Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ ծառաները պէտք է մաքուր ըլլան

Աստուծոյ ծառաները պէտք է մաքուր ըլլան

Դաս 9

Աստուծոյ ծառաները պէտք է մաքուր ըլլան

Ինչո՞ւ ամէն կերպով պէտք է մաքուր ըլլանք։ (1)

Ի՞նչ կը նշանակէ հոգեւորապէս մաքուր ըլլալ, (2) բարոյապէս մաքուր ըլլալ, (3) մտային գետնի վրայ մաքուր ըլլալ, (4) եւ ֆիզիքապէս մաքուր ըլլալ։ (5)

Ի՞նչպիսի անմաքուր խօսակցութիւններէ պէտք է զգուշանանք։ (6)

1. Եհովա Աստուած մաքուր եւ սուրբ է։ Ան իր երկրպագուներէն կ’ակնկալէ որ հոգեւոր, բարոյական, մտային եւ ֆիզիքական գետնի վրայ մաքուր ըլլան։ (Ա. Պետրոս 1։16) Աստուծոյ աչքին մաքուր մնալու համար շատ ջանք պէտք է թափենք։ Պիղծ աշխարհի մը մէջ կ’ապրինք։ Սխալ բաներ ընելու մեր հակումներուն դէմ ալ պէտք է պայքարինք։ Բայց՝ բնաւ պէտք չէ տեղի տանք։

2. Հոգեւոր Մաքրութիւն. Եթէ կ’ուզենք Եհովայի ծառայել, չենք կրնար սուտ կրօնքի որեւէ ուսուցումի կամ սովորութեան կառչիլ։ Սուտ կրօնքէն պէտք է դուրս ելլենք եւ որեւէ կերպով անոր թիկունք պէտք չէ կանգնինք։ (Բ. Կորնթացիս 6։14-18. Յայտնութիւն 18։4) Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվելէ ետք, զգոյշ պէտք է ըլլանք որ ստութիւն սորվեցնող մարդոց կողմէ չմոլորինք։—Բ. Յովհաննու 10, 11

3. Բարոյական Մաքրութիւն. Եհովա կ’ուզէ որ իր երկրպագուները միշտ ճշմարիտ Քրիստոնեաներու նման վարուին։ (Ա. Պետրոս 2։12) Ան ամէն բան կը տեսնէ, նոյնիսկ երբ գաղտնի կերպով բան մը ընենք։ (Եբրայեցիս 4։13) Պէտք է զգուշանանք սեռային անբարոյութենէն եւ այս աշխարհի ուրիշ պիղծ սովորութիւններէն։—Ա. Կորնթացիս 6։9-11

4. Մտային Մաքրութիւն. Եթէ մեր միտքը մաքուր, ջինջ խորհուրդներով լեցնենք, մեր վարքն ալ մաքուր պիտի ըլլայ։ (Փիլիպպեցիս 4։8) Բայց երբ պիղծ բաներու մասին մտածենք, չար արարքներ պիտի ընենք։ (Մատթէոս 15։18-20) Պէտք է զգուշանանք ա՛յն զբօսանքներէն, որոնք մեր մտքերը կ’ապականեն։ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելով, կրնանք մեր մտքերը մաքուր խորհուրդներով լեցնել։

5. Ֆիզիքական Մաքրութիւն. Քանի որ Աստուած կը ներկայացնեն, Քրիստոնեաները պէտք է իրենց մարմինները եւ հագուստները մաքուր պահեն։ Արտաքնոց երթալէ ետք եւ ուտելիքի մը դպչելէ առաջ, մեր ձեռքերը պէտք է լուանք։ Եթէ կոյուղիի յարմարութիւն չունիք, արտաքնոցի կեղտերը պէտք է թաղէք։ (Բ. Օրինաց 23։12, 13) Ֆիզիքապէս մաքուր ըլլալը կը նպաստէ լաւ առողջութեան։ Քրիստոնեայի մը տունը մաքուր եւ կոկիկ պէտք է ըլլայ, թէ՛ ներսէն եւ թէ դուրսէն։ Անիկա համայնքին մէջ լաւ օրինակ պէտք է ըլլայ։

6. Մաքուր Խօսակցութիւն. Աստուծոյ ծառաները միշտ ճշմարտութիւնը պէտք է ըսեն։ Ստախօսները Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի չմտնեն։ (Եփեսացիս 4։25. Յայտնութիւն 21։8) Քրիստոնեաները աղտոտ լեզու չեն կրնար գործածել։ Անոնք աղտոտ կատակներու կամ պիղծ պատմութիւններու ականջ չեն տար, ո՛չ ալ զանոնք կը պատմեն։ Իրենց մաքուր խօսակցութեամբ, անոնք գործին, դպրոցին եւ դրացիներուն մէջ կը զատորոշուին։—Եփեսացիս 4։29, 31. 5։3

[Նկարներ՝ էջ 18, 19]

Աստուծոյ ծառաները ամէն մարզերու մէջ մաքուր պէտք է ըլլան