Ազատ կամքը. հոյակապ պարգեւ մը
Մաս 5
Ազատ կամքը. հոյակապ պարգեւ մը
1, 2. Ո՞ր հոյակապ պարգեւը մեր կազմուածքին մէկ մասն է։
ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ համար թէ Աստուած ի՛նչու թոյլատրած է տառապանքը եւ թէ ան ի՛նչպէս պիտի լուծէ զայն, նախ պէտք է ըմբռնենք թէ ան ի՛նչպէս շինած է մեզ։ Ան մարմնով մը եւ ուղեղով մը մեզ ստեղծելէ աւելին ըրած է։ Ան մտային եւ զգացական մասնայատուկ յատկութիւններով ալ ստեղծած է մեզ։
2 Մեր մտային եւ զգացական կազմուածքին գլխաւոր մէկ մասն է ազատ կամքը։ Այո, Աստուած մեր մէջ զետեղած է ընտրելու ազատութեան կարողութիւնը։ Ատիկա արդարեւ իր կողմէ հոյակապ պարգեւ մըն էր։
Ի՛նչպէս Շինուած Ենք
3–5. Ազատ կամքը ինչո՞ւ կը գնահատենք։
3 Նկատի առնենք թէ ազատ կամքը ի՛նչ առնչութիւն ունի Աստուծոյ կողմէ տառապանքի թոյլատուութեան հետ։ Նախ, սա հարցումներուն վրայ խորհեցէք. Կը գնահատէ՞ք ընտրելու ազատութիւն ունենալ թէ ի՛նչ պիտի ընէք ու ըսէք, թէ ի՛նչ պիտի ուտէք ու հագնիք, թէ ի՛նչպիսի գործ մը պիտի ընէք եւ թէ ո՛ւր ու ի՛նչպէս պիտի ապրիք։ Կամ ալ պիտի փափաքէի՞ք որ ձեր կեանքի ամէն պահուն մէկը ձեզի թելադրէր ձեր ամէն ըսելիքը եւ ամէն ընելիքը։
4 Բնականոն ո՛չ մէկ անձ կը փափաքի որ իր կեանքին ղեկը բոլորովին իր ձեռքէն առնուի։ Ինչո՞ւ։ Աստուած մեզ այդ կերպով ստեղծած ըլլալուն համար։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ մեզի որ Աստուած մարդը ստեղծեց իր «պատկերին ու նմանութեանը պէս», իսկ Աստուծոյ կարողութիւններէն մէկը, զոր ան ունի, ընտրելու ազատութիւնն է։ (Ծննդոց 1։26. Բ. Օրինաց 7։6) Երբ մարդիկը ստեղծեց, ան այդ նոյն հոյակապ կարողութիւնը՝ ազատ կամքը՝ պարգեւեց անոնց։ Ահաւասիկ պատճառ մը թէ ի՛նչու ընդվզեցուցիչ կը գտնենք, երբ հարստահարող կառավարիչներ մեզ գերեվարեն։
5 Ուստի ազատութեան փափաքը դիպուածի հարց չէ, քանի որ Աստուած ազատութեան Աստուած մըն է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ուր որ Տէրոջը հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ»։ (Բ. Կորնթացիս 3։17) Հետեւաբար, Աստուած մեզի ազատ կամք տուած է որպէս մեր կազմուածքին մէկ մասը։ Քանի որ ան գիտէր թէ մեր մտքերն ու զգացումները ի՛նչպէս պիտի գործէին, ուստի ան գիտէր թէ մենք աւելի ուրախ պիտի ըլլայինք ազատ կամք ունենալով։
6. Աստուած ինչպէ՞ս ստեղծած է մեր ուղեղը որ ազատ կամքին հետ ներդաշնակ գործէ։
6 Ազատ կամքի այս պարգեւին հետ միասին, Աստուած մեզի տուաւ մտածելու, հարցերը կշռելու, որոշումներ տալու եւ շիտակը սխալէն զանազանելու կարողութիւնը։ (Եբրայեցիս 5։14) Հետեւաբար, ազատ կամքը պէտք էր հիմնուէր մտացի ընտրութեան վրայ։ Մենք իւրայատուկ կամքէ զուրկ անբան մարդամեքենաներու նման չենք շինուած։ Ոչ ալ բնազդով գործելու համար ստեղծուած ենք, ինչպէս եղած է անասուններուն պարագան։ Ընդհակառակը, մեր սքանչելի ուղեղը ծրագրուած է մեր ընտրելու ազատութեան հետ ներդաշնակ գործելու համար։
Լաւագոյն Սկիզբը
7, 8. Աստուած ի՞նչ լաւ սկիզբ մը տուաւ մեր առաջին ծնողքին։
7 Ցոյց տալու համար թէ Աստուած ո՛րքան հոգածու էր, ազատ կամքի պարգեւին հետ մէկտեղ, մեր առաջին ծնողքը՝ Ադամն ու Եւան՝ ամէն բան ստացան զոր անհատ մը կրնայ տրամաբանօրէն փափաքիլ։ Անոնք ընդարձակ, պարտիզանման դրախտի մը մէջ դրուեցան։ Անոնք նիւթական գետնի վրայ առատութիւն ունէին։ Անոնք կատարեալ մտքեր ու մարմիններ ունէին. ուստի, անոնք պիտի չծերանային, հիւանդանային կամ մեռնէին. անոնք կրցած պիտի ըլլային յաւիտեան ապրիլ։ Անոնք կրցած պիտի ըլլային կատարեալ զաւակներ ունենալ, որոնց ապագան յաւիտեանս ուրախալի պիտի ըլլար։ Իսկ երթալով աճող բնակչութիւնը ամբողջ երկիրը վերջապէս դրախտի մը վերածելու գոհացուցիչ աշխատանքը ունեցած պիտի ըլլար։—Ծննդոց 1։26–30. 2։15
8 Հայթայթուած բոլոր բաներուն նկատմամբ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր»։ (Ծննդոց 1։31) Աստուածաշունչը Աստուծոյ մասին նաեւ կ’ըսէ. «[Իր] գործը կատարեալ է»։ (Բ. Օրինաց 32։4) Այո, Ստեղծիչը կատարեալ սկիզբ մը տուաւ մարդկային ընտանիքին։ Անկէ աւելի լաւը չէր կրնար ըլլալ։ Ան փաստեց թէ ինք որքա՜ն հոգ կը տանէր անոնց։
Սահմաններէ Ներս Ազատութիւն
9, 10. Ազատ կամքը ինչո՞ւ պատշաճօրէն պէտք է պայմանաւորուի։
9 Սակայն, Աստուծոյ նպատա՞կն էր որ ազատ կամքը անսահման ըլլայ։ Երեւակայեցէք առանց երթեւեկի օրէնքներու մեծ քաղաք մը, ուր ամէն մարդ կրնայ իր ուզած ուղղութեամբ եւ ուզած արագութեամբ քշել։ Պիտի ուզէի՞ք այդպիսի պայմաններու ներքեւ քշել։ Ո՛չ, քանի որ երթեւեկը անիշխանական պիտի ըլլար եւ վստահաբար շատ մը արկածներ պիտի պատահէին։
10 Նոյնպէս է Աստուծոյ պարգեւին՝ ազատ կամքին՝ պարագան։ Անսահման ազատութիւն մը անիշխանական ընկերութիւն յառաջ պիտի բերէր։ Մարդոց գործունէութիւնները առաջնորդելու համար, օրէնքներ պէտք է ըլլան։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Ազատ մարդոց պէս գործեցէք եւ ձեր ազատութիւնը բնաւ մի՛ գործածէք որպէս չքմեղանք չարութեան համար»։ (Ա. Պետրոս 2։16, Երուսաղէմի Աստուածաշունչը) Աստուած կ’ուզէ որ ազատ կամքը պայմանաւորուի բոլորիս օգտին համար։ Իր նպատակն էր որ մենք յարաբերական, օրէնքին հեղինակութենէն սահմանափակուած ազատութիւն ունենանք, ոչ թէ՝ ամբողջական ազատութիւն։
Որո՞ւ Օրէնքները
11. Որո՞ւ օրէքներուն հնազանդելու համար ծրագրուած ենք։
11 Որո՞ւ օրէնքներուն հնազանդելու համար ծրագրուած ենք։ Ա. Պետրոս 2։16–ին (ԵԱ) մնացեալ մասը կ’ըսէ. «Դուք ոչ մէկուն ծառաներն էք, բացի Աստուծոյ»։ Ասիկա հարստահարիչ գերութիւն մը չի նշեր, այլ ընդհակառակը, կը նշանակէ որ մենք ամենէն ուրախ անհատները ըլլալու համար ծրագրուած ենք, պայմանաւ որ Աստուծոյ օրէնքներուն ենթարկուինք։ (Մատթէոս 22։35–40) Իր օրէնքները, մարդոց կողմէ կազմուած որեւէ օրէնքէ աւելի, լաւագոյն առաջնորդութիւնը կը հայթայթեն։ «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ»։—Եսայեայ 48։17
12. Աստուծոյ օրէնքներէն ներս ընտրելու ի՞նչ ազատութիւն ունինք։
12 Միաժամանակ, Աստուծոյ օրէնքները իրենց սահմաններէն ներս ընտրելու մեծ ազատութիւն մը կը թոյլատրեն։ Ասիկա այլազանութիւն յառաջ կը բերէ եւ մարդկային ընտանիքը կը հրապուրէ։ Խորհեցէք համայն աշխարհի մէջ եղող ուտելիքի, հագուստի, երաժշտութեան, արուեստի եւ տուներու տարբեր տեսակներուն մասին։ Վստահաբար կը նախընտրենք որ այս մարզերուն մէջ մենք ընտրենք եւ ոչ թէ ուրիշ անհատ մը մեր տեղը որոշէ։
13. Ֆիզիքական ո՞ր օրէնքներուն պէտք է հնազանդինք մեր անձնական բարիքին համար։
13 Հետեւաբար, մենք ամենէն ուրախ անհատները ըլլալու համար ստեղծուած ենք, պայմանաւ որ մարդուն վարք ու բարքին համար Աստուծոյ դրած օրէնքներուն ենթարկուինք։ Ասիկա նման է Աստուծոյ ֆիզիքական օրէնքներուն ենթարկուելուն։ Օրինակի համար, եթէ ձգողական օրէնքը անտեսենք եւ բարձր տեղէ մը ցատկինք, պիտի վիրաւորուինք կամ սպաննուինք։ Եթէ մեր մարմնին ներքին օրէնքները անտեսենք եւ կերակուր ուտելէ, ջուր խմելէ, կամ օդը շնչելէ դադրինք, պիտի մեռնինք։
14. Ինչպէ՞ս գիտենք որ մարդիկ Աստուծմէ անկախ ըլլալու համար չեն ստեղծուած։
14 Ինչպէս որ վստահաբար Աստուծոյ ֆիզիքական օրէնքներուն ենթարկուելու կարիքով ստեղծուած ենք, այնպէս ալ Աստուծոյ բարոյական եւ ընկերային օրէնքներուն ենթարկուելու կարիքով ստեղծուած ենք։ (Մատթէոս 4։4) Մարդիկ զիրենք Շինողէն անկախ ըլլալու եւ յաջողելու համար չեն ստեղծուած։ Երեմիա մարգարէն կ’ըսէ. «Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ։ Ո՛վ Տէր, զիս խրատէ»։ (Երեմեայ 10։23, 24) Ուստի, մարդիկ ստեղծուած են ամէն մարզի մէջ Աստուծոյ իշխանութեան ներքեւ ապրելու համար եւ ոչ թէ իրենց իշխանութեան։
15. Աստուծոյ օրէնքները բեռ մը եղած պիտի ըլլայի՞ն Ադամին ու Եւային համար։
15 Աստուծոյ օրէնքներուն հնազանդիլը ծանր բեռ մը եղած պիտի չըլլար մեր առաջին ծնողքին համար։ Ընդհակառակը, անիկա անոնց եւ մարդկային ամբողջ ընտանիքին բարօրութեան նպաստած պիտի ըլլար։ Եթէ առաջին զոյգը Աստուծոյ օրէնքներուն սահմաններէն ներս մնացած ըլլար, ամէն բան լաւ ընթացած պիտի ըլլար։ Իրականութեան մէջ, մենք հիմա հաճոյքի հոյակապ դրախտի մը մէջ պիտի ապրէինք որպէս սիրալիր, միացած մարդկային ընտանիք մը։ Չարութիւնը, տառապանքն ու մահը գոյութիւն ունեցած պիտի չըլլային։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 11]
Ստեղծիչը կատարեալ սկիզբ մը տուաւ մարդոց
[Նկար՝ էջ 12]
Եթէ երթեւեկի օրէնքներ չըլլային, պիտի ուզէի՞ք խճողուած երթեւեկի մէջ քշել