4Ա
Յիսուսի երկրային կեանքին գլխաւոր դէպքերը. Մինչեւ Յիսուսի ծառայութեան սկիզբը
Չորս Աւետարանները՝ ժամանակագրական կարգով
Հետեւեալ ցուցակները ունին համապատասխան քարտէսներ, որոնք Յիսուսի ճամբորդութիւններն ու քարոզչական շրջապտոյտները ցոյց կու տան։ Քարտէսներուն վրայի սլաքները չեն ներկայացներ ճիշդ այն ճամբաները՝ որոնցմով ան ճամբորդեց, հապա պարզապէս ուղղութիւնը ցոյց կու տան։ Նշմար՝ «շ.» տառը «շուրջ» բառին կրճատումն է։
Մինչեւ Յիսուսի ծառայութեան սկիզբը
ԺԱՄԱՆԱԿ |
ՎԱՅՐ |
ԴԷՊՔ |
ՄԱՏԹԷՈՍ |
ՄԱՐԿՈՍ |
ՂՈՒԿԱՍ |
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ |
---|---|---|---|---|---|---|
Ք.Ա. 3 |
Երուսաղէմ, տաճար |
Գաբրիէլ հրեշտակը Զաքարիային կը մարգարէանայ Յովհաննէս Մկրտիչին ծնունդը |
||||
շ. Ք.Ա. 2 |
Նազարէթ. Հրէաստան |
Գաբրիէլ հրեշտակը Մարիամին կը մարգարէանայ Յիսուսին ծնունդը. Մարիամ իր ազգականին՝ Եղիսաբէթին կ’այցելէ |
||||
Ք.Ա. 2 |
Հրէաստանի լեռնակողմը |
Յովհաննէս Մկրտիչ կը ծնի եւ կ’անուանուի. Զաքարիա կը մարգարէանայ. Յովհաննէս անապատին մէջ պիտի մնայ |
||||
Ք.Ա. 2, շ. հոկտ. 1 |
Բեթլեհէմ |
Յիսուս կը ծնի. «Բանը մարմին եղաւ» |
||||
Բեթլեհէմի մօտ. Բեթլեհէմ |
Հրեշտակ մը աւետիս կու տայ հովիւներուն. հրեշտակները Աստուած կը փառաբանեն. հովիւները նորածինին կ’այցելեն |
|||||
Բեթլեհէմ. Երուսաղէմ |
Յիսուս կը թլփատուի (8–րդ օրը). իր ծնողները զինք տաճար կը տանին (40–րդ օրէն ետք) |
|||||
Ք.Ա. 1 կամ Ք.Ե. 1 |
Երուսաղէմ. Բեթլեհէմ. Եգիպտոս. Նազարէթ |
Աստղաբաշխներ կ’այցելեն. ընտանիքը Եգիպտոս կը փախչի. Հերովդէս արու մանուկներ կը սպաննէ. Եգիպտոսէն կը վերադառնան եւ Նազարէթի մէջ կը հաստատուին |
||||
Ք.Ե. 12, Պասեք |
Երուսաղէմ |
Տասներկու տարեկան Յիսուս տաճարին մէջ հարցումներ կ’ուղղէ ուսուցիչներուն |
||||
Նազարէթ |
Նազարէթ կը վերադառնայ. կը շարունակէ ծնողքին հպատակիլ. ատաղձագործութիւն կը սորվի. Մարիամ չորս որդիներ ալ կ’ունենայ, նաեւ՝ աղջիկներ (Մատ. 13։55, 56. Մար. 6։3) |
|||||
29, գարուն |
Անապատ, Յորդանան գետ |
Յովհաննէս Մկրտիչ իր քարոզչութեան կը ձեռնարկէ |