Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ընտանեկան կեանք մը որ Աստուած կը հաճեցնէ

Ընտանեկան կեանք մը որ Աստուած կը հաճեցնէ

Դաս 8

Ընտանեկան կեանք մը որ Աստուած կը հաճեցնէ

Ընտանիքէն ներս ի՞նչ է ամուսնոյն դիրքը։ (1)

Ամուսին մը ի՞նչպէս պէտք է վարուի իր կնոջ հետ։ (2)

Հօր մը պատասխանատուութիւնները ի՞նչ են։ (3)

Կնոջ դերը ի՞նչ է ընտանիքէն ներս։ (4)

Աստուած ի՞նչ կը պահանջէ ծնողներէն եւ զաւակներէն։ (5)

Բաժանումի եւ ամուսնալուծման շուրջ Աստուածաշունչի տեսակէտը ի՞նչ է։ (6, 7)

1. Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ տան գլուխը ամուսինն է։ (Ա. Կորնթացիս 11։3) Ամուսին մը միայն մէկ կին պէտք է ունենայ։ Անոնք օրինաւոր կերպով ամուսնացած պէտք է ըլլան։—Ա. Տիմոթէոս 3։2. Տիտոս 3։1

2. Ամուսին մը իր անձին պէս պէտք է սիրէ իր կինը։ Անոր հետ պէտք է վարուի, ինչպէս Յիսուս կը վարուի իր հետեւորդներուն հետ։ (Եփեսացիս 5։25, 28, 29) Ան բնաւ պէտք չէ ծեծէ իր կինը, ո՛չ ալ անոր հետ բիրտ վարուի։ Ընդհակառակը, զայն պէտք է պատուէ եւ յարգէ։—Կողոսացիս 3։19. Ա. Պետրոս 3։7

3. Հայր մը ծանր պէտք է աշխատի, որպէսզի իր ընտանիքին պէտքերը հոգայ։ Ան իր կնոջ եւ զաւակներուն ուտելիք, հագուելիք եւ պատսպարան պէտք է հայթայթէ։ Հայր մը իր ընտանիքին հոգեւոր կարիքներուն ալ պէտք է հոգ տանի։ (Ա. Տիմոթէոս 5։8) Ան առաջնորդութիւնը կ’առնէ, որպէսզի իր ընտանիքը Աստուծոյ եւ Իր նպատակներուն մասին սորվի։—Բ. Օրինաց 6։4-9. Եփեսացիս 6։4

4. Կին մը իր ամուսնոյն լաւ օգնական մը պէտք է ըլլայ։ (Ծննդոց 2։18) Իրենց զաւակներուն սորվեցնելու եւ մարզելու մէջ անոր պէտք է օգնէ։ (Առակաց 1։8) Եհովա կը պահանջէ որ կին մը իր ընտանիքին սիրալիր կերպով հոգ տանի։ (Առակաց 31։10, 15, 26, 27. Տիտոս 2։4, 5) Ան խոր յարգանք պէտք է ունենայ իր ամուսնոյն հանդէպ։—Եփեսացիս 5։22, 23, 33

5. Աստուած կը պահանջէ որ զաւակները հնազանդ ըլլան իրենց ծնողքին։ (Եփեսացիս 6։1-3) Ան կ’ակնկալէ որ ծնողներ իրենց զաւակները դաստիարակեն եւ կրթեն։ Անոնք պէտք է ժամանակ տրամադրեն իրենց զաւակներուն եւ անոնց հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեն, անոնց հոգեւոր եւ զգացական կարիքներուն հոգ տանելով։ (Բ. Օրինաց 11։18, 19. Առակաց 22։6, 15) Ծնողներ բնաւ պէտք չէ իրենց զաւակները բիրտ կամ կոշտ կերպով կրթեն։—Կողոսացիս 3։21

6. Երբ կողակիցներ իրարու հետ խնդիր ունենան, պէտք է ջանան Աստուածաշունչի խրատները կիրարկել։ Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ սէր ցոյց տանք եւ ներող ըլլանք։ (Կողոսացիս 3։12-14) Աստուածաշունչը բնաւ չի քաջալերեր բաժանումը, որպէս չնչին խնդիրներ լուծելու միջոց մը։ Բայց կին մը եթէ ուզէ, կրնայ իր ամուսինը ձգել, երբ (1) ան յամառօրէն կը մերժէ ընտանիքին պէտքերը հոգալ, (2) ա՛յնքան վայրագ է, որ իր առողջութիւնն ու կեանքը վտանգի տակ է, եւ (3) անոր չափազանց հակառակութեան պատճառաւ Եհովան պաշտելու կարելիութիւն չունի։—Ա. Կորնթացիս 7։12, 13

7. Կողակիցներ իրարու հանդէպ հաւատարիմ պէտք է ըլլան։ Պոռնկութիւնը թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ կողակիցին հանդէպ մեղք մըն է։ (Եբրայեցիս 13։4) Միայն պոռնկութեան պատճառաւ անհատ մը կրնայ ամուսնալուծուիլ եւ վերամուսնանալու ազատ ըլլալ։ (Մատթէոս 19։6-9. Հռովմայեցիս 7։2, 3) Եհովայի համար զզուելի է, երբ անհատներ առանց սուրբ գրային պատճառի կ’ամուսնալուծուին եւ ուրիշի մը հետ կ’ամուսնանան։—Մաղաքեայ 2։14-16

[Նկարներ՝ էջ 16, 17]

Աստուած ծնողներէն կ’ակնկալէ որ իրենց զաւակները դաստիարակեն եւ կրթեն

[Նկար՝ էջ 17]

Սիրալիր հայր մը իր ընտանիքին նիւթական եւ հոգեւոր պէտքերը կը գոհացնէ