Աստուած ի՛նչու թոյլատրած է տառապանքը
Մաս 6
Աստուած ի՛նչու թոյլատրած է տառապանքը
1, 2. Մեր առաջին ծնողքը ինչպէ՞ս խաթարեց իրենց տուած Աստուծոյ լաւ սկիզբը։
Ի՞ՆՉ պատահեցաւ։ Ի՞նչ տեղի ունեցաւ որ խաթարեց Եդեմի Դրախտին մէջ մեր առաջին ծնողքին տուած Աստուծոյ լաւ սկիզբը։ Ինչո՞ւ, փոխանակ Դրախտին խաղաղութեան ու ներդաշնակութեան, չարութիւնն ու տառապանքը տիրած են հազարաւոր տարիներ։
2 Պատճառը այն է որ Ադամն ու Եւան իրենց ազատ կամքը սխալ գործածեցին։ Անոնք անտեսեցին այն իրողութիւնը թէ իրենք Աստուծմէ եւ իր օրէնքներէն անջատ ըլլալու եւ բարգաւաճելու համար չէին ստեղծուած։ Անոնք որոշեցին Աստուծմէ Ծննդոց գլուխ 3։
անկախ ըլլալ, խորհելով որ ասիկա իրենց կեանքը պիտի բարելաւէր։ Ուստի անոնք Աստուծոյ դրած ազատ կամքի սահմաններէն անդին գացին։—Տիեզերական Գերիշխանութեան Հարցը
3–5. Աստուած ինչո՞ւ պարզապէս Ադամն ու Եւան չբնաջնջեց եւ նոր սկիզբ մը չտուաւ։
3 Աստուած ինչո՞ւ պարզապէս Ադամն ու Եւան չբնաջնջեց եւ մարդկային ուրիշ զոյգով մը նոր սկիզբ մը չտուաւ։ Քանի որ իր տիեզերական գերիշխանութեան, այսինքն, իշխելու իր անփոխանցելի իրաւունքին, ասպարէզ կարդացուած էր։
4 Հարցը հետեւեալն էր. Ո՞վ իշխելու իրաւունքը ունի եւ որո՞ւ իշխանութիւնը արդարացի է։ Ամենակալ ու բոլոր արարածներու Ստեղծիչը ըլլալով, Աստուած անոնց վրայ իշխելու իրաւունքը ունի։ Քանի որ ան անհունօրէն իմաստուն է, իր իշխանութիւնը լաւագոյնն է բոլոր արարածներուն համար։ Բայց հիմա Աստուծոյ իշխանութեան ասպարէզ կարդացուած էր։ Ասկէ զատ, իր ստեղծագործութեան՝ մարդ արարածին՝ հետ թերութիւն մը կա՞ր։ Աւելի ետքը, պիտի քննենք թէ մարդոց ուղղամտութեան հարցը ի՛նչպէս ներփակուած է։
5 Մարդը Աստուծմէ անկախ դառնալով, ուրիշ հարց մը ներփակուեցաւ. Մարդիկ պիտի կարենային աւելի լա՞ւ գործել, եթէ Աստուծոյ կողմէ չիշխուէին։ Ստեղծիչը վստահաբար գիտէր պատասխանը, բայց որպէսզի մարդիկ լաւ կերպով հասկնային ասիկա, անոնց պէտք էր տրուէր այն ամբողջական ազատութիւնը զոր անոնք կը պահանջէին։ Քանի որ անոնք իրենց ազատ կամքի այդ ընթացքը ընտրած էին, հետեւաբար Աստուած թոյլատրեց զայն։
6, 7. Աստուած ինչո՞ւ այսքան երկար ժամանակ ամբողջական ազատութիւն թոյլատրած է մարդոց։
6 Ամբողջական ազատութեան փորձառութիւնը ունենալու համար մարդոց բաւարար ժամանակ թոյլատրելով, Աստուած մի անգամ ընդ միշտ պիտի հաստատէր թէ մարդիկ աւելի լաւ են Աստուծո՛յ թէ իրենց իշխանութեան ներքեւ։ Իսկ թոյլատրուած ժամանակը բաւարար երկար պէտք էր ըլլար թոյլ տալու համար որ մարդիկ հասնին այն կէտին զոր անոնք պիտի նկատէին որպէս իրենց քաղաքական, ճարտարարուեստական, գիտական եւ բժշկական իրագործումներուն բարձունքը։
7 Հետեւաբար, Աստուած թոյլ տուաւ որ մարդը ազատ սանձ ունենայ մինչեւ մեր օրերը, ամէն կասկածէ վեր ցոյց տալու համար թէ իրմէ անկախ մարդկային իշխանութիւն մը կրնայ յաջողի՛լ, թէ՝ ոչ։ Այս կերպով, մարդը կրնար ընտրել բարութեան եւ անգութ բռնութեան միջեւ, սիրոյ եւ ատելութեան միջեւ, արդարութեան եւ անիրաւութեան միջեւ։ Բայց ան նաեւ ընդդիմադրած է իր ընտրութեան հետեւանքները. բարութիւն ու խաղաղութիւն կամ չարութիւն ու տառապանք։
Հոգեղէն Արարածներու Ըմբոստութիւնը
8, 9. (ա) Ըմբոստութիւնը ինչպէ՞ս ծագեցաւ հոգեղէն ծիրին մէջ։ (բ) Ադամէ ու Եւայէ զատ, Սատանան որո՞նց ալ ըմբոստանալու մղեց։
8 Նկատի առնելիք ուրիշ ազդակ մըն ալ կայ։ Մեր նախնական ծնողները միակ անձերը չէին, որոնք Աստուծոյ իշխանութեան դէմ ըմբոստացան։ Բայց ուրիշ որո՞նք գոյութիւն ունէին այդ ատեն։ Հոգեղէն արարածներ։ Մարդիկը ստեղծելէ առաջ, Աստուած կեանքի գերագոյն որակ մը ստեղծեց, երկնային ծիրին մէջ ապրելու համար բազմաթիւ հրեշտակներ։ Անոնք ալ ազատ կամքով եւ Աստուծոյ իշխանութեան ենթարկուելու կարիքով ստեղծուած են։—Յոբ 38։7. Սաղմոս 104։4. Յայտնութիւն 5։11
9 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ ըմբոստութիւնը նախ ծագեցաւ հոգեղէն ծիրին մէջ։ Հոգեղէն Մատթէոս 4։8, 9) Այս հոգեղէն ըմբոստը ազդու դեր մը ունեցաւ Ադամն ու Եւան ըմբոստութեան մղելու մէջ, նենգօրէն պնդելով որ Աստուած լաւ բանէ մը կը զրկէր զանոնք։ (Ծննդոց 3։1–5) Ուստի ան Բանսարկու (Զրպարտիչ) եւ Սատանայ (Հակառակորդ) կոչուած է։ Հետագային, ան հոգեղէն ուրիշ արարածներ ալ ըմբոստանալու մղեց։ Անոնք դեւեր կոչուեցան։—Բ. Օրինաց 32։17. Յայտնութիւն 12։9. 16։14
արարած մը ամբողջական ազատութիւն փափաքեցաւ։ Ան նոյնիսկ ուզեց որ մարդիկ պաշտեն զինք։ (10. Մարդկային եւ հոգեղէն արարածներու ըմբոստութեան հետեւանքները ի՞նչ եղած են։
10 Աստուծոյ դէմ ըմբոստանալով, մարդիկ Սատանայի եւ իր դեւերուն ազդեցութեան անձնատուր եղած են։ Անոր համար Աստուածաշունչը Սատանան կը կոչէ «այս աշխարհի աստուածը» որ «անհաւատներուն մտքերը կուրցուց»։ Հետեւաբար, Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ որ «[ամբողջ] աշխարհ չարին մէջ [զօրութեան ներքեւ (ՆԱ)] է»։ Յիսուս անձամբ Սատանան կոչեց «այս աշխարհին իշխանը»։—Բ. Կորնթացիս 4։4. Ա. Յովհաննու 5։19. Յովհաննու 12։31
Երկու Հարցեր
11. Ուրիշ ո՞ր հարցով, Սատանան ասպարէզ կարդաց Աստուծոյ։
11 Սատանան ուրիշ հարց մը յարուցանեց, որ Աստուծոյ ասպարէզ կը կարդար։ Արդարեւ, ան ամբաստանեց որ Աստուած սխալած էր մարդիկը ստեղծած իր կերպին մէջ եւ պնդեց որ ոչ ոք պիտի ուզէր շիտակը ընել, եթէ ճնշումի ներքեւ գար։ Իրականութեան մէջ, ան դաւանեցաւ որ, փորձութեան ներքեւ, մարդիկ նոյնիսկ Աստուած պիտի անիծէին։ (Յոբ 2։1–5) Այս կերպով, Սատանան մարդկային արարածներուն ուղղամտութիւնը հարցի տակ դրաւ։
12–14. Ժամանակը ինչպէ՞ս ճշմարտութիւնը պիտի յայտնէր Սատանայի յարուցանած երկու հարցերուն մասին։
12 Հետեւաբար, Աստուած բոլոր մտացի արարածներուն բաւարար ժամանակ թոյլատրած է տեսնելու համար թէ ի՛նչպէս պիտի լուծուէին այս հարցը, ինչպէս նաեւ՝ Աստուծոյ գերիշխանութեան հարցը։ (Բաղդատել Ելից 9։16։) Մարդկային պատմութեան հետագայ փորձառութիւնը այս երկու հարցերուն մասին ճշմարտութիւնը պիտի յայտնէր։
13 Նախ եւ առաջ, ժամանակը ի՞նչ պիտի յայտնէր տիեզերական գերիշխանութեան՝ Աստուծոյ իշխելու իրաւասութեան՝ հարցին նկատմամբ։ Մարդիկ պիտի կարենայի՞ն իրենք զիրենք Աստուծմէ աւելի լաւ կառավարել։ Աստուծմէ անջատ մարդկային իշխանութեան որեւէ դրութիւն պատերազմէ, ոճիրէ եւ անիրաւութենէ զերծ ուրախ աշխարհ մը պիտի հրամցնէ՞ր։ Ոեւէ մէկը աղքատութիւնը մէջտեղէն պիտի վերցնէ՞ր ու բարգաւաճութիւն հայթայթէր բոլորիս։ Ոեւէ մէկը հիւանդութեան, ծերութեան եւ մահուան պիտի նուաճէ՞ր։ Աստուծոյ իշխանութիւնը որոշուեցաւ այս բոլորը իրագործելու համար։—Ծննդոց 1։26–31
14 Իսկ գալով երկրորդ հարցին, ժամանակը ի՞նչ պիտի յայտնէր մարդկային ստեղծագործութեան արժէքին նկատմամբ։ Արդեօք Աստուած սխալա՞ծ էր մարդիկը ստեղծած իր կերպին մէջ։ Արդեօք անոնցմէ ոեւէ մէկը շիտակը պիտի ընէ՞ր փորձութեան ներքեւ։ Պիտի ըլլայի՞ն անհատներ որոնք ցոյց պիտի տային թէ Աստուծոյ իշխանութիւնը կը նախընտրէին եւ ոչ թէ մարդկային անկախ իշխանութիւնը։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 13]
Աստուած ժամանակ թոյլատրած է որ մարդիկ հասնին իրենց իրագործումներուն բարձունքին
[Նկարին աղբիւրը]
Shuttle: Based on NASA photo