Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՛վ է Աստուած

Ո՛վ է Աստուած

Դաս 2

Ո՛վ է Աստուած

Ո՞վ է ճշմարիտ Աստուածը եւ ի՛նչ է անոր անունը։ (1, 2)

Ան ի՞նչպիսի մարմին մը ունի։ (3)

Իր աչքառու յատկութիւնները որո՞նք են։ (4)

Զինք պաշտելու համար պատկերներ եւ խորհրդանիշներ կրնա՞նք գործածել։ (5)

Աստուծոյ մասին ո՞ր երկու կերպերով կրնանք սորվիլ։ (6)

1. Մարդիկ շատ բաներ կը պաշտեն։ Բայց Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ որ միայն մէկ ՃՇՄԱՐԻՏ Աստուած կայ։ Ինքն է որ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ ամէն բան ստեղծեց։ Քանի որ ինք մեզի կեանք տուաւ, միմիայն Զինք պէտք է պաշտենք։—Ա. Կորնթացիս 8։5, 6. Յայտնութիւն 4։10

2. Աստուած բազմաթիւ տիտղոսներ ունի, բայց միայն մէկ անուն ունի։ Այդ անունը՝ ԵՀՈՎԱ է։ Աստուածաշունչի շատ մը թարգմանութիւններու մէջէն այդ անունը վերցուած ու անոր տեղ դրուած է ՏԷՐ կամ ԱՍՏՈՒԱԾ։ Բայց երբ Աստուածաշունչը գրուեցաւ, այդ Եհովա անունը շուրջ 7,000 անգամ կ’երեւնար անոր մէջ։—Ելից 3։15. Սաղմոս 83։18

3. Եհովա մարմին մը ունի, բայց անիկա մեր մարմիններէն տարբեր է։ «Աստուած հոգի է», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Յովհաննու 4։24) Հոգեղէններուն կեանքի տեսակը մերինէն բարձր է։ Ոեւէ մէկը Աստուած տեսած չէ։ Եհովա երկնքի մէջ կը բնակի, բայց ամէն բան կրնայ տեսնել։ (Սաղմոս 11։4, 5. Յովհաննու 1։18) Սակայն, սուրբ հոգին ի՞նչ է։ Անիկա Աստուծոյ նման էութիւն մը չէ, այլ, Աստուծոյ գործօն ոյժն է։—Սաղմոս 104։30

4. Աստուածաշունչը մեզի կը յայտնէ Եհովայի անձնաւորութիւնը։ Անիկա ցոյց կու տայ որ Աստուծոյ գլխաւոր յատկութիւններն են՝ սէրը, արդարութիւնը, իմաստութիւնը եւ զօրութիւնը։ (Բ. Օրինաց 32։4. Յոբայ 12։13. Եսայեայ 40։26. Ա. Յովհաննու 4։8) Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ ան նաեւ գթած, քաղցր, ներող, առատաձեռն եւ երկայնամիտ է։ Մենք, հնազանդ զաւակներու նման, պէտք է ջանանք զինք ընդօրինակել։—Եփեսացիս 5։1, 2

5. Պաշտամունքի համար պէ՞տք է պատկերներու, նկարներու կամ խորհրդանիշներու դիմաց խոնարհինք։ Ո՛չ։ (Ելից 20։4, 5) Եհովա կ’ըսէ որ միմիայն զինք պէտք է պաշտենք։ Ան չ’ուզեր իր փառքը ուրիշի մը, կամ ուրիշ բանի հետ բաժնել։ Պատկերները մեզի օգնելու զօրութիւն չունին։—Սաղմոս 115։4-8. Եսայեայ 42։8

6. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուած աւելի լաւ ճանչնալ։ Կերպերէն մէկն է՝ անոր ստեղծած բաները դիտել եւ անոնց մասին խորապէս մտածել։ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնները մեզի ցոյց կու տան որ ան մեծ զօրութիւն ու իմաստութիւն ունի։ Իր ըրած բոլոր բաներուն մէջ սէր կը տեսնենք։ (Սաղմոս 19։1-6. Հռովմայեցիս 1։20) Աստուծոյ մասին սորվելու միւս կերպն է՝ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Անոր ի՛նչպիսի Աստուած մը ըլլալուն մասին Աստուածաշունչը շատ բան կ’ըսէ։ Անիկա նաեւ մեզի կը բացատրէ թէ ի՛նչ է իր նպատակը եւ թէ մեզմէ ի՛նչ կը սպասէ։—Ամովսայ 3։7. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17

[Նկարներ՝ էջ 5]

Աստուծոյ մասին կը սորվինք ստեղծագործութենէն եւ Աստուածաշունչէն