Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած որո՛ւ պաշտամունքը կ’ընդունի

Աստուած որո՛ւ պաշտամունքը կ’ընդունի

Գլուխ 5

Աստուած որո՛ւ պաշտամունքը կընդունի 

1. Սամարացի կին մը պաշտամունքի մասին ի՞նչ ուզեց գիտնալ։

ԴՈՒՔ ՁԵԶԻ բնաւ հարց տուա՞ծ էք թէ Աստուած որո՞ւ պաշտամունքը կ’ընդունի։ Կին մը այս հարցումը իր մտքին մէջ ունեցած ըլլալու էր, երբ կը խօսէր Յիսուս Քրիստոսի հետ, Սամարիոյ Գարիզին Լերան մօտերը։ Սամարացիներուն եւ Հրեաներուն պաշտամունքին միջեւ եղող տարբերութեան ուշադրութիւն հրաւիրելով, ան ըսաւ. «Մեր հայրերը այս լերան վրայ երկրպագութիւն ըրին. բայց դուք կ’ըսէք որ Միայն Երուսաղէմ է տեղը, ուր պէտք է երկրպագութիւն ընել»։ (Յովհաննու 4։20) Արդեօք Յիսուս Սամարացի կնկան ըսա՞ւ որ Աստուած բոլոր պաշտամունքներն ալ կ’ընդունի, թէ ոչ նշեց որ Աստուած հաճեցնելու համար մասնայատուկ բաներ պահանջուած են։

2. Յիսուս Սամարացի կնկան պատասխանելով ի՞նչ ըսաւ։

2 Յիսուս հետեւեալ ապշեցուցիչ պատասխանը տուաւ. «Ժամանակ պիտի գայ, երբ ո՛չ այս լերան վրայ եւ ո՛չ Երուսաղէմի մէջ երկրպագութիւն պիտի ընէք Հօրը»։ (Յովհաննու 4։21) Սամարացիները երկար ժամանակ Եհովան եւ ուրիշ աստուածներ պաշտած էին Գարիզին լերան վրայ։ (Դ. Թագաւորաց 17։33) Արդ Յիսուս կ’ըսէ որ ո՛չ այդ լեռը եւ ոչ ալ Երուսաղէմը կարեւորութիւն պիտի ունենար ճշմարիտ պաշտամունքին համար։

ՀՈԳԻՈՎ ՈՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՈՎ ԵՐԿՐՊԱԳՈՒԹԻՒՆ ԸՆԵԼ

3. (ա) Ինչո՞ւ Սամարացիները Աստուած ի՛րապէս չէին ճանչնար։ (բ) Հաւատարիմ Հրեաներ եւ ուրիշներ ինչպէ՞ս կրնային Աստուած ճանչնալ։

3 Յիսուս Սամարացի կնոջ շարունակեց ըսել. «Դուք անոր երկրպագութիւն կ’ընէք, զոր չէք ճանչնար. մենք անոր երկրպագութիւն կ’ընենք զոր կը ճանչնանք. վասնզի փրկութիւնը Հրեաներէն է»։ (Յովհաննու 4։22) Սամարացիները կրօնական սխալ գաղափարներ ունէին եւ Աստուածաշունչի առաջին հինգ գրքերը միայն կընդունէին որպէս Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած. եւ ասիկա միմիայն իրենց գրութիւններուն մէջ, որ կը կոչուէր Սամարական Հնգամատեան։ Հետեւաբար, անոնք Աստուած իրապէս չէին ճանչնար։ Բայց, Հրեաներուն վստահուած էր սուրբ գրութիւններուն գիտութիւնը։ (Հռովմայեցիս 3։1, 2) Սուրբ Գրութիւնները թէ՛ Հրեաներուն եւ թէ մտիկ ընել փափաքող ոեւէ անհատի, Աստուած ճանչնալու համար հարկ եղած տեղեկութիւնը տուած էր։

4. Ըստ Յիսուսի, թէ՛ Սամարացիները եւ թէ Հրեաները ի՛նչ պէտք էր ընէին, որպէսզի իրենց պաշտամունքը Աստուծոյ հաճելի ըլլար։

4 Արդարեւ, Յիսուս ցոյց տուաւ որ թէ՛ Հրեաները եւ թէ Սամարացիները Աստուծոյ հաճելի ըլլալու համար, իրենց պաշտամունքի կերպը պէտք էր բարեճշդէին։ Ան ըսաւ. «Բայց ժամանակ պիտի գայ ու հիմա ալ է, երբ ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով, վասնզի Հայրն ալ իրեն այնպիսի երկրպագողներ կ’ուզէ։ Աստուած հոգի է եւ իրեն երկրպագողներն ալ պէտք է որ հոգիով ու ճշմարտութիւնով երկրպագութիւն ընեն»։ (Յովհաննու 4։23, 24) Աստուած պէտք է պաշտենք «հոգիով»՝ հաւատքով ու սիրով լեցուն սրտէ մղուած։ Կարելի է Աստուած պաշտել «ճշմարտութիւնով», Իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ ուսումնասիրելով եւ իր յայտնած ճշմարտութեան համաձայն պաշտելով։ Ասիկա ընելու ցանկութիւնը ունի՞ք։

5. (ա) «պաշտել» ի՞նչ կը նշանակէ։ (բ) Ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ կ’ուզենք որ Աստուած ընդունի մեր պաշտամունքը։

5 Յիսուս շեշտեց որ Աստուած ճշմարիտ պաշտամունք կ’ուզէ։ Ասիկա ինքնին կը փաստէ որ պաշտամունքի կերպեր կան, որոնք Եհովայի ընդունելի չեն։ Աստուած պաշտել կը նշանակէ զինք պատուել եւ իրեն սրբազան ծառայութիւն մատուցանել։ Եթէ ուզէիք հզօր կառավարիչ մը պատուել, վստահաբար պիտի փափաքէիք բոլոր սրտով իրեն ծառայել եւ իրեն հաճելի եղածը ընել։ Հետեւաբար, մենք ալ կ’ուզենք Աստուած հաճեցնել։ Փոխանակ պարզապէս ըսելու, Իմ կրօնքս լաւ է ինծի համար, պէտք է վստահ ըլլանք որ մեր պաշտամունքը Աստուծոյ պահանջներուն համապատասխան է։

ՀՕՐԸ ԿԱՄՔԸ ԿԱՏԱՐԵԼ

6, 7. Յիսուս ինչո՞ւ իր աշակերտը ըլլալ դաւանողներէն ոմանց կը մերժէ։

6 Կարդանք Մատթէոս 7։21–23–ը եւ երեւան հանենք հիմնական կէտ մը, որ կ’որոշէ թէ բոլոր պաշտամունքները Աստուծոյ ընդունելի՞ են թէ ոչ։ «Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի Տէ՛ր, Տ՛էր, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ։ Շատերը այն օրը ինծի պիտի ըսեն. Տէ՛ր, Տէ՛ր, չէ՞ որ քու անունովդ մարգարէութիւն ըրինք եւ քու անունովդ դեւեր հանեցինք ու քու անունովդ շատ հրաշքներ ըրինք։ Այն ատեն յայտնապէս անոնց պիտի ըսեմ թէ ես բնաւ ձեզ չէի ճանչնար. մէկդի՛ գացէք քովէս դուք, որ անօրէնութիւն կը գործէիք»։

7 Ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ կենսական է Քրիստոսը ընդունիլ որպէս Տէր։ Բայց Յիսուսի աշակերտները ըլլալ դաւանողներէն շատերուն պաշտամունքին մէջ բան մը կար որ պակաս էր։ Ան ըսաւ որ ոմանք «շատ հրաշքներ»՝ ենթադրական բուժումներ՝ պիտի ընէին։ Բայց պիտի զլանային ընելու բան մը, որ ըստ Յիսուսի, կենսական էր։ Անոնք «[Իր] Հօրը կամքը» ընելու մէջ պիտի թերանային։ Եթէ կ’ուզենք Աստուած հաճեցնել, պէտք է գիտնանք թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը ու ապա ընենք զայն։

ՃՇԳՐԻՏ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

8. Աստուծոյ կամքը կատարելու համար, ի՞նչ պահանջուած է եւ ո՞ր սխալ տեսակէտէն պէտք է խուսափինք։

8 Աստուծոյ կամքը կատարելու համար, Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի մասին ճշգրիտ գիտութիւն կը պահանջուի։ Այս գիտութիւնը յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։ Հետեւաբար, բոլորս ալ լուրջի պէտք է առնենք Աստուծոյ Խօսքէն՝ Աստուածաշունչէն՝ ճշգրիտ գիտութիւն ստանալու հարցը։ Ոմանք կ’ըսեն որ մտահոգուելու պէտք չկայ, կը բաւէ որ անկեղծ եւ նախանձախնդիր ըլլանք մեր պաշտամունքին մէջ։ Ուրիշներ կ’ըսեն. Քիչ գիտես, քիչ պիտի պահանջուի քեզմէ։ Սակայն, Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին մեր գիտութիւնը աւելցնենք։—Եփեսացիս 4։13. Փիլիպպեցիս 1։9. Կողոսացիս 1։9

9. Ճշգրիտ գիտութիւնը ինչպէ՞ս կը պաշտպանէ մեզ եւ ինչո՞ւ այսպիսի պաշտպանութեան կարիքը ունինք։

9 Այսպիսի գիտութիւն մը մեր պաշտամունքը ապականուելէ կը պաշտպանէ։ Պօղոս առաքեալ խօսեցաւ հոգեղէն արարածի մը մասին որ կը ձեւացնէ «լուսաւոր հրեշտակ» մը ըլլալ։ (Բ. Կորնթացիս 11։14) Այսպէս ծպտուելով, այս հոգեղէն արարածը՝ Սատանան՝ կը փորձէ մեզ մոլորեցնել, որպէսզի Աստուծոյ կամքին հակառակ բաներ ընենք։ Սատանային ընկերակցող հոգեղէն արարածներն ալ ապականած են մարդոց պաշտամունքը, քանի որ Պօղոս կ’ըսէ. «Այն բաները որոնք հեթանոսները զոհ կ’ընեն, դեւերուն կը զոհեն ու ո՛չ թէ՝ Աստուծոյ»։ (Ա. Կորնթացիս 10։20) Հաւանաբար, շատեր խորհած են որ իրենց պաշտամունքի կերպը շիտակ է, բայց Աստուծոյ ուզածը չեն ըրած։ Անոնք պիղծ ու կեղծ պաշտամունքով մոլորած են։ Հետագային, Սատանային ու իր դեւերուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի ստանանք, բայց, Աստուծոյ այս թշնամիները մարդոց պաշտամունքը ի՛րապէս ապականած են։

10. Ի՞նչ պիտի ընէիք եթէ մէկը դիտումնաւոր կերպով ձեր ջուրի մթերքը թունաւորէր, իսկ Աստուծոյ ճշգրիտ գիտութիւնը մեզ ի՞նչ ընելու կը պատրաստէ։

10 Եթէ գիտնայիք որ մէկը ձեր ջուրի մթերքը գիտակցաբար թունաւորած է, պիտի շարունակէի՞ք անկէ խմել։ Վստահաբար, ապահով, մաքուր աղբիւր մը գտնելու համար հարկ եղած անմիջական քայլեր պիտի առնէիք։ Ուստի, Աստուծոյ Խօսքին ճշգրիտ գիտութիւնը մեզ կը պատրաստէ, որպէսզի ճշմարիտ կրօնքը բնորոշենք եւ մերժենք այն պղծութիւնները, որոնք մեր պաշտամունքը անընդունելի կը դարձնեն Աստուծոյ։

ՄԱՐԴՈՑ ՊԱՏՈՒԻՐԱԾ ԲԱՆԵՐԸ ԻԲՐԵՒ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

11. Պաշտամունքի մէջ, շատ մը Հրեաներու սխալը ի՞նչ էր։

11 Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, բազմաթիւ Հրեաներ Աստուծոյ գիտութեան համաձայն չէին վարուեր։ Հետեւաբար, անոնք Եհովայի առջեւ մաքուր կեցուածք մը ունենալու պատեհութիւնը կորսնցուցին։ Անոնց նկատմամբ Պօղոս գրեց. «Ես կը վկայեմ անոնց համար թէ Աստուծոյ համար նախանձախնդիրներ են, թէեւ ո՛չ թէ գիտակցաբար»։ (Հռովմայեցիս 10։2) Անոնք փոխանակ մտիկ ընելու ինչ որ Աստուած կ’ըսէր, իրենք իրենց կ’որոշէին թէ ինչպիսի պաշտամունք պիտի մատուցանէին։

12. Ի՞նչ բան ապականեց Իսրայէլի պաշտամունքը եւ ի՞նչ հետեւանքով։

12 Իսրայելացիները սկիզբը աստուածատուր մաքուր պաշտամունք կը գործադրէին, բայց անիկա մարդկային ուսուցումներով եւ փիլիսոփայութիւններով աղաւաղուեցաւ։ (Երեմեայ 8։8, 9. Մաղաքեայ 2։8, 9. Ղուկաս 11։52) Թէեւ Փարիսեցիներ կոչուող Հրեայ կրօնական առաջնորդները խորհեցան որ իրենց պաշտամունքը Աստուծոյ ընդունելի էր, բայց Յիսուս անոնց ըսաւ. «Աղէկ մարգարէութիւն ըրաւ Եսայի ձեզի՝ կեղծաւորներուդ համար, ինչպէս գրուած է. Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած զատուած է ինծմէ ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն, մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով»։—Մարկոս 7։6, 7

13. Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ մենք ալ Փարիսեցիներուն նման վարուինք։

13 Կրնա՞յ ըլլալ որ մենք ալ Փարիսեցիներուն նման վարուինք։ Կարելի է, եթէ մեզի փոխանցուած կրօնական աւանդութիւններուն հետեւինք, փոխանակ քննելու թէ Աստուած ի՛նչ ըսած է պաշտամունքի մասին։ Ճիշդ այս վտանգին դէմ մեզ զգուշացնելով, Պօղոս ըսաւ. «Հոգին յայտնի կ’ըսէ թէ՝ վերջին ատենները մէկ քանիները հաւատքէն պիտի ապստամբին եւ մոլորեցուցիչ ոգիներու ու դեւերու ուսմունքներու ուշադրութիւն պիտի ընեն»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։1) Ուստի, բաւարար չէ պարզապէս ենթադրել որ մեր պաշտամունքը հաճելի է Աստուծոյ։ Յիսուսի հանդիպած Սամարացի կնոջ նման, թերեւս մեր պաշտամունքը ժառանգած ենք մեր ծնողներէն։ Բայց պէտք է վստահ ըլլանք թէ ինչ որ կ’ընենք՝ Աստուծոյ հաճելի է։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՆԵՂԱՑՆԵԼԷ ԶԳՈՒՇԱՆԱՆՔ

14, 15. Նոյնիսկ երբ Աստուծոյ կամքին մասին որոշ գիտութիւն ունինք, ինչո՞ւ պէտք է զգոյշ ըլլանք։

14 Եթէ զգոյշ չըլլանք, կրնանք բան մը ընել որ Աստուծոյ ընդունելի չըլլայ։ Օրինակի համար, Յովհաննէս առաքեալ հրեշտակի մը ոտքերուն ինկաւ, «անոր երկրպագութիւն» ընելու համար։ Բայց հրեշտակը զգուշացուց զինք. «Զգուշացի՛ր, մի՛ ըներ. վասնզի ես ալ քու ծառայակիցդ եմ ու քու եղբայրներուդ՝ որոնք Յիսուսին վկաներն էին։ Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրէ»։ (Յայտնութիւն 19։10) Ուստի, կարիքը կը տեսնէ՞ք քննելու որ ձեր պաշտամունքն ալ որեւէ կռապաշտութեամբ վարակուած չըլլայ։—Ա. Կորնթացիս 10։14

15 Երբ կարգ մը Քրիստոնեաներ սկսան կրօնական սովորութիւններու հետեւիլ, որոնք Աստուծոյ հաճելի չէին, Պօղոս հարցուց. «Ի՞նչպէս նորէն կը դառնաք այն տկար ու չքաւոր սկզբունքներուն, որոնց նորէն ծառայութիւն կ’ուզէք ընել։ Օրերը կը զանազանէք ու ամիսները եւ ժամանակները ու տարիները։ Կը վախնամ թէ գուցէ պարապ տեղ ձեր վրայ աշխատած եմ»։ (Գաղատացիս 4։8–11) Այդ անհատները Աստուծոյ գիտութիւնը ստացած էին, բայց հետագային Եհովայի ընդունելի չեղող կրօնական սովորութիւններով եւ տօներով մոլորեցան։ Ինչպէս Պօղոս կ’ըսէ, պէտք է քննենք թէ ի՛նչ է Տէրոջը հաճելի։—Եփեսացիս 5։10

16. Յովհաննու 17։16–ը եւ Ա. Պետրոս 4։3–ը ինչպէ՞ս կ’օգնեն մեզի որոշելու թէ կարգ մը տօներ եւ սովորութիւններ Աստուծոյ հաճելի են թէ ոչ։

16 Պէտք է վստահ ըլլանք որ Աստուծոյ սկզբունքները ոտնակոխող կրօնական տօներէն եւ այլ սովորութիւններէն կը խուսափինք։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21) Օրինակ, Յիսուս իր հետեւորդներուն մասին ըսաւ. «Անոնք աշխարհէն չեն՝ ինչպէս ես աշխարհէն չեմ»։ (Յովհաննու 17։16) Ձեր կրօնքը կարգ մը արարողութիւններու եւ տօնակատարութիւններու կը մասնակցի՞, որոնք այս աշխարհի գործերուն հանդէպ չէզոք մնալու սկզբունքը կը ոտնակոխեն։ Կամ ձեր կրօնքին պատկանողները երբեմն Պետրոս առաքեալի կողմէ նկարագրուած սովորութիւններուն կամ տօներուն միջամուխ ըլլալով նոյնպէս կը վարուի՞ն։ Ան գրեց. «Հերի՛ք է մեզի կեանքի անցեալ ժամանակը, որուն մէջ հեթանոսներուն կամքը կատարեցինք ու գիջութիւններով, գինեմոլութիւններով, անառակութիւններով եւ արբեցութիւններով ու անօրէն կռապաշտութիւններով վարուեցանք»։—Ա. Պետրոս 4։3

17. Ինչո՞ւ աշխարհի հոգին արտացոլացնող որեւէ բանէ պէտք է խուսափինք։

17 Յովհաննէս առաքեալ կարիքը կը տեսնէ շեշտելու որ մեր շուրջ գտնուող ամբարիշտ աշխարհի հոգին ցոլացնող որեւէ սովորութենէ խուսափինք։ Յովհաննէս կը գրէ. «Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։ Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ. քանզի ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է։ Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։ (Յովհաննու 2։15–17) Նկատի առի՞ք թէ «ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։ Այո, եթէ Աստուծոյ կամքը կատարենք եւ այս աշխարհի հոգին արտացոլացնող գործունէութիւններէն խուսափինք, կրնանք յաւիտենական կեանքի յոյսը սնուցանել։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐՁՐ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐԸ ՊԱՀԵՑԷՔ

18. Կարգ մը Քրիստոնեաներ վարքի մասին ինչպի՞սի սխալ գաղափար մը ունէին եւ ասկէ ի՛նչ պէտք է սորվինք։

18 Աստուած կ’ուզէ որ զինք պաշտողները իր բարոյական բարձր չափանիշներուն ենթարկուին։ Վաղեմի Կորնթոսի մէջ ոմանք սխալ կերպով խորհեցան որ Աստուած իրենց վարքին պիտի հանդուրժէր։ Երբ կարդանք Ա. Կորնթացիս 6։9 եւ 10–ն, կը տեսնենք թէ անոնք որքա՜ն սխալեցան։ Եթէ Աստուած ընդունելի կերպով պիտի պաշտենք, մեր խօսքերով եւ արարքներով պէտք է զինք հաճեցնենք։ Ձեր պաշտամունքի կերպը ասիկա ընելու կը նպաստէ՞։—Մատթէոս 15։8. 23։1–3

19. Մաքուր պաշտամունքը ուրիշներուն հետ մեր վերաբերմունքին ինչպէ՞ս կ’ազդէ։

19 Ուրիշներու հետ մեր վերաբերմունքն ալ պէտք է արտացոլացնէ Աստուծոյ չափանիշները։ Յիսուս Քրիստոս մեզ քաջալերեց որ ուրիշներուն հետ վարուինք ա՛յնպէս ինչպէս պիտի ուզէինք որ անոնք վարուէին մեր հետ։ (Մատթէոս 7։12) Նկատի առէք նաեւ ինչ որ ան ըսաւ եղբայրական սիրոյ մասին. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ (Յովհաննու 13։35) Յիսուսի աշակերտները իրար պէտք է սիրեն եւ իրենց հաւատակիցներուն եւ ուրիշներուն բարիք ընեն։—Գաղատացիս 6։10

ՍՐՏԱՆՑ ՊԱՇՏԵՑԷՔ

20, 21. (ա) Աստուած ինչպի՞սի պաշտամունք կը պահանջէ։ (բ) Եհովա ինչո՞ւ մերժեց Իսրայէլի պաշտամունքը Մաղաքիայի օրերուն։

20 Թերեւս ձեր սրտին մէջ կը փափաքիք ընդունելի կերպով Աստուած պաշտել։ Եթէ այդ է պարագան, պաշտամունքի շուրջ Եհովայի տեսակէտը պէտք է ունենաք։ Յակոբոս աշակերտ շեշտեց որ կարեւորը Աստուծոյ տեսակէտն է, ո՛չ թէ՝ մերը։ Ան ըսաւ. «Աստուծոյ՝ մեր Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւնը այս է. որբերուն ու որբեւարիներուն այցելել նեղութեան ատենը ու անձը անարատ պահել աշխարհէն»։ (Յակոբու 1։17) Աստուած հաճեցնելու փափաքով, ամէն մէկս պէտք է քննենք մեր պաշտամունքը, վստահ ըլլալու համար որ անիկա անբարեպաշտ սովորութիւններով վարակուած չէ, կամ Իրեն աչքին կենսական եղող բան մը չենք անտեսեր։—Յակոբու 1։26

21 Միմիայն մաքուր, սրտանց պաշտամունքն է որ հաճելի է Եհովայի։ (Մատթէոս 22։37. Կողոսացիս 3։23) Երբ Իսրայէլ ազգը Աստուծոյ այսպիսի պաշտամունք տալու մէջ թերացաւ, Ան ըսաւ. «Տղան՝ իր հօրը, ծառան՝ իր տիրոջը պատիւ կ’ընէ. Եթէ ես հայր եմ, իմ պատիւս ո՞ւր է, եթէ տէր եմ, իմ վախս ո՞ւր է»։ Անոնք Աստուած կը նեղացնէին անոր կոյր, կաղ կամ հիւանդոտ անասուններ զոհելով, որոնք ան մերժեց։ (Մաղաքեայ 1։6–8) Եհովա պաշտամունքի ամենամաքուր ձեւին արժանի է եւ ան միմիայն բացարձակ պաշտամունք կ’ընդունի։—Ելից 20։5. Առակաց 3։9. Յայտնութիւն 4։10

22. Եթէ կ’ուզենք որ Աստուած ընդունի մեր պաշտամունքը, ի՛նչ բանէ պէտք է խուսափինք եւ ի՛նչ պիտի ընենք։

22 Սամարացի կինը, որ Յիսուսի հետ խօսեցաւ, ակներեւաբար Աստուած ընդունելի կերպով պաշտելով հետաքրքրուած էր։ Եթէ մեր փափաքն ալ այդ է, ամէն տեսակ ապականիչ ուսուցումներէ եւ սովորութիւններէ պէտք է խուսափինք։ (Բ. Կորնթացիս 6։14–18) Փոխարէն, Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւն ունենալու եւ իր կամքը կատարելու համար ջանք պէտք է թափենք։ Ընդունելի պաշտամունք կատարելու համար իր պահանջներուն սերտօրէն պէտք է կառչինք։ (Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4) Եհովայի Վկաները կը ջանան ճիշդ ասիկա ընել եւ ձեզ ջերմագին կը յորդորեն որ իրենց միանաք, Աստուած պաշտելու «հոգիով ու ճշմարտութիւնով»։ (Յովհաննու 4։24) Յիսուս ըսաւ. «Հայրն ալ իրեն այնպիսի երկրպագողներ կ’ուզէ»։ (Յովհաննու 4։23) Կը յուսանք որ դուք այսպիսի անհատ մըն էք։ Այդ Սամարացի կնոջ նման, անկասկած դուք ալ կ’ուզէք յաւիտենական կեանք ունենալ։ (Յովհաննու 4։13–15) Բայց կը տեսնէք որ մարդիկ կը ծերանան ու կը մեռնին։ Յաջորդ գլուխը պիտի տայ անոր պատճառը։

ՁԵՐ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈՐՁԵՑԷՔ

Ինչպէս ցոյց տրուած է Յովհաննու 4։23, 24–ի մէջ, Աստուած ինչպի՞սի պաշտամունք կ’ընդունի։

Ինչպէ՞ս կրնանք որոշել թէ Աստուած որոշ սովորութիւններու կը հաճի թէ ոչ։

Ընդունելի պաշտամունքի համար կարգ մը պահանջները որո՞նք են։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 44]