Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ ծառայելու ձեր որոշումը

Աստուծոյ ծառայելու ձեր որոշումը

Դաս 16

Աստուծոյ ծառայելու ձեր որոշումը

Աստուծոյ մէկ բարեկամը ըլլալու համար ի՞նչ քայլեր պէտք է առնէք։ (1, 2)

Ձեր կեանքը ի՞նչպէս կրնաք Աստուծոյ նուիրել։ (1)

Ե՞րբ պէտք է մկրտուիք։ (2)

Աստուծոյ հաւատարիմ մնալու համար ուրկէ՞ կրնաք ոյժ ստանալ։ (3)

1. Աստուծոյ բարեկամը ըլլալու համար, պէտք է Աստուածաշունչի ճշմարտութեան մասին լաւ գիտութիւն ստանաք (Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4), ձեր սորված բաներուն հաւատաք (Եբրայեցիս 11։6), ձեր մեղքերէն զղջաք (Գործք 17։30, 31), եւ ձեր ընթացքը փոխէք։ (Գործք 3։19) Ապա, Աստուծոյ հանդէպ ձեր սէրը պէտք է ձեզ մղէ որ ձեր կեանքը Աստուծոյ նուիրէք։ Ասիկա կը նշանակէ որ ձեր անձնական աղօթքին մէջ իրեն պէտք է ըսէք որ դուք ձեզ իրեն կը նուիրէք, իր կամքը կատարելու համար։—Մատթէոս 16։24. 22։37

2. Ձեր կեանքը Աստուծոյ նուիրելէ ետք, պէտք է մկրտուիք։ (Մատթէոս 28։19, 20) Մկրտութիւնը ուրիշներուն ցոյց պիտի տայ որ դուք ձեզ Եհովայի նուիրած էք։ Ուստի, մկրտութիւնը միայն անոնց համար է, որոնք բաւական չափահաս են Աստուծոյ ծառայելու որոշում տալու համար։ Երբ անհատ մը մկրտուի, ամբողջ մարմինը պահ մը ջուրին տակ պէտք է դրուի։ *Մարկոս 1։9, 10. Գործք 8։36

3. Ձեր նուիրումը ընելէ ետք, Եհովա կ’ակնկալէ որ ձեր խօսքին տէրը ըլլաք։ (Սաղմոս 50։14. Ժողովողի 5։4, 5) Բանսարկուն պիտի ջանայ ձեզ ետ պահել Եհովայի ծառայութենէն։ (Ա. Պետրոս 5։8) Բայց աղօթքով Աստուծոյ մօտեցէք։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Ամէն օր Իր Խօսքը ուսումնասիրեցէք։ (Սաղմոս 1։1-3) Ժողովքին կառչած մնացէք։ (Եբրայեցիս 13։17) Երբ այս բոլորը ընէք, Աստուծոյ հաւատարիմ մնալու եւ յաւիտեան իրեն ծառայելու ոյժ պիտի ունենաք։ Այո, Աստուծոյ ձեզմէ պահանջած բաները կրնաք յաւիտեա՛ն կատարել։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 Մկրտութեան պատրաստուելու համար կը յանձնարարուի, Եհովայի Վկաներուն կողմէ հրատարակուած՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը (Արեւելահայերէն), կամ նման գիրք մը ուսումնասիրել։