Աղօթքով Աստուծոյ մօտենալ
Դաս 7
Աղօթքով Աստուծոյ մօտենալ
Ինչո՞ւ կարեւոր է կանոնաւորաբար աղօթել։ (1)
Որո՞ւ պէտք է աղօթել եւ ի՛նչպէս։ (2, 3)
Աղօթքի յարմար նիւթերը որո՞նք են։ (4)
Ե՞րբ պէտք է աղօթէք։ (5, 6)
Աստուած ամէն աղօթք կը լսէ՞։ (7)
1. Աղօթքը Աստուծոյ հետ խոնարհ խօսակցութիւն մըն է։ Պէտք է կանոնաւորաբար աղօթէք։ Այս կերպով Աստուծոյ հետ մտերիմ կ’ըլլաք, սիրելի բարեկամի մը նման։ Եհովա շա՜տ մեծ եւ հզօր է, սակայն մեր աղօթքներուն մտիկ կ’ընէ։ Կանոնաւորաբար կ’աղօթէ՞ք։—Սաղմոս 65։2. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17
2. Աղօթքը մեր պաշտամունքին մէկ մասն է։ Հետեւաբար, միմիայն Եհովա Աստուծոյ պէտք է աղօթենք։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ան միշտ իր Հօրը կ’աղօթէր եւ ոչ թէ ուրիշի մը։ Մենք ալ նոյնը պէտք Մատթէոս 4։10. 6։9) Սակայն, մեր բոլոր աղօթքները պէտք է մատուցուին Յիսուսի անունով։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ կը յարգենք Յիսուսի դիրքը եւ կը հաւատանք իր փրկանքի զոհին։—Յովհաննու 14։6. Ա. Յովհաննու 2։1, 2
է ընենք։ (3. Երբ կ’աղօթենք, Աստուծոյ առջեւ մեր սրտերը պէտք է բանանք։ Պէտք չէ գոց սորվինք մեր աղօթքները, ո՛չ ալ աղօթագրքէ մը կարդանք զանոնք։ (Մատթէոս 6։7, 8) Կրնանք աղօթել որեւէ յարգալից կերպով, որեւէ ժամանակ եւ որեւէ տեղ։ Նոյնիսկ երբ մեր սրտէն անձայն կ’աղօթենք՝ Աստուած կը լսէ։ (Ա. Թագաւորաց 1։12, 13) Մեր անձնական աղօթքները ընելու համար, նախընտրելի է հանդարտ տեղ մը ընտրել, մարդոցմէ հեռու։—Մարկոս 1։35
4. Ի՞նչ նիւթերու մասին կրնաք աղօթել։ Իր հետ ձեր բարեկամութեան ազդող որեւէ նիւթի մասին կրնաք աղօթել։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Տիպար աղօթքը ցոյց կու տայ որ Աստուծոյ անուան ու նպատակին մասին պէտք է աղօթենք։ Մեր նիւթական պէտքերուն, մեր մեղքերու թողութեան եւ փորձութեան ընդդիմանալու համար ալ կրնանք աղօթել։ (Մատթէոս 6։9-13) Մեր աղօթքները անձնասէր պէտք չէ ըլլան։ Միշտ պէտք է աղօթենք Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ եղող բաներու մասին։—Ա. Յովհաննու 5։14
5. Կրնաք աղօթել որեւէ ատեն որ ձեր սիրտը Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու, կամ զինք փառաբանելու մղէ ձեզ։ (Ա. Մնացորդաց 29։10-13) Պէտք է աղօթէք, երբ խնդիրներ ունիք եւ ձեր հաւատքը փորձի ենթարկուած է։ (Սաղմոս 55։22. 120։1) Պատշաճ է ճաշէն առաջ աղօթել։ (Մատթէոս 14։19) Եհովա մեզ կը հրաւիրէ որ ‘ամէն ատեն աղօթք ընենք’։—Եփեսացիս 6։18
6. Երբ լուրջ մեղք մը գործենք, մասնաւորաբար աղօթելու կարիքը ունինք։ Այդպիսի ժամանակներ, Եհովայէ ողորմութիւն եւ թողութիւն պէտք է հայցենք։ Եթէ մեր մեղքերը իրեն խոստովանինք եւ զանոնք չկրկնելու համար ամէն ջանք թափենք, Աստուած ‘կը ներէ’ մեզի։—Սաղմոս 86։5. Առակաց 28։13
7. Եհովա միայն արդար անհատներուն աղօթքը կը լսէ։ Ձեր աղօթքները Աստուծոյ կողմէ լսելի ըլլալու համար, պէտք է ջանաք իր օրէնքներուն համաձայն ապրիլ։ (Առակաց 15։29. 28։9) Խոնարհութեամբ պէտք է աղօթէք։ (Ղուկաս 18։9-14) Ձեր աղօթքին համաձայն պէտք է գործէք։ Այս կերպով պիտի փաստէք որ հաւատք ունիք եւ թէ ի՛րապէս կը փափաքիք ինչ որ կը խնդրէք։ Միայն այն ատեն Եհովա պիտի պատասխանէ ձեր աղօթքներուն։—Եբրայեցիս 11։6