Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՛վ է Բանսարկուն

Ո՛վ է Բանսարկուն

Դաս 4

Ո՛վ է Բանսարկուն

Բանսարկու Սատանայ. Ան ուրկէ՞ եկաւ։ (1, 2)

Ան ի՞նչպէս կը մոլորեցնէ մարդիկը։ (3-7)

Ինչո՞ւ պէտք է դէմ դնէք Բանսարկուին։ (7)

1. «Բանսարկու» բառը կը նշանակէ, մէկը որ ուրիշի մը մասին չար բաներ կ’ըսէ։ «Սատանայ» կը նշանակէ՝ թշնամի կամ հակառակորդ։ Այս բառերը տրուած են Աստուծոյ մեծագոյն թշնամիին։ Ան սկիզբը Աստուծոյ հետ երկնքի մէջ էր, որպէս կատարեալ հրեշտակ մը։ Սակայն, հետագային ան ինքն իր մասին շատ մտածեց եւ ցանկաց այն պաշտամունքը որ իրաւացիօրէն Աստուծոյ կը պատկանի։—Մատթէոս 4։8-10

2. Այս հրեշտակը՝ Սատանան՝ օձի մը միջոցաւ Եւային հետ խօսեցաւ։ Անոր սուտեր խօսելով, պատճառ եղաւ որ ան Աստուծոյ անհնազանդ գտնուի։ Սատանան այս կերպով յարձակում գործեց Աստուծոյ «գերիշխանութեան»՝ կամ, որպէս Բարձրեալ Անոր դիրքին՝ վրայ։ Աստուծոյ արժանավայել կերպով իշխելուն, ինչպէս նաեւ, Իր հպատակներուն լաւագոյն շահերով հետաքրքրուած ըլլալուն շուրջ Սատանան կասկած յայտնեց։ Ան Աստուծոյ հանդէպ մարդոց հաւատարմութիւնն ալ կասկածի տակ դրաւ։ Այսպէս ընելով, Սատանան ինքզինք Աստուծոյ թշնամի դարձուց։ Անոր համար ան կոչուեցաւ Բանսարկու Սատանայ։—Ծննդոց 3։1-5. Յոբայ 1։8-11. Յայտնութիւն 12։9

3. Սատանան կը փորձէ հնարքներ փնտռել, որպէսզի մարդիկ զինք պաշտեն։ (Բ. Կորնթացիս 11։3, 14) Մարդիկը մոլորեցնելու անոր կերպերէն մէկն է սուտ կրօնքը։ Եթէ կրօնք մը Աստուծոյ մասին սուտ բաներ կը սորվեցնէ, անիկա իրականութեան մէջ Սատանային նպատակին կը ծառայէ։ (Յովհաննու 8։44) Սուտ կրօնքի մէջ եղող անհատներ կրնան անկեղծօրէն հաւատալ որ իրենք ճշմարիտ Աստուածը կը պաշտեն։ Բայց իրականութեան մէջ անոնք Սատանային կը ծառայեն։ Սատանան այս աշխարհի «աստուած»ն է։—Բ. Կորնթացիս 4։4

4. Մարդիկը իր իշխանութեան ներքեւ բերելու Սատանայի գործածած ուրիշ մէկ կերպը՝ ոգեհարցութիւնն է։ Մարդիկ ոգիները կը կանչեն որպէսզի զիրենք պաշտպանեն, ուրիշներուն վնաս հասցնեն, ապագան գիտցնեն կամ հրաշքներ կատարեն։ Այս բոլոր սովորութիւններուն ետին գտնուող չար ոյժը Սատանան է։ Եթէ կ’ուզենք Աստուած հաճեցնել, ոգեհարցութեան հետ ո՛չ մէկ կապ պէտք է ունենանք։—Բ. Օրինաց 18։10-12. Գործք 19։18, 19

5. Սատանան մարդիկը կը մոլորեցնէ նաեւ ցեղային ծայրայեղ հպարտութեամբ եւ քաղաքական կազմակերպութիւններու պաշտամունքով։ Ոմանք կը խորհին որ իրենց ազգը կամ ցեղը ուրիշներէն աւելի բարձր է։ Ասիկա շիտակ չէ։ (Գործք 10։34, 35) Ուրիշներ, քաղաքական կազմակերպութիւններէն կը սպասեն մարդուն խնդիրներուն լուծումը։ Այսպէս ընելով, անոնք կը մերժեն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, միակը որ կրնայ լուծել մեր խնդիրները։—Դանիէլ 2։44

6. Մարդիկը մոլորեցնելու համար, Սատանայի ուրիշ միջոցն է՝ մեղաւոր ցանկութիւններով զանոնք փորձութեան մէջ ձգել։ Եհովա մեզի կ’ըսէ որ մեղաւոր սովորութիւններէն խուսափինք, գիտնալով որ անոնք վնասակար են մեզի համար։ (Գաղատացիս 6։7, 8) Թերեւս ոմանք ձեզի առաջարկեն որ իրենց միանաք այսպիսի բաներ ընելու համար։ Մի՛ մոռնաք որ իրականութեան մէջ Սատանան է ուզողը որ դուք այդ բաները ընէք։—Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. 15։33

7. Սատանան կրնայ հալածանքը կամ հակառակութիւնը գործածել, որպէսզի Եհովայէ հեռանաք։ Երբ Աստուածաշունչը ուսումնասիրէք, կրնայ ըլլալ որ ձեզի սիրելի եղողներէն ոմանք շատ բարկանան։ Ուրիշներ թերեւս ձեզ ծաղրեն։ Բայց ձեր կեանքը որո՞ւ կը պարտիք։ Սատանան կ’ուզէ ձեզ վախցնել, որպէսզի Եհովայի մասին չսորվիք։ Մի՛ ձգէք որ Սատանան յաղթէ։ (Մատթէոս 10։34-39. Ա. Պետրոս 5։8, 9) Բանսարկուին դէմ դնելով, Եհովան կ’ուրախացնէք եւ ցոյց կու տաք որ իր գերիշխանութիւնը կը ջատագովէք։—Առակաց 27։11

[Նկարներ՝ էջ 9]

Սուտ կրօնքը, ոգեհարցութիւնը եւ ազգայնականութիւնը կը մոլորեցնեն մարդիկը

[Նկար՝ էջ 9]

Շարունակելով Եհովայի մասին սորվիլ՝ Սատանայի դէմ դրէք