Հոյակապ նոր աշխարհ մը զոր Աստուած պիտի հաստատէ
Մաս 10
Հոյակապ նոր աշխարհ մը զոր Աստուած պիտի հաստատէ
1, 2. Մաքրագործիչ պատերազմէն՝ Արմագեդոնէն՝ ետք, ի՞նչ պիտի պատահի։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ մաքրագործիչ պատերազմէն՝ Արմագեդոնէն՝ ետք, ի՞նչ պիտի պատահի։ Այն ատեն փառաւոր նոր դարաշրջան մը պիտի սկսի։ Աստուծոյ իշխանութեան հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը
արդէն ապացուցանած ըլլալով, Արմագեդոնէն վերապրողները նոր աշխարհին մէջ պիտի մտնեն։ Պատմութեան ի՜նչ խայտալի նոր շրջան մը պիտի ըլլայ անիկա, երբ մարդկային ընտանիքին վրայ Աստուծմէ բխող հոյակապ օգուտներ պիտի տեղան։2 Աստուծոյ Թագաւորութեան ուղղութեան ներքեւ, վերապրողները պիտի սկսին դրախտ մը մշակել։ Անոնց ոյժը պիտի տրամադրուի անձնուրաց հետապնդումներու որոնք օգուտ պիտի բերեն այն ատեն բոլոր ապրողներուն։ Երկիրը պիտի սկսի գեղեցիկ, խաղաղ, գոհացուցիչ բնակարանի մը վերածուիլ մարդկութեան համար։
Չարութեան կը Փոխարինէ Արդարութիւնը
3. Արմագեդոնէն ետք, անմիջական ի՞նչ ամոքում պիտի զգացուի։
3 Այս բոլորը կարելի պիտի ըլլայ Սատանայի աշխարհին կործանումով։ Այլեւս պառակտիչ ազդակներ՝ սուտ կրօնքներ, ընկերային դրութիւններ, կամ կառավարութիւններ՝ պիտի չըլլան։ Այլեւս սատանայական պրոպականդը պիտի չխաբէ մարդիկը. զայն յառաջ բերող բոլոր գործակալութիւնները Սատանայի դրութեան հետ կործանած պիտի ըլլան։ Պահ մը երեւակայեցէ՛ք. Սատանայի աշխարհին ամբողջ թունաւոր մթնոլորտը մաքրուած պիտի ըլլայ։ Ի՜նչ ամոքում պիտի ըլլայ անիկա։
4. Նկարագրեցէք ուսուցումի այն փոփոխութիւնը որ տեղի պիտի ունենայ։
4 Այն ատեն, մարդկային իշխանութեան քանդիչ գաղափարները պիտի փոխարինուին Աստուծմէ եկող կերտիչ ուսուցումով։ «Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին»։ (Եսայեայ 54։13) Տարուէ տարի այս առողջ դաստիարակութեան շնորհիւ, «երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։ (Եսայեայ 11։9) Մարդիկ այլեւս պիտի չսորվին ինչ որ գէշ է, այլ «աշխարհի բնակիչները արդարութիւն [պիտի] սորվին»։ (Եսայեայ 26։9) Կերտիչ խորհուրդներ ու արարքներ օրագրին մաս պիտի կազմեն։—Գործք 17։31. Փիլիպպեցիս 4։8
5. Բոլոր ամբարշտութեան եւ զայն գործողներուն ի՞նչ պիտի պատահի։
5 Հետեւաբար, այլեւս սպանութիւն, բռնութիւն, բռնաբարում, գողութիւն, կամ ուրիշ որեւէ ոճիր պիտի չըլլայ։ Ոչ ոք պիտի տառապի ուրիշներու ամբարիշտ արարքներուն պատճառաւ։ Առակաց 10։30–ը կ’ըսէ. «Արդարը պիտի չսասանի յաւիտեան, բայց ամբարիշտները երկրի վրայ պիտի չբնակին»։
Կատարեալ Առողջութիւնը Վերահաստատուած
6, 7. (ա) Թագաւորութիւնը ո՞ր տխուր իրողութեան վերջ մը պիտի դնէ։ (բ) Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ ասիկա։
6 Նոր աշխարհին մէջ, նախնական ըմբոստութեան բոլոր գէշ ազդեցութիւնները պիտի վերցուին։ Օրինակի համար, Թագաւորութեան իշխանութիւնը հիւանդութիւնն ու ծերութիւնը պիտի ջնջէ։ Այսօր, նոյնիսկ երբ որոշ չափով առողջութիւն կը վայելէք, տխուր իրողութիւնը այդ է որ մինչ կը ծերանաք, ձեր աչքերը կ’աղօտին, ձեր ակռաները կը փտին, ձեր լսողութիւնը կը տկարանայ, ձեր մորթը կը կնճռոտի, ձեր ներքին գործարանները կը հիւծին մինչեւ որ վերջապէս մեռնիք։
7 Սակայն, մեր առաջին ծնողքէն ժառանգուած այս տառապալից ազդեցութիւնները շուտով անցեալին պիտի պատկանին։ Կը յիշէ՞ք որ, երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս ի՛նչ ցոյց տուաւ առողջութեան նկատմամբ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Շատ ժողովուրդ իրեն եկան, որոնք իրենց հետ ունէին կաղեր, կոյրեր, համրեր, հաշմանդամներ եւ ուրիշ հիւանդներ եւ ձգեցին զանոնք Յիսուսի ոտքը։ Ան ալ բժշկեց զանոնք։ Այնպէս որ ժողովուրդը զարմացաւ, տեսնելով որ համրերը կը խօսէին, ... կաղերը կը քալէին եւ կոյրերը կը տեսնէին»։—8, 9. Նկարագրեցէք այն ուրախութիւնը որ պիտի ըլլայ նոր աշխարհին մէջ, երբ կատարեալ առողջութիւնը վերահաստատուի։
8 Ի՜նչ մեծ ուրախութիւն պիտի ըլլայ նոր աշխարհին մէջ, երբ մեր բոլոր ցաւերը ջնջուին։ Տկար առողջութենէն պատճառուած տառապանքը մէյ մըն ալ պիտի չտանջէ մեզ։ «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։ «Այն ատեն կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին։ Այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ»։—Եսայեայ 33։24. 35։5, 6
9 Խայտալի պիտի չըլլա՞յ ամէն առաւօտ արթննալ եւ զգալ որ կայտառ առողջութիւն մը կը վայելէք։ Տարեց անհատներուն համար հաճելի պիտի չըլլա՞յ գիտնալ թէ երիտասարդութեան լման կորովը վերստին գտած են եւ պիտի հասնին այն կատարելութեան զոր Ադամն ու Եւան սկիզբը կը վայելէին։ Աստուածաշունչը կը խոստանայ. «Անոր մարմինը տղու մարմինէն աւելի փափուկ պիտի ըլլայ ու անիկա իր մանկութեան օրերուն պիտի դառնայ»։ (Յոբ 33։25) Ի՜նչ հաճելի պիտի ըլլայ ակնոցներէն, լսողական գործիքներէն, անթացուպերէն, անիւաւոր աթոռներէն եւ դեղերէն ձերբազատուիլ։ Հիւանդանոցներու, բժիշկներու, ատամնաբուժերու կարիքը մէյ մըն ալ պիտի չըլլայ։
10. Մահուան ի՞նչ պիտի պատահի։
10 Այսպիսի կայտառ առողջութիւն վայելող անհատները պիտի չփափաքին մեռնիլ։ Անոնք մեռնելու կարիքն ալ պիտի չունենան, քանի որ այլեւս մարդիկ ժառանգուած անկատարութեան ու մահուան տիրապետութեան տակ պիտի չըլլան։ Քրիստոս «պէտք է թագաւորէ մինչեւ [որ Աստուած] բոլոր թշնամիները իր ոտքերուն տակ դնէ։ Վերջին թշնամին որ պիտի խափանուի՝ մահն է»։ «Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք» է։—Ա. Կորնթացիս 15։25, 26. Հռովմայեցիս 6։23. տես նաեւ Եսայեայ 25։8։
11. Յայտնութիւն գիրքը նոր աշխարհին օգուտները ինչպէ՞ս կ’ամփոփէ։
11 Դրախտին մէջ մարդկային ընտանիքին վրայ հոգածու Աստուծմէ տեղալիք օգուտները ամփոփելով, Աստուածաշունչին վերջին գիրքը կ’ըսէ. «Եւ [Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասնզի առաջուան բաները անցան»։—Յայտնութիւն 21։3, 4
Մեռելներուն Վերադարձը
12. Յիսուս ինչպէ՞ս յարութեան իր աստուածատուր զօրութիւնը ցոյց տուաւ։
12 Յիսուս հիւանդները բժշկելէն եւ կաղերը բուժելէն աւելին ըրաւ։ Ան մարդիկը գերեզմանէն դուրս բերաւ։ Այս կերպով, ան ցոյց տուաւ յարութեան այն հոյակապ զօրութիւնը զոր Աստուած տուած էր իրեն։ Կը յիշէ՞ք այդ պատեհութիւնը, երբ Յիսուս մարդու մը տունը գնաց, որու աղջիկը մեռած էր։ Յիսուս մեռած աղջկան ըսաւ. «Աղջի՛կ, քեզի կ’ըսեմ, ելիր»։ Ի՞նչ արդիւնքով։ «Իսկոյն աղջիկը ոտքի ելաւ ու կը քալէր»։ Ասիկա տեսնելով, հոն գտնուած մարդիկը «շատ ապշեցան»։ Անոնք Մարկոս 5։41, 42. տես նաեւ Ղուկաս 7։11–16. Յովհաննու 11։1–45։
չէին կրնար իրենց ուրախութիւնը պահել։—13. Ի՞նչպիսի անհատներ պիտի յարուցանուին։
13 Նոր աշխարհին մէջ, «մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ (Գործք 24։15) Այդ ժամանակ, Յիսուս մեռելները յարուցանելու իր աստուածատուր զօրութիւնը պիտի գործածէ, քանի որ, ինչպէս ան ըսաւ, «ես եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի»։ (Յովհաննու 11։25) Ան նաեւ ըսաւ. «Բոլոր գերեզմաններուն մէջ [Աստուծոյ յիշողութեան մէջ] եղողները անոր [Յիսուսի] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։—Յովհաննու 5։28, 29
14. Քանի որ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ, անոր հետ ի՞նչ բաներ մէջտեղէն պիտի վերցուին։
14 Համայն երկրի վրայ մե՜ծ ուրախութիւն պիտի տիրէ, երբ մեռած անհատները խումբ–խումբ կեանքի վերադառնան իրենց սիրելիներուն վերամիանալու համար։ Այլեւս մահազդի սիւնակները պիտի չտխրեցնեն վերապրողները։ Այլ, թերեւս ասոր հակառակը ըլլայ. նոր յարուցուողներու ծանուցումները ուրախութեամբ պիտի լեցնեն անոնք որոնք կը սիրէին զանոնք։ Ուստի, այլեւս յուղարկաւորութիւններ, թաղման խարոյկներ, դիակիզարաններ, կամ գերեզմանոցներ պիտի չըլլան։
Իսկապէս Խաղաղ Աշխարհ մը
15. Միքիայի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս, բառին բուն առումով, պիտի կատարուի։
15 Կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ իրական խաղաղութիւն պիտի ըլլայ։ Պատերազմները, պատերազմ հրահրողները եւ զէնքի ճարտարարուեստը անցեալին պիտի պատկանին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ազգային, ցեղային եւ տոհմային շահերը՝ պառակտիչ ազդակները՝ անհետացած պիտի ըլլան։ Այն ատեն, բառին բուն առումով, «ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին»։—Միքիայ 4։3
16. Աստուած ինչպէ՞ս հոգ պիտի տանի որ պատերազմները անկարելի ըլլան։
16 Յարատեւ պատերազմներու մարդուն արիւնարբու Պատմութեան ի տես, ասիկա կրնայ զարմացուցիչ թուիլ։ Բայց այս բոլորը պատահած է, քանի որ մարդկութիւնը մարդկային եւ դիւային իշխանութեան ներքեւ կը գտնուէր։ Նոր աշխարհին մէջ, Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, հետեւեալը տեղի պիտի ունենայ. «Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք Տէրոջը գործերը, ...։ [Ան] պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը. աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, [պատերազմի] կառքերը կրակով կ’այրէ»։—Սաղմոս 46։8, 9
17, 18. Նոր աշխարհին մէջ, մարդոց եւ անասուններուն միջեւ ի՞նչ յարաբերութիւն գոյութիւն պիտի ունենայ։
Ծննդոց 1։28. 2։19) Աստուած կ’ըսէ. «Անոնց համար այն օրը՝ դաշտի գազաններուն հետ, երկնքի թռչուններուն հետ ու երկրի սողուններուն հետ ուխտ պիտի ընեմ։ ... Զանոնք ապահովութեամբ պիտի պառկեցնեմ»։—Ովսեայ 2։18
17 Մարդն ու գազանը իրարու հետ խաղաղութեան մէջ ալ պիտի ըլլան, ինչպէս էր պարագան Եդեմի մէջ։ (18 Այդ խաղաղութիւնը ի՞նչ տարողութեամբ պիտի ըլլայ։ «Գայլը գառին հետ պիտի բնակի ու ինձը ուլին հետ պիտի պառկի։ Հորթն ու առոյգ առիւծը եւ պարարտ զուարակը մէկտեղ պիտի արածին ու զանոնք պզտիկ տղայ մը պիտի քշէ»։ Անասունները մէյ մըն ալ մարդուն կամ իրարու պիտի չսպառնան։ Նոյնիսկ «առիւծը արջառի պէս յարդ պիտի ուտէ»։—Եսայեայ 11։6–9. 65։25
Երկիրը Դրախտի մը Վերածուած
19. Երկիրը ի՞նչ բանի պիտի վերածուի։
19 Ամբողջ երկիրը դրախտային բնակարանի մը պիտի վերածուի մարդկութեան համար։ Անոր համար, Յիսուս խոստացաւ մարդու մը որ իրեն հաւատաց. «Ինծի հետ Դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի։ ... Քանզի անապատին մէջ ջուրեր ու անբնակ երկրին մէջ հեղեղներ պիտի բղխին»։—Ղուկաս 23։43. Եսայեայ 35։1, 6
20. Մարդիկ ինչո՞ւ անօթութենէ մէյ մըն ալ պիտի չտառապին։
20 Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ, միլիոնաւոր անհատներ անօթութենէ մէյ մըն ալ պիտի չտառապին։ «Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ։ Լեռներուն գլուխը»։ «Դաշտին ծառերը իրենց պտուղը պիտի տան ու երկիրը իր բերքը պիտի տայ։ Անոնք իրենց երկրին վրայ ապահովութեամբ պիտի բնակին»։—Սաղմոս 72։16. Եզեկիէլ 34։27
21. Տնազրկութեան, խեղճ ու աղտոտ բնակարաններուն եւ գէշ թաղամասերուն ի՞նչ պիտի պատահի։
21 Այլեւս աղքատութիւն, տնազուրկ անհատներ, խեղճ ու աղտոտ բնակարաններ, կամ Եսայեայ 65։21, 22. Միքեայ 4։4
ոճիրով պատուած թաղամասեր պիտի չըլլան։ «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէսզի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէսզի ուրիշները ուտեն»։ «Ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ»։—22. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ այն օրհնութիւնները զորս Աստուծոյ իշխանութիւնը պիտի բերէ։
22 Դրախտին մէջ, մարդիկ այս եւ տակաւին ուրիշ բաներով պիտի օրհնուին։ Սաղմոս 145։16–ը կ’ըսէ. «Քու [Աստուած] ձեռքդ կը բանաս ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես»։ Զարմանալի չէ որ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը կ’ըսէ. «Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան։ ... Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։—Սաղմոս 37։11, 29
Անցեալը Ջնջուած
23. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս պիտի ջնջէ մեր ունեցած բոլոր տառապանքները։
23 Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութիւնը պիտի ջնջէ այն բոլոր վնասները զորս մարդկային ընտանիքը տուժած է անցեալ վեց հազար տարիներու ընթացքին։ Այն ատենուան ուրախութիւնները պիտի գերակշռեն մարդոց ունեցած որեւէ տառապանք։ Կեանքը պիտի չխանգարուի նախկին տառապանքներու որեւէ մէկ յուշով։ Մարդոց առօրեայ կեանքին մաս կազմող կերտիչ խորհուրդներն ու գործունէութիւնները աստիճանաբար պիտի ջնջեն վշտագին յիշատակները։
24, 25. (ա) Եսայի ի՞նչ գուշակեց թէ պիտի պատահի։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ անցեալի տառապանքներու յուշերը պիտի աղօտին։
24 Հոգածու Աստուած կ’ըսէ. «Ահա ես նոր երկինք [մարդկութեան վրայ երկնային նոր կառավարութիւն մը] ու նոր երկիր [մարդկային արդար ընկերութիւն մը] պիտի ստեղծեմ եւ առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան։ Բայց դուք իմ ստեղծագործութիւնովս յաւիտեանս յաւիտենից ուրախացէ՛ք եւ ցնծացէ՛ք»։ «Բոլոր երկիրը հանգստացաւ ու հանդարտեցաւ եւ ցնծութեան ձայներ կը հանեն»։—Եսայեայ 14։7. 65։17, 18
25 Ուստի, իր Թագաւորութեան միջոցաւ, Աստուած ամբողջովին պիտի յեղաշրջէ այսքան երկար ժամանակ տեւած գէշ վիճակները։ Ամբողջ յաւիտենականութեան ընթացքին, ան մեզի հանդէպ իր մեծ հոգածութիւնը պիտի ցուցաբերէ մեր վրայ օրհնութիւններ տեղացնելով, որոնք շատ աւելիով պիտի հատուցանեն մեզի անցեալին մեր ունեցած որեւէ տառապանքին համար։ Այն ատեն մեր ունեցած նախկին դժուարութիւններուն յուշն անգամ պիտի աղօտի, եթէ բնաւ յիշելու փափաքը ունենանք։
26. Աստուած ինչո՞ւ հատուցում պիտի ընէ մեզի անցեալի որեւէ տառապանքի համար։
26 Աստուած այս կերպով հատուցում պիտի ընէ մեզի այս աշխարհին մէջ մեր քաշած տառապանքին համար։ Ան գիտէ թէ մեր յանցանքը չէ որ մենք անկատար ծնած ենք, քանի որ անկատարութիւնը մեր առաջին ծնողքէն ժառանգած ենք։ Մեր յանցանքը չէ որ սատանայական աշխարհի մը մէջ ծնած ենք, քանի որ, եթէ Ադամն ու Եւան հաւատարիմ մնացած ըլլային, մենք դրախտի մը մէջ ծնած պիտի ըլլայինք։ Ուստի, շատ մեծ կարեկցութեամբ, Աստուած աւելիով պիտի հատուցանէ մեզի մեր տուժած գէշ անցեալին համար։
27. Ո՞ր մարգարէութիւնները իրենց հոյակապ կատարումը պիտի տեսնեն նոր աշխարհին մէջ։
27 Նոր աշխարհին մէջ, մարդիկ պիտի վայելեն Հռովմայեցիս 8։21, 22–ին մէջ գուշակուած ազատութիւնը. «Ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին։ Քանզի գիտենք թէ բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն»։ Այն ատեն մարդիկ հետեւեալ աղօթքին ամբողջական կատարումը պիտի տեսնեն. «Քու թագաւորութիւնդ գայ։ Քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ (Մատթէոս 6։10) Երկրային Դրախտին հոյակապ վիճակները պիտի արտացոլացնեն երկնքի մէջ գոյութիւն ունեցող վիճակները։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 23]
Նոր աշխարհին մէջ, տարեցները երիտասարդութեան կորովը վերստին պիտի գտնեն
[Նկար՝ էջ 24]
Բոլոր հիւանդութիւններն ու հաշմանդամութիւնները պիտի ջնջուին նոր աշխարհին մէջ
[Նկար՝ էջ 25]
Նոր աշխարհին մէջ, մեռելները կեանքի պիտի յարուցանուին
[Նկար՝ էջ 26]
‘Անոնք ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին’
[Նկարներ՝ էջ 27]
Դրախտին մէջ, մարդիկ եւ անասուններ ամբողջական խաղաղութեամբ պիտի ապրին
[Նկար՝ էջ 27]
‘Աստուած իր ձեռքը պիտի բանայ ու ամէն կենդանիի փափաքը պիտի լեցնէ’
[Նկար՝ էջ 28]
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը աւելիով պիտի հատուցանէ մեզի մեր քաշած ամբողջ տառապանքին համար