Ի՛նչպէս գիտենք թէ մենք «վերջին օրեր»ուն մէջ ենք
Մաս 9
Ի՛նչպէս գիտենք թէ մենք «վերջին օրեր»ուն մէջ ենք
1, 2. Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ մենք վերջին օրերուն մէջ ենք։
ԻՆՉՊԷ՞Ս կրնանք վստահ ըլլալ որ մենք կ’ապրինք այն ժամանակին մէջ, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գործի պիտի լծուի մարդկային իշխանութեան այս ներկայ դրութեան դէմ։ Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ մենք շատ մօտ ենք այն ժամանակին, երբ Աստուած վերջ մը պիտի դնէ բոլոր չարութեան ու տառապանքին։
2 Յիսուս Քրիստոսի աշակերտները կ’ուզէին այս բաները գիտնալ։ Անոնք իրեն հարցուցին թէ Թագաւորութեան զօրութեամբ իր ներկայութեան եւ «իրերու դրութեան վախճան»ին «նշանը» ի՛նչ պիտի ըլլար։ (Մատթէոս 24։3, ՆԱ) Յիսուս պատասխանեց աշխարհացունց դէպքերու եւ վիճակներու մանրամասնութիւններ տալով, որոնք պիտի բաղակցուէին ցոյց տալու համար թէ մարդկութիւնը իրերու այս դրութեան «վերջին ժամանակ»ին՝ «վերջին օրեր»ուն մէջ մտած էր։ (Դանիէլ 11։40. Բ. Տիմոթէոս 3։1) Այս դարուն տեսա՞ծ ենք այդ բաղադրեալ նշանը։ Այո՛, նոյնիսկ աւելիով։
Համաշխարհային Պատերազմներ
3, 4. Այս դարուն պատերազմները ինչպէ՞ս կը յարմարին Յիսուսի մարգարէութեան։
3 Յիսուս գուշակեց որ ‘ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէր ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ’։ (Մատթէոս 24։7) 1914–ին, աշխարհը պատերազմի մը մէջ մտաւ, որ ազգերն ու թագաւորութիւնները զինաշարժի ենթարկեց անկէ առաջ որեւէ պատերազմէ տարբեր կերպով մը։ Ասոր գիտակցելով, պատմաբանները այդ ատեն զայն կոչեցին Մեծ Պատերազմը։ Պատմութեան մէջ, անիկա առաջին պատերազմն էր իր տեսակին մէջ, առաջին համաշխարհային պատերազմը։ Շուրջ 20,000,000 զինուորներ ու քաղաքացիներ իրենց կեանքը կորսնցուցին, նախորդ որեւէ պատերազմէ շա՜տ աւելի։
4 Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը վերջին օրերուն սկիզբը նշեց։ Յիսուս ըսաւ որ այս դէպքը եւ ուրիշներ «ցաւերուն սկիզբ»ը պիտի ըլլային։ (Մատթէոս 24։8) Ասոր շիտակ ըլլալը փաստուեցաւ, քանի որ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմը շատ աւելի մահացու եղաւ, շուրջ 50 միլիոն զինուորներ ու քաղաքացիներ իրենց կեանքերը կորսնցնելով։ Այս Ի. դարուն, 100 միլիոնէ աւելի անհատներ սպաննուած են պատերազմներու մէջ, նախորդ 400 տարիներու տեւողութեան բոլոր թիւերէն աւելի քան չորս անգամ։ Մարդկային իշխանութեան ի՜նչ վիթխարի դատապարտութիւն։
Ուրիշ Ապացոյցներ
5–7. Ի՞նչ են կարգ մը ուրիշ ապացոյցներ թէ մենք վերջին օրերուն մէջ ենք։
5 Յիսուս ուրիշ երեսակներ ալ յիշեց, որոնք վերջին օրերուն մէկ մասը պիտի կազմէին. «Տեղ տեղ մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան ու սովեր եւ մահտարաժամներ [ախտերու համաճարակներ]»։ (Ղուկաս 21։11) Ասիկա լաւ կերպով կը յարմարի 1914–էն ի վեր պատահած դէպքերուն, քանի որ նեղութիւնները մեծապէս աւելցած են այսպիսի աղէտներու պատճառաւ։
6 Մեծ երկրաշարժներ կանոնաւորաբար կը պատահին շատ մը կեանքեր խլելով։ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին յաջորդած Սպանական հարբուխը միայն շուրջ 20 միլիոն անհատներ սպաննեց. ոմանք 30 միլիոն կամ նոյնիսկ աւելի կը հաշուեն։ ԱԴԱ–ն [AIDS] հարիւր հազարաւոր կեանքեր խլած է եւ մօտ ապագային, անիկա պիտի կարենար միլիոնաւոր ուրիշներ ալ խլել։ Ամէն տարի, միլիոնաւոր անհատներ կը մեռնին սրտի հիւանդութիւններէ, քաղցկեղներէ եւ ուրիշ ախտերէ։ Միլիոնաւոր ուրիշներ կը մեռնին անօթութեան դանդաղ մահէ։ Ամէն կասկածէ վեր, ‘Աբոքալիբսի ձիաւորներ’ը՝ իրենց պատերազմներով, սովերով եւ ախտերու համաճարակներով՝ 1914–էն ի վեր հարուածած են մարդկային ընտանիքին մեծամասնութիւնը։—Յայտնութիւն 6։3–8
7 Յիսուս ոճիրի յաւելումն ալ գուշակեց, ինչ որ տեղի կ’ունենայ բոլոր երկիրներու մէջ։ Ան ըսաւ. «Անօրէնութեան շատնալուն համար շատերուն սէրը պիտի պաղի»։—Մատթէոս 24։12
8. Բ. Տիմոթէոս 3–րդ գլուխին մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կը յարմարի մեր ժամանակին։
8 Ասկէ զատ, Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները բարոյական անկումը գուշակեցին, որ շատ բացայայտ է համայն աշխարհին մէջ. «Վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. վասնզի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր. որոնք աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են ...։ Չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1–13) Այս բոլորը մեր աչքերուն առջեւ կատարուած է։
Ուրիշ Ազդակ մը
9. Երկրի վրայ վերջին օրերը սկսելուն հետ միաժամանակ, երկնքի մէջ ի՞նչ պատահեցաւ։
9 Ուրիշ ազդակ մըն ալ կայ, որ այս դարուն տառապանքին մեծապէս աւելնալուն պատասխանատու է։ 1914–ին վերջին օրերը սկսելուն հետ միաժամանակ, բան մը պատահեցաւ, որ մարդկութիւնը աւելի մեծ վտանգի տակ դրաւ։ Այն ատեն, ըստ Աստուածաշունչին վերջին գրքին մարգարէութեան մը, «երկնքի մէջ պատերազմ ծագեցաւ. Միքայէլ [Քրիստոս՝ իր երկնային զօրութեամբ] ու իր հրեշտակները վիշապին [Սատանային] հետ պատերազմեցան։ Վիշապն ալ իր հրեշտակներով [դեւերով] պատերազմեցաւ, բայց չկրցան դէմ կենալ։ Երկնքի մէջ ալ տեղ չգտնուեցաւ անոնց։ Ուստի վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց։ Իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ վար ձգուեցան երկրի վրայ»։—Յայտնութիւն 12։7–9
10, 11. Մարդկութիւնը ինչպէ՞ս ազդուեցաւ, երբ Սատանան եւ իր դեւերը երկրի վրայ ձգուեցան։
10 Մարդկային ընտանիքին համար հետեւանքները ի՞նչ եղան։ Մարգարէութիւնը կը շարունակէ. «Վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասնզի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։ Այո, Սատանան գիտէ որ իր դրութեան վերջը կը մօտենայ, ուստի ինք եւ իր աշխարհը մէջտեղէն վերցուելէ առաջ, ան իր ձեռքէն եկածը կ’ընէ մարդիկը Աստուծոյ դէմ հանելու համար։ (Յայտնութիւն 12։12. 20։1–3) Այս հոգեղէն արարածները որքա՜ն ստորնացած են, քանի որ անոնք իրենց ազատ կամքը սխալ գործածած են։ Անոնց ազդեցութեան ներքեւ, մասնաւորաբար 1914–էն ի վեր, ի՜նչ վատ վիճակներ տիրած են երկրի վրայ։
11 Զարմանալի չէ որ Յիսուս մեր ժամանակին մասին գուշակեց. «Երկրի վրայ ազգերը ապշութեամբ պիտի տագնապին ...։ Մարդոց սրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն»։—Ղուկաս 21։25, 26
Մարդկային եւ Դիւային Իշխանութեան Վերջը Մօտ Է
12. Այս դրութեան վերջէն առաջ տակաւին կատարուելիք վերջին մարգարէութիւններէն մէկը ի՞նչ է։
12 Աստուած ներկայ դրութիւնը կործանելէ առաջ, Աստուածաշունչի տակաւին կատարուելիք քանի՞ մարգարէութիւններ կը մնան։ Շա՜տ քիչ։ Վերջիններէն մէկն է Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3–ը, ուր կ’ըսէ. «Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի»։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ այս դրութեան վերջը պիտի սկսի, ‘երբ անոնք կ’ըսեն’։ Աշխարհին կողմէ չնախատեսուած, այս կործանումը պիտի հարուածէ, երբ անիկա չ’ակնկալուիր, երբ մարդոց ուշադրութիւնը իրենց յուսացած խաղաղութեան եւ ապահովութեան ուղղուած է։
13, 14. Յիսուս նեղութեան ի՞նչ ժամանակ գուշակեց, եւ անիկա ինչպէ՞ս պիտի վերջանայ։
13 Սատանայի ազդեցութեան ներքեւ եղող այս աշխարհին ժամանակը վերջանալու վրայ է։ Անիկա շուտով վերջ պիտի գտնէ նեղութեան ժամանակի մը մէջ, որու մասին Յիսուս ըսաւ. «Այն ատեն այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ»։—Մատթէոս 24։21
14 ‘Մեծ նեղութեան’ յանգումը պիտի ըլլայ Արմագեդոնը՝ Աստուծոյ պատերազմը։ Ատիկա Դանիէլ մարգարէին կողմէ խօսուած ժամանակն է, երբ Աստուած «բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ»։ Ասիկա Աստուծմէ անկախ մարդկային ներկայ բոլոր իշխանութիւններուն վերջը պիտի նշանակէ։ Իր Թագաւորութիւնը այն ատեն երկնքէն բոլորովին պիտի ղեկավարէ մարդկային բոլոր գործերը։ Ինչպէս Դանիէլ գուշակեց, կառավարելու հեղինակութիւնը մէյ մըն ալ «ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի»։—Դանիէլ 2։44. Յայտնութիւն 16։14–16
15. Սատանայի եւ իր դեւերուն ազդեցութեան ի՞նչ պիտի պատահի։
15 Այդ ժամանակ նաեւ սատանայական եւ դիւային ամէն ազդեցութիւն պիտի դադրի։ Այդ ըմբոստ հոգեղէն արարածները մէջտեղէն պիտի վերցուին, այնպէս որ անոնք այլեւս պիտի ‘չմոլորեցնեն ազգերը’։ (Յայտնութիւն 12։9. 20։1–3) Անոնք մահուան դատապարտուած են եւ իրենց կործանումին կը սպասեն։ Անոնց խենէշ ազդեցութենէն ազատագրուիլը ի՜նչ ամոքում մը պիտի ըլլայ մարդկութեան համար։
Ո՞վ Պիտի Վերապրի։ Ո՞վ Պիտի Կորսուի։
16–18. Այս դրութեան վերջէն ո՞վ պիտի վերապրի, եւ ո՞վ պիտի կորսուի։
16 Երբ Աստուծոյ դատաստանները այս աշխարհին դէմ ի գործ դրուին, ո՞վ պիտի վերապրի։
Ո՞վ պիտի կորսուի։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ Աստուծոյ իշխանութեան տենչացողները պիտի պաշտպանուին ու վերապրին։ Աստուծոյ իշխանութեան չտենչացողները պիտի չպաշտպանուին եւ Սատանայի աշխարհին հետ մէկտեղ պիտի կործանին։17 Առակաց 2։21, 22–ը կ’ըսէ. «Ուղիղները [Աստուծոյ իշխանութեան ենթարկուողները] երկրի վրայ պիտի բնակին եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան։ Բայց ամբարիշտները [Աստուծոյ իշխանութեան չենթարկուողները] երկրէն պիտի կորսուին ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին»։
18 Սաղմոս 37։10, 11–ն ալ կ’ըսէ. «Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ ...։ Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։ Իսկ 29–րդ համարը կ’աւելցնէ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։
19. Ո՞ր խրատը սրտանց պէտք է ընդունինք։
19 Սրտանց պէտք է ընդունինք Սաղմոս 37։34–ի խրատը որ կ’ըսէ. «Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր ճամբան պահէ՛ եւ անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ, որպէսզի երկիրը ժառանգես։ Ամբարիշտներուն սատակումը պիտի տեսնես»։ Իսկ 37 եւ 38–րդ համարները կ’ըսեն. «Արդարը տե՛ս եւ ուղիղին նայէ՛. վասնզի խաղաղարար մարդը բարի վախճան պիտի ունենայ, իսկ անօրէնները մէկտեղ պիտի կորսուին։ Ամբարիշտներուն վախճանը կորուստ պիտի ըլլայ»։
20. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ մենք խայտալի ժամանակներու մէջ կ’ապրինք։
20 Որքա՜ն մխիթարիչ, այո, որքա՜ն ոգեւորիչ է գիտնալ թէ Աստուած իրապէս հոգ կը տանի մեզի եւ թէ շուտով ան այս բոլոր չարութեան ու տառապանքին վերջ մը պիտի դնէ։ Որքա՜ն խայտալի է գիտակցիլ որ այս փառահեղ մարգարէութիւնները քիչ ժամանակի մէջ պիտի կատարուին։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 20]
Աստուածաշունչը դէպքեր գուշակեց, որոնք «վերջին օրեր»ուն «նշանը» պիտի կազմէին
[Նկար՝ էջ 22]
Շուտով, Արմագեդոնին, Աստուծոյ իշխանութեան չենթարկուողները պիտի կորսուին։ Անոր ենթարկուողները պիտի վերապրին եւ արդար նոր աշխարհի մը մէջ պիտի մտնեն