէ դուրս խնդիրներ ունի։ Ամուսնութիւնները կը քանդուին։ Ընտանեկան բռնութիւնը համատարած է։ Միլիոնաւորներ անօթի են։ Ոճիրը անղեկավարելի դարձած է։ Խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը անհասանելի են։ Աշխարհը ինչո՞ւ այս վիճակին հասած է։ Որեւէ լուծում կա՞յ։ Աստուածաշունչը այս հարցումներուն ո՛չ միայն պատասխան մը կը հրամցնէ, այլ նաեւ առօրեայ կեանքին համար ուղղութիւններ կու տայ։ Ուստի, տեղին չէ՞ որ Աստուածաշունչի խօսքերով հետաքրքրուինք։

Ոմանք այն կարծիքը ունին որ Աստուածաշունչը պարզապէս առասպելներու, աւանդավէպերու եւ ժողովրդական իմաստութեան հաւաքածոյ մըն է։ Իսկ ուրիշներ կ’ընդունին որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքն է։ Այս կարծիքներէն ո՞ր մէկը ճիշդ է։ Այս գիրքը՝ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն է, թէ՝ Մարդոց՝ ձեզի պիտի օգնէ որ կարենաք այս հարցումին պատասխանել։ Ձեզ կը հրաւիրենք որ անձամբ իրողութիւնները նկատի առնէք։ Ասիկա ընելը կրնայ ձեր կեանքը ամբողջովին փոխել։