Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը տիրէ

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը տիրէ

Գլուխ 10

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը տիրէ

1, 2. Մարդկային կառավարութիւններուն անկարող ըլլալը ինչպէ՞ս փաստուած է։

ԹԵՐԵՒՍ գործիք մը գնած էք եւ տեսած էք որ ան չ’աշխատիր։ Ենթադրենք որ նորոգող մը կանչեցիք, սակայն ան գործիքը նորոգելէն անմիջապէս ետք՝ անիկա կոտրեցաւ։ Որքա՜ն յուսախաբ կ’ըլլաք, այդպէս չէ՞։

2 Մարդկային կառավարութեանց հետ ալ պարագան նոյնն է։ Մարդիկ միշտ փափաքած են կառավարութիւն մը ունենալ, որ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն բերէ։ Սակայն, մարդկային ընկերութեան մէջ կոտրուածը նորոգելու բազմաշխատ ջանքերը յաջողութեամբ պսակուած չեն։ Խաղաղութեան բազմաթիւ դաշնագրեր ստորագրուած ու ապա յարգուած չեն։ Ասկէ զատ, ո՞ր կառավարութիւնը կարողացած է աղքատութիւնը, խտրականութիւնը, ոճիրը, հիւանդութիւնը եւ մթնոլորտաբանական աւերները արմատախիլ ընել։ Մարդկային իշխանութիւնը չի կրնար նորոգուիլ։ Արդարեւ, Իսրայէլի իմաստուն Սողոմոն Թագաւորը հարցուց. «Մարդը իր ճամբան ի՞նչպէս կրնայ որոշել»։—Առակաց 20։24

3. (ա) Յիսուսի քարոզչութեան բնաբանը ի՞նչ էր։ (բ) Ոմանք ի՞նչպէս կը բացատրեն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։

3 Սակայն մի՛ յուսահատիք։ Կայուն համաշխարհային կառավարութիւն մը լոկ ցնորք մը չէ։ Անիկա Յիսուսի քարոզչութեան բնաբանը կը կազմէր։ Յիսուս զայն կոչեց «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը», եւ իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ անոր համար աղօթեն։ (Ղուկաս 11։2. 21։31) Ճիշդ է որ կրօնական շրջանակներէ ներս, երբեմն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը յիշուի։ Իրականութեան մէջ, միլիոնաւոր անհատներ անոր համար ամէն օր կ’աղօթեն, երբ կը կրկնեն Տէրունական Աղօթքը (որ նաեւ կոչուած է Հայր Մեր, կամ տիպար աղօթք)։ Բայց երբ մարդոց հարցնենք՝ «Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը», տարբեր պատասխաններ կը ստանանք։ Ոմանք կ’ըսեն՝ «Անիկա անհատի մը սրտին մէջ է»։ Ուրիշներ զայն կը համեմատեն երկնքի հետ։ Բայց Աստուածաշունչը մեզի կու տայ յստակ պատասխան մը, զոր պիտի տեսնենք։

ՆՊԱՏԱԿ ՈՒՆԵՑՈՂ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

4, 5. Եհովա ինչո՞ւ նախընտրեց իր գերիշխանութիւնը նոր երեւոյթով մը արտայայտել եւ անիկա ի՞նչ պիտի իրագործէ։

4 Եհովա Աստուած միշտ տիեզերքի Թագաւորը կամ Գերագոյն Իշխանը եղած է։ Ամէն բան ինք ստեղծած ըլլալով, այդ բարձր դիրքին տիրացած է։ (Ա. Մնացորդաց 29։11. Սաղմոս 103։19. Գործք 4։24) Բայց Յիսուսի քարոզած Թագաւորութիւնը, Աստուծոյ տիեզերական գերիշխանութեան կողքին երկրորդական թագաւորութիւն մըն է։ Այդ Մեսիական Թագաւորութիւնը մասնայատուկ նպատակ մը ունի. ի՞նչ է այդ։

5 Ինչպէս բացատրուած էր 6–րդ գլուխին մէջ, մարդկային առաջին զոյգը Աստուծոյ հեղինակութեան դէմ ըմբոստացաւ։ Յարուցուած հարցերուն պատճառաւ, Եհովա նախընտրեց իր գերիշխանութեան նոր երեւոյթ մը տալ։ Օձին՝ Սատանային՝ գլուխը ճզմելու եւ մարդկութեան վրայէն ժառանգուած մեղքին հետեւանքները վերցնելու համար, Աստուած «Սերունդ» մը յառաջ բերելու իր նպատակը ծանուցանեց։ Գլխաւոր «սերունդը» Յիսուս Քրիստոսն է եւ «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը» այն գործիքն է որ վերջապէս պարտութեան պիտի մատնէ Սատանան։ Այս Թագաւորութեան միջոցաւ, Յիսուս Քրիստոս երկրի վրայ իշխանութիւն մը պիտի հաստատէ Եհովայի անունով եւ Աստուծոյ իրաւացի գերիշխանութիւնը յաւիտեան պիտի ջատագովէ։—Ծննդոց 3։15. Սաղմոս 2։2–9

6, 7. (ա) Թագաւորութիւնը ո՞ւր կը գտնուի. Թագաւորը ո՞վ է եւ որո՞նք են անոր իշխանակիցները։ (բ) Թագաւորութեան հպատակները որո՞նք են։

6 Ըստ Հայերէն թարգմանութեան, ամբարիշտ Փարիսեցիներուն ուղղելով իր խօսքերը Յիսուս ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր ներսիդին է»։ (Ղուկաս 17։21) Արդեօք Յիսուս ըսել կ’ուզէր որ Թագաւորութիւնը այդ ապականած մարդոց ամբարիշտ սրտերուն մէ՞ջն էր։ Ո՛չ։ Յունարէն Բնագրի աւելի ճշգրիտ թարգմանութիւն մը կ’ըսէ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր մէջն է»։ (Արեւմտհայ. Ս. Յ. Նոր Թարգմանութիւն)։ Յիսուս՝ որ իրենց մէջ կը գտնուէր, ինքզինքին ակնարկեց, որպէս ապագայ Թագաւոր։ Փոխանակ անհատի մը սրտին մէջ գտնուելու, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իրական, գործող կառավարութիւն մըն է, որ կառավարիչ մը եւ հպատակներ ունի։ Անիկա երկնային կառավարութիւն մըն է, քանի որ կոչուած է «երկնքի թագաւորութիւն» եւ՝ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։ (Մատթէոս 13։11. Ղուկաս 8։10) Դանիէլ մարգարէն տեսիլքի մը մէջ տեսաւ անոր Կառավարիչը, որպէս «Որդի մարդոյ նման մէկը», որ Ամենակալ Աստուծոյ առջեւ բերուեցաւ եւ անոր մնայուն «իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն տրուեցաւ, որպէսզի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն»։ (Դանիէլ 7։13, 14) Ո՞վ է այս Թագաւորը։ Աստուածաշունչը Յիսուս Քրիստոսը կը կոչէ «Որդի մարդոյ»։ (Մատթէոս 12։40. Ղուկաս 17։26) Այո, Եհովա իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը՝ Թագաւոր նշանակած է։

7 Սակայն, Յիսուս առանձին չ’իշխեր։ Իր հետ 144,000 անհատներ կան, որոնք «երկրէն գնուած» են իրեն ընկերակից թագաւորներ եւ քահանաներ ըլլալու համար։ (Յայտնութիւն 5։9, 10. 14։1, 3. Ղուկաս 22։28–30) Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները պիտի ըլլան մարդկային համերկրային ընտանիքը, որ Քրիստոսի իշխանութեան պիտի ենթարկուի։ (Սաղմոս 72։7, 8) Սակայն, ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ Թագաւորութիւնը իրապէս պիտի ջատագովէ Աստուծոյ գերիշխանութիւնը եւ մեր երկրին վրայ դրախտային պայմաններ պիտի վերահաստատէ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

8, 9. (ա) Օրինակով մը ինչպէ՞ս կրնանք բացատրել Թագաւորութեան խոստումներուն իրողութիւն մը ըլլալը։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Թագաւորութիւնը իրողութիւն մըն է։

8 Պահ մը երեւակայեցէք որ ձեր տունը հրոյ ճարակ դարձած է։ Բարեկամ մը՝ որ միջոցներ ունի՝ կը խոստանայ վերակառուցանել ձեր տունը եւ ձեր ընտանիքին համար ուտելիք հայթայթել։ Եթէ այդ բարեկամը միշտ ճշմարտութիւնը խօսած է ձեզի, պիտի չհաւատա՞ք իրեն։ Ենթադրենք որ յաջորդ օրը գործէն տուն վերադառնալով տեսնէք որ գործաւորները արդէն սկսած են փլատակները մաքրել եւ ձեր ընտանիքին ուտեստեղէն ալ բերուած է։ Անկասկած, իրապէս վստահ պիտի ըլլաք որ ժամանակ մը ետք ամէն բան ո՛չ միայն պիտի վերակառուցուի, հապա, առաջուընէ ալ լաւ պիտի ըլլայ։

9 Այս օրինակին նման, Եհովա մեզի կը վստահեցնէ որ Թագաւորութիւնը իրողութիւն մըն է։ Ինչպէս ցոյց տրուած է Աստուածաշունչի Եբրայեցիս գիրքին մէջ, Օրէնքին շատ մը երեսակները Թագաւորութեան կարգադրութեան նախաշուքերն էին։ (Եբրայեցիս 10։1) Իսրայէլի երկրային թագաւորութեան մէջ կարելի էր Թագաւորութեան նախաշողերը տեսնել։ Անիկա սովորական կառավարութիւն մը չէր, քանի որ անոր թագաւորները ‘Եհովայի աթոռին’ վրայ կը նստէին։ (Ա. Մնացորդաց 29։23) Ասկէ զատ, ըսուած էր. «Իշխանութիւնը Յուդայէ պիտի չպակսի, ո՛չ ալ անոր ոտքերուն մէջտեղէն՝ օրէնսդիրը, մինչեւ որ Սելովը գայ ու ժողովուրդները անոր հնազանդին»։ (Ծննդոց 49։10) * Այո, Յուդայի թագաւորական շառաւիղէն պիտի գար Յիսուս, Աստուծոյ թագաւորութեան մնայուն Թագաւորը։—Ղուկաս 1։32, 33

10. (ա) Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութեան հիմը ե՞րբ դրուեցաւ։ (բ) Յիսուսի ապագացու իշխանակիցները երկրի վրայ ո՞ր գործին գլուխը պիտի անցնէին։

10 Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութեան հիմը դրուեցաւ Յիսուսի առաքեալներուն ընտրութեամբ։ (Եփեսացիս 2։19, 20. Յայտնութիւն 21։14) Անոնք 144,000–ի առաջին անդամներն էին, որոնք երկնքի մէջ Յիսուս Քրիստոսի հետ իշխող թագաւորներ պիտի ըլլային։ Իրենց երկրային կեանքի ընթացքին, այս ապագացու իշխանակիցները վկայութեան գործին գլուխը պիտի անցնէին, Յիսուսի պատուէրը կատարելու համար. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէ՛ք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ հոգւոյն սրբոյ»։—Մատթէոս 28։19

11. Թագաւորութեան քարոզչութիւնը ինչպէ՞ս կը կատարուի ներկայիս եւ անիկա ի՞նչ կ’իրագործէ։

11 Ներկայիս, աշակերտելու այս պատուէրը կը կատարուի աննախընթաց տարողութեամբ։ Եհովայի Վկաները Թագաւորութեան բարի լուրը կը ծանուցանեն համայն երկրի վրայ, Յիսուսի մարգարէական խօսքերուն հետ ներդաշնակ գործելով. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի, բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։14) Որպէս Թագաւորութեան քարոզչութեան մէկ երեսակը, դաստիարակչական հսկայ յայտագիր մը կ’իրագործուի։ Անոնք որոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան օրէնքներուն ու սկզբունքներուն կ’ենթարկուին, հիմակուընէ իսկ այնպիսի խաղաղութիւն եւ միութիւն կը վայելեն, որ մարդկային կառավարութիւններ չեն կրնար իրագործել։ Այս ամէնը յստակօրէն կ’ապացուցանէ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իրողութիւն մըն է։

12. (ա) Ինչո՞ւ պատշաճ է Թագաւորութեան հրատարակիչները Եհովայի Վկաներ կոչել։ (բ) Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս կը տարբերի մարդկային կառավարութիւններէն։

12 Եհովա Իսրայելացիներուն ըսաւ. «Իմ վկաներս դուք էք ... նաեւ իմ ընտրած ծառաս»։ (Եսայեայ 43։10–12) Յիսուս՝ «հաւատարիմ Վկան»՝ Թագաւորութեան բարի լուրը նախանձախնդրաբար քարոզեց։ (Յայտնութիւն 1։5. Մատթէոս 4։17) Ուստի, տեղին է որ ներկայիս Թագաւորութեան հրատարակիչները Աստուծոյ կողմէ նշանակուած՝ Եհովայի Վկաներ՝ անունը կրեն։ Բայց Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ ա՛յսքան ժամանակ եւ կորով կը վատնեն ուրիշներուն Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսելու համար։ Ասիկա կ’ընեն, քանի որ Թագաւորութիւնը մարդկութեան միա՛կ յոյսն է։ Մարդկային կառավարութիւնները ուշ կամ կանուխ կը քայքայուին, բայց ո՛չ՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Եսայեայ 9։6, 7–ն անոր Իշխանը՝ Յիսուսը՝ կը կոչէ «Խաղաղութեան Իշխան» եւ կ’աւելցնէ. «Անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ»։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկային կառավութիւններուն չի նմանիր, որ այսօր կայ եւ վաղը կը տապալի։ Արդարեւ, Դանիէլ 2։44–ը կ’ըսէ. «Երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի ... ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։

13. (ա) Աստուծոյ Թագաւորութեան շտկելիք խնդիրներէն ոմանք ի՞նչ են։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուծոյ խոստումները պիտի կատարուին։

13 Մարդկային ո՛ր թագաւորը կրնայ ոչնչացնել պատերազմը, ոճիրը, հիւանդութիւնը, սովը եւ տնազրկութիւնը։ Մանաւանդ, ո՛ր երկրային կառավարիչը կրնայ յարուցանել մեռեալները։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ու անոր Թագաւորը այս հարցերը պիտի լուծեն։ Այս Թագաւորութիւնը թերի պիտի չըլլայ, միշտ նորոգութեան կարիքը ունեցող լաւ չաշխատող սարքի մը նման։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի յաջողի, քանի որ Եհովա կը խոստանայ. «Իմ բերնէս ելած խօսքն ալ ... ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի»։ (Եսայեայ 55։11) Աստուծոյ նպատակը պիտի չձախողի, բայց Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ պիտի սկսէր իշխել։

ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ—Ե՞ՐԲ

14. Յիսուսի աշակերտները Թագաւորութեան մասին ի՞նչ սխալ հասկացողութիւն մը ունէին, բայց Յիսուս իր իշխանութեան մասին ի՞նչ գիտէր։

14 «Տէ՛ր, Իսրայէլի թագաւորութիւնը այս ժամանակի՞ն նորէն պիտի հաստատես»։ Յիսուսի աշակերտներուն կողմէ հարցուած այս հարցումը ցոյց կու տայ որ այդ ժամանակ անոնք տակաւին հասկցած չէին Աստուծոյ Թագաւորութեան նպատակը եւ անոր իշխանութեան ժամանակը։ Յիսուս անոնց զգուշացնելով որ այս մասին ենթադրութիւններ չընեն, անոնց ըսաւ. «Ձեզի չի՛ վերաբերիր ժամերը եւ ժամանակները գիտնալը, որ Հայրը իր իշխանութեանը մէջ դրաւ»։ Յիսուս գիտէր որ երկրի վրայ իր բանեցնելիք իշխանութիւնը ապագային ըլլալիք բան մըն էր. իր յարուցուելէն ու երկինք համբառնալէն շա՜տ վերջ։ (Գործք 1։6–11. Ղուկաս 19։11, 12, 15) Սուրբ Գրութիւնները ասիկա նախագուշակած էին։ Ինչպէ՞ս։

15. Սաղմոս 110։1–ը ի՞նչ լոյս սփռեց Յիսուսի իշխանութեան ժամանակին վրայ։

15 Դաւիթ Թագաւոր, Յիսուսը մարգարէականօրէն «Տէր» կոչելով, ըսաւ. «Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ. ‘Նստէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ»։ (Սաղմոս 110։1. տես Գործք 2։34–36։) Այս մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ որ Յիսուսի իշխանութիւնը իր երկինք համբառնալէն անմիջապէս ետք պիտի չսկսէր։ Այլ, ան Աստուծոյ աջ կողմը նստած պիտի սպասէր։ (Եբրայեցիս 10։12, 13) Այս սպասումը որքա՞ն պիտի տեւէր։ Իր իշխանութիւնը ե՞րբ պիտի սկսէր։ Աստուածաշունչը մեզի կ’օգնէ այս հարցումներուն պատասխանները գտնելու։

16. Հ.Դ.Ա. 607–ին ի՞նչ պատահեցաւ եւ ասիկա ի՞նչ յարակցութիւն ունէր Աստուծոյ Թագաւորութեան հետ։

16 Ամբողջ երկրի վրայ Երուսաղէմն էր միակ քաղաքը որու վրայ Եհովա իր անունը դրած էր։ (Գ. Թագաւորաց 11։36) Անիկա նաեւ Աստուծոյ հաճութիւնը ունեցող երկրային թագաւորութեան մայրաքաղաքն էր, որ Աստուծոյ երկնային թագաւորութեան տիպն էր։ Հետեւաբար, Հ.Դ.Ա. 607–ին Բաբելոնացիներու կողմէ Երուսաղէմի կործանումը շատ նշանակալից էր։ Երկրի վրայ իր ժողովուրդին վրայ բանեցուցած Աստուծոյ ուղղակի իշխանութեան երկար ընդմիջումը այս դէպքով սկսաւ։ Շուրջ վեց դարեր ետք, Յիսուս ցոյց տուաւ որ իշխանութեան ընդմիջումի շրջանը տակաւին կը շարունակուէր, քանի որ ան ըսաւ. «Երուսաղէմ ազգերուն ոտից կոխան պիտի ըլլայ, մինչեւ ազգերուն [սահմանուած] ժամանակները լմննան»։Ղուկաս 21։24

17. (ա) «Ազգերուն [սահմանուած] ժամանակները» ի՞նչ են եւ ո՞րքան պիտի տեւէին։ (բ) «Ազգերու [սահմանուած] ժամանակները» ե՞րբ սկսան ու վերջացան։

17 «Ազգերուն [սահմանուած] ժամանակներ»ու ընթացքին, աշխարհային կառավարութիւններու թոյլատրութիւն պիտի տրուէր որ Աստուծոյ հաճութիւնը ունեցող իշխանութիւնը ընդհատեն։ Այդ շրջանը սկսաւ Հ.Դ.Ա. 607–ին, Երուսաղէմի կործանումով եւ Դանիէլ ցոյց տուաւ որ անիկա պիտի տեւէր «եօթը ժամանակ»։ (Դանիէլ 4։23–25) Ատիկա որքա՞ն երկար էր։ Ըստ Աստուածաշունչին, երեքուկէս «ժամանակը»՝ 1,260 օր է։ (Յայտնութիւն 12։6, 14) Անոր կրկինը կամ եօթը ժամանակը պիտի ըլլար՝ 2,520 օր։ Բայց այդ կարճ ժամանակաշրջանի վերջաւորութեան նշանակալից բան մը չպատահեցաւ։ Եթէ Դանիէլի մարգարէութեան կիրարկենք՝ «ամէն մէկ օրուան տեղ մէկ մէկ տարի» կանոնը, եւ 2,520 տարիները հաշուենք Հ.Դ.Ա. 607–էն, մեզի կը հասցնէ 1914 տարուան։—Թուոց 14։34. Եզեկիէլ 4։6

18. Յիսուս ի՞նչ ըրաւ Թագաւորութեան զօրութիւնը ստանալէն անմիջապէս ետք, եւ ասիկա ի՞նչ հետեւանք ունեցաւ երկրի համար։

18 Յիսուս այդ ժամանակ սկսա՞ւ իշխել երկնքի մէջ։ Յաջորդ գլուխին մէջ ասիկա հաստատող սուրբ գրային պատճառներ պիտի տեսնենք։ Անշուշտ, Յիսուսի իշխանութեան սկիզբը անմիջական խաղաղութիւն պիտի չըլլար երկրի վրայ։ Յայտնութիւն 12։7–12–ը ցոյց կու տայ որ Յիսուս Թագաւորութիւնը ստանձնելէ անմիջապէս ետք, Սատանան ու իր դեւ հրեշտակները երկինքէն դուրս պիտի նետէր։ Երկրի համար ասիկա վա՜յ պիտի նշանակէր, բայց սրտապնդիչ է կարդալ որ Բանսարկուն «քիչ ժամանակ» ունի։ Շուտով պիտի ուրախանանք, ո՛չ միայն անոր համար որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի տիրէ, այլ նաեւ, որ ատիկա երկրին ու հնազանդ մարդկութեան օրհնութիւններ պիտի բերէ։ (Սաղմոս 72։7, 8) Ինչպէ՞ս գիտենք որ ասիկա շուտով տեղի պիտի ունենայ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 9 Սելով անունը կը նշանակէ «Ան Որուն Կը Վայելէ. Ան Որուն Կը Պատկանի»։ Ժամանակի ընթացքին, բացայայտ եղաւ որ «Սելովը» Յիսուս Քրիստոսն էր, «Յուդային ցեղէն եղող Առիւծը»։ (Յայտնութիւն 5։5) Հրէական Թարգմանութիւններէն ոմանք «Սելով» բառը փոխարինած են «Մեսիան» կամ «Մեսիա թագաւորը» բառով։

ՁԵՐ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈՐՁԵՑԷՔ

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ է եւ անիկա ո՞ւրկէ կ’իշխէ։

Թագաւորութեան մէջ ո՞վ կ’իշխէ եւ որո՞նք են անոր հպատակները։

Եհովա ինչպէ՞ս մեզ կը վստահեցնէ որ իր Թագաւորութիւնը իրողութիւն մըն է։

«Ազգերուն [սահմանուած] ժամանակները» ե՞րբ սկսան ու վերջացան։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 94]

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՊԱԿՑԱԲԱՐ ԿԱՐԳ ՄԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԷՊՔԵՐ

Եհովա Օձին, Բանսարկու Սատանային գլուխը ճզմելու համար «սերունդ» մը յառաջ բերելու իր նպատակը ծանուցանեց։—Ծննդոց 3։15

Հ.Դ.Ա. 1943–ին, Եհովա ցոյց տուաւ որ այս «սերունդը» Աբրահամի շառաւիղէն սերած մարդ մը պիտի ըլլար։—Ծննդոց 12։1–3, 7. 22։18

Հ.Դ.Ա. 1513–ին, Իսրայէլի տրուած Օրէնքը «գալիք բարիքներուն շուքը» եղաւ։—Ելից 24։6–8. Եբրայեցիս 10։1

Իսրայէլի երկրային թագաւորութիւնը սկսաւ Հ.Դ.Ա. 1117–ին եւ հետագային շարունակուեցաւ Դաւիթի շառաւիղով։—Ա. Թագաւորաց 11։15. Բ. Թագաւորաց 7։8, 16

Երուսաղէմը կործանուեցաւ Հ.Դ.Ա. 607–ին եւ «ազգերուն [սահմանուած] ժամանակները» սկսան։—Դ. Թագաւորաց 25։8–10, 25, 26. Ղուկաս 21։24

Հ.Դ. 29–ին, Յիսուս կ’օծուի որպէս Նշանակուած Թագաւոր եւ իր երկրային ծառայութեան կը ձեռնարկէ։—Մատթէոս 3։16, 17. 4։17. 21։9–11

Հ.Դ. 33–ին, Յիսուս երկինք կը համբառնայ եւ հոն Աստուծոյ աջ կողմը կը սպասէ մինչեւ իր իշխանութեան սկսիլը։—Գործք 5։30, 31. Եբրայեցիս 10։12, 13

Յիսուս երկնային Թագաւորութեան մէջ կը գահակալուի 1914–ին, երբ «ազգերուն [սահմանուած] ժամանակները» վերջ կը գտնեն։—Յայտնութիւն 11։15

Սատանան ու իր դեւերը դէպի երկիր կը նետուին եւ մարդկութեան վրայ յաւելեալ վա՜յեր կը բերեն։—Յայտնութիւն 12։9–12

Յիսուս կը հսկէ Թագաւորութեան բարի լուրի համաշխարհային քարոզչութեան։—Մատթէոս 24։14. 28։19, 20