Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յարգանք՝ արեան եւ կեանքի հանդէպ

Յարգանք՝ արեան եւ կեանքի հանդէպ

Դաս 12

Յարգանք՝ արեան եւ կեանքի հանդէպ

Կեանքը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք, (1) վիժումը։ (1)

Քրիստոնեաները ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ վտանգներու առաջքը առնելու մէջ ուշադիր են։ (2)

Անասուններ մեռցնելը սխա՞լ է։ (3)

Ո՞ր սովորութիւնները կեանքի հանդէպ յարգանք ցոյց չեն տար։ (4)

Արեան մասին Աստուծոյ օրէնքը ի՞նչ է։ (5)

Արեան ներարկումն ալ անոր մէջ կ’իյնա՞յ։ (6)

1. Եհովա է կեանքի Աղբիւրը։ Բոլոր ապրող բաները իրենց կեանքը Աստուծոյ կը պարտին։ (Սաղմոս 36։9) Աստուած կեանքը սրբազան կը նկատէ։ Նոյնիսկ մօրը արգանդին մէջ եղող, տակաւին չծնած մանուկին կեանքը թանկագին է Եհովայի համար։ Արգանդին մէջ եղող մանուկը գիտակցաբար սպաննելը սխալ է Աստուծոյ աչքին։—Ելից 21։22, 23. Սաղմոս 127։3

2. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները վտանգներու առաջքը առնելու մէջ ուշադիր են։ Անոնք հոգ կը տանին որ իրենց ինքնաշարժը եւ տունը լաւ վիճակի մէջ ըլլան։ (Բ. Օրինաց 22։8) Աստուծոյ ծառաները հաճոյքի համար անտեղի վտանգներու մէջ չեն նետուիր։ Անոր համար, գիտակցաբար ուրիշներուն վնաս հասցնող վայրագ մարմնամարզանքներու չեն մասնակցիր։ Անոնք վայրագութիւնը քաջալերող զբօսանքներէն կը խուսափին։—Սաղմոս 11։5. Յովհաննու 13։35

3. Եհովա անասնական կեանքն ալ սրբազան կը նկատէ։ Քրիստոնեայ մը կրնայ անասունները սպաննել ուտելիք ու հագուելիք ճարելու, կամ հիւանդութենէ ու վտանգէ ինքզինք պաշտպանելու համար։ (Ծննդոց 3։21. 9։3. Ելից 21։28) Բայց անասունները չարչարելը, կամ մարմնամարզանքի կամ հաճոյքի համար զանոնք սպաննելը՝ սխալ է։—Առակաց 12։10

4. Ծխելը, թմփուլի հունտ ծամելը կամ հաճոյքի համար թմրեցուցիչ գործածելը Քրիստոնեաներուն համար չէ։ Այս սովորութիւնները սխալ են, քանի որ (1) անոնց գերին կը դառնանք, (2) անոնք մեր մարմինները կը վնասեն, եւ (3) անմաքուր են։ (Հռովմայեցիս 6։19. 12։1. Բ. Կորնթացիս 7։1) Այս սովորութիւններէն ձերբազատուիլը կրնայ շատ դժուար ըլլալ։ Բայց եթէ կ’ուզենք Եհովան հաճեցնել՝ պէ՛տք է ընենք։

5. Արիւնն ալ սրբազան է Աստուծոյ աչքին։ Աստուած կ’ըսէ որ հոգին՝ կամ կեանքը՝ արեան մէջ է։ Արիւն ուտելը սխալ է։ Արիւնը լաւ չթափուած անասունի միսը ուտելն ալ սխալ է։ Եթէ անասուն մը խեղդուած է, կամ որոգայթի մը մէջ մեռած է, անիկա պէտք չէ ուտել։ Եթէ ան տէգով խոցուած կամ զարնուած է, պէտք է շուտով մորթել ու արիւնը հոսեցնել, եթէ կ’ուզէք ուտել։—Ծննդոց 9։3, 4. Ղեւտացւոց 17։13, 14. Գործք 15։28, 29

6. Արեան ներարկում ընդունիլը սխա՞լ է։ Յիշեցէք որ Եհովան կը պահանջէ որ ետ կենանք արիւնէ։ Ասիկա կը նշանակէ որ ուրիշի մը, կամ մեր անձնական պահուած արիւնը ո՛րեւէ կերպով պէտք չէ ընդունինք մեր մարմիններուն մէջ։ (Գործք 21։25) Ուստի, ճշմարիտ Քրիստոնեաները արեան ներարկում չեն ընդունիր։ Անոնք բժշկական ուրիշ դարմանումներ կամ անարիւն բաղադրութիւններ կ’ընդունին։ Անոնք կ’ուզեն ապրիլ, բայց չեն փորձեր Աստուծոյ օրէնքը բեկանելով իրենց կեանքը փրկել։—Մատթէոս 16։25

[Նկարներ՝ էջ 25]

Աստուած հաճեցնելու համար, պէտք է զգուշանանք արեան ներարկումէ, պիղծ սովորութիւններէ եւ անտեղի վտանգներէ