Տառապանքէ զերծ երկիր մը
Մաս 2
Տառապանքէ զերծ երկիր մը
1, 2. Շատեր ի՞նչ տարբեր հայեցակէտ մը ունին։
ՍԱԿԱՅՆ, համայն աշխարհի մէջ, միլիոնաւոր անհատներ ամբողջովին տարբեր հայեցակէտ մը ունին։ Անոնք հոյակապ ապագայ մը կը նախատեսեն մարդկութեան համար։ Անոնք կ’ըսեն որ հոս՝ երկրին վրայ՝ շուտով չարութենէ եւ տառապանքէ ամբողջովին զերծ աշխարհ մը պիտի ըլլայ։ Անոնք վստահ են որ շուտով մէջտեղէն պիտի վերցուի ինչ որ գէշ է եւ պիտի հաստատուի բոլորովին նոր աշխարհ մը։ Անոնք նոյնիսկ կ’ըսեն որ այս նոր աշխարհին հիմը հիմակուընէ իսկ կը նետուի։
2 Այս անհատները կը հաւատան որ նոր աշխարհը պատերազմէ, անգութ բռնութենէ, ոճիրէ, անիրաւութենէ եւ աղքատութենէ զերծ պիտի ըլլայ։ Անիկա առանց հիւանդութեան, առանց վշտի, առանց արցունքի եւ նոյնիսկ առանց մահուան աշխարհ մը պիտի ըլլայ։ Այն ատեն, մարդիկ կատարելութեան պիտի հասնին եւ երկրային
դրախտի մը մէջ յաւիտեան ուրախ պիտի ապրին։ Այո, նոյնիսկ մեռելները պիտի յարուցանուին եւ յաւիտեան ապրելու պատեհութիւնը պիտի ունենան։3, 4. Այս անհատները ինչո՞ւ վստահ են իրենց հայեցակէտէն։
3 Ապագայի մասին այս հայեցակէտը պարզ երա՞զ մը, պարզ ի՞ղձ մըն է։ Ամենեւին։ Անիկա կը հիմնուի հաստատօրէն յենուած հաւատքի մը վրայ թէ այդ մօտալուտ Դրախտը անխուսափելի է։ (Եբրայեցիս 11։1) Անոնք ինչո՞ւ այսքան վստահ են։ Քանի որ տիեզերքին ամենակալ Ստեղծիչը խոստացած է զայն։
4 Աստուծոյ խոստումներուն նկատմամբ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան։ Անոնցմէ բնաւ խօսք մը գետին չինկաւ»։ «Աստուած մարդ չէ, որ սուտ խօսի ...։ Ինք ըսաւ ու պիտի չընէ՞, կամ ինք խօսեցաւ ու պիտի չգործադրէ՞»։ «Զօրքերու Տէրը երդում ըրաւ ու ըսաւ. ‘Ինչպէս ծրագրեցի, անշուշտ այնպէս պիտի ըլլայ ու ինչ որ որոշեցի, ա՛ն պիտի կատարուի’»։—Յեսուայ 23։14. Թուոց 23։19. Եսայեայ 14։24
5. Ո՞ր հարցումները պատասխանի կը կարօտին։
5 Սակայն, եթէ Աստուծոյ նպատակն էր տառապանքէ զերծ երկրային դրախտ մը հաստատել, ան ինչո՞ւ թոյլ տուաւ որ սկիզբէն գէշ բաներ պատահին։ Ան ինչո՞ւ վեց հազար տարի՝ մինչեւ հիմա՝ սպասած է ճշդելու համար ինչ որ սխալ է։ Կրնա՞յ ըլլալ որ այս բոլոր դարերու ընթացքին, տառապանքը կը նշէ թէ Աստուած իրապէս հոգ չի տանիր մեզի, կամ նոյնիսկ՝ թէ ան գոյութիւն չունի։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]