Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երբ Աստուծոյ գիտութիւնը երկիրը լեցնէ

Երբ Աստուծոյ գիտութիւնը երկիրը լեցնէ

Գլուխ 19

Երբ Աստուծոյ գիտութիւնը երկիրը լեցնէ

1, 2. Եհովայի ստեղծագործութիւնը ինչպէ՞ս վնասուեցաւ։

ԵՆԹԱԴՐԵՆՔ որ մեծ նկարիչ մը տակաւին նոր աւարտած ըլլայ հոյակապ նկարչութիւն մը։ Ան իրաւացիօրէն կրնայ զայն նկատել շատ լաւ, իրապէս գլուխ գործոց մը։ Սակայն, գիշերը նախանձոտ մրցակից մը կը խաթարէ զայն։ Հասկնալի է որ արուեստագէտը մեծապէս կը վշտանայ։ Ան որքա՜ն կը տենչայ որ այդ բարբարոսը բանտարկուի։ Իսկ կրնաք երեւակայել որ այդ արուեստագէտը որքա՜ն կը փափաքի որ իր ստեղծագործութիւնը իր նախկին գեղեցկութիւնը վերագտնէ։

2 Այդ արուեստագէտին նման, Եհովա Աստուած երկիրը պատրաստելով եւ անոր վրայ մարդը դնելով, հոյակապ գործ մը կատարեց։ Մարդը եւ կինը ստեղծելէ ետք, Ան իր երկրային բոլոր գործերը «շատ բարի» կոչեց։ (Ծննդոց 1։31) Ադամն ու Եւան Աստուծոյ որդիներն էին, եւ անոր սիրոյն արժանի։ Անոնց համար Ան ուրախ՝ փառաւոր ապագայ մը մտադրած էր։ Ճիշդ է որ Սատանան զիրենք ըմբոստութեան մղեց, բայց Աստուծոյ հոյակապ ստեղծագործութիւնը չվերանորոգուելու աստիճան վնասուած չէր։—Ծննդոց 3։23, 24. 6։11, 12

3. Ի՞նչ է «իրական կեանքը»։

3 Աստուած որոշած է հարցերը շտկել։ Ան ի՛րապէս կը փափաքի որ մենք ապրինք ա՛յնպէս ինչպէս սկիզբէն որոշած էր։ Մեր այս կարճ եւ խառնաշփոթ կեանքը, «իրական կեանքը» չէ. անիկա Եհովայի նպատակադրած կեանքէն շա՜տ հեռու եւ շա՜տ ստորադաս է։ Մեզի համար Աստուծոյ փափաքած «իրական կեանքը»՝ կատարեալ պայմաններու ներքեւ «յաւիտենական կեանք»ն է։—Ա. Տիմոթէոս 6։12, 19

4, 5. (ա) Դրախտին յոյսը ինչպէ՞ս պիտի իրականացուի։ (բ) Ինչո՞ւ ապագայ յոյսին մասին պէտք է մտածենք։

4 Աստուծոյ գիտութիւնը, Եհովայի հանդէպ պատասխանատուութիւններ կը բերէ իր հետ։ (Յակոբու 4։17) Սակայն, խորհեցէք այն բոլոր օրհնութիւններուն մասին, որոնք պիտի վայելէք, եթէ այդ գիտութիւնը գործադրէք եւ յաւիտենական կեանքի հասնիք։ Իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ մէջ, Եհովա Աստուած գեղեցիկ պատկեր մը գծած է թէ մօտալուտ Դրախտ երկրին մէջ այդ կեանքը ի՛նչպէս պիտի ըլլայ։ Անշուշտ, որպէս Եհովայի ծառաներ, մենք միայն վարձատրութեան համար չենք ծառայեր Աստուծոյ։ Աստուծոյ կը ծառայենք՝ քանի որ կը սիրենք զինք։ (Մարկոս 12։29, 30) Ասկէ զատ, Աստուծոյ ծառայելով չենք կրնար կեանքը շահիլ. քանի որ յաւիտենական կեանքը Աստուծմէ մեզի տրուած պարգեւ մըն է։ (Հռովմայեցիս 6։23) Մեզի համար օգտակար պիտի ըլլայ այդ կեանքին մասին մտածել, քանի որ Դրախտի յոյսը մեզի կը յիշեցնէ թէ Եհովա ի՛նչպիսի Աստուած մըն է. Անիկա սիրալիր կերպով «վարձահատոյց կըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ (Եբրայեցիս 11։6) Մեր մտքին ու սրտին մէջ այս պայծառ յոյսը, պիտի օգնէ որ Սատանայի աշխարհի դժուարութիւններուն տոկանք։—Երեմեայ 23։20

5 Հիմա մեր ուշադրութիւնը դարձնենք ապագայ երկրային Դրախտին մէջ յաւիտենական կեանքի սուրբ գրային յոյսին վրայ։ Երբ Աստուծոյ գիտութիւնը երկիրը լեցնէ, կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ։

ԱՐՄԱԳԵԴՈՆԷՆ ԵՏՔ՝ ԴՐԱԽՏ ԵՐԿԻՐ ՄԸ

6. Արմագեդոնը ի՞նչ է եւ անիկա ի՛նչ պիտի նշանակէ մարդկութեան համար։

6 Ինչպէս նախապէս ցոյց տրուեցաւ, Եհովա Աստուած պիտի կործանէ ներկայ ամբարիշտ իրերու դրութիւնը։ Աշխարհը արագօրէն կը մօտենայ Աստուածաշունչի կոչած Արմագեդոնին։ Թերեւս այդ բառը ոմանց մտածել կու տայ, պատերազմող ազգերու կողմէ կորիզային ողջակիզութիւն մը, բայց Արմագեդոնը բնաւ այդպիսի բան մը չէ։ Ինչպէս Յայտնութիւն 16։14–16–ը ցոյց կու տայ, Արմագեդոնը՝ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուան պատերազմ»ն է։ Անիկա պատերազմ մըն է որ կը պարփակէ «բոլոր աշխարհի թագաւորները» կամ ազգերը։ Եհովա Աստուծոյ Որդին, նշանակուած Թագաւորը, շուտով պիտի մղէ այդ պատերազմը։ Արդիւնքը բացարձակապէս վստահ է։ Աստուծոյ Թագաւորութեան բոլոր հակառակորդները եւ Սատանայի ամբարիշտ աշխարհին բոլոր մաս կազմողները պիտի բնաջնջուին։ Միայն Եհովայի հաւատարիմ եղողները պիտի վերապրին։—Յայտնութիւն 7։9, 14. 19։11–21

7. Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին, Սատանան եւ իր դեւերը ո՞ւր պիտի ըլլան եւ ասիկա ինչպէս օգտակար պիտի ըլլայ մարդկութեան։

7 Պահ մը երեւակայեցէք որ դուք այդ աղէտէն կը վերապրիք։ Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհին մէջ կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ։ (Բ. Պետրոս 3։13) Ենթադրութիւններ ընելու պէտք չունինք, քանի որ Աստուածաշունչը մեզի կը խօսի այդ մասին, իսկ ինչ որ կըսէ՝ սիրտ կը տոգորէ։ Կը սորվինք որ Սատանան եւ իր դեւերը անգործութեան պիտի մատնուին. Յիսուս Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին, անդունդին մէջ պիտի բանտարկուին։ Այլեւս այդ ամբարիշտ, չարակամ արարածները դարանակալ ըլլալով դժուարութիւններ պիտի չյարուցանեն, ոչ ալ պիտի կարենան Աստուծոյ հանդէպ անհաւատարիմ եղող արարքներ ընելու մղեն մեզ։ Ի՜նչ ամոքում։—Յայտնութիւն 20։1–3

8, 9. Նոր աշխարհին մէջ, ի՞նչ պիտի պատահի ցաւերուն, հիւանդութիւններուն եւ ծերութեան։

8 Ժամանակը պիտի գայ, երբ բոլոր հիւանդութիւնները պիտի չքացուին։ (Եսայեայ 33։24) Այն ժամանակ, կաղերը պիտի կարենան կայնիլ, քալել, վազել եւ պարել առողջ սրունքներով։ Տարինե՜ր լռութեան աշխարհին մէջ թաղուելէ ետք, խուլերը իրենց շուրջի ուրախ ձայները պիտի լսեն։ Կոյրերը ապշահար պիտի ըլլան, երբ իրենց աչքերուն առջեւ կերպար առնէ հոյակապօրէն գունաւոր աշխարհ մը եւ տեսնեն ամէն իրերը։ (Եսայեայ 35։5, 6) Վե՜րջապէս, պիտի կարենան տեսնել իրենց սիրելիներուն դէմքերը։ Թերեւս այդ ժամանակ անոնց տեսողութիւնը պահ մը պիտի աղօտի միմիայն ուրախութեան արցունքներով։

9 Երեւակայեցէ՜ք. այլեւս ակնոցներ, անթացուպեր, ձեռքի գաւազաններ, դեղեր, ատամնաբուժարաններ եւ հիւանդանոցներ պիտի չըլլան։ Այլեւս զգացական հիւանդութիւններն ու ընկճուածութիւնը մարդոց ուրախութիւնը պիտի չխլեն։ Ո՛չ մէկ երախայ հիւանդութենէ պիտի տառապի։ Ծերութեան գործած աւերները պիտի յեղաշրջուին։ (Յոբայ 33։25) Աւելի առողջ եւ աւելի զօրաւոր պիտի ըլլանք։ Գիշերուան կազդուրիչ քունէն ետք, ամէն առաւօտ պիտի արթննանք վերանորոգուած ուժով, կայտառ եւ ոգեւորիչ կեանքի ու գոհացուցիչ աշխատանքի համար նոր օր մը սկսելու պատրաստ։

10. Արմագեդոնէն վերապրողներուն ի՞նչ գործ պիտի նշանակուի։

10 Արմագեդոնէն վերապրողները անհամար ու հաճելի գործ պիտի ունենան։ Անոնք երկիրը դրախտի պիտի վերածեն։ Ապականած հին դրութեան ամէն հետք մաքրուած պիտի ըլլայ։ Հիւղակները եւ փլատակները պիտի փոխարինուին պարտէզներով ու մրգաստաններով։ Ամէն մարդ հանգստաւէտ եւ հաճելի բնակարան պիտի ունենայ։ (Եսայեայ 65։21) Ժամանակի ընթացքին, դրախտը պիտի ընդարձակուի, մինչեւ որ ամբողջ երկրագունդը, Ստեղծիչին կողմէ որոշուած նախկին Եդեմի պարտէզին նմանի։ Վերակառուցման այդ գործին մասնակցիլը ի՜նչ գոհացուցիչ պիտի ըլլայ։

11. Մարդկութեան ապագայ յարաբերութիւնը ի՞նչ պիտի ըլլայ իր միջավայրին եւ անասնական կեանքին հետ։

11 Այս բոլորը պիտի կատարուին աստուածային առաջնորդութեան ներքեւ, որպէսզի միջավայրին վնաս չհասնի։ Մարդիկ անասուններուն հետ խաղաղութեան մէջ պիտի ըլլան։ Փոխանակ վայրագօրէն զանոնք սպաննելու, երկրին խնամակալը ըլլալու զգացումը ունեցող մարդը, անոնց հոգ պիտի տանի։ Մտապատկերացուցէք որ գայլն ու գառնուկը, առիւծն ու հորթը միասնաբար կարածին եւ ընտանի կենդանիները ամբողջովին ապահով են։ Նոյնիսկ մանուկ մը գազանէ վախնալու կարիքը պիտի չունենայ, իսկ նոր աշխարհի անդորրութիւնը պիտի չխանգարուի բիրտ, գազանանման մարդոց կողմէ։ (Եսայեայ 11։6–8) Ի՜նչ խաղաղ նոր աշխարհ մը պիտի ըլլայ։

ՓՈԽՈՒԱԾ ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

12. Եսայեայ 11։9–ը ինչպէ՞ս կը կատարուի ներկայիս, իսկ Դրախտին մէջ ինչպէ՛ս պիտի կատարուի։

12 Եսայեայ 11։9–ն կը բացատրէ թէ ի՛նչու բոլոր երկրին վնաս մը պիտի չհասնի, ըսելով. «Երկիրը [Եհովայի] գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։ Ասիկա մարդոց կը վերաբերի, քանի որ անասունները չեն կրնար Եհովայի գիտութիւնըընկալել եւ իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնել, քանի որ անոնք բնազդաբար կը կառավարուին։ Սակայն, Ստեղծիչին գիտութիւնը կը փոխէ մարդիկը։ Անկասկած դուք ալ Աստուծոյ գիտութիւնը ձեր կեանքին մէջ գործադրելով, արդէն կարգ մը փոփոխութիւններ ըրած էք։ Միլիոնաւոր անհատներ ասիկա ըրած են։ Հետեւաբար, այս մարգարէութիւնը արդէն սկսած է կատարուիլ Եհովայի ծառայողներուն մէջ։ Այսուհանդերձ, անիկա կը մատնանշէ ժամանակի մը, երբ համայն աշխարհի բնակչութիւնը պիտի ձերբազատուի որեւէ անասնական կամ վայրագ բնաւորութենէ եւ յաւիտեան խաղաղարար անհատներ պիտի դառնան։

13. Երկրի վրայ դաստիարակչական ի՞նչ գործ պիտի կատարուի։

13 Ի՜նչ հոյակապ պիտի ըլլայ, երբ Աստուծոյ գիտութիւնը երկիրը լեցնէ։ Թագաւոր Յիսուս Քրիստոսի եւ իր 144,000 իշխանակիցներուն հսկողութեան ներքեւ, դաստիարակչական հսկայ յայտագիր մը պիտի ընթանայ։ Նոր «գիրքեր» պիտի գործածուին։ Բացայայտօրէն անոնք պիտի ըլլան Աստուծոյ գրաւոր հրահանգները, որոնք հիմ պիտի ծառայեն երկրի բնակիչները դաստիարակելու համար։ (Յայտնութիւն 20։12) Մարդիկ ո՛չ թէ պատերազմ պիտի սորվին, այլ՝ խաղաղութիւն։ Բոլոր կործանարար զէնքերը ընդմիշտ պիտի վերցուին։ (Սաղմոս 46։9) Նոր աշխարհի բնակիչները պիտի սորվին իրենց դրացիները սիրել եւ զանոնք յարգել ու պատուել։

14. Երբ մարդկութիւնը միացած ըլլայ որպէս մէկ ընտանիք, աշխարհը ինչպէ՞ս տարբեր պիտի ըլլայ։

14 Մարդկութիւնը իրար միացած մէկ ընտանիք պիտի ըլլայ։ Ո՛չ մէկ բան արգելք պիտի ըլլայ միութեան եւ եղբայրակցութեան։ (Սաղմոս 133։1–3) Տուներուն դռները պիտի չկղպուին, գողերէն պաշտպանուելու համար։ Խաղաղութիւնը ամէն մէկուն սրտին, ամէն տուներու եւ երկրի ամէն մասին մէջ պիտի տիրապետէ։—Միքիայ 4։4

ԽԱՅՏԱԼԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ

15. Ո՞ր երկու խումբերը պիտի յարուցուին երկրի վրայ։

15 Այդ Հազարամեայի ընթացին, յարութիւն տեղի պիտի ունենայ։ Անոնք որոնք գիտակցաբար մեղանչած են Աստուծոյ սուրբ հոգիին, կամ գործօն ուժին դէմ, անոր յայտնաբերումներուն եւ առաջնորդութեան դէմ գործելով՝ առանց զղջալու՝ պիտի չյարուցանուին։ (Մատթէոս 23։15, 33. Եբրայեցիս 6։4–6) Անշուշտ, Աստուած պիտի որոշէ թէ որո՛նք այդ կերպով մեղանչած են։ Բայց երկու տարբեր խումբեր պիտի յարուցանուին. արդարներ եւ մեղաւորներ։ (Գործք 24։15) Քանի որ կարգ ու կանոն պիտի ըլլայ, տրամաբանական է եզրակցնել որ երկրի վրայ առաջին յարուցուողները ըլլան արդարները, որոնք հաւատարմաբար ծառայեցին Եհովայի։—Եբրայեցիս 11։3539

16. (ա) Երկրի վրայ յարուցուող «արդարներ»ուն մէջ որո՞նք պիտի ըլլան։ (բ) Վաղեմի հաւատարիմներէն մասնաւորաբար որո՞նց կուզէք հանդիպիլ եւ ի՛նչու։

16 Փոխանակ պատերազմներու, աղէտներու եւ մահուան գուժեր լսելու, Եհովայի ծառաները յարուցեալներու հոյակապ տեղեկագրութիւնը պիտի լսեն։ Շատ զգայացունց պիտի ըլլայ Աբէլի, Ենովքի, Նոյի, Աբրահամի, Սառայի, Յոբի, Մովսէսի, Ռախաբի, Հռութի, Դաւիթի, Եղիայի եւ Եսթերի նման հաւատարիմ անհատներու յարուցուիլը լսել։ Անոնք պատմական ի՜նչ յուզիչ իրողութիւններ պիտի ներկայացնեն, Աստուածաշունչի շատ մը պատմութիւններու մանրամասնութիւնները տալով։ Անկասկած, անոնք եւ վերջերս մահացած արդար անհատները, անհամբեր պիտի ըլլան տեղեկանալու թէ Սատանայի դրութեան վախճանը, Եհովայի անուան սրբացումը եւ իր գերիշխանութեան ջատագովումը ինչպէ՛ս եղան։

17. Հաւատարիմները ինչպէ՞ս օգտակար պիտի ըլլան ուրիշ յարուցուողներու։

17 Այս հաւատարիմները որքա՜ն օգտակար պիտի ըլլան, երբ յարութեան երկրորդ մասը կատարուի. երբ միլիառաւոր «մեղաւորներ» մահուան կապանքներէն ազատ արձակուին։ Շատեր Եհովան ճանչնալու պատեհութիւն բնաւ չեն ունեցած։ Սատանան անոնց մտքերը կուրցուցած էր։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Սակայն, Բանսարկուին գործերը պիտի քակուին։ Մեղաւորները գեղեցիկ եւ խաղաղ երկրի մը վրայ պիտի վերադառնան։ Անոնց բարի գալուստ պիտի մաղթէ, կազմակերպուած ժողովուրդ մը, որ իրենց պիտի սորվեցնէ Եհովայի եւ իր իշխող Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի, մասին։ Երբ միլիառաւոր յարուցուողներ իրենց Ստեղծիչը ճանչնան ու սիրեն, Եհովայի գիտութիւնը աննախընթաց կերպով պիտի լեցնէ երկիրը։

18. Ըստ ձեզի, ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր զգացումը, երբ պիտի ողջունէք ձեր յարուցուող սիրելիները։

18 Յարութիւնը ի՜նչ մեծ ուրախութիւն պիտի բերէ մեր սրտերուն։ Ո՞վ մեր հասարակաց թշնամիին՝ մահուան՝ երեսէն չէ տառապած։ Արդարեւ, ո՞վ զգետնուած չէ զգացած, երբ սիրոյ կամ բարեկամութեան կապ մը խզուած է, իրմէ սիրելի մը խլելով հիւանդութեան, ծերութեան, արկածի կամ բռնութեան պատճառով։ Ուստի, երեւակայեցէք Դրախտին մէջ վերամիանալու ուրախութիւնը. մայրեր եւ հայրեր, տղաք ու աղջիկներ, բարեկամներ եւ ազգականներ, որոնք իրարու թեւերուն մէջ պիտի նետուին խնդալով եւ ուրախութեան արցունքներ թափելով։

ՎԵՐՋԱՊԷ՜Ս ԿԱՏԱՐԵԼՈՒԹԻՒՆ

19. Հազարամեայի ընթացքին ի՞նչ հրաշք տեղի պիտի ունենայ։

19 Ամբողջ Հազարամեայի տեւողութեան, հոյակապ հրաշք մը տեղի պիտի ունենայ։ Անիկա Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ամենէն հրճուալի երեւոյթը պիտի ըլլայ մարդկութեան համար։ Եհովա հրաման պիտի տայ որ իր Որդին քաւութեան զոհին օգուտները թափէ ամէն հաւատարիմ ու հնազանդ մարդու եւ կնկայ վրայ։ Այդ կերպով մեղքը ամբողջովին պիտի վերցուի եւ մարդկութիւնը կատարելութեան պիտի բերուի։—Ա. Յովհաննու 2։2. Յայտնութիւն 21։1–4

20. (ա) Ի՞նչ պիտի նշանակէ կատարեալ ըլլալ։ (բ) Արմագեդոնէն վերապրողներն ու յարուցուողները ե՞րբ պիտի սկսին բառին բուն առումով լիովին ապրիլ։

20 Կատարելութի՜ւն. ի՞նչ պիտի նշանակէ անիկա։ Պիտի նշանակէ վերադառնալ ա՛յն կեանքին, զոր Ադամն ու Եւան կը վայելէին Եհովա Աստուծոյ դէմ մեղանչելէ առաջ։ Ամէ՛ն կերպով, ֆիզիքական, մտային, զգացական, բարոյական եւ հոգեւոր գետնի վրայ, կատարեալ մարդիկ լիովին գոհացում պիտի տան Աստուծոյ չափանիշներուն։ Բայց այդ ժամանակ ամէն մարդ իրարու նմա՞ն պիտի ըլլայ։ Ո՜չ։ Ստեղծագործութիւնները՝ ծառերը, ծաղիկները, անասունները, բոլորն ալ մեզի կը սորվեցնեն որ Եհովա այլազանութիւնը կը սիրէ։ Կատարեալ մարդիկ տարբեր անձնաւորութիւններ եւ տարբեր տաղանդներ պիտի ունենան։ Ամէն մէկը կեանքը պիտի վայելէ ա՛յնպէս ինչպէս Աստուած մտադրած էր։ Յայտնութիւն 20։5–ը կըսէ. «Միւս մեռելները չապրեցան մինչեւ հազար տարին լրացաւ»։ Արմագեդոնէն վերապրող մեծ բազմութեան նման, յարուցուողները լիովին կենդանի պիտի ըլլան, երբ հասնին կատարելութեան՝ մեղքէ զերծ ըլլալով։

21. (ա) Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան վախճանին ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ։ (բ) Վերջապէս, ի՞նչ պիտի պատահի Սատանային եւ իրեն կողմնակիցներուն։

21 Կատարեալ մարդկութիւնը վերջնական փորձէ մը պիտի անցնի։ Հազարմեայի վերջաւորութեան, Սատանան եւ իր դեւերը կարճ ժամանակուան մը համար պիտի արձակուին անդունդէն եւ անոնց առիթ պիտի տրուի որ մարդիկը Եհովայէ հեռացնելու վերջին փորձ մը կատարեն։ Ոմանք, իրենց սխալ ցանկութիւնները Աստուծոյ սէրէն բարձր պիտի դասեն, բայց այդ ըմբոստութիւնը անմիջապէս պիտի կասեցուի։ Եհովա պիտի ոչնչացնէ այդ անձնասէրները՝ Սատանային եւ իր դեւերուն հետ։ Այն ատեն բոլոր յանցագործները յաւիտեան պիտի բնաջնջուին։—Յայտնութիւն 20։7–10

Ի՛ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԷՔ

22. Դրախտին մէջ ի՞նչ կը յուսաք ընել։

22 Եհովա Աստուած սիրողներուն եւ Դրախտ երկրին մէջ ապրողներուն պիտի հրամցուի յաւիտենականութիւնը։ Դժուար է երեւակայել անոնց ուրախութիւնը եւ դո՛ւք կրնաք անոր մասնակից ըլլալ։ Այն ատեն կատարեալ մարդկութեան իրագործումները, հին աշխարհի վարպետներուն գործերը պիտի գերազանցեն, երաժշտութեան, արուեստի եւ արհեստի գործերու մէջ։ Վերջապէս, բոլոր մարդիկ կատարեալ պիտի ըլլան եւ իրենց դիմաց անվերջ ժամանակ պիտի ունենան։ Երեւակայեցէք որ կատարեալ ըլլալով ի՛նչ պիտի կարենաք ընել։ Նաեւ մտածեցէք որ դուք եւ ուրիշներ ի՜նչ բաներ պիտի սորվիք Եհովայի ստեղծագործութեան՝ տիեզերքի միլիառաւոր հոյախումբերէն մինչեւ ամենէն փոքր հիւլէին մասին։ Մարդկութեան բոլոր իրագործումները պիտի ուրախացնեն մեր սիրալիր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի սիրտը։—Սաղմոս 150։1–6

23. Դրախտին մէջ կեանքը ինչո՞ւ բնաւ ձանձրացուցիչ պիտի չըլլայ։

23 Այն ատեն կեանքը ձանձրացուցիչ պիտի չըլլայ։ Ժամանակի ընթացքին, անիկա երթալով աւելի հետաքրքրական պիտի դառնայ։ Աստուծոյ գիտութիւնը վերջ չունի։ (Հռովմայեցիս 11։33) Ամբողջ յաւիտենականութեան մէջ, միշտ սորվելիք նոր բաներ պիտի ըլլան եւ նոր հորիզոններ պիտի բացուին մեր դիմաց։ (Ժողովողի 3։11) Իսկ մինչ կը յարատեւէք Եհովա Աստուծոյ մասին սորվիլ, ձեր կեանքը պիտի շարունակուի ո՛չ թէ քանի մը տարի, այլ՝ յաւիտեան։—Սաղմոս 22։26

24, 25. Հիմա ինչո՞ւ Աստուծոյ գիտութեան համաձայն պէտք է վարուիք։

24 Դրախտ երկրի մը վրայ հաճելի ապագայի մը համար չա՞րժէր ամէն ջանք կամ զոհուղութիւն ընել։ Անշո՛ւշտ կարժէ։ Արդ՝ Եհովա ձեզի կը հրամցնէ այդ հոյակապ ապագայի բանալին։ Այդ բանալին Աստուծոյ գիտութիւնն է։ Պիտի գործածէ՞ք զայն։

25 Եթէ Եհովան կը սիրէք, իր կամքը կատարելէն հաճոյք պիտի առնէք։ (Ա. Յովհաննու 5։3) Եթէ այդ ուղղութեամբ շարունակէք, ի՜նչ օրհնութիւններ պիտի ստանաք։ Եթէ Աստուծոյ գիտութիւնը գործադրէք, անիկա նոյնիսկ այս խառնաշփոթ աշխարհին մէջ ձեզի աւելի ուրախ կեանք մը պիտի տայ։ Իսկ ապագայ վարձատրութիւնները անսահման են, քանի որ այս գիտութիւնն է որ յաւիտենական կեանքի կառաջնորդէ։ Հի՛մա է գործի անցնելու ժամանակը։ Վճռեցէ՛ք Աստուծոյ գիտութեան համաձայն կեանք մը վարել։ Եհովայի հանդէպ ձեր սէրը ցոյց տուէ՛ք։ Անոր սուրբ անունը պատուեցէ՛ք եւ փաստեցէք որ Սատանան ստախօս մըն է։ Երբ այսպէս վարուիք, Եհովա Աստուած, իրական իմաստութեան ու գիտութեան Աղբիւրը, իր մեծ ու սիրալիր սրտին մէջ պիտի հրճուի։ (Երեմեայ 31։3. Սոփոնեայ 3։17) Ան ձեզ յաւիտեա՛ն պիտի սիրէ։

ՁԵՐ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈՐՁԵՑԷՔ

Ի՞նչ է «իրական կեանքը»։

Արմագեդոնէն ետք, երկրի վրայ ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ։

Որո՞նք պիտի յարուցանուին երկրի վրայ։

Մարդկութիւնը վերջապէս ինչպէ՞ս կատարելութեան պիտի հասնի ու պիտի փորձուի։

Դրախտի նկատմամբ ի՞նչ է ձեր յոյսը։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 188, 189]

Դուք ալ կը յուսա՞ք Դրախտին մէջ ըլլալ, երբ Աստուծոյ գիտութիւնը երկիրը լեցնէ