Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՛նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

Ի՛նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

Դաս 6

Ի՛նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ո՞ւր կը գտնուի։ (1)

Անոր Թագաւորը ո՞վ է։ (2)

Թագաւորին հետ ուրիշներ ալ պիտի իշխե՞ն։ Եթէ այո, անոնք քանի՞ հոգի են։ (3)

Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ մենք վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ (4)

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ապագային ի՞նչ պիտի ընէ մարդկութեան համար։ (5-7)

1. Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ Աստուծոյ Թագաւորութեան համար աղօթեն։ Թագաւորութիւն մը կառավարութիւն մըն է, որու գլուխը թագաւոր մը կայ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մասնայատուկ կառավարութիւն մըն է։ Ան երկնքի մէջ հաստատուած է եւ երկրի վրայ պիտի իշխէ։ Անիկա Աստուծոյ անունը պիտի սրբացնէ։ Անիկա պատճառ պիտի ըլլայ որ Աստուծոյ կամքը ըլլայ երկրի վրայ, ինչպէս որ է երկնքի մէջ։—Մատթէոս 6։9, 10

2. Աստուած խոստացաւ որ Յիսուս Իր Թագաւորութեան Թագաւորը պիտի ըլլայ։ (Ղուկաս 1։30-33) Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ան փաստեց որ ինք ազնիւ, արդար եւ կատարեալ Իշխան մը պիտի ըլլար։ Երբ երկինք վերադարձաւ, ան անմիջապէս չգահակալուեցաւ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։ (Եբրայեցիս 10։12, 13) 1914–ին, Եհովա Յիսուսի տուաւ այն հեղինակութիւնը որ իրեն խոստացած էր։ Անկէ ի վեր, Յիսուս երկնքի մէջ կ’իշխէ որպէս Եհովայի կողմէ նշանակուած Թագաւոր։—Դանիէլ 7։13, 14

3. Եհովա երկրէն կարգ մը հաւատարիմ այրեր եւ կիներ ալ ընտրած է, որպէսզի երկինք երթան։ Անոնք Յիսուսի հետ մարդկութեան վրայ պիտի իշխեն որպէս թագաւորներ, դատաւորներ եւ քահանաներ։ (Ղուկաս 22։28-30. Յայտնութիւն 5։9, 10) Յիսուս իր Թագաւորութեան այս իշխանակիցները կոչեց «պզտիկ հօտ»։ Անոնց թիւն է 144,000։—Ղուկաս 12։32. Յայտնութիւն 14։1-3

4. Յիսուս երկնքի մէջ Թագաւոր ըլլալէն անմիջապէս ետք, ան Սատանան եւ իր չար հրեշտակները երկինքէն նետեց դէպի երկիր։ Անոր համար է որ 1914–էն ի վեր, երկրի վրայ ամէն բան աւելի գէշ եղած է։ (Յայտնութիւն 12։9, 12) Պատերազմները, սովերը, մահտարաժամները, անօրէնութեան շատնալը, այս բոլորը մաս կը կազմեն այն «նշան»ին, որ կը մատնանշէ թէ Յիսուս կ’իշխէ եւ թէ այս դրութիւնը իր վերջին օրերուն մէջ է։—Մատթէոս 24։3, 7, 8, 12. Ղուկաս 21։10, 11. Բ. Տիմոթէոս 3։1-5

5. Յիսուս շուտով պիտի դատէ մարդիկը, զանոնք իրարմէ զատելով, ինչպէս հովիւ մը ոչխարները այծերէն կը զատէ։ «Ոչխարներ»ը անոնք են, որ փաստած են իր հաւատարիմ հպատակները ըլլալ։ Անոնք երկրի վրայ յաւիտենական կեանք պիտի ստանան։ «Այծեր»ը՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մերժողներն են։ (Մատթէոս 25։31-34, 46) Մօտ ապագային, Յիսուս պիտի բնաջնջէ բոլոր այծանման անհատները։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-9) Եթէ կ’ուզէք Յիսուսի «ոչխարներ»էն մէկը ըլլալ, Թագաւորութեան պատգամին ուշադրութիւն պէտք է ընծայէք եւ ձեր սորված բաները կիրարկէք։—Մատթէոս 24։14

6. Հիմա աշխարհը բաժնուած է շատ մը երկիրներու։ Ամէն մէկը իր կառավարութիւնը ունի։ Այս ազգերը յաճախ իրարու դէմ կը պատերազմին։ Բայց Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկային բոլոր կառավարութիւններուն տեղը պիտի առնէ։ Անիկա համայն երկրի վրայ պիտի իշխէ որպէս միակ կառավարութիւնը։ (Դանիէլ 2։44) Անկէ ետք, այլեւս պատերազմ, ոճիր եւ բռնութիւն պիտի չըլլան։ Բոլոր մարդիկը իրարու հետ խաղաղութեամբ եւ միաբանութեամբ պիտի բնակին։—Միքիայ 4։3, 4

7. Յիսուսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին, հաւատարիմ մարդիկ կատարեալ պիտի ըլլան եւ ամբողջ երկիրը դրախտի պիտի վերածուի։ Հազարամեայի վերջաւորութեան, Յիսուս կատարած պիտի ըլլայ այն բոլոր բաները որ Աստուած իրմէ պահանջած էր։ Այդ ժամանակ Թագաւորութիւնը պիտի վերադարձնէ իր Հօրը։ (Ա. Կորնթացիս 15։24) Աստուծոյ Թագաւորութեան ընելիք բաներուն մասին, ձեր կարգ մը բարեկամներուն եւ սիրելիներուն չէ՞ք ուզեր խօսիլ։

[Նկար՝ էջ 13]

Յիսուսի իշխանութեան ներքեւ, ո՛չ ատելութիւն եւ ոչ աչառութիւն պիտի ըլլայ