Ի՛նչպէս գտնել ճշմարիտ կրօնքը
Դաս 13
Ի՛նչպէս գտնել ճշմարիտ կրօնքը
Բոլո՞ր կրօնքները, թէ ոչ միայն մէկ կրօնք Աստուծոյ հաճելի է։ (1)
Ինչո՞ւ Քրիստոնէութիւն դաւանող այսքան շատ կրօնքներ կան։ (2)
Ի՞նչպէս կրնաք բնորոշել ճշմարիտ Քրիստոնեաները։ (3-7)
1. Յիսուս միայն մէկ ճշմարիտ կրօնք սկսաւ։ Ուստի, ներկայիս Եհովա Աստուծոյ ճշմարիտ երկրպագուները միայն մէկ մարմին, կամ մէկ խումբ պէտք է ըլլան։ (Յովհաննու 4։23, 24. Եփեսացիս 4։4, 5) Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ կեանքի տանող նեղ ճամբուն մէջ եղողները քիչ են։—Մատթէոս 7։13, 14
2. Աստուածաշունչը նախագուշակած էր որ առաքեալներուն մահուընէ ետք, սխալ ուսուցումներ եւ ոչ–քրիստոնէական սովորութիւններ պիտի սպրդէին քրիստոնէական ժողովքէն ներս։ Մարդիկ հաւատացեալները իրենց պիտի քաշէին, փոխանակ՝ Քրիստոսի։ (Մատթէոս 7։15, 21-23. Գործք 20։29, 30) Անոր համար գոյութիւն ունին այսքան տարբեր կրօնքներ, որոնք Քրիստոնեայ ըլլալ կը դաւանին։ Ի՞նչպէս կրնանք բնորոշել ճշմարիտ Քրիստոնեաները։
3. Ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն ամենէն աչքառու նշանն է՝ իրարու հանդէպ սէրը։ (Յովհաննու 13։34, 35) Անոնք չեն սորվիր որ իրենք ուրիշ ցեղերէն կամ մորթի տարբեր գոյն ունեցողներէն աւելի լաւ են։ Ո՛չ ալ կը սորվին ուրիշ երկիրներու ժողովուրդները ատել։ (Գործք 10։34, 35) Ուստի, անոնք պատերազմներու չեն մասնակցիր։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները իրարու հետ կը վարուին որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր։—Ա. Յովհաննու 4։20, 21
4. Ճշմարիտ կրօնքի պատկանող անդամներուն ուրիշ մէկ նշանն է՝ Աստուածաշունչին հանդէպ անոնց ունեցած խոր յարգանքը։ Անոնք կ’ընդունին զայն որպէս Աստուծոյ Խօսքը եւ կը հաւատան անոր ըսածներուն։ (Յովհաննու 17։17. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Անոնք Աստուծոյ Խօսքը շատ աւելի կարեւոր կը նկատեն, քան մարդոց գաղափարները կամ սովորութիւնները։ (Մատթէոս 15։1-3, 7-9) Անոնք իրենց առօրեայ կեանքին մէջ կը գործադրեն Աստուածաշունչը։ Ուստի, անոնք իրենց քարոզչութեան համաձայն կ’ապրին։—Տիտոս 1։15, 16
5. Ճշմարիտ կրօնքը պէտք է նաեւ պատուէ Աստուծոյ անունը։ (Մատթէոս 6։9) Յիսուս Աստուծոյ Եհովա անունը ճանչցուց ուրիշներուն։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները նոյնը պէտք է ընեն։ (Յովհաննու 17։6, 26. Հռովմայեցիս 10։13, 14) Ձեր շրջանին մէջ որո՞նք Աստուծոյ անուան մասին կը խօսին ուրիշներուն։
6. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները պէտք է քարոզեն Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։ Յիսուս ասիկա ըրաւ։ Ան միշտ Թագաւորութեան մասին կը խօսէր։ (Ղուկաս 8։1) Ան իր աշակերտներուն պատուիրեց որ համայն երկրի մէջ այս նոյն պատգամը քարոզեն։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Ճշմարիտ Քրիստոնեաները կը հաւատան որ միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրի վրայ իրական խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն պիտի բերէ։—Սաղմոս 146։3-5
7. Յիսուսի աշակերտները այս ամբարիշտ աշխարհին մէկ մասը պէտք չէ ըլլան։ (Յովհաննու 17։16) Անոնք աշխարհի քաղաքական գործերուն եւ ընկերային պայքարներուն միջամուխ չեն ըլլար։ Անոնք աշխարհի մէջ սովորական դարձած վնասակար վարքէ, սովորութիւններէ եւ կեցուածքներէ կը զգուշանան։ (Յակոբու 1։27. 4։4) Ձեր շրջանին մէջ կա՞ն անհատներ, որոնք ճշմարիտ Քրիստոնէութեան այս նշանները ունին։
[Նկարներ՝ էջ 26, 27]
Ճշմարիտ Քրիստոնեաները իրար կը սիրեն, Աստուածաշունչը կը յարգեն եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին կը քարոզեն