Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՛վ է Յիսուս Քրիստոս

Ո՛վ է Յիսուս Քրիստոս

Դաս 3

Ո՛վ է Յիսուս Քրիստոս

Յիսուս ինչո՞ւ կոչուած է Աստուծոյ «անդրանիկ» Որդին։ (1)

Ան ինչո՞ւ կոչուած է «Բանը»։ (1)

Յիսուս ինչո՞ւ երկիր եկաւ որպէս մարդ։ (2-4)

Ան ինչո՞ւ հրաշքներ կատարեց։ (5)

Յիսուս ի՞նչ պիտի ընէ մօտ ապագային։ (6)

1. Յիսուս երկիր գալէն առաջ, երկնքի մէջ կ’ապրէր որպէս հոգեղէն էակ մը։ Անիկա Աստուծոյ առաջին ստեղծագործութիւնն էր, անոր համար կոչուած է Աստուծոյ «անդրանիկ» Որդին։ (Կողոսացիս 1։15. Յայտնութիւն 3։14) Յիսուս միակ Որդին է որ ուղղակի Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած է։ Եհովա երկնքի մէջ ու երկրի վրայ միւս բոլոր բաները ստեղծելու համար, նախամարդկային Յիսուսը գործածեց, որպէս իր «ճարտարապետը»։ (Առակաց 8։22-31. Կողոսացիս 1։16, 17) Աստուած նաեւ զինք գործածեց որպէս Իր գլխաւոր խօսնակը։ Անոր համար Յիսուս նաեւ կոչուած է՝ «Բանը»։—Յովհաննու 1։1-3. Յայտնութիւն 19։13

2. Աստուած իր Որդին երկիր ղրկեց, անոր կեանքը փոխադրելով Մարիամի արգանդին մէջ։ Ուստի, Յիսուս երկրային հայր չունեցաւ։ Անոր համար ան մեղք կամ անկատարութիւն չժառանգեց։ Աստուած երեք պատճառներով Յիսուսը երկիր ղրկեց. (1) Աստուծոյ մասին մեզի ճշմարտութիւնը սորվեցնելու (Յովհաննու 18։37), (2) կատարեալ ուղղամտութիւն պահելու, որպէսզի իր օրինակին հետեւինք (Ա. Պետրոս 2։21), եւ (3) մեզ մեղքէն ու մահէն ազատելու նպատակաւ, իր կեանքը զոհելու համար։ Ինչո՞ւ ասոր կարիքը կար։—Մատթէոս 20։28

3. Աստուծոյ պատուէրին անհնազանդ գտնուելով, առաջին մարդը Ադամ «մեղք» գործեց, ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ։ Ուստի, Աստուած զինք մահուան դատապարտեց։ (Ծննդոց 3։17-19) Ան այլեւս Աստուծոյ չափանիշներուն գոհացում չկարենալ տալով, իր կատարելութիւնը կորսնցուց։ Ան աստիճանաբար ծերացաւ եւ մեռաւ։ Ադամ մեղքը իր զաւակներուն փոխանցեց։ Անոր համար մենք ալ կը ծերանանք, կը հիւանդանանք ու կը մեռնինք։ Ի՞նչպէս կարելի էր մարդկութիւնը փրկել։—Հռովմայեցիս 3։23. 5։12

4. Յիսուս կատարեալ մարդ եղաւ Ադամի նման։ Սակայն, Ադամին հակառակը, ան կատարելապէս հնազանդ մնաց Աստուծոյ, նոյնիսկ ամենախիստ փորձութեան ներքեւ։ Հետեւաբար, ան կրնար իր կատարեալ մարդկային կեանքը զոհել, Ադամի մեղքին հատուցում ընելու համար։ Աստուածաշունչը ասոր կ’ակնարկէ որպէս «փրկանք»։ Այսպիսով, Ադամի որդիները պիտի կարենային մահուան դատապարտութենէն ազատագրուիլ։ Անոնք որոնք Յիսուսի կը հաւատան, մեղքերու ներում եւ յաւիտենական կեանք կրնան ստանալ։—Ա. Տիմոթէոս 2։5, 6. Յովհաննու 3։16. Հռովմայեցիս 5։18, 19

5. Յիսուս երկրի վրայ եղած ատեն հիւանդները բժշկեց, անօթիները կերակրեց եւ փոթորիկները հանդարտեցուց։ Ան նոյնիսկ մեռելներ յարուցանեց։ Յիսուս ինչո՞ւ հրաշքներ ըրաւ։ (1) Ան մարդոց տառապանքը տեսնելով անոնց վրայ խղճաց եւ ուզեց անոնց օգնել։ (2) Այդ հրաշքները փաստեցին որ ինք Աստուծոյ Որդին էր։ (3) Անոնք ցոյց տուին որ ի՛նչ պիտի ընէր, երբ երկրի վրայ թագաւորէր։—Մատթէոս 14։14. Մարկոս 2։10-12. Յովհաննու 5։28, 29

6. Յիսուս մեռաւ եւ Աստուած զինք յարուցանեց, որպէս հոգեղէն հզօր արարած մը, ապա երկինք վերադարձաւ։ (Ա. Պետրոս 3։18) Անկէ ի վեր, Աստուած զինք Թագաւոր ըրած է։ Շատ շուտով, Յիսուս երկրի վրայէն պիտի վերցնէ ամէն ամբարշտութիւն եւ տառապանք։—Սաղմոս 37։9-11. Առակաց 2։21, 22

[Նկարներ՝ էջ 7]

Յիսուսի ծառայութիւնը իր մէջ կը բովանդակէր սորվեցնել, հրաշքներ ընել եւ իր կեանքը մեզի համար զոհել