Աստուծոյ նպատակը դէպի կատարում կ’ընթանայ
Մաս 8
Աստուծոյ նպատակը դէպի կատարում կ’ընթանայ
1, 2. Տառապանքը մէջտեղէն վերցնելու համար, Աստուած ի՞նչ կարգադրութիւններ ըրած է։
ԸՄԲՈՍՏ մարդոց եւ դեւերուն իշխանութեան պատճառաւ, մարդկային ընտանիքը դարերէ ի վեր կը տուժէ։ Սակայն, Աստուած մեր տառապանքներուն նկատմամբ անտարբեր չէ եղած։ Ընդհակառակը, այս դարերուն ընթացքին, ան կարգադրութիւններ ըրած է մարդիկը չարութեան ու տառապանքի տիրապետութենէն ազատելու համար։
2 Եդեմի մէջ ըմբոստութեան ատեն, Աստուած սկսաւ կառավարութիւն մը կազմելու իր նպատակը յայտնել, որ այս երկիրը դրախտային բնակարան մը պիտի դարձնէր մարդոց համար։ (Ծննդոց 3։15) Հետագային, Յիսուս, Աստուծոյ գլխաւոր բանբերը, Աստուծոյ այս գալիք կառավարութիւնը իր ուսուցումին բնաբանը դարձուց։ Ան ըսաւ որ անիկա մարդկութեան միակ յոյսը պիտի ըլլար։—Դանիէլ 2։44. Մատթէոս 6։9, 10. 12։21
3. Յիսուս ինչպէ՞ս կոչեց երկրին վերահաս կառավարութիւնը եւ ինչո՞ւ։
3 Յիսուս Աստուծոյ այդ վերահաս կառավարութիւնը կոչեց «երկնքի թագաւորութիւնը», քանի որ անիկա երկնքէն պիտի իշխէր։ (Մատթէոս 4։17) Ան նաեւ զայն կոչեց «Աստուծոյ թագաւորութիւնը», քանի որ Աստուած պիտի ըլլար անոր Հեղինակը։ (Ղուկաս 17։20) Դարերու ընթացքին, Աստուած իր գրագիրները ներշնչեց, որպէսզի անոնք մարգարէութիւններ գրեն անոնց մասին, որոնք այդ կառավարութեան մաս պիտի կազմէին եւ այն բաներուն մասին զորս անիկա պիտի իրագործէր։
Երկրին Նոր Թագաւորը
4, 5. Աստուած ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ Յիսուս իր հաւանութիւնը ունեցող Թագաւորն է։
4 Յիսուսն էր, որ՝ մօտաւորապէս երկու հազար տարիներ առաջ, կատարեց այն բազմաթիւ մարգարէութիւնները որոնք եղած էին այն անձին առնչութեամբ, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը պիտի ըլլար։ Ան ապացուցանեց որ Աստուած զինք ընտրած էր որպէս այդ երկնային Թագաւորութեան Իշխանը մարդկութեան վրայ իշխելու համար։ Իսկ իր մահէն ետք, Աստուած Յիսուսը երկնային կեանքի յարուցանեց որպէս հզօր եւ անմահ հոգեղէն արարած մը։ Իր յարութեան շատ մը ականատեսներ եղան։—Գործք 4։10. 9։1–9. Հռովմայեցիս 1։1–4. Ա. Կորնթացիս 15։3–8
5 Այն Ատեն Յիսուս «Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ»։ (Եբրայեցիս 10։12) Հոն, ան սպասեց այն ժամանակին, երբ Աստուած իրեն գործի լծուելու լիազօրութիւն պիտի տար որպէս Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան Թագաւորը։ Այսպիսով կատարուեցաւ Սաղմոս 110։1–ի մարգարէութիւնը, ուր Աստուած իրեն կ’ըսէ. «Նստէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ»։
6. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ ինք Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլալու համար որակելի էր։
6 Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս ցոյց տուաւ որ ինք այս դիրքին համար որակելի էր։ Ի հեճուկս հալածանքին, ան ընտրեց Աստուծոյ հանդէպ ուղղամիտ մնալ։ Այս կերպով, ան ցոյց տուաւ որ Սատանան ստած էր, երբ ան դաւանեցաւ որ ոչ մէկ մարդ Աստուծոյ հաւատարիմ պիտի մնար փորձութեան ներքեւ։ Յիսուս, կատարեալ մարդ մը, «վերջին Ադամը», ցոյց տուաւ որ Աստուած չէր սխալած կատարեալ մարդիկ ստեղծելով։—Ա. Կորնթացիս 15։22, 45. Մատթէոս 4։1–11
7, 8. Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս ի՞նչ բարի բաներ ըրաւ, եւ ան ի՞նչ ցոյց տուաւ։
7 Ո՞ր կառավարիչը բնաւ այնքան բարիք ըրած է որքան ըրաւ Յիսուս իր ծառայութեան քանի մը տարիներուն ընթացքին։ Աստուծոյ սուրբ հոգիովը զօրացած, Յիսուս հիւանդները, Մատթէոս 15։30, 31. Ղուկաս 7։11–16
հաշմանդամները, կոյրերը, խուլերը, համրերը բուժեց։ Ան նոյնիսկ մեռելները յարուցանեց։ Ան պզտիկ տարողութեամբ ցոյց տուաւ թէ համերկրային տարողութեամբ ի՛նչ պիտի ընէր մարդկութեան ի նպաստ, երբ իր Թագաւորութեան զօրութեամբ գար։—8 Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս այնքան բարիք ըրաւ որ իր Յովհաննէս աշակերտը ըսաւ. «Ուրիշ շատ բաներ ալ կան, որոնք Յիսուս ըրաւ, որոնք եթէ մէկիկ մէկիկ գրուած ըլլային, կարծեմ թէ աշխարհս ալ բաւական պիտի չըլլար պարունակելու գրուած գրքերը»։—Յովհաննու 21։25 *
9. Անկեղծ անհատները ինչո՞ւ Յիսուսի կու գային։
9 Յիսուս քաղցր ու կարեկից էր եւ մարդոց հանդէպ մեծ սէր ունէր։ Ան աղքատներուն եւ հարստահարուածներուն կ’օգնէր, բայց խտրականութեամբ չէր վարուեր հարուստներուն կամ հեղինակաւոր անհատներուն հետ։ Անկեղծ անհատներ Յիսուսի սա սիրալիր հրաւէրին կ’ընդառաջէին. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք։ Վասնզի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։ (Մատթէոս 11։28–30) Աստուածավախ անհատներ իրեն կու գային եւ իր իշխանութեան անձկագին կը սպասէին։—Յովհաննու 12։19
Իշխանակիցներ
10, 11. Որո՞նք Յիսուսին հետ երկրին վրայ իշխելու պիտի մասնակցին։
10 Ինչպէս որ մարդկային կառավարութիւնները վարչակիցներ ունին, նոյնն է պարագան Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան։ Յիսուսէ զատ ուրիշներ ալ երկրին վրայ իշխելու պիտի մասնակցին, քանի որ ան իր մտերիմ ընկերակիցներուն խոստացաւ որ անոնք իրեն հետ մարդկութեան վրայ պիտի իշխէին որպէս թագաւորներ։—Յովհաննու 14։2, 3. Յայտնութիւն 5։10. 20։6
11 Հետեւաբար, Յիսուսէն զատ, սահմանափակ թիւով անհատներ ալ երկնային կեանքի յարուցանուած են։ Անոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան մաս կը կազմեն, որ յաւիտենական օգուտներ պիտի բերէ մարդկութեան։ (Բ. Կորնթացիս 4։14. Յայտնութիւն 14։1–3) Ուստի, դարերու տեւողութեան, Եհովա իշխանութեան մը հիմը նետած է, որ անվերջ օգուտներ պիտի բերէ մարդկային ընտանիքին։
Անկախ Իշխանութեան Վերջը
12, 13. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հիմա ի՞նչ ընելու համար կազմ ու պատրաստ է։
12 Այս դարուս, Աստուած ուղղակիօրէն միջամտած է երկրի գործերուն։ Ինչպէս այս գրքոյկին Մաս 9–ն պիտի շօշափէ, Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ցոյց կու տան որ Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուեցաւ 1914–ին եւ հիմա Սատանայի ամբողջ դրութիւնը փշրելու համար կազմ ու պատրաստ է։ Սաղմոս 110։2
Այդ Թագաւորութիւնը պատրաստ է ‘[Քրիստոսի] թշնամիներուն մէջտեղը տիրել’ու համար։—13 Այս առնչութեամբ, Դանիէլ 2։44–ի մարգարէութիւնը կ’ըսէ. «Այն թագաւորներուն [հիմա գոյութիւն ունեցողներուն] օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ [երկնքի մէջ], որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի [մարդկային իշխանութիւնը մէյ մըն ալ պիտի չթոյլատրուի]։ Անիկա [Աստուծոյ Թագաւորութիւնը] այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։
14. Մարդկային իշխանութեան վերջին առ ի արդիւնք, գալիք կարգ մը օգուտները ի՞նչ են։
14 Աստուծմէ անկախ ամէն իշխանութիւն մէջտեղէն վերցուած ըլլալով, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրին վրայ ամբողջովին պիտի իշխէ։ Իսկ քանի որ Թագաւորութիւնը երկնքէն կ’իշխէ, անիկա բնաւ պիտի չապականի մարդոց կողմէ։ Կառավարելու հեղինակութիւնը պիտի ըլլայ հո՛ն ուր էր անիկա սկիզբը՝ երկնքի մէջ, Աստուծոյ քով։ Իսկ քանի որ Աստուծոյ իշխանութիւնը ամբողջ երկիրը պիտի ղեկավարէ, այլեւս ո՛չ ոք պիտի մոլորի սուտ կրօնքներով կամ մարդկային փուճ փիլիսոփայութիւններով եւ քաղաքական տեսութիւններով։ Ասոնցմէ ոչ մէկուն գոյութիւնը պիտի թոյլատրուի։—Մատթէոս 7։15–23. Յայտնութիւն գլուխ 17–էն մինչեւ գլուխ 19
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 8 Յիսուսի կեանքին մասին մանրամասն տեղեկութեան համար, տես Մեծագոյն Մարդը որ Ապրած Է խորագրով գիրքը, Անգլերէնով հրատարակուած՝ 1991–ին, Դիտարանի Ընկերութեան կողմէ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 18]
Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս հիւանդները բուժեց եւ մեռելները յարուցանեց ցոյց տալու համար թէ ինք ի՛նչ պիտի ընէր նոր աշխարհին մէջ
[Նկար՝ էջ 19]
Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը իրմէ անկախ իշխանութեան բոլոր ձեւերը պիտի չքացնէ