Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սովորութիւններ՝ զորս Աստուած կ’ատէ

Սովորութիւններ՝ զորս Աստուած կ’ատէ

Դաս 10

Սովորութիւններ՝ զորս Աստուած կ’ատէ

Ի՞նչպէս պէտք է նկատէք այն բաները, որոնք Աստուծոյ աչքին գէշ են։ (1)

Սեռային ո՞ր ընթացքները սխալ են։ (2)

Քրիստոնեայ մը ի՞նչպէս պէտք է նկատէ ստախօսութիւնը, (3) խաղամոլութիւնը, (3) գողութիւնը, (3) բռնութիւնը, (4) ոգեհարցութիւնը, (5) գինովութիւնը։ (6)

Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ այսպիսի սովորութիւններէ ձերբազատուիլ։ (7)

1. Աստուծոյ ծառաները կը սիրեն ինչ որ բարի է։ Բայց անոնք պէտք է սորվին ատել ինչ որ չար է։ (Սաղմոս 97։10) Ուրիշ խօսքով, պէտք է խուսափին ա՛յն սովորութիւններէն, զորս Աստուած կ’ատէ։ Անոնցմէ ոմանք ի՞նչ են։

2. Պոռնկութիւն. Ամուսնութենէ առաջ սեռային յարաբերութիւնը, շնութիւնը, անասնապղծութիւնը, ազգապղծութիւնը եւ միասեռականութիւնը Աստուծոյ դէմ գործուած լուրջ մեղքեր են։ (Ղեւտացւոց 18։6. Հռովմայեցիս 1։26, 27. Ա. Կորնթացիս 6։9, 10) Եթէ զոյգ մը իրարու հետ կը կենակցի առանց ամուսնանալու, կա՛մ պէտք է իրարմէ բաժնուին եւ կամ օրինաւոր կերպով ամուսնանան։—Եբրայեցիս 13։4

3. Ստախօսութիւնը, Խաղամոլութիւնը, Գողութիւնը. Եհովա Աստուած չի կրնար ստել։ (Տիտոս 1։2) Անոնք որոնք կ’ուզեն Աստուծոյ հաճելի ըլլալ, պէտք է ստելէ խուսափին։ (Առակաց 6։16-19. Կողոսացիս 3։9, 10) Որեւէ տեսակի խաղամոլութեան ետին ագահութիւն կայ։ Անոր համար Քրիստոնեաները բախտախաղի ամէն ձեւ կը մերժեն, ինչպէս՝ վիճակահանութիւնը, ձիարշաւը եւ նման խաղեր։ (Եփեսացիս 5։3-5) Քրիստոնեաները նաեւ չեն գողնար։ Անոնք գիտակցաբար գողցուած ապրանք չեն առներ, ո՛չ ալ առանց արտօնութեան ուրիշին պատկանած մէկ առարկան կ’առնեն։—Ելից 20։15. Եփեսացիս 4։28

4. Բարկութիւն, Բռնութիւն. Անսանձ բարկութիւնը կրնայ վայրագ արարքներու առաջնորդել։ (Ծննդոց 4։5-8) Բռնութիւն գործող մը չի կրնար Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ։ (Սաղմոս 11։5. Առակաց 22։24, 25) Սխալ է ոխ առնել, կամ մեզի դէմ եղած չարութեան փոխարէն չարութիւն ընել։—Առակաց 24։29. Հռովմայեցիս 12։17-21

5. Հմայութիւն եւ Ոգեհարցութիւն. Ոմանք հիւանդութիւն մը բուժելու համար, ոգիները կը կանչեն։ Ուրիշներ իրենց թշնամիները կը հմայեն, որպէսզի հիւանդանան, կամ նոյնիսկ մեռնին։ Այս բոլոր սովորութիւններու ետին Սատանան կը գտնուի։ Ուստի, Քրիստոնեաները անոնց հետ բնաւ գործ պէտք չէ ունենան։ (Բ. Օրինաց 18։9-13) Ուրիշներուն կողմէ մեր վրայ նետուած հմայեակներէն պաշտպանուելու լաւագոյն կերպն է՝ Եհովայի մօտիկ մնալ։—Առակաց 18։10

6. Գինովութիւն. Սխալ չէ քիչ մը գինի, գարեջուր կամ այլ ոգելից ըմպելի մը խմել։ (Սաղմոս 104։15. Ա. Տիմոթէոս 5։23) Բայց շատ խմելը եւ գինովութիւնը սխալ են Աստուծոյ աչքին։ (Ա. Կորնթացիս 5։11-13. Ա. Տիմոթէոս 3։8) Շատ խմելը ձեր առողջութեան եւ ձեր ընտանիքին վնաս կը հասցնէ։ Անոր պատճառաւ շատ շուտով ուրիշ փորձութիւններու անձնատուր կ’ըլլաք։—Առակաց 23։20, 21, 29-35

7. Անոնք որոնք Աստուծոյ գէշ համարած բաները կ’ընեն, «Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի չժառանգեն»։ (Գաղատացիս 5։19-21) Եթէ իրապէս կը սիրէք Աստուած եւ կ’ուզէք իրեն հաճելի ըլլալ, այս սովորութիւններէն կրնաք ձերբազատուիլ։ (Ա. Յովհաննու 5։3) Սորվեցէք ատել ամէն ինչ որ Աստուած գէշ կը նկատէ։ (Հռովմայեցիս 12։9) Բարեպաշտ անհատներու հետ ընկերակցեցէք։ (Առակաց 13։20) Քրիստոնեայ հասուն ընկերներ կրնան մեծապէս օգնել ձեզի։ (Յակոբու 5։14) Բայց ամենէն աւելին, օգնութեան համար Աստուծոյ աղօթեցէք։Փիլիպպեցիս 4։6, 7, 13

[Նկարներ՝ էջ 20, 21]

Աստուած կ’ատէ գինովութիւնը, գողութիւնը, խաղամոլութիւնը եւ բռնարարքները