Աստուած մեզ կը տեղեկացնէ իր նպատակներուն մասին
Մաս 4
Աստուած մեզ կը տեղեկացնէ իր նպատակներուն մասին
1, 2. Ինչպէ՞ս գիտենք որ Աստուած պատասխաններ կը հայթայթէ անոնց որոնք իրենք իրենց անկեղծօրէն հարց կու տան։
ՍԻՐԱԼԻՐ Աստուած մը արդարեւ իր նպատակները կը յայտնէ զինք փնտռող անկեղծ անհատներուն։ Ան պատասխաններ կը հայթայթէ անոնց որոնք իրենք իրենց հարց կու տան թէ ան ի՛նչու թոյլատրած է տառապանքը։
2 Աստուածաշունչը կը նշէ. «Եթէ զանիկա [Աստուած] փնտռես՝ պիտի գտնես»։ «Երկնքի մէջ գաղտնիքները յայտնող Աստուած մը կայ»։ «Տէր Եհովան բան մը չըներ, մինչեւ որ իր գաղտնիքը իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ չյայտնէ»։—Ա. Մնացորդաց 28։9. Դանիէլ 2։28. Ամովսայ 3։7
Պատասխանները Ո՞ւր կը Գտնուին
3. Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը հարցումին պատասխանը ո՞ւր կրնանք գտնել։
3 Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը եւ ինչպէ՞ս պիտի լուծէ զայն հարցումներուն պատասխանները կը գտնուին այն արձանագրութեան մէջ, զոր ան ներշնչած է մեր օգտին համար։ Այդ արձանագրութիւնը իր Խօսքը՝ Սուրբ Աստուածաշունչն՝ է։ «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէսզի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած»։—Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17
4, 5. Ի՞նչ բան Աստուածաշունչը անզուգական կ’ընէ։
4 Աստուածաշունչը իրապէս անզուգական գիրք մըն է։ Անիկա մարդկային պատմութեան ամենէն ճշգրիտ արձանագրութիւնը կը բովանդակէ, որ նոյնիսկ մարդոց ստեղծագործութենէն անդին կ’երթայ։ Անիկա նաեւ այժմէական է, քանի որ անոր մարգարէութիւնները մեր ժամանակին եւ մօտ ապագայի դէպքերուն հետ ալ կապ ունին։
5 Ուրիշ ո՛չ մէկ գիրք պատմական ճշգրտութեան այսպիսի յանձնարարագիրներ ունի։ Օրինակի համար, հին դասական գրողներու միայն քանի մը ձեռագիրներ գոյութիւն ունին։ Բայց Աստուածաշունչի շա՛տ մը ձեռագիրներ գոյութիւն ունին, ոմանք՝ մասնակի, իսկ ուրիշներ՝ ամբողջական. շուրջ 6,000՝ Եբրայերէն Գրութիւններէն («Հին Կտակարան»ին 39 գրքերը), իսկ շուրջ 13,000՝ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններէն («Նոր Կտակարան»ին 27 գրքերը)։
6. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ ներկայիս Աստուածաշունչը հիմնականօրէն համակերպ է Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած բնագրին։
6 Ամենակալ Աստուած, որ Աստուածաշունչը ներշնչեց, հոգ տարած է որ անոր բնագրային ուղղամտութիւնը պահպանուի այս ձեռագիր ընդօրինակութիւններուն մէջ։ Հետեւաբար, ներկայիս մեր Աստուածաշունչերը հիմնականօրէն համակերպ են ներշնչուած նախնական գրութիւններուն։ Ուրիշ ազդակ մը որ կ’օգնէ մեզի ասիկա գնահատելու այն է թէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն կարգ մը ձեռագիր ընդօրինակութիւններ հազիւ հարիւր տարուան տարբերութիւն մը ունին նախնական գրութիւններէն։ Հին աշխարհային գրողներու քանի մը ձեռագիր ընդօրինակութիւնները, որոնք տակաւին գոյութիւն ունին, այդ հեղինակներուն ժամանակէն նոյնիսկ բազմաթիւ դարեր ետք գրուած են։
Աստուծոյ Պարգեւը
7. Աստուածաշունչին շրջաբերութիւնը որքա՞ն ընդարձակ է։
7 Պատմութեան մէջ, Աստուածաշունչը ամենէն շատ շրջաբերուած գիրքն է, որմէ շուրջ երեք միլիառ օրինակներ տպուած են։ Ուրիշ ո՛չ մէկ գիրք նոյնիսկ կը հասնի այդ տպաքանակին։ Իսկ Աստուածաշունչը, ամբողջութեամբ թէ մասամբ, շուրջ 2,000 լեզուներու թարգմանուած է։ Հետեւաբար, կը կարծուի որ մեր մոլորակին բնակչութեան 98 առ հարիւրը կրնայ Աստուածաշունչը ձեռք ձգել։
8–10. Ի՞նչ են պատճառներէն քանի մը հատը որոնք Աստուածաշունչը մեր հետազօտութեան արժանի կ’ընեն։
8 Գիրք մը, որ կը դաւանի Աստուծմէ ըլլալ եւ * Անիկա կը բացատրէ կեանքին նպատակը, աշխարհի դէպքերուն նշանակութիւնը եւ ինչ որ ապագան կը վերապահէ։ Ուրիշ ո՛չ մէկ գիրք կրնայ ընել ասիկա։
վաւերական ըլլալու արտաքին եւ ներքին բոլոր ապացոյցները ունի, վստահաբար արժանի է մեր հետազօտութեան։9 Այո, Աստուածաշունչը Աստուծոյ կողմէ մարդկային ընտանիքին յղուած պատգամն է։ Ան այս գրքին գրութիւնը ուղղեց իր գործօն ոյժով, կամ՝ հոգիով եւ շուրջ 40 անհատներ գրի առին զայն։ Հետեւաբար, Աստուած մեզի կը խօսի իր Խօսքին՝ Սուրբ Աստուածաշունչին՝ ընդմէջէն։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մեզմէ Աստուծոյ խօսքը լսելով ընդունեցիք, ո՛չ թէ իբրեւ մարդոց խօսք, հապա, ինչպէս ճշմարիտ է, որպէս Աստուծոյ խօսք»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13
10 Աբրահամ Լինքըլն, Միացեալ Նահանգներու 16–րդ նախագահը, Աստուածաշունչը կոչեց «լաւագոյն նուէրը զոր Աստուած տուած է մարդուն ...։ Եթէ անիկա չըլլար, մենք պիտի չգիտնայինք շիտակը սխալէն զանազանել»։ Արդ, ուրեմն, այս գերադրական պարգեւը մեզի ի՞նչ կ’ըսէ տառապանքի ծագումին, Աստուծոյ կողմէ անոր թոյլատուութեան պատճառին եւ զայն լուծելու Իր կերպին մասին։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 8 Աստուածաշունչի վաւերականութեան մասին յաւելեալ մանրամասն տեղեկութիւններու համար, տես՝ Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց, հրատարակուած՝ 1993–ին, Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 10]
Աստուածաշունչը, Աստուծմէ ներշնչուած, մարդկային ընտանիքին յղուած իր պատգամն է