Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

5

Աստուածաշունչին պատգամը

Աստուածաշունչին պատգամը

Եհովա Աստուած իշխելու իրաւունք ունի։ Իր իշխելու կերպը լաւագոյնն է։ Երկրի եւ մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակը պիտի կատարուի։

Ք.Ա. 4026–էն ետք

«Օձը» Եհովայի իշխելու իրաւունքն ու կերպը հարցականի տակ կը դնէ։ Եհովան կը խոստանայ մէջտեղ բերել «սերունդ» մը, որ ի վերջոյ պիտի ջախջախէ օձը՝ Սատանան (Ծննդոց 3։1-5, 15)։ Սակայն, Եհովան մարդոց ժամանակ կու տայ որ օձին ազդեցութեան ներքեւ ինքզինքնին կառավարեն։

Ք.Ա. 1943

Եհովան Աբրահամին կ’ըսէ թէ խոստացուած «սերունդը» իր շառաւիղէն պիտի գայ (Ծննդոց 22։18

Ք.Ա. 1070–էն ետք

Եհովան կը վստահեցնէ Դաւիթ թագաւորը եւ յետագային՝ անոր տղան Սողոմոնը, թէ խոստացուած «սերունդը» իրենց շառաւիղէն պիտի գայ (Բ. Թագաւորաց 7։12, 16. Գ. Թագաւորաց 9։3-5. Եսայի 9։6, 7

Ք.Ե. 29

Եհովան ցոյց կու տայ թէ խոստացուած «սերունդը» Յիսուսն է, Դաւիթի գահաժառանգը (Գաղատացիս 3։16. Ղուկաս 1։31-33. 3։21, 22

Ք.Ե. 33

Օձը՝ Սատանան, խոստացուած «սերունդ»ին գարշապարը կը խայթէ՝ Յիսուսը սպաննել տալով։ Եհովան Յիսուսը երկնային կեանքի համար կը յարուցանէ եւ կ’ընդունի Յիսուսի կատարեալ կեանքին արժէքը, այսպէս՝ մեղքեր ներելու եւ Ադամի զարմին յաւիտենական կեանք տալու հիմ մը հայթայթելով (Ծննդոց 3։15. Գործք 2։32-36. Ա. Կորնթացիս 15։21, 22

Շուրջ Ք.Ե. 1914

Յիսուս երկնքէն վար կը ձգէ օձը՝ Սատանան, զինք քիչ ժամանակ մը երկրի շրջակայքը արգելափակելով (Յայտնութիւն 12։7-9, 12

Ապագայ

Յիսուս 1000 տարի կը բանտարկէ Սատանան եւ ապա կը կործանէ զինք, այլաբանօրէն անոր գլուխը ջախջախելով։ Երկրին եւ մարդկութեան նկատմամբ Եհովայի սկզբնական նպատակը կը կատարուի, իր անունը ամէն նախատինքէ կը մաքրուի եւ իր իշխելու կերպը կը ջատագովուի (Յայտնութիւն 20։1-3, 9. 21։3, 4