Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները ի՛նչպէս կազմակերպուած են

Եհովայի վկաները ի՛նչպէս կազմակերպուած են

Դաս 14

Եհովայի վկաները ի՛նչպէս կազմակերպուած են

Եհովայի Վկաները իրենց արդի գործունէութիւնը ե՞րբ սկսան։ (1)

Իրենց ժողովները ի՞նչպէս կը վարուին։ (2)

Ծախսերը ի՞նչպէս կը հոգացուին։ (3)

Ո՞վ առաջնորդութիւնը կ’առնէ իւրաքանչիւր ժողովքի մէջ։ (4)

Ամէն տարի աւելի մեծ ի՞նչ ժողովներ տեղի կ’ունենան։ (5)

Ի՞նչ գործեր յառաջ կը տարուին կեդրոնատեղիին եւ մասնաճիւղերուն մէջ։ (6)

1. Եհովայի Վկաներու արդի գործունէութիւնը սկսաւ 1870–կան թուականներուն։ Սկիզբը, անոնք կը կոչուէին Աստուածաշունչի Աշակերտներ։ Բայց 1931–ին, Եհովայի Վկաներ սուրբ գրային անունը որդեգրեցին։ (Եսայեայ 43։10) Պզտիկ սկզբնաւորութիւն մը ունենալով, կազմակերպութիւնը ներկայիս միլիոնաւոր Վկաներէ կը բաղկանայ, որոնք աւելի քան 230 երկիրներու մէջ քարոզելով զբաղած են։

2. Եհովայի Վկաներու ժողովքները ընդհանրապէս շաբաթը երեք անգամ ժողովներ կ’ունենան։ Դուք ալ հրաւիրուած էք անոնցմէ որեւէ մէկուն ներկայ գտնուելու։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Ինչ որ կ’ուսուցուի հոն, Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած է։ Ժողովները կը բացուին եւ կը փակուին աղօթքով։ Ընդհանրապէս ժողովներուն սրտայոյզ «հոգեւոր երգեր» ալ կ’երգուին։ (Եփեսացիս 5։18, 19) Մուտքը ազատ է եւ հանգականակութիւն չկայ։—Մատթէոս 10։8

3. Ժողովներու մեծամասնութիւնը Թագաւորութեան Սրահին մէջ տեղի կ’ունենայ։ Թագաւորութեան Սրահները համեստ կառոյցներ են, որ սովորաբար շինուած են կամաւոր Վկաներու կողմէ։ Հոն որեւէ պատկեր, խաչելութիւն կամ ասոնց նման բաներ պիտի չտեսնէք։ Ծախսերը կը հոգացուին յօժարակամ նուիրատուութեամբ։ Ան որ կը փափաքի նուիրատուութիւն ընել, անոր համար յատկացուած տուփեր կան։—Բ. Կորնթացիս 9։7

4. Ամէն ժողովքի մէջ երէցներ կամ տեսուչներ կան։ Ժողովքին մէջ ուսուցումը գլխաւորաբար անոնք կը կատարեն։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1-7. 5։17) Անոնց կ’օգնեն օգնական ծառաները։ (Ա. Տիմոթէոս 3։8-10, 12, 13) Այս մարդիկը ժողովքին վրայ ինքզինքնին չեն բարձրացներ։ (Բ. Կորնթացիս 1։23) Անոնց մասնաւոր տիտղոսներ չեն տրուիր։ (Մատթէոս 23։8-10) Անոնք միւսներէն տարբեր չեն հագուիր, ո՛չ ալ իրենց աշխատանքին համար կը վարձատրուին։ Երէցները յօժարակամօրէն հոգ կը տանին ժողովքի հոգեւոր կարիքներուն։ Երբ անհատ մը դժուարութիւններու հանդիպի, անոնք հարկ եղած մխիթարութիւնը եւ առաջնորդութիւնը կու տան։—Յակոբու 5։14-16. Ա. Պետրոս 5։2, 3

5. Եհովայի Վկաները ամէն տարի մեծ համաժողովներ ալ կ’ունենան։ Այդ առիթներով, բազմաթիւ ժողովքներ իրարու հետ կը հաւաքուին, Աստուածաշունչի դաստիարակչութեան մասնաւոր յայտագրի մը համար։ Այս համաժողովներու յայտագրին մէջ տեղ կը գրաւէ նոր աշակերտներու մկրտութիւնը։—Մատթէոս 3։13-17. 28։19, 20

6. Եհովայի Վկաներու համաշխարհային կեդրոնատեղին Նիւ Եորք կը գտնուի։ Հոն է նաեւ Կառավարիչ Մարմինը. բոլոր աշխարհի ժողովքներուն վերահսկող փորձառու երէցներու կեդրոնական մարմինը։ Համայն աշխարհի մէջ կան նաեւ աւելի քան 100 մասնաճիւղեր։ Այդ վայրերուն մէջ կամաւորներ կ’աշխատին, սուրբ գրային գրականութիւններ տպելու եւ առաքելու համար։ Քարոզչութեան գործը կազմակերպելու համար ալ ուղղութիւններ կը տրուին։ Ծրագրեցէք ձեզի ամենէն մօտ գտնուող մասնաճիւղ մը այցելել։