Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած ի՛նչու կը թոյլատրէ տառապանքը

Աստուած ի՛նչու կը թոյլատրէ տառապանքը

Գլուխ 8

Աստուած ի՛նչու կը թոյլատրէ տառապանքը

1, 2. Մարդկային տառապանքին դիմաց ընդհանրապէս մարդիկ ինչպէ՞ս կ’ընդառաջեն։

ԵՐԲ աղէտներ հարուածեն, կործանելով սեփականութիւններ եւ խլելով կեանքեր, շատեր չեն հասկնար թէ ի՛նչու այսպիսի սարսափելի բաներ կը պատահին։ Ուրիշներ կը խռովին ոճիրի ու բռնութեան համատարած, անգութ եւ անզուսպ ըլլալը տեսնելով։ Դուք ալ հարց տուած ըլլալու էք թէ Աստուած ի՛նչու կը թոյլատրէ տառապանքը։

2 Քանի որ շատեր գոհացուցիչ պատասխան մը չեն գտած այս հարցումին, Աստուծոյ հանդէպ իրենց հաւատքը կորսնցուցած են, խորհելով որ ան հետաքրքրուած չէ մարդոցմով։ Ուրիշներ, որոնք ընդունած են տառապանքը որպէս կեանքի իրողութիւն մը, մարդկային ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող չարութեան համար դառնանալով՝ Աստուած մեղադրած են։ Եթէ դուք ալ այսպիսի զգացումներ ունեցած էք, անկասկած հետաքրքրուած պիտի ըլլաք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ այս նիւթին շուրջ։

ՏԱՌԱՊԱՆՔԻՆ ՊԱՏՃԱՌԸ ԱՍՏՈՒԱԾ ՉԷ

3, 4. Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ չարութիւնը եւ տառապանքը Եհովայէն չեն գար։

3 Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ որ Եհովա Աստուած չէ մեր շուրջը գտնուող տառապանքին պատճառը։ Օրինակի համար, Քրիստոնեայ աշակերտ Յակոբոս գրեց. «Չըլլայ թէ մէկը, որ փորձութեան մէջ է, ըսէ. Աստուծմէ կը փորձուիմ. վասնզի Աստուած չար բաներով չփորձուիր, ո՛չ ալ ինք մէկը կը փորձէ»։ (Յակոբու 1։13) Ուրեմն, մարդկութիւնը հարուածող աղէտներուն ու նեղութիւններուն պատճառը Աստուած չի կրնար ըլլալ։ Ան փորձութիւններ չի բերեր մարդոց վրայ, զանոնք երկնային կեանքի պատրաստելու համար, ոչ ալ մարդիկը կը պատժէ իրենց նախկին կեանքին մէջ կատարած կարծեցեալ մեղքերուն համար։—Հռովմայեցիս 6։7

4 Ասկէ զատ, հակառակ որ շատ մը սարսափելի բաներ Աստուծոյ եւ Քրիստոսի անունով կատարուած են, Աստուածաշունչին մէջ որեւէ թելադրութիւն չկայ թէ այդպիսի արարքներ անոնց հաւանութեամբ եղած են։ Աստուած կամ Քրիստոս որեւէ առնչութիւն չունին ամէն անոնց հետ, որոնք կը դաւանին իրենց ծառայել, սակայն խաբեբայ, դրամաշորթ, մարդասպան ու կողոպտիչ են եւ շատ բաներ կ’ընեն, մարդոց տառապանքին նպաստելով։ Իրականութեան մէջ, «Տէրը ամբարշտին ճամբայէն կը զզուի»։ Աստուած «ամբարշտէն հեռու է»։—Առակաց 15։9, 29

5. Եհովայի կարգ մը յատկութիւնները որո՞նք են եւ ան ի՛նչ կը զգայ իր արարածներուն հանդէպ։

5 Սուրբ Գիրքը Եհովան կը նկարագրէ որպէս «բարեգութ եւ ողորմած»։ (Յակոբու 5։11) Անիկա կ’ըսէ որ Եհովա «կը սիրէ իրաւունքը»։ (Սաղմոս 37։28. Եսայեայ 61։8) Ան ոխակալ չէ։ Ան իր բոլոր արարածներուն կարիքները կարեկցութեամբ կը հոգայ, անոնց բարօրութեան համար լաւագոյնը հայթայթելով։ (Գործք 14։16, 17) Եհովա այսպէս վարուած է, երկրի վրայ կեանքը գոյութիւն ունենալէն ի վեր։

ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՍԿԻԶԲ ՄԸ

6. Կարգ մը աւանդավէպեր ի՞նչ ակնարկումներ ըրած են մարդկային պատմութեան սկիզբին մասին։

6 Բոլորս ալ վարժ ենք ցաւ ու տառապանք տեսնելու եւ զգալու։ Ուստի, թերեւս դժուար ըլլայ երեւակայել որ ժամանակ մը պիտի գայ երբ տառապանք պիտի չըլլայ։ Բայց մարդկային պատմութեան սկզբնական շրջանին կեանքը այդպէս էր։ Նոյնիսկ կարգ մը ազգերու աւանդավէպեր այդպիսի ուրախ սկզբնաւորութեան մը կ’ակնարկեն։ Յունական դիցաբանութեան մէջ մարդուն սկզբնական «հինգ դարեր»ու առաջինը՝ Ոսկեդար կոչուած էր։ Անոր մէջ մարդիկ ուրախ կեանք մը ապրած էին, ծանր աշխատանքէ, ցաւէ ու յառաջացած տարիքի աւերներէ զերծ։ Չինացիները կ’ըսեն որ դիցաբանական Դեղին Կայսրին (Հուանկ–Թի) իշխանութեան ներքեւ, մարդիկ խաղաղութեան մէջ կ’ապրէին, նոյնիսկ երկրի տարերքներուն եւ գազաններուն հետ համերաշխութիւն վայելելով։ Պարսիկները, Եգիպտացիները, Թիպէդցիները, Բերուցիները եւ Մեքսիկացիները, բոլորն ալ աւանդավէպեր ունին, որոնք կը խօսին մարդկային պատմութեան սկիզբի ուրախութեան եւ կատարելութեան ժամանակի մը մասին։

7. Աստուած ինչո՞ւ ստեղծեց երկիրը ու մարդկութիւնը։

7 Ազգերու դիցաբանութիւնները պարզապէս մարդկային պատմութեան ամենահին արձանագրութեան՝ այսինքն, Աստուածաշունչին՝ արձագանգն են։ Անիկա կը տեղեկագրէ թէ Աստուած մարդկային առաջին զոյգը՝ Ադամն ու Եւան՝ զետեղած էր Դրախտի մը մէջ, որ Եդեմի պարտէզ կը կոչուէր, եւ անոնց պատուիրած էր. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք»։ (Ծննդոց 1։28) Մեր առաջին ծնողքը կատարելութիւն կը վայելէր եւ ամբողջ երկիրը դրախտի մը վերածելու ակնկալութիւնը ունէր, բնակուած՝ մարդկային կատարեալ ընտանիքով, ուր մնայուն խաղաղութեան եւ ուրախութեան մէջ պիտի ապրէին։ Ա՛յս էր Աստուծոյ նպատակը, երբ ան ստեղծեց երկիրն ու մարդկային ցեղը։—Եսայեայ 45։18

ՉԱՐԱՄԻՏ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ ՄԸ

8. Ադամէ ու Եւայէ կ’ակնկալուէր որ ո՞ր պատուէրին հնազանդէին, բայց ի՛նչ պատահեցաւ։

8 Աստուծոյ հաճութեան մէջ մնալու համար, Ադամն ու Եւան պէտք էր զգուշանային «բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն» ուտելէ։ (Ծննդոց 2։16, 17) Եթէ անոնք հնազանդած ըլլային Եհովայի օրէնքին, մարդկային կեանքը խանգարող տառապանքներ պիտի չըլլային։ Աստուծոյ օրէնքին հնազանդելով, անոնք Եհովայի հանդէպ իրենց սէրն ու հաւատարմութիւնը ցոյց տուած պիտի ըլլային։ (Ա. Յովհաննու 5։3) Բայց ինչպէս 6–րդ գլուխին մէջ սորվեցանք, իրերը այդ կերպով չընթացան։ Սատանայէն դրդուած, Եւան կերաւ այդ ծառին պտուղէն, ետքը, Ադամն ալ անոր միացաւ։

9. Եհովայի նկատմամբ Սատանան ի՞նչ հարց յարուց։

9 Այս դէպքին լրջութիւնը կը նկատէ՞ք։ Սատանան յարձակում գործեց որպէս Բարձրեալ Եհովայի դիրքին վրայ։ «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք» ըսելով, Բանսարկուն Աստուծոյ՝ «Անշուշտ պիտի մեռնիք»՝ խօսքին հակասեց։ Սատանայի յաջորդ խօսքերը այն գաղափարը կու տային որ Եհովա զիրենք տգէտ կը պահէր Աստուծոյ նման ըլլալու, ուրիշ խօսքով, բարին ու չարը որոշելու համար իրեն պէտք չունենալու, կարելիութենէ մը։ Սատանայի այս մարտահրաւէրը հարցի տակ դրաւ, Եհովայի տիեզերական Գերիշխանութեան իրաւունքն ու վաւերականութիւնը։—Ծննդոց 2։17. 3։1–6

10. Սատանայ ծածկաբար ի՞նչ բաներ վերագրեց մարդոց։

10 Բանսարկու Սատանան ծածկաբար հասկցուց որ մարդիկ Եհովայի հնազանդ կը մնան ա՛յնքան ատեն որ անկէ օգուտ մը կը քաղեն։ Ուրիշ խօսքով, ան մարդոց ուղղամտութիւնը հարցի տակ դրաւ։ Սատանան առարկեց որ ո՛չ մէկ անհատ իր յօժար կամքով Աստուծոյ հաւատարիմ պիտի մնար։ Սատանայի այս չարամիտ դաւանութիւնը յստակօրէն կը տեսնուի Աստուածաշունչի Յոբի պատմութենէն, որ Եհովայի հաւատարիմ ծառայ մըն էր եւ մեծ փորձութեան ենթարկուեցաւ, Հ.Դ.Ա. 1600–էն առաջ։ Երբ Յոբայ գրքին առաջին երկու գլուխները կարդաք, մարդկային տառապանքին եւ անոր թոյլատուութեան պատճառը կը հասկնաք։

11. Յոբ ի՞նչպիսի մէկն էր, բայց Սատանան ի՛նչ ամբաստանութիւններ ըրաւ։

11 Յոբ՝ «կատարեալ եւ արդար մարդ մը», Սատանայի յարձակումներուն ենթարկուեցաւ։ Նախ, Սատանան սխալ շարժառիթներ վերագրեց Յոբի, սա հարցը յարուցանելով. «Միթէ Յոբ ձրի՞ Աստուած կը պաշտէ»։ Յետոյ Բանսարկուն խորամանկօրէն Աստուած ու Յոբը զրպարտեց, առարկելով որ Եհովա Յոբի հաւատարմութիւնը գնած էր, փոխարէն անոր տալով իր պաշտպանութիւնը եւ օրհնութիւնը։ Սատանան մարտահրաւէր կարդաց Եհովայի, ըսելով. «Հիմա ձեռքդ երկնցուր ու անոր ամէն ունեցածին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ»։—Յոբայ 1։8–11

12. (ա) Աստուած Յոբի փորձութիւնը թոյլատրելով ո՞ր հարցումներուն պատասխան պիտի հայթայթուէր։ (բ) Յոբի փորձութեան արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

12 Արդեօք Յոբ Եհովայի կը ծառայէր պարզապէս Անկէ ստանալիք բարիքներո՞ւն համար։ Փորձի ներքեւ, Յոբ իր ուղղամտութիւնը պիտի պահէ՞ր։ Իսկ Եհովա բաւարար վստահութիւն ունէ՞ր իր ծառային վրայ, որ թոյլատրէր այսպիսի փորձութիւն մը։ Այս հարցումները պատասխան պիտի ստանային, եթէ Եհովա թոյլ տար որ Սատանայ Յոբի վրայ բերէր դառնագոյն փորձութիւններ։ Աստուծոյ կողմէ թոյլատրուած փորձութեանց ներքեւ Յոբի հաւատարիմ ընթացքը՝ որու մասին գրուած է Յոբայ գրքին մէջ՝ կատարելապէս ջատագովեց Եհովայի արդարութիւնը եւ մարդուն ուղղամտութիւնը։—Յոբայ 42։1, 2, 12

13. Եդեմի մէջ ու Յոբի պատահած բաները ի՞նչ կերպով մեզ ալ կընդգրկեն։

13 Սակայն Եդեմի պարտէզին եւ Յոբի պատահած անցուդարձերը աւելի խոր իմաստ մը կը կրէին։ Սատանայի յարուցած հարցերը ամբողջ մարդկութիւնը կընդգրկէր, մէջը ըլլալով մեզ։ Աստուծոյ անունը չարախօսուեցաւ եւ անոր գերիշխանութեան ասպարէզ կարդացուեցաւ։ Աստուծոյ արարածին՝ մարդուն՝ ուղղամտութիւնը հարցի տակ դրուեցաւ։ Այս հարցերը լուծումի կը կարօտէին։

ՀԱՐՑԻՆ ԼՈՒԾՈՒՄԸ

14. Երբ չարամիտ մարտահրաւէրի մը դիմաց գտնուի, ամբաստանուած անհատը ի՞նչ կրնայ ընել։

14 Օրինակ մը տանք։ Ըսենք որ դուք բազմաթիւ զաւակներ ունեցող սիրալիր ծնող մըն էք եւ ուրախ ընտանիք մը ունիք։ Ենթադրենք որ ձեր դրացիներէն մէկը սուտեր տարածէ, ամբաստանելով որ դուք գէշ ծնող մըն էք։ Ի՞նչ պիտի ընէիք, եթէ ձեր դրացին ըսէր որ ձեր զաւակները ձեզ չեն սիրեր, թէ անոնք ձեր հետ կը մնան միմիայն անոր համար որ ուրիշ աւելի լաւ ընտրութիւն մը չունին եւ թէ ձեզ կը լքեն ու կը մեկնին եթէ մէկը իրենց ճամբայ մը ցոյց տայ։ Յի՛մարութիւն է, պիտի ըսէիք։ Բայց ինչպէ՞ս պիտի փաստէիք։ Կարգ մը ծնողներ կրնան ցասումով պատասխանել։ Այսպիսի վայրագ ընդառաջում ոչ միայն յաւելեալ խնդիրներ պիտի յարուցանէր, այլ նաեւ, խօսուած սուտին նեցուկ պիտի կանգնէր։ Այսպիսի խնդրի մը հետ վարուելու լաւագոյն կերպը պիտի ըլլար առիթ տալ որ ամբաստանողը իր դաւանութիւնը ապացուցանէ, իսկ ձեր զաւակներն ալ վկայեն որ անկեղծօրէն կը սիրեն ձեզ։

15. Եհովա նախընտրեց ի՞նչպէս պատասխանել Սատանայի մարտահրաւէրին։

15 Եհովա սիրալիր ծնողի մը պէս է։ Ադամն ու Եւան կարելի է նմանցնել զաւակներուն, իսկ Սատանային կը յարմարի ստախօս դրացիին դերը։ Աստուած իմաստուն վարուելով անմիջապէս չկործանեց Սատանան, նաեւ Ադամն ու Եւան, այլ, թոյլ տուաւ որ այդ յանցագործները շարունակեն ապրիլ որոշ ժամանակ մը։ Ասիկա մեր առաջին ծնողքին առիթ տուաւ որ մարդկային ընտանիքին սկիզբ մը տան, իսկ Բանսարկուին պատեհութիւն տուաւ որ իր դաւանութեան շիտակ ըլլալը փաստէ, որպէսզի այս հարցը վերջնական լուծում մը գտնէր։ Սկիզբէն իսկ սակայն, Աստուած գիտցաւ որ կարգ մը մարդիկ իրեն հաւատարիմ պիտի մնային եւ այսպիսով պիտի փաստէին որ Սատանան ստախօս մըն էր։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ Եհովա շարունակած է զինք սիրողները օրհնել եւ անոնց օգնել։—Բ. Մնացորդաց 16։9. Առակաց 15։3

Ի՞ՆՉ ՓԱՍՏՈՒԱԾ Է

16. Աշխարհ ի՞նչպէս Սատանայի իշխանութեան տակ եկած է։

16 Գրեթէ մարդկային ամբողջ պատմութեան ընթացքին, Սատանան մարդկութեան վրայ տիրելու իր ծրագիրները իրագործելու ամբողջական ազատութիւն վայելած է։ Ի միջի այլոց, ան քաղաքական ուժերու վրայ ազդեցութիւն բանեցուցած եւ կրօնքներ մէջտեղ բերած է, որոնք խորամանկօրէն ուղղակի զինք կը պաշտեն, փոխանակ Եհովայի։ Այս կերպով Բանսարկուն «այս աշխարհի աստուածը» եղած է եւ ան կոչուած է «այս աշխարհին իշխանը»։ (Բ. Կորնթացիս 4։4. Յովհաննու 12։31) Արդարեւ, «ամբողջ աշխարհ չարին իշխանութեան տակ է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19, ՆԱ) Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Սատանան ամբողջ մարդկութիւնը Եհովա Աստուծմէ հեռացնելու իր դաւանութիւնը փաստած է։ Վստահաբար ո՛չ։ Սատանային թոյլ տալով որ գոյատեւէ, Եհովա իր բուն նպատակը յառաջ մղած է։ Արդ, Աստուածաշունչը ի՞նչ կը յայտնէ Աստուծոյ կողմէ տառապանքի թոյլատրութեան մասին։

17. Չարութեան եւ տառապանքին մասին ի՞նչ պէտք չէ մոռնանք։

17 Չարութեան եւ տառապանքին պատճառը Եհովան չէ։ Քանի որ այս աշխարհի իշխանը եւ իրերու այս դրութեան աստուածը Սատանան է, ինք եւ իր համակիրներն են մարդկային ընկերութեան ներկայ վիճակին եւ մարդոց կրած բոլոր թշուառութիւններուն պատասխանատուները։ Ո՛չ մէկը իրաւունք ունի ըսելու որ Աստուած է այս բոլոր դժուարութիւններուն պատճառը։—Հռովմայեցիս 9։14

18. Եհովա չարութիւնը եւ տառապանքը թոյլատրելով, Իրմէ անկախ ըլլալու գաղափարին նկատմամբ ի՞նչ փաստած է։

18 Չարութիւնը եւ տառապանքը թոյլատրելով, Եհովա փաստած է որ Աստուծմէ անկախ ըլլալը աւելի լաւ աշխարհ մը չի բերեր։ Անժխտելիօրէն, պատմութիւնը աղէտներու անընդհատ շարունակութիւն մըն է։ Ասոր պատճառը այդ է որ մարդիկ անկախ ընթացքի մը հետեւած են եւ Աստուծոյ Խօսքին կամ կամքին հանդէպ ոչ մէկ նկատառութիւն ունեցած են։ Երբ Եհովայի վաղեմի ժողովուրդը եւ իրենց անհաւատարիմ առաջնորդները «իրենց ընթացքին դարձան» Աստուծոյ խօսքը մերժելով, հետեւանքը աղիտալի եղաւ։ Իր Երեմիա մարգարէին միջոցով Աստուած անոնց ըսաւ. «Իմաստունները ամչցան, անոնք զարհուրեցան ու բռնուեցան, ահա Տէրոջը խօսքը անարգեցին, ալ անոնց քով ի՞նչ իմաստութիւն կը մնայ»։ (Երեմեայ 8։5, 6, 9) Եհովայի չափանիշներուն չհետեւելով, ընդհանուր մարդկութիւնը, փոթորկալից ծովու մը վրայ նետուած անղեկ նաւու մը նման եղաւ։

19. Ի՞նչ փաստ կայ որ Սատանան չի կրնար ամբողջ մարդկութիւնը Աստուծմէ հեռացնել։

19 Չարութիւնը եւ տառապանքը թոյլատրելով, Եհովա նաեւ փաստած է որ Սատանան չի կրնար ամբողջ մարդկութիւնը Իրմէ հեռացնել։ Պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ միշտ եղած են անհատներ, որոնք Աստուծոյ հաւատարիմ մնացած են, իրենց վրայ եկած որեւէ փորձութեան կամ հակառակութեան դիմաց։ Դարերու ընթացքին, Եհովա իր ծառաներուն ի նպաստ իր զօրութիւնը ցուցաբերած է եւ իր անունը համայն երկրի վրայ ծանուցանուած է։ (Ելից 9։16. Ա. Թագաւորաց 12։22) Եբրայեցիս 11–րդ գլուխը մեզի կու տայ հաւատարիմներու երկար ցանկ մը, որու մէջ կան Աբէլը, Ենովքը, Նոյը, Աբրահամը եւ Մովսէսը։ Եբրայեցիս 12։1–ը զիրենք կը կոչէ «վկաներու բազմութիւն մը»։ Անոնք Եհովայի հանդէպ անսասան հաւատք ունեցող տիպարներ էին։ Արդի ժամանակներուն ալ, շատեր իրենց կեանքի գնով Աստուծոյ հանդէպ անբեկանելի ուղղամտութիւն մը ցոյց տուած են։ Իրենց հաւատքով եւ սիրով, այսպիսի անհատներ անժխտելիօրէն փաստած են որ Սատանան չի կրնար ամբողջ մարդկութիւնը Աստուծոյ դէմ հանել։

20. Եհովա թոյլատրելով որ չարութիւնն ու տառապանքը շարունակուի, իրեն եւ մարդկութեան նկատմամբ ի՞նչ փաստած է։

20 Վերջապէս, թոյլատրելով որ չարութիւնն ու տառապանքը շարունակուի, Եհովա փաստած է որ միայն Ինք՝ Ստեղծիչը՝ կարողութիւնը եւ իրաւունքը ունի մարդոց վրայ տիրելու, անոնց յաւիտենական օրհնութեան եւ ուրախութեան համար։ Դարեր շարունակ, մարդիկ տարբեր տեսակի կառավարութիւններ փորձած են։ Բայց ի՞նչ արդիւնքով։ Ներկայ ազգերուն դիմագրաւած բարդ խնդիրներն ու տագնապները յստակօրէն կ’ապացուցանեն որ արդարեւ, ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ, «մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար»։ (Ժողովողի 8։9) Միայն Եհովա կրնայ օգնութեան փութալ մեզի եւ իր սկզբնական նպատակը իրագործել։ Ասիկա ի՞նչպէս եւ ե՞րբ պիտի ընէ։

21. Սատանայի ի՞նչ պիտի պատահի եւ ասիկա ո՞վ պիտի իրագործէ։

21 Ադամ ու Եւա Սատանայի խորամանկ ծրագիրներուն զոհ երթալէ անմիջապէս ետք, Աստուած փրկութեան շուրջ իր նպատակը յայտնեց։ Եհովա Սատանայի մասին հետեւեալը ըսաւ. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։ (Ծննդոց 3։15) Այդ խօսքը երաշխիք մըն էր որ Բանսարկուն յաւիտեան իր չար արարքները շարունակելու արտօնութիւն պիտի չունենար։ Որպէս Մեսիական Թագաւորը, Խոստացեալ Սերունդը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ պիտի խորտակէ Սատանային գլուխը։ Այո, «շուտով» Յիսուս պիտի ջախջախէ ըմբոստ Սատանան։—Հռովմայեցիս 16։20

Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԷՔ

22. (ա) Ո՞ր հարցերը պէտք է դիմագրաւէք։ (բ) Թէեւ Սատանան իր բարկութիւնը կը թափէ Աստուծոյ հաւատարիմ եղողներուն վրայ, սակայն անոնք ի՞նչ բանէ կրնան վստահ ըլլալ։

22 Ասոր մէջ պարփակուած հարցերը գիտնալով, որո՞ւ կողմը դիրք պիտի բռնէք։ Ձեր արարքներով պիտի փաստէ՞ք որ Եհովայի հաւատարիմ համակիր մըն էք։ Քանի որ Սատանան գիտէ իր ժամանակին կարճ ըլլալը, ամէն բան պիտի ընէ որ իր բարկութիւնը թափէ Աստուծոյ հանդէպ իրենց ուղղամտութիւնը պահողներուն վրայ։ (Յայտնութիւն 12։12) Բայց օգնութեան համար Աստուծոյ կրնաք դիմել, քանի որ Եհովան «գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել»։ (Բ. Պետրոս 2։9) Ան թոյլ պիտի չտայ որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, իսկ ազատութեան միջոց մը պիտի տայ, որպէսզի կարող ըլլաք փորձութիւններու համբերել»։—Ա. Կորնթացիս 10։13

23. Ի՞նչ բան կրնանք վստահութեամբ ակնկալել։

23 Վստահութեամբ առաջ նայինք, այն ժամանակին՝ երբ Թագաւոր Յիսուս Քրիստոս գործի պիտի լծուի Սատանայի եւ անոր բոլոր հետեւորդներուն դէմ։ (Յայտնութիւն 20։1–3) Յիսուս մէջտեղէն պիտի վերցնէ մարդկութեան կրած բոլոր վայերուն եւ նեղութիւններուն պատասխանատուները։ Մինչ այդ, սիրելիի մը կորուստը շատ մեծ վիշտ կը պատճառէ։ Յաջորդ գլուխը կարդացէք, գիտնալու համար թէ ի՛նչ կը պատահի անոնց։

ՁԵՐ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈՐՁԵՑԷՔ

Ինչպէ՞ս գիտենք թէ մարդկային տառապանքին պատճառը Եհովան չէ։

Եդեմի մէջ Սատանան ի՞նչ հարցեր յարուց, որոնք աւելի յստակ եղան Յոբի օրերուն։

Տառապանքը թոյլատրելով, Աստուած ի՞նչ փաստած է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]