Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հաւատալիքներ եւ բարքեր՝ որոնք Աստուծոյ հաճելի չեն

Հաւատալիքներ եւ բարքեր՝ որոնք Աստուծոյ հաճելի չեն

Դաս 11

Հաւատալիքներ եւ բարքեր՝ որոնք Աստուծոյ հաճելի չեն

Ի՞նչպիսի հաւատալիքներ եւ բարքեր սխալ են։ (1)

Քրիստոնեաները պէ՞տք է հաւատան որ Աստուած Երրորդութիւն է։ (2)

Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ Ծնունդը, Զատիկը կամ տարեդարձը չեն տօներ։ (3, 4)

Մեռածները կրնա՞ն վնաս հասցնել ողջերուն։ (5)

Յիսուս խաչի՞ վրայ մեռաւ։ (6)

Որքա՞ն կարեւոր է Աստուած հաճեցնել։ (7)

1. Բոլոր հաւատալիքները եւ բարքերը սխալ չեն։ Բայց անոնք որ սուտ կրօնքէն ծագում առած են կամ Աստուածաշունչի ուսուցումին դէմ են, Աստուծոյ հաճելի չեն։—Մատթէոս 15։6

2. Երրորդութիւն. Եհովան Երրորդութի՞ւն մըն է. ուրիշ խօսքով, մէկ Աստուծոյ մէջ երե՞ք անձեր կան։ Ո՛չ։ Հայրը՝ Եհովան՝ «միմիայն ճշմարիտ Աստուած»ն է։ (Յովհաննու 17։3. Մարկոս 12։29) Յիսուս իր անդրանիկ Որդին է եւ Աստուծոյ ենթակայ է։ (Ա. Կորնթացիս 11։3) Հայրը Որդիէն մեծ է։ (Յովհաննու 14։28) Սուրբ հոգին անձնաւորութիւն մը չէ. անիկա Աստուծոյ գործօն ոյժն է։—Ծննդոց 1։2. Գործք 2։18

3. Ծնունդ եւ Զատիկ. Յիսուս Դեկտեմբեր 25–ին ծնած չէ։ Ան ծնած է շուրջ Հոկտեմբեր 1–ին, տարուան այն եղանակին, երբ հովիւները գիշերը դուրսը իրենց հօտերուն պահպանութիւն կ’ընէին։ (Ղուկաս 2։8-12) Յիսուս բնաւ չպատուիրեց Քրիստոնեաներուն որ իր ծնունդը տօնեն։ Բայց ան ըսաւ իր աշակերտներուն որ իր մահը յիշեն, կամ յիշատակատօնեն։ (Ղուկաս 22։19, 20) Ծնունդի տօնը եւ անոր ընկերակցող բարքերը կու գան վաղեմի սուտ կրօնքներէն։ Նոյնն է պարագան Զատիկին հետ կապուած հաւկիթներու եւ բլիթներու գործածութեան։ Նախկին Քրիստոնեաները ո՛չ Ծնունդը կը տօնէին, ո՛չ ալ Զատիկը։ Հետեւաբար, ներկայիս ալ ճշմարիտ Քրիստոնեաները զանոնք չեն տօներ։

4. Տարեդարձ. Աստուածաշունչին մէջ երկու տարեդարձ կը յիշուի եւ երկուքն ալ Եհովան չպաշտողներու կողմէ կատարուեցան։ (Ծննդոց 40։20-22. Մարկոս 6։21, 22, 24-27) Նախկին Քրիստոնեաները տարեդարձ չէին տօներ։ Տարեդարձ տօնելու սովորութիւնը կու գայ վաղեմի սուտ կրօնքներէն։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները տարուան մէջ որեւէ ատեն իրարու նուէրներ կու տան, կամ միասնաբար հաճելի ժամանցներ կ’ունենան։

5. Մեռելներէն Վախնալ. Մեռելները բան մը չեն կրնար ընել եւ բան մը չեն զգար։ Մենք անոնց չենք կրնար օգնել, իսկ անոնք չեն կրնար մեզի վնաս հասցնել։ (Սաղմոս 146։4. Ժողովողի 9։5, 10) Հոգին կը մեռնի. անիկա մահուընէ ետք չ’ապրիր։ (Եզեկիէլ 18։4, ՆԱ) Բայց երբեմն, դեւեր կոչուող չար հրեշտակներ կը ձեւացնեն մեռած անհատին հոգին ըլլալ։ Մեռելներէն վախնալու կամ զանոնք պաշտելու ամէն սովորութիւն սխալ է։—Եսայեայ 8։19

6. Խաչ. Յիսուս խաչի մը վրայ չմեռաւ։ Ան գերանի մը կամ ցիցի մը վրայ մեռաւ։ Աստուածաշունչի շատ մը թարգմանութիւններու մէջ «խաչ» թարգմանուած Յունարէն բառը պարզապէս կը նշանակէ գերան մը։ Խաչի խորհրդանշանը վաղեմի սուտ կրօնքներէն կու գայ։ Նախկին Քրիստոնեաները խաչ չէին գործածեր, ո՛չ ալ զայն կը պաշտէին։ Ուստի, կը խորհի՞ք որ պաշտամունքի մէջ խաչ գործածելը շիտակ պիտի ըլլայ։—Բ. Օրինաց 7։26. Ա. Կորնթացիս 10։14

7. Թերեւս շատ դժուար ըլլայ այս հաւատալիքները եւ բարքերը լքել։ Ազգականներ եւ բարեկամներ կրնան ձեզ համոզել որ ձեր հաւատալիքները չփոխէք։ Բայց շատ աւելի կարեւոր է Աստուած հաճեցնել, քան՝ մարդիկ։—Առակաց 29։25. Մատթէոս 10։36, 37

[Նկար՝ էջ 22]

Աստուած Երրորդութիւն մը չէ

[Նկար՝ էջ 23]

Ծնունդը եւ Զատիկը վաղեմի սուտ կրօնքներէն կու գան

[Նկար՝ էջ 23]

Մեռելները պաշտելու, կամ անոնցմէ վախնալու պատճառ չունինք