Նոր աշխարհին հիմը հիմակուընէ կը կազմուի
Մաս 11
Նոր աշխարհին հիմը հիմակուընէ կը կազմուի
1, 2. Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն առ ի կատարում, մեր աչքերուն առջեւ ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։
ՈՒՐԻՇ հոյակապ իրողութիւն մը այդ է որ Աստուծոյ նոր աշխարհին հիմը հիմակուընէ իսկ կը կազմուի, մինչ Սատանայի հին աշխարհը կ’այլասերի։ Մեր աչքերուն առջեւ, Աստուած բոլոր ազգերէն անհատներ կը հաւաքէ եւ զանոնք երկրային նոր ընկերութեան մը հիմը կը դարձնէ, որ շուտով պիտի փոխարինէ ներկայ անմիաբան աշխարհին։ Աստուածաշունչին մէջ, Բ. Պետրոս 3։13–ին մէջ, այս նոր ընկերութիւնը կոչուած է՝ ‘նոր երկիր մը’։
2 Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը նաեւ կ’ըսէ. «Վերջին օրերը [այն ժամանակները որոնց մէջ կ’ապրինք] ... շատ ժողովուրդներ պիտի երթան ու ըսեն. ‘Եկէ՛ք, Եհովային լեռը [իր մաքուր պաշտամունքը], ... ելլենք, որպէսզի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ ու անոր շաւիղներուն մէջ քալենք’»։—Եսայեայ 2։2, 3
3. (ա) Եսայիի մարգարէութիւնը որո՞նց մէջ կը կատարուի։ (բ) Աստուածաշունչին վերջին գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ այս մասին։
3 Այս մարգարէութիւնը հիմա կը կատարուի անոնց մէջ, որոնք «Աստուծոյ ճամբաներ»ուն կ’ենթարկուին եւ ‘իր շաւիղներուն մէջ կը քալեն’։ Աստուածաշունչին վերջին գիրքը մարդոցմէ բաղկացող այս միջազգային խաղաղասէր ընկերութեան Յայտնութիւն 7։9, 14. Մատթէոս 24։3
մասին կը խօսի որպէս «մեծ բազմութիւն մը, ... բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն» միակամօրէն Աստուծոյ ծառայող համերկրային իրական եղբայրակցութիւն մը։ Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ. «Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները»։ Ուրիշ խօսքով, անոնք իրերու այս ամբարիշտ դրութեան վերջէն պիտի վերապրին։—Միջազգային Իրական Եղբայրակցութիւն մը
4, 5. Ի՞նչ բան կարելի դարձուցած է Եհովայի Վկաներու համաշխարհային եղբայրակցութիւնը։
4 Միլիոնաւոր Եհովայի Վկաներ անկեղծօրէն կը ջանան Աստուծոյ պատուէրներուն եւ ճամբաներուն համաձայն ապրիլ։ Յաւիտենական կեանքի անոնց յոյսը խարսխուած է Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ։ Անոնք իրենց առօրեայ կեանքը Աստուծոյ օրէնքներուն համաձայն կը վարեն եւ այսպիսով ցոյց կու տան որ կը յօժարին Իր իշխելու կերպին ենթարկուիլ թէ՛ հիմա եւ թէ նոր աշխարհին մէջ։ Ո՛ւր որ ալ գտնուին, ի՛նչ ազգութեան կամ ցեղի ալ պատկանին, անոնք նոյն չափանիշներուն կը հնազանդին. այն չափանիշները զորս Աստուած դրած է իր Խօսքին մէջ։ Անոր համար, անոնք միջազգային իրական եղբայրակցութիւն մըն են, Աստուծոյ կողմէ հաստատուող նոր աշխարհի ընկերութիւն մը։—Եսայեայ 54։13. Մատթէոս 22։37, 38. Յովհաննու 15։9, 14
5 Եհովայի Վկաները իրենց համերկրային անզուգական եղբայրակցութիւն մը ըլլալու վարկը իրենց վրայ չեն առներ։ Անոնք գիտեն որ ասիկա իր օրէնքներուն ենթարկուող մարդոց վրայ Աստուծոյ ներգործող հզօր հոգիին արդիւնքն է։ (Գործք 5։29, 32. Գաղատացիս 5։22, 23) Անիկա Աստուծոյ իրագործումն է։ Ինչպէս Յիսուս ըսաւ. «Մարդոց կողմէ անկարելի եղած բաները Աստուծոյ կողմէ կարելի են»։ (Ղուկաս 18։27) Ուստի, այն Աստուածը, որ կայուն տիեզերքը կարելի դարձուցած է, նոյնպէս նոր աշխարհի կայուն ընկերութիւնը կարելի կը դարձնէ։
6. Ինչո՞ւ կրնանք Եհովայի Վկաներու եղբայրակցութիւնը արդի հրաշք մը կոչել։
6 Ուստի, նոր աշխարհին մէջ Աստուծոյ իշխելու կերպին մասին կրնանք գաղափար մը կազմել, եթէ նկատի առնենք ի՛նչ որ ան կը կատարէ հիմակուընէ կազմուող նոր աշխարհին հիման վրայ։ Իսկ ան ինչ որ ըրած է իր Վկաներուն հետ, կերպով մը, արդի հրաշք մըն է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան համաշխարհային իրական եղբայրակցութեան մը մէջ բերած է Եհովայի Վկաները, եղբայրակցութիւն մը որ բնաւ չի կրնար բեկանուիլ ազգային, ցեղային կամ կրօնական պառակտիչ ազդակներով։ Թէեւ Վկաներուն թիւը միլիոններու կը հասնի եւ անոնք 200–է աւելի երկիրներու մէջ կ’ապրին, սակայն անոնք անբեկանելի կապով մը իրար կապուած են որպէս մէկ մարմին։ Այս համաշխարհային եղբայրակցութիւնը, պատմութեան մէջ անզուգական, արդարեւ արդի հրաշք մը՝ Աստուծոյ իրագործումն՝ է։—Եսայեայ 43։10, 11, 21. Գործք 10։34, 35. Գաղատացիս 3։28
Աստուծոյ Ժողովուրդը Ի՛նչպէս Բնորոշել
7. Ըստ Յիսուսին, իր ճշմարիտ հետեւորդները ինչպէ՞ս պիտի բնորոշուէին։
7 Տակաւին ինչպէ՞ս կրնանք որոշել թէ ո՛վ է այն ժողովուրդը զոր Աստուած կը գործածէ որպէս իր նոր աշխարհին հիմը։ Ո՞վ կը կատարէ Յովհաննու 13։34, 35–ին մէջ գտնուող Յիսուսի խօսքերը։ Ան ըսաւ. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք։ Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ Եհովայի Վկաները Յիսուսի խօսքերուն կը հաւատան եւ անոնց համաձայն կը գործեն։ Ինչպէս Աստուծոյ Խօսքը կը պատուիրէ, անոնք «իրարու հանդէպ սրտանց սէր [ունին]»։ (Ա. Պետրոս 4։8) Ասկէ զատ, անոնք «սէրը [կը հագնին], որ կատարելութեան կապն է»։ (Կողոսացիս 3։14) Ուստի, եղբայրասիրութիւնը «սոսինձն» է, որ զանոնք իրար կը միացնէ համայն աշխարհի մէջ։
8. Աստուծոյ ծառաները բնորոշելու համար, Ա. Յովհաննու 3։10–12–ը յաւելեալ ի՞նչ տեղեկութիւն կը հայթայթէ։
8 Ա. Յովհաննու 3։10–12–ն ալ կ’ըսէ. «Ասով յայտնի են Աստուծոյ որդիներն ու Սատանային որդիները։ Ամէն ով որ արդարութիւն չի գործեր, անիկա Աստուծմէ չէ եւ ան ալ՝ որ իր եղբայրը չի սիրեր։ Վասնզի ասիկա այն պատուիրանքն է որ դուք սկիզբէն լսեցիք, որ մէկզմէկ սիրենք։ Ոչ թէ Կայէնին պէս, որ չար էր ու իր եղբայրը սպաննեց»։ Ուստի, Աստուծոյ ծառաները բռնութիւն չսիրող, համերկրային եղբայրակցութիւն մըն են։
Բնորոշիչ Ուրիշ Երեսակ մը
9, 10. (ա) Վերջին օրերուն, Աստուծոյ ծառաները ո՞ր գործունէութիւնով պիտի բնորոշուէին։ (բ) Եհովայի Վկաները ինչպէ՞ս կատարած են Մատթէոս 24։14–ը։
9 Աստուծոյ ծառաները բնորոշելու ուրիշ կերպ մըն ալ կայ։ Աշխարհի վերջին մասին իր մարգարէութեան մէջ, Յիսուս շատ մը բաներու մասին խօսեցաւ, որոնք այս ժամանակաշրջանը պիտի նշէին որպէս վերջին օրեր։ (Տես Մաս 9–ն։) Այս մարգարէութեան հիմնական մէկ երեսակը յիշուած է Մատթէոս 24։14–ին մէջ. «Արքայութեան այս աւետարանը [թագաւորութեան այս բարի լուրը (ՆԱ)] բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։
10 Այս մարգարէութեան կատարումը տեսա՞ծ ենք։ Այո՛, քանի որ, վերջին օրերուն սկիզբէն՝ 1914–էն՝ ի վեր, Եհովայի Վկաները Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզեն համայն աշխարհի մէջ, Յիսուսի պատուիրած կերպով, այսինքն, մարդոց տուները երթալով։ (Մատթէոս 10։7, 12. Գործք 20։20) Միլիոնաւոր Վկաներ ամէն ազգի մէջ մարդոց կ’այցելեն, նոր աշխարհին մասին անոնց խօսելու համար։ Այս պատճառով, այս գրքոյկը ստացած էք, քանի որ Եհովայի Վկաներուն գործունէութիւնը կը պարփակէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանող միլիառաւոր գրականութիւններ տպել ու բաշխել։ Կը ճանչնա՞ք ուրիշ ոեւէ մէկ ժողովուրդ որ տունէ տուն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը քարոզէ համայն աշխարհի մէջ։ Իսկ Մարկոս 13։10–ն ցոյց կու տայ որ այս քարոզչութիւնը եւ դաստիարակչութիւնը պէտք է կատարուին վերջը գալէ «առաջ»։
Երկրորդ Մեծ Հարցին Պատասխան մը
11. Աստուծոյ իշխանութեան ենթարկուելով, Եհովայի Վկաները ուրիշ ի՞նչ կը կատարեն։
11 Աստուծոյ օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն ենթարկուելով, Եհովայի Վկաները ուրիշ բան մըն ալ կը կատարեն։ Անոնք ցոյց կու տան որ Սատանան ստախօս մըն էր, երբ ան դաւանեցաւ որ մարդիկ Աստուծոյ հաւատարիմ պիտի չմնային փորձութեան ներքեւ եւ այսպիսով երկրորդ մեծ հարցին պատասխանը կը հայթայթեն, որու մէջ մարդոց ուղղամտութիւնը խնդրոյ առարկայ էր։ (Յոբ 2։1–5) Բոլոր ազգերէն միլիոնաւոր անհատներէ բաղկացող ընկերութիւն մը կազմելով, Վկաները Աստուծոյ իշխանութեան հանդէպ հաւատարմութիւն կը ցուցաբերեն որպէս մէկ մարմին։ Թէեւ անկատար անհատներ են, սակայն անոնք տիեզերական գերիշխանութեան հարցին մէջ Աստուծոյ կողմը դիրք կը բռնեն, ի հեճուկս Սատանայի բերած ճնշումներուն։
12. Իրենց հաւատքով, Վկաները որո՞նց կ’ընդօրինակեն։
12 Այսօր, այս միլիոնաւոր Եհովայի Վկաները իրենց վկայութիւնը կը բարդեն անցեալ ժամանակներու Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութիւն ցուցաբերած եւ երկար շարք կազմող ուրիշ վկաներու վկայութեան վրայ։ Անոնց մաս կը կազմէին Աբէլ, Նոյ, Յոբ, Աբրահամ, Սառա, Իսահակ, Յակոբ, Դեբօրա, Հռութ, Դաւիթ եւ Դանիէլ, քանի մը հատը թուելու համար։ (Եբրայեցիս գլուխ 11) Ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ, անոնք ‘այսչափ վկաներու բազմութիւն’ մըն են։ (Եբրայեցիս 12։1) Ասոնք եւ ուրիշներ, մէջը ըլլալով՝ Յիսուսի աշակերտները, Աստուծոյ հանդէպ իրենց ուղղամտութիւնը պահեցին։ Իսկ Յիսուս անձամբ մեծագոյն օրինակը հանդիսացաւ կատարեալ ուղղամտութիւն պահելով։
13. Սատանային մասին Յիսուսի ո՞ր խօսքերը փաստուած են ճշգրիտ ըլլալ։
13 Ասիկա կը փաստէ որ կրօնական առաջնորդներուն ուղղած Սատանային մասին Յիսուսի սա խօսքերը ճշգրիտ են. «Կը փնտռէք սպաննել զիս, այնպիսի մարդ մը, որ ձեզի ճշմարտութիւնը խօսեցայ, որ Աստուծմէ լսեցի։ ... Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք ու ձեր հօրը բաղձանքը կ’ուզէք ընել։ Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ, վասնզի անոր ներսիդին ճշմարտութիւն չկայ։ Երբ անիկա ստութիւն խօսի, բուն իրեններէն կը խօսի, քանզի անիկա ստախօս է եւ անոր հայրը»։—Յովհաննու 8։40, 44
Ձեր Ընտրութիւնը Ի՞նչ Է
14. Հիմակուընէ ի՞նչ կը պատահի նոր աշխարհի հիմին։
14 Եհովայի Վկաներու միջազգային ընկերութեան մէջ, Աստուծոյ կողմէ հիմակուընէ կազմուող նոր աշխարհին հիմը երթալով աւելի կ’ամրապնդուի։ Ամէն տարի հարիւր հազարաւոր անհատներ, ճշգրիտ գիտութեան վրայ հիմնուելով, իրենց ազատ կամքը կը գործածեն Աստուծոյ իշխանութիւնը ընդունելու համար։ Անոնք նոր աշխարհի ընկերութեան մէկ մասը կը դառնան, տիեզերական գերիշխանութեան հարցին մէջ Աստուծոյ կողմը դիրք կը բռնեն եւ կը փաստեն որ Սատանան ստախօս է։
15. Մեր օրերուն, Յիսուս զատումի ի՞նչ գործ կը կատարէ։
15 Աստուծոյ իշխանութիւնը ընտրելով, անոնք Քրիստոսի «աջ կողմը» կայնելու որակելի կ’ըլլան, երբ ան «ոչխարները» «այծերէն» կը զատէ։ Վերջին օրերուն մասին իր մարգարէութեան մէջ, Յիսուս գուշակեց. «Անոր առջեւ պիտի ժողվուին բոլոր ազգերը ու զանոնք իրարմէ պիտի զատէ, ինչպէս հովիւ մը ոչխարները այծերէն կը զատէ։ Ոչխարները իր աջ կողմը պիտի կայնեցնէ ու այծերը՝ ձախ կողմը»։ Ոչխարները հեզ անհատներ են, որոնք Քրիստոսի եղբայրներուն հետ կ’ընկերակցին եւ անոնց թիկունք կը կանգնին, Աստուծոյ իշխանութեան ենթարկուելով։ Այծերը յամառ անհատներ են, որոնք Քրիստոսի եղբայրները կը մերժեն եւ Աստուծոյ իշխանութեան թիկունք կանգնելու համար ոչինչ կ’ընեն։ Ի՞նչ հետեւանքներով։ Յիսուս ըսաւ. «Ասոնք [այծերը] պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը [կործանում (ՆԱ)], իսկ արդարները՝ [ոչխարները] յաւիտենական կեանքը»։—16. Եթէ կը փափաքիք գալիք Դրախտին մէջ ապրիլ, ի՞նչ պէտք է ընէք։
16 Իսկապէս, Աստուած հոգ կը տանի մեզի։ Ան շատ շուտով հաճելի երկրային դրախտ մը պիտի հայթայթէ։ Կը փափաքի՞ք այդ Դրախտին մէջ ապրիլ։ Եթէ այո, Եհովայի կարգադրութիւններուն հանդէպ ձեր գնահատութիւնը ցոյց տուէք իր մասին սորվելով եւ ձեր սորվածին համաձայն գործելով։ «Տէ՛րը փնտռեցէք, քանի որ անիկա կը գտնուի. զանիկա կանչեցէք, քանի որ անիկա մօտ է։ Թող ամբարիշտը՝ իր ճամբայէն ու անօրէն մարդը իր խորհուրդներէն հրաժարի եւ Տէրոջը դառնայ ու անիկա պիտի ողորմի անոր»։—Եսայեայ 55։6, 7
17. Որո՛ւ ծառայել ընտրելու համար, ինչո՞ւ կորսնցնելիք ժամանակ չկայ։
17 Կորսնցնելիք ժամանակ չկայ։ Այս հին դրութեան վերջը շա՜տ մօտ է։ Աստուծոյ Խօսքը կը խրատէ. «Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։ Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ ...։ Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։—Ա. Յովհաննու 2։15–17
18. Ո՞ր քայլերը կարելի պիտի դարձնեն որ դուք վստահութեամբ ակնկալէք Աստուծոյ հոյակապ նոր աշխարհին մէջ ապրիլ։
18 Աստուծոյ ծառաները հիմակուընէ կը մարզուին նոր աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանքի համար։ Անոնք դրախտ մը մշակելու համար հարկ եղող հոգեւոր եւ ուրիշ հմտութիւններ կը սորվին։ Ձեզ կը քաջալերենք, որ Աստուած ընտրէք որպէս Իշխան եւ թիկունք կանգնիք այն կենարար գործունէութեան զոր Ան ներկայիս կատարել կու տայ համայն երկրի վրայ։ Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեցէք եւ ճանչցէք Աստուած որ իրապէս կը հոգայ ձեզի եւ որ վերջ մը պիտի դնէ տառապանքին։ Այս կերպով, դուք ալ կրնաք նոր աշխարհին հիմին մէկ մասը դառնալ։ Ապա կրնաք վստահութեամբ ակնկալել Աստուծոյ հաճութիւնը ձեռք ձգել եւ այդ հոյակապ նոր աշխարհին մէջ յաւիտեան ապրիլ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 31]
Եհովայի Վկաները միջազգային իրական եղբայրակցութիւն մը կը վայելեն
[Նկար՝ էջ 32]
Աստուծոյ նոր աշխարհին հիմը հիմակուընէ կը կազմուի