Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ ապահովութիւն գտէք

Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ ապահովութիւն գտէք

Գլուխ 17

Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ ապահովութիւն գտէք

1, 2. Մարդկութեան կացութիւնը ինչպէ՞ս փոթորիկէ հարուածուած շրջանի կը նմանի։

ԵՐԵՒԱԿԱՅԵՑԷՔ որ զօրաւոր փոթորիկ մը ձեր բնակած շրջանը քարուքանդ ըրած ըլլայ։ Ձեր տունը փլած ու ձեր ստացուածքը կորսուած ըլլայ։ Ուտելիքը ստուար ու կացութիւնը անյոյս ըլլայ։ Ապա, անակնկալ օգնութիւն մը հասնի։ Առատ ուտելիք եւ հագուելիք հայթայթուի։ Ձեզի համար նոր բնակարան մը կառուցուի։ Անկասկած երախտապարտ պիտի ըլլաք այս հայթայթումները մատչելի ընող անհատին։

2 Մեր օրերուն նոյնանման բան մը կը կատարուի։ Այդ փոթորիկին նման, Ադամի ու Եւայի ըմբոստութիւնը մեծ վնասներ հասցուց մարդկային ցեղին։ Մարդկութեան Դրախտ բնակավայրը կորսուեցաւ։ Անկէ ի վեր, մարդկային կառավարութիւններ չեն կրցած մարդիկը պաշտպանել պատերազմէ, ոճիրէ եւ անիրաւութենէ։ Կրօնքները մարդկային զանգուածները հոգեւոր սննդարար կերակուրի կարօտ ձգած են։ Արդ, հոգեւոր առումով, Եհովա Աստուած հիմա ուտելիք, հագուելիք եւ պատսպարան կը հայթայթէ։ Ասիկա ի՛նչպէս կ’ընէ։

«ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՈՒ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԾԱՌԱՆ»

3. Եհովա ինչպէ՞ս հայթայթում կընէ մարդկութեան համար, եւ ասիկա ի՞նչ օրինակներով ցոյց կը տրուի։

3 Ընդհանրապէս, նպաստները կը հայթայթուին կազմակերպեալ խողովակի մը միջոցաւ, Եհովա ալ իր ժողովուրդին հոգեւոր հայթայթումները նոյն կերպով ըրած է։ Իսրայելացիները, զոր օրինակ, մօտաւորապէս 1,500 տարիներ ‘Եհովայի ժողովքն’ էին։ Անոնց մէջ կային ոմանք, որոնց Աստուած կը գործածէր իր Օրէնքը սորվեցնել տալու համար։ (Ա. Մնացորդաց 28։8. Բ. Մնացորդաց 17։7–9) Հ.Դ. առաջին դարուն, Եհովա Քրիստոնէական կազմակերպութիւնը յառաջ բերաւ։ Ժողովքներ կազմուեցան եւ անոնք առաքեալներէ եւ երէցներէ բաղկացած կառավարիչ մարմնի մը առաջնորդութեան ներքեւ սկսան գործել։ (Գործք 15։22–31) Նմանապէս այսօր, Եհովա իր ժողովուրդին հետ գործառնութիւն կ’ունենայ, կազմակերպուած մարմնի մը միջոցաւ։ Ի՞նչպէս գիտենք։

4. Ներկայիս ո՞վ է «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» եւ Աստուծոյ հոգեւոր հայթայթումները ինչպէ՞ս մատչելի են։

4 Յիսուս ըսաւ որ Թագաւորութեան զօրութեամբ իր ներկայութեան ընթացքին, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ» մը գոյութիւն պիտի ունենար, Իր հետեւորդներուն ‘ատենին կերակուր տալու համար’։ (Մատթէոս (24։45–47) Երբ Յիսուս որպէս երկնային Թագաւոր գահակալուեցաւ 1914–ին, ո՞վ փաստեց այս «ծառան» ըլլալ։ Վստահաբար Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները չէին։ Անոնց մեծամասնութիւնը իրենց ծուխերը կը կերակրէին, Ա. Աշխարհամարտի մէջ մտած իրենց պատկան կառավարութեան թիկունք կանգնող պրոպականդով։ Սակայն, պատշաճ եւ ատենին հոգեւոր կերակուր կը մատակարարուէր խումբ մը ճշմարիտ Քրիստոնեաներու կողմէ, որոնք Աստուծոյ սուրբ հոգիով օծուած եւ Յիսուսի կոչած «պզտիկ հօտ»ին մէկ մասն էին։ (Ղուկաս 12։32) Այս օծեալ Քրիստոնեաները Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը քարոզէին եւ ո՛չ թէ մարդկային կառավարութիւնները։ Անոր որպէս հետեւանք, տարիներու ընթացքին միլիոնաւոր արդարամիտ «ուրիշ ոչխարներ» ճշմարիտ կրօնքը քարոզելու համար օծեալ ‘ծառային’ միացան։ (Յովհաննու 10։16) Այս ‘հաւատարիմ ծառան’ եւ անոր Կառավարիչ Մարմինը գործածելով, Աստուած իր կազմակերպուած ժողովուրդը կ’առաջնորդէ եւ հոգեւոր սնունդ, հագուելիք եւ պատսպարան կը հայթայթէ այս բաները փափաքողներուն։

«ԱՏԵՆԻՆ ԿԵՐԱԿՈՒՐ»

5. Հիմա աշխարհիս մէջ հոգեւոր ի՞նչ կացութիւն կը տիրէ, բայց Եհովա ի՞նչ կընէ այս մասին։

5 Յիսուս ըսաւ. «Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ»։ (Մատթէոս 4։4) Սակայն, դժբախտաբար, մարդոց մեծամասնութիւնը ուշադրութիւն չեն ընծայեր Աստուծոյ խօսքերուն։ Ինչպէս Եհովայի Ամովս մարգարէն նախագուշակեց, սով մը կայ, «ո՛չ թէ հացի սով եւ ո՛չ թէ ջուրի ծարաւ, այլ Տէրոջը խօսքերը լսելու սովը»։ (Ամովսեայ 8։11) Նոյնիսկ ամենէն կրօնասէր անհատները հոգեւորապէս սոված են։ Այսուհանդերձ, Եհովայի կամքն է որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնալու գան»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4) Անոր համար Ան առատօրէն հոգեւոր կերակուր կը հայթայթէ։ Բայց ո՞ւրկէ կարելի է ձեռք ձգել զայն։

6. Եհովա իր ժողովուրդը անցեալին ինչպէ՞ս հոգեւորապէս կերակրեց։

6 Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, Եհովա հոգեւոր կերակուր մատակարարած է իր ժողովուրդին, որպէս ամբողջութիւն մը։ (Եսայեայ 65։13) Օրինակ, Իսրայելացի քահանաները կը հաւաքէին այրերը, կիները եւ երախաները, անոնց Աստուծոյ Օրէնքը խմբովին սորվեցնելու համար։ (Բ. Օրինաց 31։9, 12) Առաջին դարու Քրիստոնեաները, կառավարիչ մարմնին առաջնորդութեան ներքեւ ժողովքներ կը կազմակերպէին եւ ժողովներ կը վարէին, ուսուցում ու քաջալերութիւն տալու համար։ (Հռովմայեցիս 16։5. Փիլիմոն 1, 2) Եհովայի Վկաները այս օրինակին կը հետեւին։ Ձեզ սրտանց կը հրաւիրենք որ անոնց բոլոր ժողովներուն ներկայ գտնուիք։

7. Քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլը ի՞նչ կապակցութիւն ունի գիտութեան եւ հաւատքի հետ։

7 Հաւանաբար արդէն Աստուածաշունչը անձնապէս ուսումնասիրելով շատ բաներ սորված էք։ Թերեւս մէկը ասոր համար օգնած է ձեզի։ (Գործք 8։30–35) Բայց ձեր հաւատքը կարելի է նմանցնել բոյսի մը, որ կրնայ չորնալ ու մեռնիլ, եթէ հարկ եղած խնամքը չտրուի անոր։ Հետեւաբար, հարկ եղած հոգեւոր սնունդ պէտք է ստանանք։ (Ա. Տիմոթէոս 4։6) Քրիստոնէական ժողովները շարունակական ուսուցում կը հայթայթեն, ձեզ հոգեւորապէս կերակրելով եւ ձեզի օգնելով որ հաւատքի մէջ մեծնաք, մինչ Աստուծոյ գիտութեան մէջ կաճիք։ —Կողոսացիս 1։9, 10

8. Ինչո՞ւ քաջալերութիւն կը տրուի որ Եհովայի Վկաներուն ժողովներուն յաճախենք։

8 Ժողովները ուրիշ կենսական նպատակի մըն ալ կը ծառայեն։ Պօղոս գրեց. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք»։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) «Մղել» թարգմանուած Յունարէն բառը, կրնայ նաեւ նշանակել «սրել»։ Սուրբ գրային առակ մը կըսէ. «Երկաթը երկաթով կը սրուի ու մարդը իր բարեկամին երեսը կը սրէ»։ (Առակաց 27։17) Բոլորս ալ շարունակաբար սրուելուկարիքը ունինք։ Աշխարհէն եկած առօրեայ ճնշումները կրնան բթացնել մեր հաւատքը։ Երբ Քրիստոնէական ժողովներու կը յաճախենք, փոխադարձ քաջալերութիւն կը ստանանք։ (Հռովմայեցիս 1։11, 12) Ժողովքի անդամները Պօղոս առաքեալի խրատին կը հետեւին, որ ըսաւ. «Մէկզմէկ մխիթարեցէ՛ք եւ իրարու օգնեցէ՛ք», եւ այսպիսի բաներ մեր հաւատքը կը սրեն։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։11) Քրիստոնէական ժողովներու կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելով ցոյց կու տանք նաեւ որ կը սիրենք Աստուած, որ զինք փառաբանելու առիթներ կու տայ մեզի։—Սաղմոս 35։18

«ՍԷՐԸ ՀԱԳԷՔ»

9. Սէր ցոյց տալու մէջ Եհովա ինչպէ՞ս օրինակ հանդիսացած է։

9 Պօղոս գրեց. «Սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է»։ (Կողոսացիս 3։14) Եհովա այս հագուստը ձրիօրէն հայթայթած է մեզի։ Ի՞նչ կերպով։ Քրիստոնեաները կրնան սէր ցուցաբերել, քանի որ անիկա Եհովայի սուրբ հոգիին աստուածատուր պտուղներէն մէկն է։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Եհովա ինք մեծագոյն սէրը ցուցաբերեց, իր միածին Որդին ղրկելով, որպէսզի մենք կարենանք յաւիտենական կեանք ունենալ։ (Յովհաննու 3։16) Սիրոյ այս գերագոյն արտայայտութիւնը մեզի օրինակ կը հանդիսանայ, որպէսզի մենք ալ այս յատկութիւնը ցուցաբերենք։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Եթէ Աստուած մեզ այսպէս սիրեց, ուրեմն մենք ալ պարտաւոր ենք մէկզմէկ սիրել»։—Ա. Յովհաննու 4։11

10. ‘Բոլոր Եղբայրներու ընկերակցութենէնինչպէ՞ս կօգտուինք։

10 Թագաւորութեան Սրահին մէջ ժողովներու յաճախելը, ձեզի հոյակապ պատեհութիւն պիտի տայ ձեր սէրը ցոյց տալու։ Հոն շատ տարբեր անհատներու պիտի հանդիպիք։ Անկասկած շուտով անոնցմէ շատերուն մօտիկ պիտի զգաք։ Անշուշտ, նոյնիսկ Եհովայի ժողովուրդին մէջ, անձնաւորութիւնները կը տարբերին։ Թերեւս անցեալին, կը խուսափէիք այն անհատներէն, որոնք նոյն հետաքրքրութիւնները կամ նկարագրի գծերը չունէին։ Սակայն Քրիստոնեաները պէտք է «[ամբողջ] եղբայրակցութիւնը սիրեն»։ (Ա. Պետրոս 2։17, ՆԱ) Ուստի, մտադրեցէք Թագաւորութեան Սրահ գտնուողներուն հետ ծանօթանալ, նոյնիսկ անոնց հետ որոնց տարիքը, անձնաւորութիւնը, ցեղը կամ կրթական մակարդակը ձերինէն տարբեր է։ Հաւանաբար պիտի նկատէք որ իւրաքանչիւր անհատ յատկութեան մը մէջ զօրաւոր է որ զինք հաճելի կը դարձնէ։

11. Եհովայի ժողովուրդին մէջ գտնուող անձնաւորութիւններու տարբերութիւնները ինչո՞ւ պէտք չէ ձեզ խանգարեն։

11 Ժողովքին մէջ անձնաւորութիւններու տարբերութիւնները պէտք չէ խանգարեն ձեզ։ Օրինակ մը տանք. երեւակայեցէք որ անհամար ինքնաշարժներ ձեզի հետ նոյն ճամբուն մէջ կը ճամբորդեն։ Բոլորն ալ նոյն արագութեամբ չեն ընթանար, ոչ ալ բոլորը նոյն վիճակի մէջ են։ Ոմանք թերեւս բազմաթիւ քիլոմեթրներ ըրած են, իսկ ուրիշներ, թերեւս ձեզի նման տակաւին նոր ճամբայ ելած են։ Այսուհանդերձ, բոլորն ալ ճամբորդութեան մէջ են։ Ժողովքի մը բաղադրեալ անդամներուն պարագան ալ նոյնն է։ Բոլորն ալ Քրիստոնէական յատկութիւնները նոյն արագութեամբ չեն զարգացներ։ Ասկէ զատ, բոլորն ալ ֆիզիքական կամ զգացական նոյն վիճակը չունին։ Ոմանք երկար տարիներէ ի վեր Եհովան կը պաշտեն, իսկ ուրիշներ տակաւին նոր սկսած են։ Սակայն, բոլորն ալ յաւիտենական կեանքի ճամբուն մէջ կը քալեն, «մէկ մտքի ու մէկ խորհուրդի վրայ հաստատուած»։ (Ա. Կորնթացիս 1։10) Ուստի, անոնց մէջ ցցուն եղող յատկութիւններուն նայեցէք եւ ոչ թէ տկարութիւններուն։ Ասիկա ձեր սիրտը պիտի տոգորէ, քանի որ պիտի անդրադառնաք որ Աստուած ի՛րապէս այս ժողովուրդին մէջ է։ Իսկ դուք կուզէք այսպիսի տեղ մը գտնուիլ։—Ա. Կորնթացիս 14։25

12, 13. (ա) Եթէ ժողովքին մէջ մէկը ձեզ վիրաւորէ, ի՞նչ կրնաք ընել։ (բ) Ինչո՞ւ կարեւոր է ոխ չպահել։

12 Քանի որ բոլոր մարդիկ անկատար են, կրնայ պատահիլ որ ժողովքին մէջ մէկը բան մը ըսէ կամ բան մը ընէ որ հիասթափեցնէ ձեզ։ (Հռովմայեցիս 3։23) Յակոբոս աշակերտ իրապաշտօրէն գրեց. «Ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կընենք. եթէ մէկը խօսքով յանցանք չընէ՝ անիկա կատարեալ մարդ է»։ (Յակոբու 3։2) Եթէ անհատ մը ձեզ վիրաւորէ, ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր հակազդեցութիւնը։ Սուրբ գրային առակ մը կըսէ. «Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէ եւ յանցանքը ներելը անոր պարծանք է»։ (Առակաց 19։11) Խոհեմ կամ ներատես ըլլալ կը նշանակէ կացութեան մը խորքը թափանցել, ըմբռնել կարգ մը ազդակներ, որոնք մղեցին որ անհատ մը որոշ կերպով մը խօսի կամ վարուի։ Շատերս մեր անձնական մեղքերը չքմեղացնելու համար շատ ներատես կը գտնուինք։ Ինչո՞ւ ներատես չգտնուինք ուրիշներու նկատմամբ, անոնց անկատարութիւններն ալ հասկնալով ու զանոնք ծածկելով։—Մատթէոս 7։1–5. Կողոսացիս 3։13

13 Բնաւ չմոռնանք որ եթէ կուզենք Եհովայի ներողամտութեան արժանանալ, պէտք է մենք ալ ուրիշներուն ներենք։ (Մատթէոս 6։9, 12, 14, 15) Եթէ ճշմարտութիւնը կը գործադրենք, ուրեմն ուրիշներուն հետ սիրալիր կերպով պէտք է վարուինք։ (Ա. Յովհաննու 1։6, 7. 3։14–16. 4։20, 21) Ուրեմն, եթէ ժողովքին մէջ մէկու մը հետ խնդիր մը ունենաք, ոխակալ մի՛ ըլլաք։ Եթէ սէրը հագած էք, պիտի ջանաք խնդիրը լուծել, իսկ եթէ դուք վիրաւորած էք, առանց վարանելու ներողութիւն պէտք է խնդրէք։—Մատթէոս 5։23, 24. 18։15–17

14. Ո՞ր յատկութիւնը մեր վրայ պէտք է հագնինք։

14 Մեր հոգեւոր հագուստը սիրոյ հետ սերտ կապակցութիւն ունեցող ուրիշ յատկութիւններ ալ պէտք է ունենայ։ Պօղոս գրեց. «Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը»։ Նկարագրի այս գծերը՝ սիրով շրջապատուած՝ աստուածավախ նոր անձնաւորութեանմաս կը կազմեն։ (Կողոսացիս 3։10, 12) Այս հագուստը հագնելու ջանք պիտի թափէ՞ք։ Մանաւանդ երբ եղբայրասիրութիւն հագնիք, Յիսուսի աշակերտները բնորոշող նշանը պիտի ունենաք, քանի որ ան ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։—Յովհաննու 13։35

ԱՊԱՀՈՎ ՎԱՅՐ ՄԸ

15. Ժողովքը ի՞նչպէս ապաստանարանի մը պէս է։

15 Ժողովքը կը ծառայէ նաեւ որպէս պատսպարան, ապաստանարան, ուր կրնաք ապահով զգալ։ Հոն պիտի գտնէք պարկեշտ անհատներ, որոնք կը տենչան Աստուծոյ աչքին շիտակ եղածը ընել։ Անոնցմէ շատեր արդէն յաղթահարած են այն գէշ սովորութիւնները եւ բնաւորութիւնները, որոնց դէմ դուք հիմա կը պայքարիք։ (Տիտոս 3։3) Անոնք կրնան ձեզի օգնել, քանի որ մեզի ըսուած է որ իրարու նեղութիւնները կրենք։ (Գաղատացիս 6։2) Բնականաբար, յաւիտենական կեանքի առաջնորդող ընթացք մը հետապնդելը միմիայն ձեր պարտականութիւնն է։ (Գաղատացիս 6։5. Փիլիպպեցիս 2։12) Սակայն, Եհովա Քրիստոնէական ժողովքը տուած է որպէս օգնութեան եւ աջակցութեան հոյակապ միջոց մը։ Ձեր խնդիրները ո՛րքան ալ ճնշիչ ըլլան, ձեզի ձեռնտու եղող թանկարժէք աղբիւր մը ունիք. սիրալիր ժողովք մը, որ ձեր կողքին պիտի մնայ վշտի կամ զրկումի պահերուն։—Տես Ղուկաս 10։29–37. Գործք 20։35

16. Ժողովքի երէցները ի՞նչ օգնութիւն կրնան մատուցանել։

16 Ձեզի օգնութեան ձեռք երկարողներուն մէջ պիտի ըլլան մարդոց կերպով պարգեւները՝ ժողովքին նշանակուած երէցները կամ տեսուչները, որոնք հօտը յօժարութեամբ եւ ջանադրութեամբ կը հովուեն։ (Եփեսացիս 4։8, 11, 12. Գործք 20։28. Ա. Պետրոս 5։2, 3) Անոնց մասին Եսայի մարգարէացաւ. «Ամէն մէկը հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոփոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս, չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս եւ ծարաւուտ երկրի մէջ մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս պիտի ըլլայ»։—Եսայեայ 32։2

17. (ա) Յիսուս մասնաւորաբար ի՞նչ օգնութիւն կը մատուցանէ։ (բ) Աստուած ի՞նչ հայթայթում ընել խոստացած է իր ծառաներուն։

17 Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, դժբախտաբար կրօնական առաջնորդները սիրալիր կերպով տեսչութիւն չէին ըներ։ Ժողովուրդին վիճակը խորապէս յուզեց զինք եւ մանաւանդ հոգեւոր գետնի վրայ ուզեց անոնց օգնել։ Յիսուս խղճաց անոնց վրայ, քանի որ «յոգնած ու ցիրուցան եղած էին, հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս»։ (Մատթէոս 9։36) Ասիկա որքա՜ն լաւ կերպով կը նկարագրէ ներկայիս շատերու խղճալի վիճակը, որոնք սրտաճմլիկ վիճակներու մէջ կը գտնուին, եւ սակայն հոգեւոր օգնութեան ու մխիթարութեան համար դառնալիք տեղ մը չունին։ Բայց Եհովայի ծառաները այսպիսի օգնութիւն կը ստանան, քանի որ Ան խոստացաւ. «Անոնց վրայ հովիւներ պիտի դնեմ, որ զանոնք հովուեն. անոնք ա՛լ պիտի չվախնան ու պիտի չզարհուրին ու պիտի չպակսին»։—Երեմեայ 23։4

18. Եթէ հոգեւոր օգնութեան կարիքը ունինք, ինչո՞ւ պէտք է երէցի մը երթանք։

18 Ժողովքի նշանակուած երէցներուն հետ ծանօթացէք։ Անոնք Աստուծոյ գիտութիւնը կիրարկելու մէջ շատ փորձառութիւն ունին, քանի որ Աստուածաշունչին մէջ տեսուչներու համար տրուած որակումները կը լեցնեն։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1–7. Տիտոս 1։5–9) Եթէ հոգեւոր օգնութեան, կամ Աստուծոյ պահանջներուն հակառակ եղող սովորութիւն մը կամ նկարագրի գիծ մը յաղթահարելու կարիք ունիք, մի՛ վարանիք անոնցմէ մէկուն մօտենալու։ Պիտի նշմարէք որ երէցները կը հետեւին Պօղոսի խրատին. «Վատասիրտներն ալ մխիթարեցէ՛ք, տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք, ամենուն ալ երկայնամիտ եղէք»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։7, 8. 5։14

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ ՎԱՅԵԼԵՑԷՔ ԵՀՈՎԱՅԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ

19. Եհովա ի՞նչ օրհնութիւն պիտի շնորհէ իր կազմակերպութեան մէջ ապահովութիւն փնտռողներուն։

19 Թէեւ հիմա անկատար պայմաններու մէջ կապրինք, Եհովա մեզի հոգեւոր սնունդ, հագուելիք եւ պատսպարան կը հայթայթէ։ Անշուշտ, Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհին պէտք է սպասենք, ֆիզիքական դրախտին բարիքները վայելելու համար։ Սակայն, անոնք որ Եհովայի կազմակերպութեան մէկ մասն են, արդէն ներկայիս կը վայելեն հոգեւոր դրախտին ապահովութիւնը։ Անոնց մասին, Եզեկիէլ մարգարէացաւ. «[Անոնք] ապահովութեամբ պիտի բնակին ու վախցնող մը պիտի չըլլայ»։—Եզեկիէլ 34։28. Սաղմոս 4։8

20. Եհովա ինչպէ՞ս պիտի հատուցանէ իր պաշտամունքին համար մեր ըրած որեւէ զոհողութիւն։

20 Որքա՜ն երախտապարտ կրնանք ըլլալ որ Եհովա իր Խօսքին եւ կազմակերպութեան միջոցաւ սիրալիր կերպով հոգեւոր հայթայթումներ կընէ։ Աստուծոյ ժողովուրդին մօտեցէք։ Աստուծոյ գիտութիւնը առնելէն ետ մի՛ կենաք, վախնալով որ բարեկամներ կամ ազգականներ ի՛նչ պիտի մտածեն ձեր մասին։ Ոմանք թերեւս չգնահատեն Եհովայի Վկաներու հետ ձեր ընկերակցութիւնը եւ Թագաւորութեան Սրահին մէջ ժողովներու յաճախելը։ Բայց Աստուած մեծապէս պիտի վարձատրէ ձեզ, իր պաշտամունքին ի նպաստ ձեր ըրած բոլոր զոհողութիւններուն համար։ (Մաղաքեայ 3։10) Ասկէ զատ, Յիսուս ըսաւ. «Մէկը չկայ որ թողուց տուն, կամ եղբայրներ, կամ քոյրեր, կամ հայր, կամ մայր, կամ կին, կամ որդիներ, կամ արտեր՝ ինծի ու աւետարանին համար, որ պիտի չառնէ հարիւրապատիկ հիմա՝ այս ատենս տուներ ու եղբայրներ եւ քոյրեր ու մայրեր եւ որդիներ ու արտեր հալածանքներու հետ եւ գալու աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը»։ (Մարկոս 10։29, 30) Այո, ի՛նչ որ ալ ձգէք ձեր ետին, եւ ի՛նչ բանի ալ տոկաք, Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ հաճելի ընկերակցութիւն եւ հոգեւոր ապահովութիւն կրնաք գտնել։

ՁԵՐ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈՐՁԵՑԷՔ

Ո՞վ է «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»

Մեզի հոգեւորապէս կերակրելու համար, Եհովա ի՞նչ հայթայթում ըրած է

Քրիստոնէական ժողովքի անդամները ինչպէ՞ս կրնան օգնել մեզի

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 165]