Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

2

Աստուծոյ անունը Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ

Աստուծոյ անունը Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ

Աստուածաշնչագէտներ կ’ընդունին, թէ քառագիրով ներկայացուած Աստուծոյ անձնական անունը (יהוה) գրեթէ 7000 անգամ կ’երեւնայ Եբրայերէն Գրութիւններու բնագրին մէջ։ Սակայն շատեր կը խորհին, թէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու բնագրին մէջ այդ անունը չ’երեւնար։ Այս պատճառով, Աստուածաշունչի արդի թարգմանութիւններուն մեծ մասը չի գործածեր «Եհովա» անունը «Նոր Կտակարան»ին մէջ։ Նոյնիսկ երբ կը թարգմանեն Եբրայերէն Գրութիւններէն մէջբերումներ, ուր քառագիրը կ’երեւնայ, թարգմանիչներուն մեծամասնութիւնը Աստուծոյ անձնական անունը կը փոխարինէ «Տէր» բառով։

Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը այս ընդհանրացած սովորութեան չի հետեւիր։ Անիկա Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ «Եհովա» անունը 237 անգամ կը գործածէ։ Այս որոշումին յանգելու համար, թարգմանիչները երկու կարեւոր ազդակ նկատի առին. 1) Ներկայիս մատչելի եղող յունարէն ձեռագիրները բնագիր ձեռագիրները չեն։ Այժմ գոյութիւն ունեցող հազարաւոր օրինակներուն մեծ մասը ընդօրինակուեցաւ բնագիրներու ամբողջացումէն առնուազն երկու դար ետք։ 2) Այդ ատեն, անոնք որոնք ձեռագիրները կ’ընդօրինակէին, քառագիրը կա՛մ փոխարինեցին յունարէն Գիրի·ոս բառով որ «Տէր» կը նշանակէ, կամ ալ ընդօրինակեցին ձեռագիրներէ՝ որոնց մէջ արդէն այդ բանը եղած էր։

Աստուածաշունչի նոր աշխարհի թարգմանութեան յանձնախումբը այն որոշումին յանգեցաւ, որ համոզիչ ապացոյցներ կան թէ քառագիրը նշուա՛ծ էր յունարէն ձեռագիրներու բնագրին մէջ։ Որոշումը կայացուեցաւ հետեւեալ ապացոյցներուն հիման վրայ.

  • Յիսուսի եւ իր առաքեալներու օրերուն գործածուած Եբրայերէն Գրութիւններու օրինակներուն մէջ, քառագիրը ամէն տեղ նշուած էր։ Անցեալին, ոմանք այս եզրակացութեան շուրջ վիճեցան։ Սակայն հիմա որ առաջին դարէն մնացած Եբրայերէն Գրութիւններու օրինակներ յայտնաբերուեցան Գումրանի մէջ, ամէն կասկած փարատեցաւ։

  • Յիսուսի եւ իր առաքեալներու օրերուն, քառագիրը գոյութիւն ունէր նաեւ Եբրայերէն Գրութիւններու այն ձեռագիրներուն մէջ, որոնք յունարէնի թարգմանուած էին։ Ուսումնականներ դարեր շարունակ կը խորհէին, թէ քառագիրը Եբրայերէն Գրութիւններու յունարէն Եօթանասնից թարգմանութեան ձեռագիրներուն մէջ չկար։ Սակայն 20–րդ դարու կիսուն, ուսումնականներ Յիսուսի օրերէն մնացած Եօթանասնից թարգմանութեան ձեռագիրներէն կարգ մը շատ հին պատառիկներ ուսումնասիրեցին։ Այդ պատառիկները կը բովանդակեն Աստուծոյ անձնական անունը, որ եբրայերէն տառերով գրուած է։ Ուստի, Յիսուսի օրերուն Աստուծոյ անունը նշուա՛ծ էր Եբրայերէն Գրութիւններու այն օրինակներուն մէջ, որոնք յունարէնի թարգմանուած էին։ Սակայն Ք.Ե. չորրորդ դարուն, յունարէն Եօթանասնից թարգմանութեան նշանաւոր ձեռագիրներ, ինչպէս՝ Վատիկանեան ձեռագիր մատեանը եւ Սինայական ձեռագիր մատեանը, արդէն չէին բովանդակեր Աստուծոյ անունը Ծննդոցէն մինչեւ Մաղաքիա գիրքերուն մէջ (այն տեղերը ուր անունը կար Եօթանասնիցի նախկին ձեռագիրներուն մէջ)։ Հետեւաբար, զարմանալի չէ որ այդ ժամանակաշրջանէն պահպանուած ձեռագիրները չնշեն Աստուծոյ անունը «Նոր Կտակարան»ին կամ Աստուածաշունչի Յունարէն Գրութիւններու բաժնին մէջ։

    Յիսուս յստակօրէն ըսաւ. «Ես իմ Հօրս անունովը եկայ»։ Ան նաեւ շեշտեց, թէ իր ‘Հօր անունովը կը գործէր’

  • Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները ինքնին կը վկայեն, թէ Յիսուս յաճախ Աստուծոյ անուան ակնարկեց եւ զայն ուրիշներուն ճանչցուց (Յովհաննէս 17։6, 11, 12, 26)։ Յիսուս յստակօրէն ըսաւ. «Ես իմ Հօրս անունովը եկայ»։ Ան նաեւ շեշտեց, թէ իր ‘Հօր անունովը կը գործէր’ (Յովհաննէս 5։43. 10։25

  • Եբրայերէն Գրութիւններուն պէս, Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններն ալ Աստուծմէ ներշնչուած են եւ Աստուծոյ Խօսքին մէկ մասը կը կազմեն։ Ուստի տրամաբանական չէ որ Եհովայի անունը յանկարծ անհետանայ քրիստոնէական գրութենէն։ Շուրջ Ք.Ե. առաջին դարու կիսուն, Յակոբոս աշակերտ Երուսաղէմի երէցներուն ըսաւ. «Շմաւոն պատմեց թէ Աստուած ի՛նչպէս առաջ այցելութիւն ըրաւ, որպէս զի հեթանոսներէն ժողովուրդ մը առնէ իր անուանը համար» (Գործք 15։14)։ Տրամաբանական պիտի չըլլար որ Յակոբոս այդպիսի խօսք մը ըսէր, եթէ առաջին դարուն ո՛չ ոք Աստուծոյ անունը գիտցած կամ գործածած ըլլար։

  • Աստուծոյ անունը իր կրճատուած ձեւով կ’երեւնայ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ։ Յայտնութիւն 19։1, 3, 4, 6–ի մէջ, Աստուծոյ անունը կը գտնուի «Ալէլուիա» բառին մէջ, որ յառաջ եկած է եբրայերէն արտայայտութենէ մը, որ բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «Գովաբանեցէ՛ք Եահը»։ «Եահ» բառը Եհովա անուան կրճատումն է։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու մէջ նշուած բազմաթիւ անուններ իրենց իմաստին մէջ կը կրեն Աստուծոյ անունը։ Իրականութեան մէջ, աշխատասիրութիւններ կը բացատրեն թէ Յիսուսի անունը կը նշանակէ՝ «Եհովան փրկութիւն է»։

  • Վաղեմի հրէական գրութիւններ ցոյց կու տան, թէ հրեայ քրիստոնեաները գործածեցի՛ն Աստուծոյ անունը քրիստոնէական գրութիւններուն մէջ։ Թոսեֆթա–ն բերանացի օրէնքներու գրաւոր հաւաքածոյ մըն է, որ ամբողջացաւ շուրջ Ք.Ե. 300 թուականին։ Շաբաթ օրով քրիստոնէական գրութիւններու այրուելուն առնչութեամբ, անիկա կ’ըսէ թէ հրեաները կ’այրէին Աւետարանիչներուն [այսինքն՝ Յիսուսի մասին գրող քրիստոնեաներուն] եւ մինիմ–ի [հաւանաբար քրիստոնեայ դարձած հրեաներուն] գիրքերը, եւ նոյնիսկ այն մասերը ուր Աստուծոյ անունը նշուած էր։ Սոյն աղբիւրը կը մէջբերէ Ք.Ե. երկրորդ դարու սկիզբը ապրած ռաբբի Եոսէ գալիլիացիի խօսքերը, որ կ’ըսէ թէ շաբթուան միւս օրերուն, «անհատը [հրեայ մը] կտրելով կը վերցնէ աստուածային անուան ակնարկութիւնները, որոնք ատոնց [այսինքն՝ քրիստոնէական գրութիւններուն] մէջ են, զանոնք տեղ մը կը պահէ, իսկ մնացեալը կ’այրէ»։

  • Կարգ մը աստուածաշնչագէտներ կ’ընդունին, թէ հաւանական է որ Աստուծոյ անունը երեւցած ըլլար Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու այն մասերուն մէջ, ուր Եբրայերէն Գրութիւններէն մէջբերումներ կային։ «Քառագիրը Նոր Կտակարանին մէջ» խորագրին ներքեւ, Աստուածաշունչի բառարան մը կը նշէ. «Որոշ ապացոյց կայ, թէ երբ Նոր Կտակարանը առաջին անգամ գրուեցաւ, քառագիրը՝ աստուածային անունը՝ Եահուէ, երեւցաւ Հին Կտակարանէն մէջբերուած որոշ կամ բոլոր մասերուն մէջ» (The Anchor Bible Dictionary)։ Ուսումնական Ճորճ Հաուըրտ կ’ըսէ. «Որովհետեւ քառատառը տակաւին կը գրուէր առաջին դարու քրիստոնեաներուն Սուրբ Գրութիւնները կազմող Յունարէն Աստուածաշունչին [Եօթանասնից–ի] օրինակներուն մէջ, տրամաբանական է հաւատալ, թէ Նոր Կտակարանը գրի առնողները Սուրբ Գրութիւններէն մէջբերումներ ընելու ատեն, պահեցի՛ն քառատառը»։

  • Աստուածաշունչի յայտնի թարգմանիչներ գործածա՛ծ են Աստուծոյ անունը Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ։ Այս թարգմանիչներէն ոմանք այս մէկը ըրին Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը հրատարակուելէն շա՜տ առաջ։ Օրինակ՝ A Literal Translation of the New Testament . . . From the Text of the Vatican Manuscript, Հերման Հայնֆեթըրի կողմէ (1863). The Emphatic Diaglott, Պէնճէմին Ուիլսընի կողմէ (1864). The Epistles of Paul in Modern English, Ճորճ Պարգըր Սթիվընզի կողմէ (1898). St. Paul’s Epistle to the Romans, Ու. Կ. Ռատըրֆորտի կողմէ (1900). The New Testament Letters, Լոնտոնի եպիսկոպոս՝ Ճ.Ու.Չ. Ուանտի կողմէ (1946)։ Ասկէ զատ, 20–րդ դարու սկիզբը, սպաներէն թարգմանութեան մը մէջ, թարգմանիչ Փապլօ Պեսսոն գործածեց «Jehová» բառը Ղուկաս 2։15–ին եւ Յուդա 14–ին մէջ. եւ իր թարգմանութեան մէջ աւելի քան 100 ստորանիշներ կան, որոնց մէջ ան Աստուծոյ անունը կը նշէ։ Այս թարգմանութիւններէն շա՜տ առաջ, 16–րդ դարէն ի վեր, Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու եբրայերէն թարգմանութիւններ բազմաթիւ տեղեր գործածեցին քառագիրը։ Միայն գերմաներէն լեզուին մէջ, առնուազն 11 թարգմանութիւններ «Եհովա» (կամ Եահուէ) անունը կը նշեն Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, իսկ չորս թարգմանիչներ ալ Աստուծոյ անունը կ’աւելցնեն «Տէր» բառէն ետք՝ փակագիծերու մէջ։ Գերմաներէն լեզուով, աւելի քան 70 թարգմանութիւններ Աստուծոյ անունը կը գործածեն ստորանիշներու եւ բացատրութիւններու մէջ։ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ՝ ծանօթագրութիւններով թարգմանութիւնը (2001) «Եհովա» անունը 5 անգամ կը նշէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու ստորանիշներուն մէջ։ Իսկ Նոր աշխարհաբար թարգմանութիւն–ը (1996), դարձեալ արեւմտահայերէնով, Աստուծոյ անունը կը գործածէ Յայտնութիւն 19։1–ի ստորանիշին մէջ։

    Աստուծոյ անունը Գործք 2։34–ի մէջ, The Emphatic Diaglott Պէնճէմին Ուիլսընի կողմէ (1864)

  • Աւելի քան հարիւր լեզուներով, Աստուածաշունչի թարգմանութիւնները կը բովանդակեն Աստուծոյ անունը Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ։ Ափրիկեան, բնիկ ամերիկեան, ասիական, եւրոպական եւ Խաղաղական կղզիներու բազմաթիւ լեզուներ ազատօրէն կը գործածեն Աստուծոյ անունը (տե՛ս ցանկը էջ 12 եւ 13–ի վրայ)։ Այս հրատարակութիւններու թարգմանիչները որոշեցին Աստուծոյ անունը գործածել վերոնշեալ կէտերուն նման պատճառներու համար։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու այս թարգմանութիւններէն ոմանք վերջերս լոյս տեսած են, ինչպէս՝ ռոթումերէն Աստուածաշունչը (1999), որ 48 համարներու մէջ 51 անգամ «Jihova» գործածած է, եւ Ինտոնեզիայէն պադաք (թոպա) թարգմանութիւնը (1989), որ 110 անգամ կը գործածէ «Jahowa» անունը։

    Աստուծոյ անունը Մարկոս 12։29, 30–ի մէջ, հաուայեան լեզուով թարգմանութեան մը մէջ

Անկասկած, յստակ հիմ մը կայ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ Աստուծոյ «Եհովա» անունը իր տեղերը վերադարձնելու։ Եւ Նոր աշխարհի թարգմանութեան թարգմանիչները ճիշդ այս մէկը ըրած են։ Անոնք խորապէս կը յարգեն Աստուծոյ անունը եւ այդ պատճառաւ չեն ջնջած որեւէ բան որ կ’երեւէր բնագրին մէջ (Յայտնութիւն 22։18, 19