Ծնողներուն
Ի՞նչ է լաւագոյն նուէրը որ կրնաք տալ ձեր երեխաներուն։ Անոնք շատ բաներու պէտք ունին, ինչպէս՝ ձեր սիրոյն, ուղղութեան ու պաշտպանութեան։ Սակայն ամէնէն թանկարժէք նուէրը որ կրնաք տալ իրենց, Եհովայի եւ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն մասին գիտութիւնն է (Յովհաննէս 17։3)։ Այդ գիտութիւնը կրնայ ձեր երեխաներուն օգնել որ ա՛լ աւելի սիրեն Եհովան եւ ամբողջ սրտով իրեն ծառայեն, նոյնիսկ կանուխ տարիքէն (Մատթէոս 21։16)։
Շատ մը ծնողներ նկատած են, որ երբ դասերն ու թելադրանքները կարճ ըլլան, երեխաները աւելի դիւրաւ կը սորվին։ Հետեւաբար, ուրախ ենք ներկայացնելու այս հրատարակութիւնը՝ Աստուածաշունչի դասերս գրքոյկը։ Իւրաքանչիւր դաս պատրաստուած է պարզ կերպով սորվեցնելու համար։ Նկարներն ու գրութիւնները յատկապէս պատրաստուած են երեք տարեկան եւ անկէ վար եղող երեխաներու համար։ Թելադրանքներ ալ պարփակուած են։ Աստուածաշունչի դասերս գրքոյկը խաղալու համար չէ, հապա այնպէս մը պատրաստուած է, որ զայն ձեր երեխաներուն հետ կարդաք եւ հաղորդակցութիւն ստեղծուի։
Վստահ ենք որ այս հրատարակութիւնը ձեզի պիտի օգնէ, մինչ ձեր երեխաներուն «մանկութենէն» կը սորվեցնէք Աստուածաշունչին ճշմարտութիւնները (Բ. Տիմոթէոս 3։14, 15)։
Ձեր եղբայրները,
Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմին