Աստուած պատուող ընտանիք մը կերտել
Գլուխ 15
Աստուած պատուող ընտանիք մը կերտել
1-3. Ինչո՞ւ ոմանք ամուսնական եւ ծնողական խնդիրները չեն կրնար լուծել, բայց Աստուածաշունչը ինչո՛ւ կրնայ օգնել։
ԵՆԹԱԴՐԵՆՔ որ ձեր անձնական տունը պիտի շինէք։ Նախ հողը կը գնէք։ Մեծ ակնկալութեամբ, ձեր մտքի աչքերով արդէն կը տեսնէք ձեր նոր տունը։ Բայց եթէ գործիքներ եւ շինարարական հմտութիւններ չունիք, ձեր ջանքերը որքա՜ն ապարդիւն պիտի ըլլան։
2 Շատ մը ամոլներ ամուսնութեան կը ձեռնարկեն ուրախ ընտանիք մը կազմելու երազով, բայց ասոր համար ո՛չ գործիքներ ունին եւ ոչ ալ՝ հմտութիւններ։ Ամուսնութեան օրուընէ քիչ ետք, բացասական վարմունքներ ի յայտ կու գան. կռիւներ ու վէճեր առօրեայ կեանքին մէկ մասը կը դառնան։ Երբ երախաներ աշխարհ գան, նոր ծնող եղող հայրն ու մայրը կը նկատեն որ ծնողական հմտութիւններ ալ չունին։
3 Բարեբախտաբար, սակայն, Աստուածաշունչը մեզի կրնայ օգնել։ Անոր սկզբունքները գործիքներու պէս են, որոնք կարելի կը դարձնեն որ դուք ուրախ ընտանիք մը կերտէք։ (Առակաց 24։3) Տեսնենք թէ ի՛նչպէս։
ՈՒՐԱԽ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԵՐՏԵԼՈՒ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐ
4. Ինչո՞ւ կրնանք ակնկալել որ ամուսնութեան մէջ խնդիրներ ըլլան եւ Աստուածաշունչին մէջ ի՞նչ չափանիշներ տրուած են։
4 Ամուսնացած զոյգ մը ո՛րքան ալ իրարու յարմար թուին, անոնք իրարմէ տարբեր են զգացական կառոյցով, իրենց մանկական փորձառութիւններով եւ ընտանեկան ծագումով։ Հետեւաբար, ամուսնութենէ ետք, կարգ մը խնդիրներ պէտք
է ակնկալել։ Անոնք ինչպէ՞ս ձեռք պիտի առնուին։ Լաւ, երբ շինարարներ տուն կը կառուցանեն, անոնք յատակագծին կը նային։ Հոն տրուած են հետեւելիք քայլերը։ Ուրախ ընտանիք մը կերտելու համար ալ Աստուածաշունչը իր չափանիշները ունի։ Անոնցմէ քանի մը հատը նկատի առնենք։5. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը շեշտէ ամուսնութեան մէջ հաւատարմութեան կարեւորութիւնը։
5 Հաւատարմութիւն։ Յիսուս ըսաւ. «Զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ»։ * (Մատթէոս 19։6) Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է. բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները»։ (Եբրայեցիս 13։4) Հետեւաբար, ամուսնացած անհատներ իրենց կողակիցին հաւատարիմ մնալը Եհովայի հանդէպ պարտաւորութիւն պէտք է նկատեն։—Ծննդոց 39։7–9
6. Հաւատարմութիւնը ինչպէ՞ս կը պահպանէ ամուսնութիւն մը։
6 Հաւատարմութիւնը ամուսնութիւնը պատուական կը դարձնէ եւ ապահովութիւն կու տայ։ Հաւատարիմ ամոլներ գիտեն որ ի՛նչ ալ պատահի, իրարու թիկունք պիտի կանգնին։ (Ժողովողի 4։9–12) Ի՜նչ տարբեր անոնցմէ, որոնք առաջին չնչին խնդրէն իսկ ձեռք կը քաշեն իրենց ամուսնութենէն։ Այսպիսի անհատներ շուտով կ’եզրակացնեն որ ‘սխալ կողակից ընտրած են’, թէ ‘այլեւս իրար չեն սիրեր’ եւ թէ լուծումը՝ նոր կողակից մը գտնելն է։ Բայց այսպիսի տրամաբանութիւն մը կողակիցներուն պատեհութիւն չի տար որ հասուննան։ Ընդհակառակը, այսպիսի անհաւատարիմ անհատ մը նոյն խնդիրները պիտի տանի ուրիշ կողակիցի մը։ Երբ անհատ մը լաւ տուն մը ունի, բայց նկատէ որ տանիքէն ջուր կը կաթի, անշուշտ կը փորձէ զայն նորոգել եւ ոչ թէ շուտով ուրիշ տուն մը կը փոխադրուի։ Նմանապէս, կողակից փոխելը, ամուսնական անհամաձայնութիւնները լուծելու կերպ մը չէ։ Երբ խնդիրներ ծագին, ամուսնութեան վերջ դնելու մի՛ նայիք, այլ ծանր աշխատեցէք՝ զայն պահպանելու համար։ Այսպիսի հաւատարմութիւն ունեցող անհատը, ամուսնական միութիւնը կը նկատէ որպէս պահպանուելու, պաշտպանուելու եւ գուրգուրալու արժանի բան մը։
7. Ամուսնացած անհատներուն համար յաճախ ինչո՞ւ դժուար է հաղորդակցիլ, սակայն «նոր անձնաւորութիւնը» հագնիլը ինչպէ՛ս կ’օգնէ։
7 Հաղորդակցութիւն։ «Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին, բայց խորհրդատուներու շատութիւնովը կը հաստատուին»։ (Առակաց 15։22) Բայց, կարգ մը ամուսնացած զոյգեր դժուարութիւն ունին հաղորդակցելու։ Ինչո՞ւ արդեօք։ Քանի որ ամէն անհատ հաղորդակցելու իր կերպը ունի։ Յաճախ ասիկա լուրջ անհասկացողութիւններու եւ յուսախաբութիւններու կ’առաջնորդէ։ Անհատի մը մեծցած կերպն ալ կրնայ իր դերը խաղալ։ Օրինակի համար, ոմանք մեծցած են միշտ իրենց ծնողներուն վիճաբանիլը տեսնելով։ Հիմա որ չափահաս ու ամուսնացած են, չեն գիտեր իրենց կողակիցին հետ խօսիլ ազնիւ եւ սիրալիր կերպով։ Այսուհանդերձ, պայման չէ որ ձեր տունը «կռիւ»ի տուն դառնայ։ (Առակաց 17։1) Աստուածաշունչը կը յորդորէ որ «նոր մարդը» հագնինք, ուր դառնութեան, աղաղակի եւ անհամեստ խօսքերու տեղ չկայ։—Եփեսացիս 4։22–24, 31
8. Երբ ձեր կողակիցին հետ համաձայն չէք, ի՞նչ բանը կրնայ օգտակար ըլլալ։
8 Երբ անհամաձայնութիւններ ըլլան, ի՞նչ կրնաք ընել։ Եթէ ձայները սկսին բարձրանալ, Առակաց 17։14–ի խրատին հետեւեցէք. «Վէճը չբռնկած ետ քաշուէ»։ Այո, խօսակցութիւնը առկախեցէք մինչեւ որ երկուքդ ալ հանդարտիք։ (Ժողովողի 3։1, 7) Ամէն պարագայի, ջանացէք ‘արագ ըլլալ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ ծանր՝ բարկանալու մէջ’։ (Յակոբու 1։19) Ձեր նպատակը պէտք է ըլլայ վիճակը շտկել եւ ոչ թէ առարկութիւնը շահիլ։ (Ծննդոց 13։8, 9) Այնպիսի բառեր եւ խօսելու այնպիսի կերպ մը ընտրեցէք որ ձեզ ու ձեր կողակիցը հանդարտեցնէ։ (Առակաց 12։18. 15։1, 4. 29։11) Ամենէն կարեւորը, բարկացած վիճակի մէջ մի՛ մնաք, այլ, խոնարհութեամբ միասնաբար աղօթելով, Աստուծմէ օգնութիւն խնդրեցէք։—Եփեսացիս 4։26, 27. 6։18
9. Ինչո՞ւ կարելի է ըսել որ հաղորդակցութիւնը սրտէն կը սկսի։
9 Սուրբ գրային առակ մը կ’ըսէ. «Իմաստունին սիրտը իր բերնին իմաստութիւն կու տայ ու իր շրթունքներուն գիտութիւնը կ’աւելցնէ»։ (Առակաց 16։23) Ուստի, յաջող հաղորդակցութեան բանալին, սրտին մէջն է եւ ոչ թէ՝ բերնին։ Ձեր կողակիցին հանդէպ ի՞նչ է ձեր կեցուածքը։ Աստուածաշունչը կը քաջալերէ Քրիստոնեաները որ «կարեկից» ըլլան։ (Ա. Պետրոս 3։8) Արդ, կրնա՞ք կարեկից ըլլալ, երբ ձեր կողակիցը մտատանջութիւն մը ունի։ Եթէ այո, այդ պարագային պիտի գիտնաք ինչպէ՛ս պատասխանել։—Եսայեայ 50։4
10, 11. Ամուսին մը ինչպէ՞ս կրնայ Ա. Պետրոս 3։7–ի խրատը կիրարկել։
10 Պատիւ ու Յարգանք։ Քրիստոնեայ ամուսիններու ըսուած է որ իրենց կիներուն հետ ապրին «խոհեմութիւնով ... տկար անօթի պէս յարգելով կիները»։ (Ա. Պետրոս 3։7) Կինը յարգել կը պարփակէ անոր արժանիքներուն գիտակցիլ։ Ամուսին մը որ իր կնոջ հետ «խոհեմութիւնով» կ’ապրի, անոր զգացումներուն, կարողութեան, խելացութեան եւ պատուարժանութեան վրայ բարձր համարում ունի։ Ան պէ՛տք է գիտնայ թէ Եհովան ինչպէս կը նկատէ կիները եւ կ’ուզէ որ անոնց հետ վարուին։
11 Ըսենք թէ ձեր տան մէջ շատ պիտանի անօթ մը ունիք, որ շատ նուրբ է։ Շատ զգուշութիւն չէ՞ք ըներ անոր։ Պետրոս առաքեալ նոյն առումով գործածեց «տկար անօթ» արտայայտութիւնը եւ ասիկա պէտք է մղէ Քրիստոնեայ ամուսին մը որ իր սիրելի կնոջ հանդէպ խանդաղատանք ցոյց տայ։
12. Կին մը ինչպէ՞ս կրնայ ցոյց տալ որ խոր կերպով կը յարգէ իր ամուսինը։
12 Իսկ կիներուն ի՞նչ խրատ կու տայ Աստուածաշունչը։ Պօղոս գրեց. «Կինը իր այրէն ակնածի»։ (Եփեսացիս 5։33) Ճիշդ ինչպէս որ կինը մը պէտք ունի զգալու որ պատուուած եւ խորապէս սիրուած է իր կողակիցին կողմէ, նոյնպէս ամուսին մը կարիքը ունի զգալու որ յարգուած է իր կնոջ կողմէ։ Յարգալից կին մը անխոհեմաբար իր ամուսինին սխալները չի ծանուցաներ, ան ըլլայ հաւատացեալ մը կամ ոչ։ Անոր արժանապատուութիւնը ոտնակոխ չ’ըներ, առանձին կամ հանրապէս քննադատելով կամ նուաստացնելով զինք։—Ա. Տիմոթէոս 3։11. 5։13
13. Ինչպէ՞ս կրնաք ձեր տեսակէտները հանդարտութեամբ արտայայտել։
13 Ասիկա չի նշանակեր որ կին մը իր կարծիքը չի կրնար յայտնել։ Եթէ բան մը զինք կ’անհանգստացնէ, ան կրնայ յարգալից կերպով այդ մասին խօսիլ։ (Ծննդոց 21։9–12) Ամուսինին գաղափար մը հաղորդելը կրնայ անոր գնդակ մը նետելու նմանիլ։ Ան կրնայ քնքշօրէն նետել զայն, որպէսզի ան կարենայ բռնել, եւ կամ այնքան ուժգին նետել, որ վիրաւորուի։ Որքան լաւ է երբ երկու կողակիցներն ալ փոխանակ իրարու վրայ դատապարտութիւններ տեղացնելու, իրարու հետ քաղցրութեամբ ու ազնուութեամբ խօսին։—Մատթէոս 7։12. Կողոսացիս 4։6. Ա. Պետրոս 3։3, 4
14. Եթէ ձեր կողակիցը ամուսնութեան մէջ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելով հետաքրքրուած չէ, ի՞նչ կրնաք ընել։
14 Ինչպէս տեսանք, Աստուածաշունչի սկզբունքները կրնան օգնել ձեզի, որ ուրախ ամուսնութիւն մը կերտէք։ Բայց ի՞նչ կրնաք ընել, երբ ձեր կողակիցը գրեթէ չի հետաքրքրուիր Աստուածաշունչի սկզբունքներով։ Շատ բան կարելի Ա. Պետրոս 3։1, 2) Անշուշտ, նոյնը կիրարկելի է Աստուածաշունչին հանդէպ անտարբեր կին ունեցող ամուսինի մը պարագային։ Ձեր կողակիցը ի՛նչ ալ ընէ, թոյլ տուէք որ Աստուածաշունչի սկզբունքները ձեզ աւելի լաւ կողակից մը դարձնեն։ Աստուծոյ գիտութիւնը ձեզ աւելի լաւ ծնող մըն ալ կրնայ դարձնել։
է իրագործել ձեր դերին նկատմամբ Աստուծոյ գիտութիւնը կիրարկելով։ Պետրոս գրեց. «Կիները հնազանդ պէտք է ըլլան իրենց այրերուն, որպէսզի եթէ ոմանք խօսքին հնազանդ չըլլան ալ, առանց խօսքի շահուին իրենց կիներուն վարուելակերպովը՝ տեսնելով անոնց երկիւղած եւ պարկեշտ վարքը»։ (ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԶԱՒԱԿՆԵՐ
15. Երբեմն ծնողական սխալ վարուելակերպեր ինչպէ՞ս փոխանցուած կրնան ըլլալ, բայց ինչպէ՞ս կարելի է զայն փոխել։
15 Միայն սղոց մը կամ մուրճ մը ունենալով, հմուտ ատաղձագործ մը չենք ըլլար։ Նոյնպէս, զաւակներ ունենալը՝ ինքնին հմուտ ծնող մը չի դարձներ մեզ։ Ծնողներ յաճախ գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, իրենց զաւակները կը մեծցնեն այնպէս՝ ինչպէս իրենք մեծցած են։ Այս կերպով, զաւակ մեծցնելու սխալ կերպեր երբեմն մէկ սերունդէն միւսին կ’անցնին։ Եբրայական հին առած մը կ’ըսէ. «Հայրերը ազոխ կերան, զաւակներուն ակռաները առին»։ Սակայն, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ անհատ մը իր ծնողքին հաստատած ընթացքին հետեւելու ստիպուած չէ։ Ան կրնայ տարբեր ճամբայ մը ընտրել, ճամբայ մը որ Եհովայի կանոններով առաջնորդուած է։—Եզեկիէլ 18։2, 14, 17
16. Ինչո՞ւ կարեւոր է ձեր ընտանիքին հոգ տանիլ եւ ասիկա ի՛նչ կը պարփակէ։
16 Եհովա Քրիստոնեայ ծնողներէն կ’ակնկալէ որ իրենց զաւակներուն պատշաճ առաջնորդութիւն եւ հոգածութիւն ցոյց տան։ Պօղոս գրեց. «Եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։8) Ի՜նչ զօրաւոր խօսքեր։ Ձեր զաւակներուն ֆիզիքական, հոգեւոր եւ զգացական կարիքները հայթայթելը աստուածապաշտ անձի մը առանձնաշնորհումը եւ պատասխանատուութիւնն է։ Աստուածաշունչը սկզբունքներ կու տայ, որոնք կրնան ծնողներուն օգնել որ իրենց զաւակներուն շուրջ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեն։ Այդ սկզբունքներէն քանի մը հատը նկատի առնենք։
17. Ձեր զաւակները Աստուծոյ օրէնքը իրենց սրտին մէջ ունենալու համար ի՞նչ բան անհարաժեշտ է։
17 Լաւ օրինակ հանդիսանալ։ Իսրայելացի ծնողներուն հետեւեալ պատուէրը տրուած էր. «[Աստուծոյ խօսքերը] քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր»։ Բայց այս խրատին կ’ընկերանար հետեւեալ նախադասութիւնը. «Այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան»։ (Բ. Օրինաց 6։6, 7) Այո, ծնողներ չեն կրնար տալ ինչ որ չունին։ Եթէ կ’ուզէք որ Աստուծոյ օրէնքները ձեր զաւակներուն սրտին մէջ գրուած ըլլան, անոնք նախ ձե՛ր սրտին մէջ քանդակուած պէտք է ըլլան։—Առակաց 20։7. տես նաեւ Ղուկաս 6։40
18. Սէր արտայատելու մէջ, Եհովա ի՞նչ հոյակապ օրինակ հանդիսացած է ծնողներուն։
18 Ձեր սիրով վստահեցուցէք։ Յիսուսի մկրտութեան, Եհովա ծանուցանեց. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, քեզի հաւնեցայ»։ (Ղուկաս 3։22) Այս կերպով Եհովա ընդունեց իր Որդին, անոր հանդէպ իր հաճութիւնը յայտնեց եւ Իր սիրոյն նկատմամբ զինք վստահեցուց։ Հետագային Յիսուս իր Հօրը մասին ըսաւ. «Դուն զիս սիրեցիր աշխարհի սկիզբէն առաջ»։ (Յովհաննու 17։24) Ուստի, որպէս աստուածապաշտ ծնողներ, ձեր զաւակներուն հանդէպ ձեր սէրը թէ՛ խօսքով եւ թէ շարժուձեւով ցոյց տուէք եւ ասիկա յաճախ ըրէք։ Միշտ յիշելով որ «սէրը շինութիւն կ’ընէ»։—Ա. Կորնթացիս 8։1
19, 20. Զաւակներու շիտակ կրթութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ եւ ծնողներ ինչպէ՞ս Եհովայի օրինակէն կրնան օգտուիլ։
19 Կրթութիւն։ Աստուածաշունչը սիրալիր կրթութեան կարեւորութիւնը կը շեշտէ։ (Առակաց 1։8) Այն ծնողները, որոնք հիմա իրենց զաւակներուն ուղղութիւն տալու պատասխանատուութենէն կը խուսափին, գրեթէ միշտ հետագային պիտի քաղեն անոր սրտաբեկ հետեւանքները։ Սակայն, ծնողներ միւս ծայրայեղութեան ալ պէտք չէ երթան։ Պօղոս զանոնք զգուշացուց, գրելով. «Հա՛յրեր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, որպէսզի չվհատին»։ (Կողոսացիս 3։21) Ծնողներ պէտք է զգուշանան իրենց զաւակները չափազանց սրբագրելէ եւ անոնց թերացումներուն մասին անդադար ակնարկութիւններ ընելէ ու անոնց ջանքերը քննադատելէ։
20 Եհովա Աստուած, մեր երկնաւոր Հայրը, կրթելու մէջ օրինակ կը հանդիսանայ։ Ան բնաւ ծայրայեղ կերպով չի կրթեր։ «Քեզ չափաւորութեամբ պիտի խրատեմ», ըսաւ Աստուած իր ժողովուրդին։ (Երեմեայ 46։28) Ծնողներ այս նկատմամբ Եհովան պէտք է ընդօրինակեն։ Տրամաբանական սահմանները անցնող, կամ սրբագրելու եւ սորվեցնելու ծառայող նպատակէն անդին անցող կրթութիւնը՝ անշուշտ վհատեցուցիչ է։
21. Ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան գիտնալ որ իրենց կրթելու կերպը ազդեցիկ է։
21 Ծնողներ ինչպէ՛ս կրնան գիտնալ որ իրենց տուած կրթութիւնը ազդեցիկ է։ Անոնք կրնան իրենք իրենց հարց տալ. ‘Իմ տուած կրթութիւնս ի՞նչ կ’իրագործէ’։ Անիկա պէտք է ուսուցանէ։ Ձեր զաւակը պէտք է հասկնայ անոր պատճառը։ Ծնողներ իրենց սրբագրութեան հետեւանքով ալ հետաքրքրուած պէտք է ըլլան։ Ճիշդ է որ գրեթէ բոլոր երախաներն ալ երբ սրբագրուին, սկիզբը կրնան նեղանալ։ (Եբրայեցիս 12։11) Բայց կրթութիւն մը բնաւ պէտք չէ սարսափեցնէ երախայ մը, կամ լքուած ըլլալու զգացումը, կամ չար ըլլալու տպաւորութիւնը տայ անոր։ Իր ժողովուրդը սրբագրելէ առաջ, Եհովա ըսաւ. «Դուն մի՛ վախնար ... վասնզի ես քեզի հետ եմ»։ (Երեմեայ 46։28) Այո, սրբագրութիւնը պէտք է տրուի այնպիսի կերպով մը որ ձեր զաւակը զգայ որ դուք իր կողքն էք, որպէս սիրալիր եւ աջակից ծնողներ։
«ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼՈՒ ԽՈՀԵՄՈՒԹԻՒՆ» ՍՏԱՆԱՆՔ
22, 23. Ընտանեկան ուրախ կեանք մը կերտելու համար առաջնորդելու խոհեմութիւնը ինչպէ՞ս կրնաք ձեռք ձգել։
22 Երախտապարտ կրնանք ըլլալ որ Եհովա ուրախ ընտանեկան կեանք մը կերտելու համար հարկ եղած գործիքները հայթայթած է։ Բայց գործիքները ունենալը ինքնին բաւարար չէ։ Զանոնք պէտք է լաւ կերպով գործածենք։ Շինարար մը, զոր օրինակ, կրնայ իր գործիքները գործածելու կերպը չգիտնալ, կամ թերեւս անոնցմէ ոմանք բոլորովին սխալ կերպով գործածէ։ Այս պարագային, շատ հաւանական է որ որակաւոր արդիւնք պիտի չտայ։ Նոյնպէս, թերեւս անդրադառնաք որ ձեր ընտանիքէն ներս սխալ սովորութիւններ սպրդած են։ Թերեւս անոնցմէ ոմանք զօրաւոր կերպով արմատացած են եւ դժուար է զանոնք փոխել։ Սակայն, հետեւեցէք Աստուածաշունչի խրատին. «Իմաստունը թող լսէ ու իր իմաստութիւնը աւելցնէ ու հանճարեղ մարդը [առաջնորդելու] խոհեմութիւն ստանայ»։—Առակաց 1։5
23 Առաջնորդելու խոհեմութիւն կրնանք ունենալ, շարունակելով Աստուծոյ գիտութիւնը ստանալ։ Ընտանեկան կեանքի հետ կապ ունեցող սուրբ գրային սկզբունքները նկատեցէք եւ վերաճշդումներ ըրէք հոն ուր հարկ է։ Որպէս կողակիցներ եւ ծնողներ, օրինակ հանդիսացող հասուն Քրիստոնեաները դիտեցէք։ Անոնց հետ խօսեցէք։ Ամէն բանէ աւելի, աղօթքով Եհովայի ներկայացուցէք ձեր մտահոգութիւնները։ (Սաղմոս 55։22. Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Ան կրնայ օգնել ձեզի որ զինք պատուող ընտանեկան ուրախ կեանք մը ունենաք։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 5 Վերամուսնութիւն թոյլատրող ամուսնալուծման սուրբ գրային միակ պատճառը՝ «պոռնկութիւն»ն է, այսինքն, ամուսնութենէ դուրս սեռային յարաբերութիւնը։—Մատթէոս 19։9
ՁԵՐ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈՐՁԵՑԷՔ
Հաւատարմութիւնը, հաղորդակցութիւնը, պատիւը եւ յարգանքը ի՞նչպէս կը նպաստեն ուրախ ամուսնութեան։
Ծնողներ ի՞նչ կերպերով իրենց սիրով կրնան վստահեցնել իրենց զաւակները։
Պատշաճ կրթութիւնը ի՞նչ ազդակներ կը բովանդակէ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 147]