Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բարեպաշտ կեանք մը վարելը ի՛նչու կը նպաստէ ուրախութեան

Բարեպաշտ կեանք մը վարելը ի՛նչու կը նպաստէ ուրախութեան

Գլուխ 13

Բարեպաշտ կեանք մը վարելը ի՛նչու կը նպաստէ ուրախութեան

1. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Եհովայի ճամբան ուրախութեան կը նպաստէ։

ԵՀՈՎԱ ուրախ Աստուածէ եւ կ’ուզէ որ դուք ալ կեանքէն հաճոյք առնէք։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11, ՆԱ) Իր ճամբուն մէջ քալելով օգուտներ կը քաղէք եւ խոր ու մնայուն հանդարտութիւն մը կ’ունենաք, մշտահոս գետի մը նման։ Աստուծոյ ճամբուն մէջ քալելը ձեզ պիտի մղէ նաեւ որ շարունակաբար արդարութիւն գործէք, «ծովուն ալիքներուն պէս»։ Ասիկա իրական ուրախութիւն կու տայ։—Եսայեայ 48։17, 18

2. Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կրնան ուրախ ըլլալ, երբ նոյնիսկ անոնց հետ երբեմն գէշ կը վերաբերին։

2 Ոմանք կրնան առարկել. Երբեմն մարդիկ կը տառապին, երբ շիտակը ընեն։ Ճիշդ է, եւ ասիկա պատահեցաւ Յիսուսի առաքեալներուն։ Բայց անոնք հալածուելով հանդերձ, ուրախ էին եւ շարունակեցին «Յիսուս Քրիստոսը քարոզել»։ (Գործք 5։40–42) Ասկէ կարեւոր դասեր կրնանք սորվիլ։ Նախ, բարեպաշտ կեանք մը վարելը չերաշխաւորեր որ մարդիկ միշտ լաւ կերպով պիտի վարուին մեզի հետ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12) Պատճառը այն է որ Սատանան եւ իր աշխարհը բարեպաշտութեամբ ապրողներուն հակառակ են։ (Յովհաննու 15։18, 19. Ա. Պետրոս 5։8) Բայց իրական ուրախութիւնը դուրսի պարագաներէն կախեալ չէ։ Այլ, անիկա կու գայ ա՛յն համոզումէն որ շիտակ եղածը կ’ընենք եւ Աստուծոյ հաճութեան ժպիտին կ’արժանանանք։—Մատթէոս 5։10–12. Յակոբու 1։2, 3. Ա. Պետրոս 4։13, 14

3. Եհովայի պաշտամունքը ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ անհատի մը կեանքին։

3 Կա՛ն մարդիկ, որոնք կը խորհին որ երբեմն բարեպաշտ արարքներ կատարելով ու ապա Աստուծոյ մասին չմտածելով, կրնան Անոր հաճութիւնը շահիլ։ Եհովա Աստուծոյ ճշմարիտ պաշտամունքը այդպէս չէ։ Անիկա անհատի մը ամբողջ վարքին կ’ազդէ, օրերու ու տարիներու տեւողութեան։ Անոր համար անիկա կոչուած է «ճամբայ»։ (Գործք 19։9. Եսայեայ 30։21) Անիկա բարեպաշտ կենցաղ մըն է եւ մեզմէ կը պահանջէ որ Աստուծոյ Խօսքին համաձայն խօսինք ու վարուինք։

4. Ինչո՞ւ օգտակար է փոփոխութիւններ ընել, Աստուծոյ ճամբաներուն համաձայն ապրելու համար։

4 Անհատ մը որ կը սկսի Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, երբ տեսնէ որ Եհովան հաճեցնելու համար իր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ պէտք է մտցնէ, կրնայ հարց տալ. ‘Իրապէս կ’արժէ՞ բարեպաշտ կեանք մը վարել’։ Վստա՛հ եղէք որ կ’արժէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «Աստուած սէր է» եւ իր ճամբաները մեր օգտին համար եղած են։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Աստուած նաեւ իմաստուն է եւ գիտէ թէ ի՛նչ բան լաւագոյնն է մեզի համար։ Քանի որ Եհովա Աստուած ամենակալ է, ինք կրնայ մեզ զօրացնել, որպէսզի գէշ ունակութիւններէ ձերբազատուելով՝ զինք հաճեցնենք։ (Փիլիպպեցիս 4։13) Հիմա բարեպաշտ կեանք մը վարելու կարգ մը սկզբունքները նկատի առնենք եւ տեսնենք թէ զանոնք կիրարկելը ի՛նչպէս կը նպաստէ մեր ուրախութեան։

ՊԱՐԿԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ

5. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ ստութեան ու գողութեան մասին։

5 Եհովա ճշմարտութեան Աստուածէ։ (Սաղմոս 31։5) Անկասկած կը փափաքիք իր օրինակին հետեւիլ եւ ուրիշներու կողմէ ճանչցուիլ որպէս ճշմարտախօս անհատ մը։ Պարկեշտութիւնը ձեզ յարգարժան կը դարձնէ եւ գոհունակութեան զգացում մը կու տայ։ Բայց քանի որ այս մեղաւոր աշխարհին մէջ անպարկեշտութիւնը շատ սովորական է, Քրիստոնեաները պէտք չէ մոռնան սա յորդորը. «Ճշմարտութիւնը խօսեցէք ամէն մէկդ իր ընկերին ... Ան որ գողութիւն կ’ընէր, ա՛լ թող չգողնայ. այլ մանաւանդ աղէկ գործի մը պարապելով՝ իր ձեռքերովը աշխատի, որպէսզի կարող ըլլայ տալ կարօտ եղողին»։ (Եփեսացիս 4։25, 26) Քրիստոնեայ գործաւոր մը օրուան աշխատանքը լման կերպով կը կատարէ։ Առանց գործատիրոջ թոյլատուութեան, որեւէ բան չ’առներ։ Եհովան պաշտող մը ո՛ւր որ ըլլայ՝ գործին, դպրոցին կամ տան մէջ՝ պէտք է աղէկ վարմունք ունենայ։ (Եբրայեցիս 13։18) Ան որ ստելը կամ գողնալը սովորութիւն կը դարձնէ, չի կրնար Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալ։—Բ. Օրինաց 5։19. Յայտնութիւն 21։8

6. Բարեպաշտ անհատի մը պարկեշտութիւնը ինչպէ՞ս կը փառաբանէ Եհովան։

6 Պարկեշտութիւնը բազմաթիւ օրհնութիւններ կը բերէ։ Սէլինան Ափրիկեցի այրի մըն է, որ Եհովա Աստուած եւ իր արդար սկզբունքները կը սիրէ։ Օր մը, ան պայուսակ մը գտաւ, որու մէջ չէքի տետրակ մը եւ մեծ գումար կար։ Հեռաձայնի գրքէն ան կրցաւ անոր տէրը գտնել. կողոպտուած խանութպան մըն էր։ Մարդը իր աչքերուն չհաւատաց, երբ Սէլինան, հիւանդ ըլլալով հանդերձ, եկաւ եւ պայուսակին մէջի եղածը լրիւ յանձնեց։ Մարդը ըսաւ. «Այսպիսի պարկեշտութիւն պէտք է վարձատրուի» եւ հանեց ու որոշ գումար մը տուաւ։ Բայց ամենէն կարեւորը, այս մարդը գովաբանեց Սէլինայի կրօնքը։ Այո, պարկեշտ արարքներ Աստուածաշունչի ուսուցումը կը զարդարեն, Եհովա Աստուած կը փառաւորեն եւ իր պարկեշտ երկրպագուները կ’ուրախացնեն։—Տիտոս 2։10. Ա. Պետրոս 2։12

ԱՌԱՏԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ

7. Բախտախաղը ի՞նչու սխալ է։

7 Առատաձեռնութեան մէջ ուրախութիւն կայ, մինչդեռ ագահները «Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի չժառանգեն»։ (Ա. Կորնթացիս 6։10) Ագահութեան սովորական մէկ ձեւն է խաղամոլութիւնը, քանի որ անիկա ուրիշներու կորուստով դրամ շահելու կերպ մըն է։ Եհովա չի հաճիր այդ անհատներուն, որոնք «անարգ շահախնդրութեան ետեւէ» են։ (Ա. Տիմոթէոս 3։8) Նոյնիսկ երբ բախտախաղը արտօնուած է եւ անհատ մը հաճոյքի համար կը խաղայ, ան կրնայ անոր մոլին դառնալ եւ կը նպաստէ սովորութեան մը՝ որ շատերուն կեանքը կը քանդէ։ Բախտախաղը յաճախ խաղամոլին ընտանիքը նեղութեան կը մատնէ, որ երբեմն ուտելիքի եւ հագուելիքի նման անհրաժեշտ բաներ գնելու համար թերեւս շատ քիչ դրամ ունենայ։—Ա. Տիմոթէոս 6։10

8. Յիսուս ինչպէ՞ս առատաձեռնութեան օրինակ հանդիսացաւ, իսկ մենք ինչպէ՞ս կրնանք առատաձեռն ըլլալ։

8 Իրենց սիրալիր առատաձեռնութեան պատճառաւ, Քրիստոնեաները ուրախութիւն կը գտնեն ուրիշներուն՝ մանաւանդ կարօտեալ հաւատակիցներուն՝ օգնելով։ (Յակոբու 2։15, 16) Յիսուս երկիր գալէն առաջ, ան մարդոց հանդէպ Աստուծոյ առատաձեռնութիւնը նկատեց։ (Գործք 14։16, 17) Յիսուս մարդկութեան համար իր ժամանակը, իր անձը, նոյնիսկ իր կեանքը տուաւ։ Անոր համար ան իրապէս որակելի էր ըսելու՝ «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։ (Գործք 20։35) Յիսուս նաեւ գովեց աղքատ որբեւայրի մը, որ առատաձեռնութեամբ երկու լումայ ձգեց տաճարի գանձանակին մէջ, քանի որ անիկա «իր բոլոր ապրուստը» տուաւ։ (Մարկոս 12։41–44) Վաղեմի Իսրայելացիներն ու առաջին դարու Քրիստոնեաները, առատաձեռնութեան մէջ օրինակ կը հանդիսանան, որոնք ժողովքին ու Թագաւորութեան գործին իրենց օժանդակութիւնը ուրախութեամբ բերին։ (Ա. Մնացորդաց 29։9. Բ. Կորնթացիս 9։11–14) Այս նպատակներուն համար նիւթական նուիրատուութիւններ ընելէ զատ, արդի Քրիստոնեաները ուրախութեամբ Աստուած կը գովաբանեն եւ իրենց կեանքը անոր ծառայելու համար կը գործածեն։ (Հռովմայեցիս 12։1. Եբրայեցիս 13։15) Եհովա կ’օրհնէ զիրենք, մինչ անոնք իրենց ժամանակը, կորովը եւ ուրիշ միջոցները՝ նոյնիսկ իրենց դրամը՝ կը գործածեն, մաքուր պաշտամունքին եւ Թագաւորութեան բարի լուրի համաշխարհային քարոզչութեան թիկունք կանգնելու համար։—Առակաց 3։9, 10

ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՃԱՌՈՂ ՈՒՐԻՇ ԱԶԴԱԿՆԵՐ

9. Ոգելից ըմպելիի շատ գործածութիւնը ինչո՞ւ սխալ է։

9 Ուրախ ըլլալու համար, Քրիստոնեաները ‘խոհեմ’ ալ պէտք է ըլլան։ (Առակաց 5։1, 2) Ասիկա կը պահանջէ որ անոնք Աստուծոյ Խօսքը եւ սուրբ գրային օգտակար գրականութիւնները կարդան ու անոնց վրայ մտածեն։ Բայց բաներ կան որոնցմէ պէտք է զգուշանան։ Օրինակ, ոգելից ըմպելիի չափազանց գործածութեան պատճառաւ, անհատ մը կրնայ իր միտքը չկարենալ սանձել։ Շատեր այդ վիճակի մէջ անբարոյ արարքներու, բռնարարքներու միջամուխ կ’ըլլան եւ մահացու արկածներ կը պատճառեն։ Չենք զարմանար, երբ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ գինովները Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի չժառանգեն։ (Ա. Կորնթացիս 6։10) Վճռած ըլլալով «զգաստ» ըլլալ, ճշմարիտ Քրիստոնեաները գինովութենէն կը խուսափին եւ ասիկա իրենց մէջ ուրախութիւն յառաջացնելու կը նպաստէ։—Տիտոս 2։2–6

10. (ա) Քրիստոնեաները ինչո՞ւ ծխախոտ չեն գործածեր։ (բ) Մոլութիւններէ ձերբազատուիլը ի՞նչ օգուտներ կը բերէ։

10 Մաքուր մարմին մը ուրախութեան կը նպաստէ։ Սակայն, շատեր ծխախոտի նման կարգ մը վնասակար նիւթերու մոլին կը դառնան։ Աշխարհի Առողջապահական Կազմակերպութիւնը կը տեղեկագրէ որ ծխախոտը «ամէն տարի երեք միլիոն մարդ կը սպաննէ»։ Ծխելու սովորութիւնը դադրեցնելը կրնայ դժուար ըլլալ, ժամանակաւոր պահանջի ախտանիշներուն պատճառաւ։ Իսկ միւս կողմէ, նախկին ծխողներէն շատեր կը նկատեն որ աւելի լաւ առողջութիւն մը եւ ընտանիքի կարիքներուն հոգ տանելու համար աւելի շատ դրամ, ունին։ Այո, ծխելու ունակութիւնը կամ ուրիշ վնասակար նիւթերու մոլութիւնը յաղթահարելը, մաքուր մարմին մը, լաւ խիղճ մը եւ իրական ուրախութիւն ունենալու պիտի նպաստէ։—Բ. Կորնթացիս 7։1

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ

11. Ի՞նչ պահանջուած է օրինաւոր եւ պատուաւոր ամուսնութիւն մը ունենալու համար։

11 Անոնք որոնք իրարու հետ կ’ապրին որպէս այր ու կին, պէտք է իրենց ամուսնութիւնը օրինականացնեն քաղաքացիական հեղինակութիւններու կողմէ։ (Մարկոս 12։17) Անոնք նաեւ ամուսնութիւնը պէտք է նկատեն որպէս լուրջ պատասխանատուութիւն մը։ Ճիշդ է որ թերեւս հարկ ըլլայ բաժնուիլ, երբ կողակից մը դիտումնաւոր կերպով մերժէ հոգ տանիլ, չափազանց վայրագ ըլլայ, կամ դիմացինին հոգեւորականութեան ի՛րապէս վտանգ մը ներկայացնէ։ (Ա. Տիմոթէոս 5։8. Գաղատացիս 5։19–21) Բայց, Ա. Կորնթացիս 7։10–17–ի խօսքերով, Պօղոս առաքեալ կողակիցները կը քաջալերէ որ իրարմէ չբաժնուին։ Բայց, ի՛րապէս ուրախ ըլլալու համար, անոնք իրարու հաւատարիմ պէտք է ըլլան։ Պօղոս գրեց. «Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է. բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները»։ (Եբրայեցիս 13։4) Հոս գործածուած «անկողինը» կ’ակնարկէ օրինաւորապէս իրար հետ ամուսնացած այր ու կնոջ միջեւ սեռային յարաբերութեան։ Ուրիշ յարաբերութիւն մը, ինչպէս մէկէ աւելի կիներ ունենալը, կարելի չէ նկարագրել որպէս «բոլորովին պատուական» բան մը։ Աստուածաշունչը կ’արգիլէ նաեւ նախամուսնական յարաբերութիւնը եւ միասեռականութիւնը։—Հռովմայեցիս 1։26, 27. Ա. Կորնթացիս 6։18

12. Պոռնկութեան կարգ մը գէշ հետեւանքները ի՞նչ են։

12 Պոռնկութիւնը ֆիզիքական կարճատեւ հաճոյք կրնայ պատճառել, բայց ի՛րական ուրախութիւն չի կրնար տալ։ Անիկա Աստուծոյ անհաճելի է եւ կը տաղէ անհատի մը խիղճը։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3–5) Անօրէն սեռային յարաբերութեան հետեւանքները կրնան ըլլալ ԱԴԱ–ն [AIDS] եւ ուրիշ տարափոխիկ հիւանդութիւններ։ «Հաշուարկուած է որ համայն աշխարհի մէջ տարեկան աւելի քան 250 միլիոն անհատներ կը վարակուին ջերմամիզութենէ, իսկ 50 միլիոն՝ ֆրանկախտէ», կը նշէ բժշկական տեղեկագրութիւն մը։ Կայ նաեւ անփափաքելի յղութիւններու հարցը։ Ծրագրուած Ծնողականութեան Միջազգային Դաշնակցութիւնը կը տեղեկագրէ որ համայն աշխարհի մէջ, 15–19 տարեկանի միջեւ եղող աւելի քան 15 միլիոն աղջիկներ յղի կը մնան ամէն տարի, որոնց մէկ երրորդը վիժումի կը դիմէ։ Ափրիկեան երկրի մը մէջ, վիժումի բարդութիւնները պատանուհիներու մահուան 72 տոկոսը կը կազմեն։ Կարգ մը պոռնիկներ թերեւս կրնան խուսափիլ հիւանդութիւններէ կամ յղութենէ, բայց ո՛չ՝ զգացական վնասներէ։ Շատեր իրենց արժանապատուութիւնը կը կորսնցնեն եւ նոյնիսկ իրենց անձը կ’ատեն։

13. Պոռնկութիւնը ուրիշ ի՞նչ խնդիրներ կը յարուցանէ եւ պոռնկութեան ու շնութեան մէջ շարունակողներուն ի՞նչ կը սպասէ։

13 Թէեւ պոռնկութիւնը կարելի է ներուիլ, բայց անմեղ կողակիցին համար անիկա ամուսնալուծուելու սուրբ գրային վաւերական պատճառ մըն է։ (Մատթէոս 5։32. տես նաեւ Ովսեայ 3։1–5) Երբ ամուսնութիւն մը այսպիսի անբարոյութեամբ մը քանդուի, անիկա զգացական խոր սպիներ կը ձգէ անմեղ կողակիցին եւ զաւակներուն վրայ։ Մարդկային ընտանիքին բարօրութեան համար, Աստուծոյ Խօսքը կը նշէ որ Եհովա դատաստան պիտի բերէ անզեղջ պոռնիկներուն ու շնացողներուն վրայ։ Ասկէ զատ, ան յստակօրէն ցոյց կու տայ որ սեռային անբարոյութեան միջամուխ եղողները պիտի չժառանգեն «Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։—Գաղատացիս 5։19, 21

ԱՆՈՆՔ «ԱՇԽԱՐՀԷՆ ՉԵՆ»

14. (ա) Բարեպաշտ անհատներ ինչպի՞սի կռապաշտութենէ կը խուսափին։ (բ) Յովհաննու 17։14–ը եւ Եսայեայ 2։4–ը ի՞նչ ուղղութիւն կու տան մեզի։

14 Անոնք որոնք կ’ուզեն Եհովան հաճեցնել եւ Թագաւորութեան օրհնութիւնները վայելել, ամէն տեսակ կռապաշտութենէ կը խուսափին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ սխալ է պատկերներ շինել ու զանոնք պաշտել, մէջը ըլլալով Քրիստոսի կամ Յիսուսի մօրը՝ Մարիամի՝ պատկերները։ (Ելից 20։4, 5. Ա. Յովհաննու 5։21) Հետեւաբար, ճշմարիտ Քրիստոնեաները սրբանկարներ, խաչեր եւ պատկերներ չեն պաշտեր։ Անոնք կռապաշտութեան աւելի խորամանկ կերպերէն ալ կը զգուաշանան, ինչպէս դրօշակին հանդէպ նուիրական արարքներ կատարել, կամ ազգը փառաբանող ազգային քայլերգը երգել։ Երբ այսպիսի բաներ ընելու պարտադրանքին տակ գան, անոնք կը յիշեն Սատանայի ուղղած Յիսուսի խօսքերը. «Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես»։ (Մատթէոս 4։8–10) Յիսուս ըսաւ որ իր հետեւորդները «աշխարհէն չեն»։ (Յովհաննու 17։14) Ասիկա կը նշանակէ աշխարհի գործերուն մէջ չէզոք ըլլալ եւ խաղաղ կեանք մը վարել, Եսայեայ 2։4–ի համաձայն, ուր կ’ըսէ. «Անիկա [Եհովա Աստուած] հեթանոսներուն մէջ դատաստան պիտի տեսնէ եւ շատ ժողովուրդներ պիտի յանդիմանէ։ Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին»։

15. Ի՞նչ է Մեծն Բաբելոնը եւ Աստուածաշունչը նոր ուսումնասիրողներէն շատեր ի՞նչ կ’ընեն անկէ դուրս ելլելու համար։

15 Աշխարհէն չըլլալկը նշանակէ նաեւ «մեծն Բաբելոնի»՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ հետ ամէն կապ խզել։ Պիղծ պաշտամունքը վաղեմի Բաբելոնէն ծագում առնելով, համայն աշխարհի մարդոց վրայ հոգեւոր վնասակար ազդեցութիւն մը ունեցած է։ «Մեծն Բաբելոն»ին մաս կը կազմեն այն բոլոր կրօնքները, որոնց վարդապետութիւններն ու սովորոյթները, Աստուծոյ գիտութեան հետ ներդաշնակ չեն։ (Յայտնութիւն 17։1, 5, 15) Եհովայի հաւատարիմ երկրպագուներէն ո՛չ մէկը կը մասնակցի միջդաւանային գործունէութիւններու, տարբեր կրօնքի պաշտամունքներուն միջամուխ ըլլալով կամ Մեծն Բաբելոնի պատկանող որեւէ կրօնքի հետ հոգեւոր ընկերակցութիւն ունենալով։ (Թուոց 25։1–9. Բ. Կորնթացիս 6։14) Անոր համար, Աստուածաշունչը նոր սերտող շատ մը անհատներ, նախապէս իրենց պատկանած կրօնական կազմակերպութեան հրաժարագիր մը կը ղրկեն։ Ասիկա զիրենք աւելի կը մօտեցնէ Աստուծոյ, ինչպէս խոստացուած է, «Ելէ՛ք անոնց մէջէն ու զատուեցէ՛ք», կ’ըսէ Տէրը։ Պիղծ բանի մի՛ դպչիք ու ես ձեզ պիտի ընդունիմ»։ (Բ. Կորնթացիս 6։17, 18. Յայտնութիւն 18։4, 5) Դուք ալ սրտանց չէ՞ք փափաքիր Աստուծոյ կողմէ ընդունուիլ։

ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՕՆԵՐՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

16. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ի՞նչու Ծննունդ չեն տօներ։

16 Բարեպաշտ կեանք մը մեզ կ’ազատագրէ աշխարհային տօներու յաճախ ծանր բեռէն։ Օրինակ, Աստուածաշունչը չի յայտներ Յիսուսի ծննդեան ճիշդ օրը։ Ոմանք կրնան ըսել. Ես կը խորհէի որ Յիսուս Դեկտեմբեր 25–ին ծնած էր։ Ասիկա անկարելի է, քանի որ Յիսուս մեռաւ Հ.Դ. 33–ի գարնան, երբ երեսուն երեք ու կէս տարեկան էր։ Ասկէ զատ, իր ծնած ժամանակ, հովիւները «դաշտին մէջ կեցած, ... իրենց հօտերուն գիշերուան պահպանութիւնը կ’ընէին»։ (Ղուկաս 2։8) Իսրայէլի երկրին մէջ, Դեկտեմբերը ցուրտ, անձրեւոտ եղանակ մըն է, որու ընթացքին ոչխարները ձմեռուան ցուրտէն պահպանելու համար, գիշերը պատսպարուած կ’ըլլային։ Իրականութեան մէջ Դեկտեմբեր 25–ը Հռովմէացիները ընտրած էին, որպէս իրենց արեւու աստուծոյն ծննդեան օրը։ Յիսուս երկիր գալէն դարեր ետք, հաւատուրաց Քրիստոնեաները այս թուականը որդեգրեցին, Քրիստոսի ծնունդը տօնելու համար։ Հետեւաբար, ճշմարիտ Քրիստոնեաները Ծնունդը, կամ սուտ հաւատալիքներու վրայ հիմնուած ուրիշ տօներ չեն պահեր։ Իսկ քանի որ Եհովայի բացարձակ պաշտամունք կը մատուցանեն, անոնք մեղաւոր մարդիկը կամ ազգերը կուռք դարձնող տօներն ալ չեն պահեր։

17. Բարեպաշտ անհատներ ինչո՞ւ տարեդարձ չեն տօներ, բայց ասով հանդերձ, Քրիստոնեայ երախաները ինչո՞ւ ուրախ են։

17 Աստուածաշունչը կը յիշէ երկու մասնայատուկ ծննդեան տարեդարձներ, երկուքին պարագային ալ խնդրոյ առարկայ անհատները Աստուծոյ չծառայող մարդիկ էին։ (Ծննդոց 40։20–22. Մատթէոս 14։6–11) Քանի որ Աստուածաշունչը կատարեալ մարդուն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ ծննդեան թուականը չի յայտներ, ուստի ինչո՞ւ մասնաւոր կարեւորութիւն տանք անկատար մարդոց տարեդարձներուն։ (Ժողովողի 7։1) Անշուշտ, բարեպաշտ ծնողներ մասնաւոր օր մը չեն սպասեր, իրենց զաւակներուն հանդէպ իրենց սէրը ցոյց տալու համար։ 13 տարեկան Քրիստոնեայ պատանուհի մը ըսաւ. «Ընտանիքս ու ես շատ հաճելի ժամանցներ կ’ունենանք։ ... Ես ծնողքիս հետ շատ սերտ եմ եւ երբ ընկերներս հարցնեն որ ի՛նչու տարեդարձ չեմ տօներ, անոնց կ’ըսեմ որ ինծի համար ամէ՛ն օր տօն է»։ 17 տարեկան Քրիստոնեայ մը ըսաւ. «Մեր տան մէջ, ամբողջ տարուան ընթացքին իրարու նուէրներ կու տանք»։ Արդարեւ, անակնկալ նուէրները շատ աւելի մեծ ուրախութիւն կը պատճառեն։

18. Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ տարեկան ո՞ր տօնը պահեն եւ անիկա մեզի ի՛նչ կը յիշեցնէ։

18 Բարեպաշտ կեանք վարողներուն համար, տարուան մէջ միայն մէկ օր կայ որ անպայման պէտք է տօնեն։ Անիկա Տէրունական Ընթրիքն է, որ յաճախ կոչուած է Քրիստոսի Մահուան Յիշատակատօնը։ Այդ մասին Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ (Ղուկաս 22։19, 20. Ա. Կորնթացիս 11։23–25) Երբ Յիսուս այս ընթրիքը հաստատեց Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ին, ան իր անմեղ մարդկային մարմինը եւ կատարեալ արիւնը խորհրդանշող անխմոր հաց ու կարմիր գինի գործածեց։ (Մատթէոս 26։26–29) Աստուծոյ սուրբ հոգիով օծուած Քրիստոնեաները այդ խորհրդանիշերուն կը մասնակցին։ Անոնք նոր ուխտի եւ Թագաւորութեան ուխտին մէջ բերուած են եւ երկնային յոյս ունին։ (Ղուկաս 12։32. 22։20, 28–30. Հռովմայեցիս 8։16, 17. Յայտնութիւն 14։1–5) Սակայն, Հրէական հին օրացոյցին վրայ Նիսան 14–ին համեմատող օրուան երեկոյեան, հոն ներկայ եղողներուն բոլորն ալ անկէ կ’օգտուին։ Անոնց կը վերյիշեցուի թէ ինչպէս Եհովա Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոս իրենց սէրը ցուցաբերած են մեղք քաւող փրկանքի զոհը հայթայթելով, որու միջոցաւ Աստուծոյ հաճութիւնը ունեցողներուն համար կարելի եղած է յաւիտենական կեանքը։—Մատթէոս 20։28. Յովհաննու 3։16

ԳՈՐԾ ԵՒ ԶԲՕՍԱՆՔ

19. Քրիստոնեաները ի՞նչ խնդիր կը դիմագրաւեն ապրուստ ճարելու համար։

19 Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ստիպուած են ծանր աշխատիլ եւ իրենց կարիքներուն հոգ տանիլ։ Ասիկա իրագործելը, ընտանիքի գլուխներուն գոհունակութիւն կու տայ։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։11, 12) Անշուշտ, եթէ Քրիստոնեայի մը գործը Աստուածաշունչին հակառակ է, ասիկա իր ուրախութիւնը պիտի խլէ։ Սակայն, Քրիստոնեայի մը համար երբեմն դժուար կ’ըլլայ Աստուածաշունչի չափանիշներուն համաձայն գործ մը ճարել։ Օրինակ, երբեմն գործաւորներէն կը խնդրուի որ յաճախորդները խաբեն։ Իսկ միւս կողմէն, շատ մը գործատէրեր, վստահելի գործաւոր մը չկորսնցնելու համար համակերպումներ կ’ընեն, պարկեշտ գործաւորի մը խիղճը յարգելով։ Արդիւնքը ինչ ալ ըլլայ, վստահ եղէք որ մաքուր խիղճ ունենալու համար գործ մը գտնելու ձեր ջանքերը Աստուած պիտի օրհնէ։—Բ. Կորնթացիս 4։2

20. Զբօսանքի մէջ ինչո՞ւ ընտրողական պէտք է ըլլանք։

20 Քանի որ Աստուած կ’ուզէ որ իր ծառաները ուրախ ըլլան, հաւասարակշռութիւն պէտք է պահենք ծանր աշխատանքին եւ զբօսանքի ու հանգիստի թարմացուցիչ պահերուն միջեւ։ (Մարկոս 6։31. Ժողովողի 3։12, 13) Սատանայի աշխարհը կը քաջալերէ Աստուծոյ տհաճելի զբօսանքներ։ Բայց Աստուծոյ հաճելի ըլլալու համար պէտք է ընտրողական ըլլանք մեր կարդացած գիրքերուն, մեր մտիկ ըրած ձայնասփիւռի յայտագիրներուն ու երաժշտութեան եւ մեր դիտած երգահանդէսներուն, շարժապատկերներուն, թատերախաղերուն, հեռատեսիլի յայտագիրներուն եւ պատկերիզներուն նկատմամբ։ Եթէ անցեալին մեր ընտրած զբօսանքները Բ. Օրինաց 18։10–12–ի, Սաղմոս 11։5–ի, Եփեսացիս 5։3–5–ի յորդորներուն հետ ներդաշնակ չէին, անոնց մէջ վերաճշդումներ ընելով Եհովան պիտի հաճեցնենք եւ մենք ալ աւելի ուրախ պիտի ըլլանք։

ՅԱՐԳԱՆՔ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒ ԱՐԵԱՆ ՀԱՆԴԷՊ

21. Կեանքի հանդէպ յարգանքը ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ վիժումի, ինչպէս նաեւ, մեր սովորութիւններուն ու վարքին նկատմամբ մեր ունեցած տեսակէտին։

21 Իրապէս ուրախ ըլլալու համար, Եհովայի նման մենք ալ մարդկային կեանքը սուրբ պէտք է նկատենք։ Աստուծոյ Խօսքը մարդասպանութիւնը կ’արգիլէ։ (Մատթէոս 19։16–18) Արդարեւ, Իսրայէլի տուած Աստուծոյ Օրէնքը ցոյց կու տայ որ Ան սաղմը կը նկատէ որպէս թանկագին կեանք մը. բան մը որ պէտք չէ փճացուի։ (Ելից 21։22, 23) Ատոր համար, կեանքը թեթեւի պէտք չէ առնենք ծխախոտ գործածելով ու մեր մարմինը քանդելով թմրեցուցիչով, խմիչքով կամ անտեղի վտանգներով։ Պէտք չէ նաեւ կեանքը վտանգի տակ դնող բաներ հետապնդենք, ոչ ալ ապահովութեան կանխազգուշութիւնները անտեսելով՝ արիւնապարտ ըլլանք։—Բ. Օրինաց 22։8

22. (ա) Արեան եւ անոր գործածութեան նկատմամբ ի՞նչ է Աստուծոյ տեսակէտը։ (բ) Միմիայն որո՞ւ արիւնը կեանք կը փրկէ։

22 Եհովա Նոյի ու իր ընտանիքին ըսաւ որ արիւնը կը ներկայացնէր հոգին կամ կեանքը, ուստի, անոնց արգիլեց որեւէ արիւն ուտել։ (Ծննդոց 9։3, 4) Քանի որ մենք իրենցմէ սերած ենք, այդ օրէնքը բոլորիս համար ի զօրու է։ Եհովա Իսրայելացիներուն ըսաւ որ արիւնը գետինը թափեն եւ զայն չգործածեն անձնական կարիքներու համար։ (Բ. Օրինաց 12։15, 16) Առաջին դարուն, արեան մասին Աստուծոյ օրէնքը անգամ մը եւս շեշտուեցաւ, երբ Քրիստոնեաներուն ըսուեցաւ որ ետ կենան արիւնէ։ (Գործք 15։28, 29) Կեանքի սրբութեան հանդէպ յարգանք ունենալով, բարեպաշտ անհատներ արեան ներարկում չեն ընդունիր, նոյնիսկ երբ ուրիշներ պնդեն որ անիկա կեանք կը փրկէ։ Եհովայի Վկաներու կողմէ ընդունելի եղող բժշկական բազմաթիւ փոխընտրութիւններ շատ ազդու եղած են եւ արեան ներարկման վտանգներէն ալ զերծ են։ Քրիստոնեաները գիտեն որ միմիայն Յիսուսի թափած արիւնը կեանք կը փրկէ։ Անոր հաւատք ընծայելը մեղքերու թողութիւն եւ յաւիտենական կեանքի ակնկալութիւնը կու տայ։—Եփեսացիս 1։7

23. Բարեպաշտ կեանք վարելուն կարգ մը օգուտները որո՞նք են։

23 Բացայայտօրէն, բարեպաշտ կեանք մը վարելը ջանք կը պահանջէ։ Թերեւս անոր համար ընտանիքի անդամներու կամ բարեկամներու կողմէ ծաղրանքի ենթարկուինք։ (Մատթէոս 10։32–39. Ա. Պետրոս 4։4) Սակայն, այսպիսի կեանք մը վարելու վարձատրութիւնը որեւէ փորձութենէ գերակշիռ է։ Անիկա մաքուր խիղճ կու տայ եւ Եհովայի երկրպագուներու հետ օգտաշատ ընկերակցութիւն կը հայթայթէ։ (Մատթէոս 19։27, 29) Մանաւանդ, խորհեցէք Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանքին մասին։ (Եսայեայ 65։17, 18) Իսկ, Աստուածաշունչի խրատներուն ենթարկուելով, Եհովայի սիրտը ուրախացնելը ի՜նչ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ։ (Առակաց 27։11) Ուստի, զարմանալի չէ որ բարեպաշտ կեանք մը վարելը ուրախութեան կը նպաստէ։—Սաղմոս 128։1, 2

ՁԵՐ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈՐՁԵՑԷՔ

Կարգ մը պատճառներ թուեցէք թէ բարեպաշտ կեանք մը վարելը ինչո՛ւ ուրախութիւն կու տայ։

Բարեպաշտ կեանք մը վարելու համար ի՞նչ փոփոխութիւններ կը պահանջուին։

Ինչո՞ւ կ’ուզէք բարեպաշտ կեանք մը վարել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 124, 125]

Հոգեւոր գործունէութիւնները երբ հաւասարակշռուին հանգստեան պահերուն հետ՝ բարեպաշտ անհատներուն ուրախութեան կը նպաստեն