Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ գիտութիւնը յայտնող գիրքը

Աստուծոյ գիտութիւնը յայտնող գիրքը

Գլուխ 2

Աստուծոյ գիտութիւնը յայտնող գիրքը

1, 2. Ինչո՞ւ մեր Ստեղծիչին առաջնորդութեան կարիքը ունինք։

ՊԱՐԶԱՊԷՍ տրամաբանական է որ սիրալիր Ստեղծիչ մը մարդկութեան տար խրատներ եւ առաջնորդութիւն պարունակող գիրք մը։ Չէ՞ք համաձայնիր որ մարդիկ այսպիսի առաջնորդութեան կարիքը ունին։

2 Աւելի քան 2,500 տարիներ առաջ, մարգարէ–պատմաբան մը գրեց. «Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։ (Երեմեայ 10։23) Հիմա, որեւէ ժամանակէ աւելի բացայայտ է այս խօսքին ճշմարտութիւնը։ Ուստի, պատմաբան Ուիլիըմ Հ. Մգնէյլ նշեց. «Այս մոլորակին վրայ մարդկային արկածախնդրութիւնը եղած է, ընկերութեան հաստատուած կարգ–կանոնի մէջ տագնապներու եւ քայքայումներու գրեթէ անվերջ շարք մը»։

3, 4. (ա) Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ինչպէ՞ս պէտք է մօտենանք։ (բ) Աստուածաշունչի քննութեան ինչպէ՞ս պիտի ձեռնարկենք։

3 Աստուածաշունչը մեզի հարկ եղած իմաստուն առաջնորդութիւնը կը հայթայթէ։ Ճիշդ է որ շատեր երբ առաջին անգամ Աստուածաշունչը քննեն, մեծապէս կը տպաւորուին։ Անիկա մեծ գիրք մըն է եւ անոր կարգ մը մասերը հասկնալը դիւրին չէ։ Բայց եթէ ձեզի իրաւաբանական թղթածրար մը յանձնուէր որ կը բացատրէր թէ ի՛նչ պէտք է ընէք արժէքաւոր ժառանգութիւն մը ստանալու համար, զայն ուշի ուշով քննելու համար ժամանակ չէի՞ք տրամադրեր։ Եթէ այդ թղթածրարին կարգ մը մասերը անհասկնալի ըլլային, հաւանաբար այդ հարցերուն տեղեակ եղողէ մը օգնութիւն կը խնդրէիք։ Ինչո՞ւ Աստուածաշունչին չմօտենալ նոյն մտավիճակով։ (Գործք 17։11) Նիւթական ժառանգութենէ աւելի արժէքաւոր բան մը խնդրոյ առարկայ է։ Ինչպէս նախորդ գլուխին մէջ սորվեցանք, Աստուծոյ գիտութիւնը յաւիտենական կեանքի կրնայ առաջնորդել։

4 Արդ, քննենք այն գիրքը որ Աստուծոյ գիտութիւնը կը յայտնէ։ Նախ ակնարկ մը նետենք Աստուածաշունչին վրայ։ Ապա պիտի խօսինք թէ ինչ պատճառներով լաւատեղեակ շատ անհատներ կը հաւատան որ անիկա Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքն է։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

5. (ա) Եբրայերէն Գրութիւնները ի՞նչ կը պարունակեն։ (բ) Յունարէն Գրութիւնները ի՞նչ կը պարունակեն։

5 Աստուածաշունչը կը բովանդակէ 66 գրքեր որ բաժնուած է երկու մասի, որոնք յաճախ կոչուած են Հին Կտակարան եւ Նոր Կտակարան։ 39 գրքերը գլխաւորաբար Եբրայերէնով գրուած են, իսկ 27–ն՝ Յունարէնով։ Եբրայերէն Սուրբ Գրութիւնները, որ կը կազմեն Ծննդոցէն մինչեւ Մաղաքիա, ստեղծագործութենէն մինչեւ մարդկային պատմութեան առաջին 3,500 տարիները կը ծածկեն։ Աստուածաշունչի այս մասը քննելով, Իսրայելացիներուն հետ Աստուծոյ գործառնութեանց մասին կը սորվինք. Հ.Դ.Ա. * տասնըվեցերորդ դարուն անոր ծնունդէն՝ մինչեւ Հ.Դ.Ա. հինգերորդ դարը։ Յունարէն Սուրբ Գրութիւնները, որ կը պարունակեն Մատթէոսէն մինչեւ Յայտնութիւն, աւելի կը կեդրոնանան Հ.Դ. Առաջին դարու Յիսուս Քրիստոսի եւ իր աշակերտներուն ուսուցումներուն եւ գործունէութիւններուն վրայ։

6. Ինչո՞ւ ամբողջ Աստուածաշունչը պէտք է ուսումնասիրենք։

6 Ոմանք կ’ըսեն որ «Հին Կտակարան»ը Հրեաներուն համար է, իսկ «Նոր Կտակարան»ը՝ Քրիստոնեաներուն։ Բայց ըստ Բ. Տիմոթէոս 3։16–ի, «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար»։ Հետեւաբար, Սուրբ Գրութիւններու ընդունելի ուսումնասիրութիւն մը, պէտք է բովանդակէ ամբողջ Աստուածաշունչը։ Իրականութեան մէջ Աստուածաշունչին երկու մասերը իրար կ’ամբողջացնեն, միասնաբար ընդհանուր բնաբան մը զարգացնելով։

7. Աստուածաշունչին բնաբանը ի՞նչ է։

7 Թերեւս տարիներով կրօնական արարողութիւններու յաճախած էք եւ Աստուածաշունչի կարգ մը մասերու ընթերցանութիւնը՝ լսած։ Կամ թերեւս անկէ հատուածներ անձամբ կարդացած էք։ Գիտէի՞ք որ Աստուածաշունչը՝ Ծննդոցէն մինչեւ Յայտնութիւն՝ հասարակաց բնաբան մը ունի։ Այո, ամբողջ Աստուածաշունչը միահամուռ բնաբանի մը ներքեւ հաւաքուած է։ Ի՞նչ է այդ բնաբանը։ Անիկա մարդկութեան վրայ իշխելու Աստուծոյ իրաւունքին ջատագովումը եւ իր Թագաւորութեան միջոցաւ իր սիրալիր նպատակին իրագործումն է։ Հետագային պիտի տեսնենք թէ Աստուած ի՛նչպէս պիտի կատարէ իր նպատակը։

8. Աստուածաշունչը ի՞նչ կը յայտնէ Աստուծոյ անձնաւորութեան մասին։

8 Աստուծոյ նպատակը ուրուագծելէ զատ, Աստուածաշունչը անոր անձնաւորութիւնն ալ կը յայտնէ։ Օրինակի համար, Աստուածաշունչէն կը սորվինք որ Աստուած զգացումներ ունի եւ մեր ընտրութիւնները կարեւորութիւն ունին իրեն համար։ (Սաղմոս 78։40, 41. Առակաց 27։11. Եզեկիէլ 33։11) Սաղմոս 103։8–14–ը կ’ըսէ թէ «բարեգութ ու ողորմած է Տէրը, երկայնամիտ ու առատ՝ ողորմութիւնով»։ Ան կարեկցութեամբ կը վարուի մեր հետ, «կը յիշէ թէ մենք հող ենք» եւ մահուան ատեն հողի կը վերադառնանք։ (Ծննդոց 2։7. 3։19) Ի՜նչ հոյակապ յատկութիւններ կը ցուցաբերէ ան։ Այսպիսի Աստուած մը չէ՞ք ուզեր պաշտել։

9. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս մեզի կը պարզէ Աստուծոյ չափանիշները եւ այս գիտութենէն ի՛նչպէս կ’օգտուինք։

9 Աստուածաշունչը յստակօրէն կը պարզէ մեզի Աստուծոյ չափանիշները, որոնց երբեմն ակնարկուած է որպէս օրէնքներ։ Սակայն աւելի յաճախ, անոնք գործնական օրինակներու մէջ ուսուցուած սկզբունքներով ի յայտ կու գան։ Աստուած մեր օգտին համար վաղեմի Իսրայելացիներուն հետ պատահած կարգ մը դէպքեր գրի առնել տուած է։ Այս ճշմարիտ պատմութիւնները ցոյց կու տան թէ ինչ կը պատահի, երբ մարդիկ Աստուծոյ նպատակին համաձայն գործեն, իսկ ինչ կ’ըլլայ տխուր հետեւանքը, երբ անոնք անկախ ընթացքի մը հետեւին։ (Գ. Թագաւորաց 5։4. 11։4–6. Բ. Մնացորդաց 15։8–15) Իրական կեանքէ առնուած այս պատմութիւնները կարդալը անկասկած մեր սրտին պիտի դպչի։ Եթէ փորձենք արձանագրուած դէպք մը մտապատկերել, կրնանք մենք մեզ անոր մէջ պարփակուած անձերուն տեղը դնել։ Այս կերպով կրնանք լաւ օրինակներէն օգտուիլ եւ յանցագործներուն ինկած որոգայթներէն խուսափիլ։ Սակայն, այս կենսական հարցումը պատասխանի կը կարօտի. Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ ինչ որ կը կարդանք Աստուածաշունչէն՝ իրապէս Աստուծմէ ներշնչուած է։

ԿՐՆԱ՞ՆՔ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՎՍՏԱՀԻԼ

10. (ա) Ինչո՞ւ կարգ մը անհատներ կը խորհին որ Աստուածաշունչը ժամանակավրէպ է։ (բ) Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17–ն ի՞նչ կ’ըսէ Աստուածաշունչին մասին։

10 Թերեւս նշմարած էք որ խրատ տուող շատ մը գրքեր, քանի մը տարի ետք ժամանակավրէպ կը դառնան։ Ի՞նչ կրնանք ըսել Աստուածաշունչին մասին։ Անիկա շատ հին գիրք մըն է, անոր վերջին բառերը գրուելէն գրեթէ 2,000 տարիներ անցած են։ Ուստի, ոմանք կը խորհին որ անիկա կարելի չէ կիրարկել այս արդի դարուն։ Բայց եթէ Աստուածաշունչը Աստուծմէ ներշնչուած է, անոր խրատները պէտք է այժմէական ըլլան, հակառակ անոր հնութեան։ Սուրբ Գրութիւնները պէտք է տակաւին «օգտակար [ըլլան] սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէսզի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած»։—Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17

11-13. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Աստուածաշունչը գործնական է մեր օրերուն։

11 Մօտէն քննութիւն մը կատարելը կը յայտնէ թէ Աստուածաշունչի սկզբունքները նոյնքան կիրարկելի են ներկայիս, որքան էին՝ երբ անոնք առաջին անգամ գրի առնուեցան։ Օրինակի համար, երբ մարդկային բնոյթին մասին կը խօսի, անիկա այնպիսի սուր հասկացողութիւն մը կը յայտնէ, որ մարդկութեան բոլոր սերունդներուն կը կիրարկուի։ Ասիկա դիւրութեամբ կը տեսնենք Յիսուսի Լերան Քարոզին մէջ, որ արձանագրուած է Մատթէոս 5–էն 7–րդ գլուխներուն մէջ։ Այս քարոզը ա՛յնպիսի տպաւորորութիւն մը ձգած էր Հնդիկ առաջնորդ Մոհանտէս Կանտիին վրայ, որ ան Բրիտանացի պաշտօնեայի մը ըսած է. «Եթէ ձեր երկիրը եւ իմս Քրիստոսի Լերան Քարոզին մէջի ուսուցումներուն համաձայն քալէինք, ո՛չ միայն մեր երկիրներուն խնդիրները պիտի լուծէինք, այլ՝ ամբողջ աշխարհին»։

12 Զարմանալի չէ որ Յիսուսի ուսուցումը մեծ տպաւորութիւն կը ձգէ մարդոց վրայ։ Իր Լերան Քարոզին մէջ, ան մեզի իրական ուրախութեան ճամբան ցոյց տուաւ։ Ան բացատրեց թէ ի՛նչպէս պէտք է լուծել վէճերը եւ ինչպէս աղօթելու մասին խրատներ տուաւ։ Ան նշեց թէ նիւթական կարիքներու նկատմամբ ո՛րն է իմաստուն կեցուածքը եւ ուրիշներու հետ լաւ յարաբերութիւն ունենալու համար Ոսկեղէն Կանոնը տուաւ։ Կրօնական խարդախութիւնները ի՛նչպէս նշմարելու եւ ապահով ապագայ մը ինչպէս ունենալու մասին ալ ակնարկութիւններ ըրաւ։

13 Լերան Քարոզին, ինչպէս նաեւ իր ամբողջ էջերուն, մէջ Աստուածաշունչը յստակօրէն մեզի կ’ըսէ թէ մեր կեանքը բարելաւելու համար ի՛նչ պէտք է ընենք եւ ի՛նչ բանէ պէտք է խուսափինք։ Անոր խրատները ա՛յնքան գործնական են, որ ուսուցիչ մը մղուեցաւ ըսել. «Թէեւ համալսարանական տիտղոս ունեցող բարձրագոյն վարժարանի խորհրդատու մըն եմ եւ մտային առողջութեան եւ հոգեբանութեան մասին բազմաթիւ գրքեր կարդացած եմ, նկատեցի որ յաջող ամուսնութիւն մը ունենալու, պատանեկան յանցապարտութեան արգելք հանդիսանալու եւ, ի՛նչպէս բարեկամներ շահելու եւ զանոնք պահելու, նման հարցերու շուրջ, Աստուածաշունչի տուած խրատը շատ աւելի գերադաս է քան ինչ որ համալսարանին մէջ կարդացած կամ սերտած եմ։» Գործնական եւ այժմէական ըլլալէ բացի, Աստուածաշունչը վստահելի է։

ՃՇԳՐԻՏ ԵՒ ՎՍՏԱՀԵԼԻ

14. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Աստուածաշունչը գիտականօրէն ճշգրիտ է։

14 Թէեւ Աստուածաշունչը գիտական գիրք մը չէ, բայց գիտականօրէն ճշգրիտ է։ Օրինակի համար, այն ժամանակ, երբ շատեր կը հաւատային թէ երկիրը տափակ էր, Եսայի մարգարէն անոր ակնարկեց, որպէս «շրջան» (Եբրայերէն chugh, որ հոս «գունդ»ի մը գաղափարը կու տայ)։ (Եսայեայ 40։22) Գնդաձեւ երկրի մը գաղափարը Եսայիի օրէն հազարաւոր տարիներ ետքն էր որ լիովին ընդունուեցաւ։ Ասկէ զատ, Յոբ 26։7–ի մէջ, աւելի քան 3,000 տարիներ առաջ գրուած էր որ Աստուած «երկիրը ոչնչին վրայ կը կախէ»։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը կ’ըսէ. «Աստուածաշունչին ներշնչուած ըլլալը մերժողներուն համար, դիւրին չէ լուծել այդ հարցը թէ Յոբ ի՛նչպէս գիտցաւ աստղագէտներուն կողմէ փաստուած ճշմարտութիւնը, թէ՝ երկիրը պարապութեան մէջ կախուած է»։

15. Աստուածաշունչի արձանագրութեան ոճը անոր հանդէպ ինչպէ՞ս վստահութիւն կը ներշնչէ։

15 Աստուածաշունչի արձանագրութեան ոճն ալ մեր մէջ վստահութիւն կը ներշնչէ այս հնամենի մատեանին հանդէպ։ Առասպելներու հակառակը, Աստուածաշունչին դէպքերը առնչուած են մասնայատուկ անձերու եւ թուականներու հետ։ (Գ. Թագաւորաց 14։25. Եսայեայ 36։1. Ղուկաս 3։1, 2) Իսկ մինչ վաղեմի գրեթէ բոլոր պատմաբանները իրենց կառավարիչներուն յաղթանակները արձանագրելու մէջ կը չափազանցէին եւ անոնց պարտութիւններն ու սխալները կը ծածկէին, Աստուածաշունչը գրողները անկեղծ եւ պարկեշտ էին՝ նոյնիսկ իրենց անձնական լուրջ մեղքերուն նկատմամբ։—Թուոց 20։7–13. Բ. Թագաւորաց 12։7–14. 24։10

ՄԱՐԳԱՐԷԱԿԱՆ ԳԻՐՔ ՄԸ

16. Ո՞րն է մեծագոյն ապացոյցը թէ Աստուածաշունչը Աստուծմէ ներշնչուած է։

16 Մարգարէութեանց կատարումը այն եզրակացութեան կը յանգեցնէ թէ Աստուածաշունչը Աստուծմէ ներշնչուած է։ Աստուածաշունչը բազմաթիւ մարգարէութիւններ կը պարունակէ, որոնք մանրամասնօրէն կատարուած են։ Բացայայտ է որ ասիկա կարելի չէր վերագրել պարզ մարդոց։ Արդ, ո՞վ կը գտնուի այս մարգարէութեանց ետին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ «մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը սուրբ հոգիէն [Աստուծոյ գործօն ուժէն] շարժուած՝ խօսեցան»։ (Բ. Պետրոս 1։21) Կարգ մը օրինակներ նկատի առնենք։

17. Ո՞ր մարգարէութիւնները նախագուշակեցին Բաբելոնի անկումը եւ անոնք ի՛նչպէս կատարուեցան։

17 Բաբելոնի անկումը։ Եսային եւ Երեմիան երկուքն ալ մարգարէացան որ Բաբելոնը պիտի իյնար Մարերու եւ Պարսիկներու ձեռքը։ Յատկանշական է որ այս դէպքին մասին Եսայիի մարգարէութիւնը արձանագրուած էր Բաբելոնի պարտութենէն շուրջ 200 տարիներ առաջ։ Մարգարէութեան հետեւեալ երեւոյթները ներկայիս պատմական իրողութիւններ են. Եփրատ գետին ջուրերը արուեստական լիճի մը մէջ ուղղուելով՝ անոր ցամքիլը, (Եսայեայ 44։27. Երեմեայ 50։38) Բաբելոնի գետին նայող դռներուն անհոգ կերպով անապահով ձգուիլը, (Եսայեայ 45։1) եւ, Կիւրոս կոչուող կառավարիչի մը կողմէ անոր նուաճումը։—Եսայեայ 44։28

18. «Յոյներուն թագաւոր»ին բարձրացումով եւ անկումով Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։

18 «Յոյն թագաւոր»ին բարձրացումն ու անկումը։ Դանիէլ տեսիլքի մը մէջ տեսաւ որ արու այծ մը հարուած մը տուաւ խոյի մը ու անոր երկու եղջիւրները կոտրեց։ Ապա, այծին մեծ եղջիւրը կոտրեցաւ եւ անոր տեղ չորս եղջիւր ելաւ։ (Դանիէլ 8։1–8) Դանիէլի հետեւեալ բացատրութիւնը տրուեցաւ. «Այն տեսնուած խոյին երկու եղջիւրները՝ Մարերու ու Պարսիկներու թագաւորներն են։ Այդ այծը՝ քօշը՝ Յոյներու թագաւորն է ու անոր աչքերուն մէջտեղի մեծ եղջիւրը առաջին թագաւորն է։ Ան որ կոտրեցաւ ու անոր տեղը չորսը ելաւ, այս կը ցուցնէ թէ այն ազգէն չորս թագաւորութիւն պիտի ելլէ, բայց ո՛չ թէ անոր զօրութիւնովը»։ (Դանիէլ 8։20–22) Այս մարգարէութեան հետ համընթաց ըլլալով, շուրջ երկու դար ետք, «Յոյներու թագաւորը», Մեծն Աղեքսանդրը, երկու եղջիւր ունեցող Մարա–Պարսկական Կայսրութիւնը տապալեց։ Աղեքսանդրը մեռաւ Հ.Դ.Ա. 323–ին եւ վերջապէս անոր տեղը առին իր չորս զօրավարները։ Սակայն, հետագայ թագաւորութիւններէն ո՛չ մէկը Աղեքսանդրի կայսրութեան զօրութիւնը ունեցաւ։

19. Յիսուս Քրիստոսի վրայ ո՞ր մարգարէութիւնները կատարուեցան։

19 Յիսուս Քրիստոսի կեանքը։ Եբրայերէն Գրութիւնները Յիսուսի ծնունդին, ծառայութեան, մահուան եւ յարութեան վերաբերեալ տասնեակ մարգարէութիւններ կը պարունակեն, որոնք կատարուած են։ Օրինակի համար, աւելի քան 700 տարի առաջուընէ, Միքիան նախագուշակեց որ Մեսիան կամ Քրիստոսը Բեթլէհէմի մէջ պիտի ծնէր։ (Միքիայ 5։2. Ղուկաս 2։4–7) Միքիայի ժամանակակից եղող Եսային նախագուշակեց որ Մեսիան պիտի ապտակէին ու անոր վրայ թքնէին։ (Եսայեայ 50։6. Մատթէոս 26։67) Հինգ հարիւր տարի առաջուընէ, Զաքարիան մարգարէացաւ որ Մեսիան 30 կտոր արծաթի փոխարէն պիտի մատնուէր։ (Զաքարեայ 11։12. Մատթէոս 26։15) Դաւիթ, աւելի քան հազար տարիներ առաջ, Յիսուս Մեսիայի մահուան հետ առնչութիւն ունեցող պարագաներ մարգարէացաւ։ (Սաղմոս 22։7, 8, 18. Մատթէոս 27։35, 39–43) Իսկ շուրջ հինգ հարիւր տարի առաջ, Դանիէլի մարգարէութիւնը յայտնեց թէ Մեսիան երբ պիտի գար, անոր ծառայութիւնը որքան պիտի տեւէր, ու երբ պիտի մեռնէր։ (Դանիէլ 9։24–27) Ասոնք Յիսուս Քրիստոսի վրայ կատարուած քանի մը մարգարէութիւններու օրինակներ են։ Հետագային իր մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալը շատ վարձահատոյց պիտի գտնէք։

20. Աստուածաշունչի կատարուած մարգարէութիւններուն ամբողջական արձանագրութիւնը ի՞նչ վստահութիւն պէտք է ներշնչէ մեզի։

20 Աստուածաշունչի շատ մը ուրիշ հեռահաս մարգարէութիւններ արդէն կատարուած են. ‘Բայց’, կրնաք ըսել, ‘ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ իմ կեանքիս վրայ’։ Լաւ, եթէ անհատ մը տարիներ ձեզի ճշմարտութիւնը խօսած ըլլայ, նոր բան մը ըսելու պարագային, յանկարծ պիտի կասկածէ՞իք իր վրայ։ Ո՜չ։ Աստուած միշտ ճշմարտութիւնը խօսած է ամբողջ Աստուածաշունչին մէջ։ Ասիկա Աստուածաշունչի խոստումներուն՝ ինչպէս մօտալուտ երկրային դրախտի առնչութեամբ եղած մարգարէութեան՝ վրայ ձեր վստահութիւնը չա՞ւելցնէր։ Արդարեւ, կրնանք այն վստահութիւնը ունենալ զոր Յիսուսի առաջին դարու աշակերտը Պօղոս ունէր, երբ գրեց թէ ‘Աստուած չի ստեր’։ (Տիտոս 1։2) Ասկէ զատ, երբ Աստուածաշունչը կարդանք եւ անոր խրատները կիրարկենք, իմաստութիւն մը կ’ունենանք որու մարդիկ իրենց անձնական ուժերով չեն կրնար հասնիլ. քանի որ անիկա գիրք մըն է, որ յաւիտենական կեանքի առաջնորդող Աստուծոյ գիտութիւնը կը յայտնէ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ «ՓԱՓԱՔԵՑԷՔ»

21. Ի՞նչ պէտք է ընէք երբ Աստուածաշունչէն կարգ մը բաներ սորվիք որոնք շփոթեցուցիչ թուին։

21 Երբ Աստուածաշունչը սերտէք, հաւանաբար պիտի սորվիք բաներ, որոնք անցեալին ձեր սորվածներէն տարբեր են։ Նաեւ պիտի նկատէք որ ձեր սիրած կրօնական սովորութիւններէն ոմանք հաճելի չեն Աստուծոյ։ Պիտի սորվիք որ շիտակի ու սխալի Աստուծոյ չափանիշները շատ աւելի բարձր են այս թոյլատու աշխարհին մէջ սովորական եղող չափանիշներէն։ Սկիզբը, ասիկա կրնայ ձեզ վհատեցնել։ Բայց համբերեցէ՛ք։ Ուշադրութեամբ քննեցէք Սուրբ Գրութիւնները, Աստուծոյ գիտութիւնը գտնելու համար։ Ձեր մտքին մէջ ունեցէք որ Աստուածաշունչի խրատները թերեւս ձեր մտածելակերպը կամ արարքները փոխելու կարիքը ցոյց տան։

22. Ինչո՞ւ կ’ուսումնասիրէք Աստուածաշունչը եւ ի՛նչպէս կրնաք օգնել ուրիշներուն որ ասիկա հասկնան։

22 Բարեկամներ եւ ազգականներ կրնան լաւ միտումով հակառակիլ Աստուածաշունչի ձեր ուսումնասիրութեան, բայց Յիսուս ըսաւ. «Ա՛րդ՝ ով որ մարդոց առջեւ զիս կը դաւանի, ես ալ զանիկա պիտի դաւանիմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է։ Եւ ով որ մարդոց առջեւ զիս կ’ուրանայ, ես ալ զանիկա պիտի ուրանամ իմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է»։ (Մատթէոս 10։32, 33) Ոմանք կրնան վախնալ որ աղանդի մը մէջ պիտի մտնէք կամ մոլեռանդ պիտի ըլլաք։ Սակայն, իրականութեան մէջ, դուք պարզապէս կը ջանաք Աստուծոյ եւ իր ճշմարտութեան մասին ճշգրիտ գիտութիւն ստանալ։ (Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4) Երբ ուրիշներուն կ’ուզէք օգնել որ ասիկա հասկնան, ձեր սորված բաներուն մասին անոնց խօսելու ատեն տրամաբանական եղէք եւ ոչ թէ առարկող։ (Փիլիպպեցիս 4։5) Մի՛ մոռնաք որ շատեր «առանց խօսքի կը շահուին», երբ ապացոյցը տեսնեն որ Աստուածաշունչի գիտութիւնը մարդոց իրապէս օգտակար է։—Ա. Պետրոս 3։1, 2

23. Ինչպէ՞ս կրնաք Աստուծոյ գիտութեան փափաքիլ։

23 Աստուածաշունչը հետեւեալ յորդորը կու տայ. «Նորածին մանուկներու պէս բանական ու անխարդախ կաթին փափաքեցէք»։ (Ա. Պետրոս 2։2) Մանուկ մը սնուցանուելու համար իր մօրմէն կախեալ է եւ այդ պահանջքը գոհացնելու համար ան կը պնդէ։ Մենք ալ Աստուծմէ եկած գիտութենէն կախեալ ենք։ Ձեր ուսումնասիրութիւնը շարունակելով, իր Խօսքին «փափաքեցէք»։ Արդարեւ, կանոնաւորաբար Աստուածաշունչ կարդալը ձեր նպատակակէտը ըրէք։ (Սաղմոս 1։1–3) Ասիկա ճոխ օրհնութիւններ պիտի բերէ ձեզի, քանի որ Սաղմոս 19։11–ը կ’ըսէ Աստուծոյ օրէնքին մասին. «Զանոնք պահելուն վարձքը շատ է»։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Հ.Դ.Ա. կը նշանակէ «Հասարակ Դարաշրջանէն Առաջ», որ աւելի շիտակ է քան Ք.Ա. (Քրիստոսէ Առաջ)։ Հ.Դ. կը նշանակէ «Հասարակ Դարաշրջան» որ յաճախ կոչուած է Ք.Թ. (Քրիստոսի Թուական)։

ՁԵՐ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈՐՁԵՑԷՔ

Ի՞նչ կերպերով Աստուածաշունչը ուրիշ գիրքերու նման չէ։

Ինչո՞ւ կրնաք վստահիլ Աստուածաշունչին։

Ի՞նչ բան կը փաստէ որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքն է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 14]

ՁԵՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՀԵՏ ԸՆՏԵԼԱՑԷՔ

Աստուածաշունչին հետ ընտելանալը դժուար պէտք չէ ըլլայ։ Աստուածաշունչի գրքերուն շարքաւորումն ու տեղերը գտնելու համար, անոր ցանկը գործածեցէք։

Աստուածաշունչի գիրքերը, գլուխներու եւ համարներու բաժնուած են, որպէսզի դիւրութեամբ գտնուին։ Գլուխներու բաժանումը տեղի ունեցաւ ԺԳ. դարու ընթացքին, իսկ այնպէս կը թուի որ ԺԶ. դարու Ֆրանսացի տպագրիչ մը Յունարէն Գրութիւնները համարներու բաժնեց, ինչպէս ունինք ներկայիս։ Թուագրուած գլուխներով եւ համարներով առաջին ամբողջ Աստուածաշունչը Ֆրանսական հրատարակութիւն մըն էր, որ լոյս տեսաւ 1553–ին։

Երբ այս գրքին մէջ սուրբ գրային համարներ յիշուած են, առաջին թիւը կը նշէ գլուխը, իսկ երկրորդը՝ համարը։ Օրինակի համար, «Առակաց 2։5», կը նշանակէ Առակաց գիրքին 2–րդ գլուխին 5–րդ համարը։ Եթէ մէջբերուած համարները բանաք, շուտով պիտի նկատէք որ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ Աստուածաշունչի համարներուն տեղը գտնել։

Աստուածաշունչին հետ ընտելանալու լաւագոյն կերպն է, զայն ամէն օր կարդալ։ Սկիզբը ասիկա կրնայ դժուար ըլլալ։ Սակայն, եթէ ամէն օր երեքէն հինգ գլուխ կարդաք՝ կախեալ ըլլալով անոնց երկարութենէն՝ մէկ տարուան մէջ ամբողջ Աստուածաշունչը կարդացած կ’ըլլաք։ Ինչո՞ւ այսօր չսկսիք։

[Շրջանակ՝ էջ 19]

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ—ՄԱՍՆԱՅԱՏՈՒԿ ԳԻՐՔ ՄԸ

Աստուածաշունչը «Աստուծմէ ներշնչուած է»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Թէեւ մարդիկ գրի առին անոր խօսքերը, բայց Աստուած առաջնորդեց անոնց խորհուրդները, այնպէս որ Աստուածաշունչը իրապէս «Աստուծոյ Խօսքն» է։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13

Աստուածաշունչը գրուած է 16 դարերու ընթացքին, տարբեր խաւերէ եկած շուրջ 40 անհատներու կողմէ։ Այսուհանդերձ, ամբողջացած գիրքը սկիզբէն մինչեւ վերջ՝ ներդաշնակ է։

Աստուածաշունչը ուրիշ որեւէ գրքէ աւելի հակաճառութիւններու հանդիպած է։ Միջին Դարուն, մարդիկ ցիցերու վրայ ողջ հրկիզուեցան, պարզ անոր համար որ Սուրբ Գրութիւններու մէկ օրինակը ունէին։

Աստուածաշունչը աշխարհի մէջ ամենէն շատ վաճառուած գիրքն է։ Անիկա ամբողջութեամբ կամ մասամբ թարգմանուած է աւելի քան 2,000 լեզուներու։ Միլիառաւոր օրինակներ տպուած են եւ երկրի վրայ դժուար է գտնել վայր մը ուր անկէ օրինակ մը չի գտնուիր։

Աստուածաշունչի ամենէն հին մասը, Հ.Դ.Ա. ԺԶ. դարէն է։ Այսինքն, Պրահմանական Ռիկ–Վէտայի գրութենէն (շուրջ Հ.Դ.Ա. 1300–ին), կամ Պուտտայական «Երեք Կողովներու Կանոնագիրք»էն (Հ.Դ.Ա. հինգերորդ դարէն), կամ Իսլամական Գուրանէն (Հ.Դ. եօթներորդ դար), ինչպէս նաեւ Շինթոյական Նիհոնկիյէն (Հ.Դ. 720) առաջ էր։

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 20]