Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՛նչպէս կրնաք Աստուծոյ մօտենալ

Ի՛նչպէս կրնաք Աստուծոյ մօտենալ

Գլուխ 16

Ի՛նչպէս կրնաք Աստուծոյ մօտենալ

1. Շատ մը կրօնքներու մէջ ի՞նչ նմանութիւններ կան։

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ երկիր մը այցելող զբօսաշրջիկ մը, Պուտտայական տաճարի մը մէջ կատարուած կրօնական արարողութիւն մը տեսնելով՝ ապշեցաւ։ Թէեւ հոն գտնուող պատկերները Մարիամին կամ Քրիստոսինը չէին, սակայն արարողութիւններէն շատերը իր երկրին եկեղեցիներուն մէջ կատարուածներէն տարբեր չէին։ Օրինակ, ան նկատեց վարդարանի գործածութիւնը եւ շարականներու երգեցողութիւնը։ Ուրիշներ ալ այս նմաննութիւնները նկատած են։ Արեւելքի թէ Արեւմուտքի մէջ, Աստուծոյ մօտենալու հաւատացեալներու կերպերը, կամ պաշտամունքի մէջ գործածուած իրերը, յատկանշականօրէն իրար կը նմանին։

2. Աղօթքը ինչպէ՞ս նկարագրուած է եւ շատեր ինչպէ՛ս կ’աղօթեն։

2 Շատեր կը ջանան Աստուծոյ մօտենալ մանաւանդ աղօթքով։ Աղօթքը սահմանուած է որպէս՝ «մարդուն կողմէ կատարուած հաղորդակցութեան արարք մը սրբազան կամ սուրբ Աստուծոյ, աստուածներու, անդիի աշխարհին կամ գերբնական ուժերուն հետ»։ (The New Encyclopædia Britannica) Սակայն, ոմանք երբ Աստուծոյ կը մօտենան աղօթքով, իրենց գլխաւոր մտահոգութիւնն է թէ ի՛նչ կրնան ձեռք ձգել։ Օրինակի համար, առիթով մը մարդ մը Եհովայի Վկայի մը ըսաւ. «Եթէ ինծի համար աղօթէք, ընտանիքիս, գործիս եւ առողջութեանս կապակցաբար իմ խնդիրներս կը լուծուի՞ն»։ Այս մարդը երեւութապէս այդպէս կը խորհէր, բայց աղօթելով հանդերձ, շատեր կը տեսնեն որ իրենց խնդիրները կը շարունակուին։ Ուստի, հարց կու տանք. Ի՛նչու մօտենալ Աստուծոյ։

Ի՛ՆՉՈՒ ՄՕՏԵՆԱԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ

3. Մեր աղօթքները որո՞ւ պէտք է ուղղուին եւ ի՛նչու։

3 Աղօթքը անիմաստ արարողութիւն մը չէ, ոչ ալ բան մը ձեռք ձգելու միջոց մըն է։ Աստուծոյ կը մօտենանք, գլխաւորաբար իր հետ սերտ յարաբերութիւն ունենալու համար։ Հետեւաբար, մեր աղօթքները պէտք է ուղղուին Եհովա Աստուծոյ։ «Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն», ըսաւ սաղմոսերգու Դաւիթ։ (Սաղմոս 145։18) Եհովա մեզ կը հրաւիրէ որ իր հետ խաղաղ յարաբերութեան մէջ գանք։ (Եսայեայ 1։18) Այս հրաւէրին ընդառաջողները, սաղմոսերգուին հետ համաձայն են, որ ըսաւ. «Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովայի մօտեցողները իրական ուրախութիւն եւ մտքի խաղաղութիւն պիտի վայելեն։—Սաղմոս 73։28

4, 5. (ա) Ինչո՞ւ կարեւոր է Աստուծոյ աղօթել։ (բ) Աղօթքի միջոցաւ ինչպի՞սի յարաբերութիւն մը կրնանք մշակել Աստուծոյ հետ։

4 Ինչո՛ւ աղօթել Աստուծոյ, երբ մեր խնդրելէն առաջ ինք արդէն գիտէ թէ ինչ բանի կարիքը ունինք։ (Մատթէոս 6։8. Սաղմոս 139։4) Աղօթքը ցոյց կու տայ որ Աստուծոյ վրայ հաւատք ունինք եւ զինք կը նկատենք որպէս «ամէն բարի տուրքի ու ամէն կատարեալ պարգեւ»ի Աղբիւրը։ (Յակոբու 1։17 Եբրայեցիս 11։6) Եհովա հաճոյք կ’առնէ մեր աղօթքներէն։ (Առակաց 15։8) Ան կ’ուրախանայ երբ գնահատութեան ու փառաբանութեան իմաստալից արտայայտութիւններ կ’ընենք, ճիշդ ինչպէս հայր մը կ’ուրախանայ լսելով իր երախային գնահատական արտայայտութիւնները։ (Սաղմոս 119։108) Ուր որ հայր–զաւկի յարաբերութիւն կայ, հոն ջերմ հաղորդակցութիւն կայ։ Սիրուած զաւակ մը կը փափաքի իր հօրը հետ խօսիլ։ Նոյնն է պարագան Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան հետ։ Եթէ մեզի հանդէպ իր ցոյց տուած սէրը եւ իր մասին մեր սորվածները ի՛րապէս գնահատենք, այդ ատեն աղօթքով իրեն արտայայտուելու զօրաւոր փափաք մը պիտի ունենանք։—Ա. Յովհաննու 4։16–18

5 Երբ Բարձրեալ Աստուծոյ կը մօտենանք, յարգալից պէտք է ըլլանք, առանց չափազանց մտահոգուելու մեր գործածած բառերուն մասին։ (Եբրայեցիս 4։16) Եհովա միշտ մատչելի է մեզի։ Իսկ աղօթքով Աստուծոյ առջեւ մեր սրտերը բանալուի՜նչ մեծ առանձնաշնորհումը ունինք։ (Սաղմոս 62։8) Եհովայի հանդէպ գնահատութիւնը իր հետ ջերմ յարաբերութեան կ’առաջնորդէ, ինչպէս Աստուծոյ բարեկամը, հաւատարիմ Աբրահամ վայելեց։ (Յակոբու 2։23) Բայց տիեզերքի Գերիշխանին աղօթելու համար, պէտք է իրեն մօտենալու իր պահանջներուն գոհացում տանք։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՆԱԼՈՒ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐԸ

6, 7. Թէեւ Աստուած մեր աղօթքները լսելու համար վճարում չի պահանջեր, բայց մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ՝ երբ կ’աղօթենք։

6 Աստուծոյ մօտենալու համար դրամի կարիքը կա՞յ։ Շատեր կղերներուն կը վճարեն, որպէսզի իրենց համար աղօթք մատուցանեն։ Ոմանք նոյնիսկ կը հաւատան որ որքան նուիրատուութիւն ընեն, այդքանով իրենց աղօթքները պիտի լսուին։ Սակայն, Աստուծոյ Խօսքը չ’ըսեր որ պէտք է դրամ մատուցանենք, որպէսզի Եհովան մեր աղօթքը լսէ։ Իր հոգեւոր հայթայթումները եւ աղօթքով իրեն հետ յարաբերութեան մէջ գալու օրհնութիւնները անվճար են։—Եսայեայ 55։1, 2

7 Արդ, ի՛նչ պահանջուած է։ Շիտակ սրտի վիճակ մը ունենալը կենսական է։ (Բ. Մնացորդաց 6։29, 30. Առակաց 15։11) Մեր սրտին մէջ պէտք է հաւատանք Եհովայի, որպէս «աղօթքի լսող» եւ զինք փնտռողները վարձատրողԱստուած մը։ (Սաղմոս 65։2. Եբրայեցիս 11։6) Նաեւ, խոնարհ սիրտ մը պէտք է ունենանք։ (Դ. Թագաւորաց 22։19. Սաղմոս 51։17) Իր առակներէն մէկուն մէջ, Յիսուս Քրիստոս ցոյց տուաւ որ խոնարհ մաքսաւոր մը երբ նուաստացած վիճակով Աստուծոյ մօտեցաւ, աւելի արդար համարուեցաւ քան սնապարծ Փարիսեցի մը։ (Ղուկաս 18։10–14) Երբ աղօթքով Աստուծոյ կը մօտենանք, յիշենք որ «բոլոր սրտով հպարտները Տէրոջը առջեւ պիղծ են»։—Առակաց 16։5

8. Եթէ կը փափաքինք որ Աստուած պատասխանէ մեր աղօթքներուն, մենք մեզ ի՞նչ բանէ պէտք է մաքրենք։

8 Եթէ կը փափաքինք որ Աստուած պատասխանէ մեր աղօթքներուն, մեր մեղաւոր ընթացքէն պէտք է մաքրուինք։ Երբ Յակոբոս աշակերտ քաջալերեց որ մարդիկ Աստուծոյ մօտենան, ան ըսաւ. «Սրբեցէ՛ք ձեռքերնիդ, մե՛ղաւորներ եւ մաքրեցէք սրտերնիդ, ե՛րկմիտներ»։ (Յակոբու 4։8) Նոյնիսկ յանցագործներ կրնան Եհովայի հետ խաղաղ յարաբերութեան մէջ գալ, եթէ զղջան եւ իրենց նախկին ընթացքը ձգեն։ (Առակաց 28։13) Եհովայի կողմէ չենք կրնար լսուիլ, եթէ պարզապէս ձեւացնենք որ մեր ճամբաները մաքրած ենք։ «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու իր ականջները՝ անոնց աղօթքներուն. բայց Տէրոջը երեսը չարագործներուն դէմ է», կ’ըսէ Աստուծոյ Խօսքը։—Ա. Պետրոս 3։12

9. Որո՞ւ միջոցով Եհովայի պէտք է մօտենանք եւ ի՛նչու։

9 Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երկրի վրայ արդար մարդ չկայ, որ աղէկութիւն ընէ ու մեղք չգործէ»։ (Ժողովողի 7։20) Ուստի, կրնաք հարցնել. Ուրեմն ի՛նչպէս կրնամ մօտենալ Եհովա Աստուծոյ։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Եթէ մէկը մեղք գործելու ըլլայ, Հօրը քով բարեխօս ունինք Յիսուս Քրիստոս արդարը»։ (Ա. Յովհաննու 2։1) Թէեւ մեղաւոր ենք, բայց համարձակութեամբ կրնանք մօտենալ Աստուծոյ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, որ մեզի համար որպէս փրկանք մեռաւ։ (Մատթէոս 20։28) Եհովա Աստուծոյ մօտենալու միա՛կ միջնորդը ինքն է։ (Յովհաննու 14։6) Յիսուսի փրկանքի զոհին արժէքը թեթեւի պէտք չէ առնենք, խորհելով որ ի՛նչ մեղք որ գործենք՝ ինքնաբերաբար պիտի ներուի։ (Եբրայեցիս 10։26) Բայց, եթէ գէշ բաներէն ետ կենալու համար շատ ջանք թափենք, եւ հակառակ ասոր սխալի մէջ իյնանք, կրնանք զղջալ եւ Աստուծմէ թողութիւն խնդրել։ Երբ խոնարհ սրտով մը մօտենանք Իրեն, մեզի պիտի լսէ։—Ղուկաս 11։4

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍԵԼՈՒ ՊԱՏԵՀՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

10. Աղօթելու մէջ ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել Յիսուսը, եւ ի՞նչ բաներ անձնական աղօթքի առիթներ են։

10 Յիսուս Քրիստոս մեծապէս կ’արժեւորէր Եհովայի հետ իր ունեցած յարաբերութիւնը։ Անոր համար ան անձնական աղօթքներ մատուցանելով Աստուծոյ հետ խօսելու ժամանակ տրամադրեց։ (Մարկոս 1։35. Ղուկաս 22։40–46) Մենք ալ Յիսուսը ընդօրինակենք եւ կանոնաւորաբար Աղօթենք Աստուծոյ։ (Հռովմայեցիս 12։12) Շատ յարմար է մեր օրը սկսիլ աղօթքով, իսկ անկողին երթալէ առաջ, շնորհակալութիւն յայտնել Եհովայի՝ ամբողջ օրուան գործունէութիւններուն համար։ Օրուան ընթացքին, սովորութիւն ըրէք «ամէն ատեն» Աստուծոյ մօտենալ։ (Եփեսացիս 6։18) Նոյնիսկ մեր սրտին մէջ կրնանք լռելեայն աղօթել, գիտնալով որ Եհովա կրնայ լսել մեզ։ Անձնապէս Եհովայի խօսիլը, իրեն հետ մեր յարաբերութիւնը կ’ամրապնդէ եւ ամէն օր Եհովայի աղօթելը մեզի կ’օգնէ որ աւելի մօտենանք իրեն։

11. (ա) Ընտանիքներ ինչո՞ւ միասնաբար պէտք է աղօթեն։ (բ) Աղօթքին վերջաւորութեան ըսուած «Ամէն»ին իմաստը ի՞նչ է։

11 Եհովա կը լսէ նաեւ այն աղօթքները որոնք կը մատուցանուին խումբ մը անհատներու համար։ (Գ. Թագաւորաց 8։22–53) Որպէս ընտանիք կրնանք Աստուծոյ մօտենալ, երբ տան գլուխը աղօթք կը մատուցանէ։ Ասիկա ընտանեկան կապերը կը զօրացնէ եւ Եհովան իրողութիւն մը կ’ըլլայ մանուկներուն համար, երբ կը լսեն իրենց ծնողներուն Աստուծոյ մատուցած խոնարհ աղօթքները։ Իսկ ի՛նչ կրնանք ընել, երբ անհատ մը ամբողջ խումբի մը համար կ’աղօթէ, թերեւս Եհովայի Վկաներու ժողովի մը ընթացքին։ Եթէ ունկնդիրներուն մէջ կը գտնուինք, ուշադրութեամբ հետեւինք անոր, որպէսզի վերջաւորութեան կարենանք սրտանց «Ամէն» ըսել, որ կը նշանակէ՝ «Այդպէս թող ըլլայ»։—Ա. Կորնթացիս 14։16

ԱՂՕԹՔՆԵՐ ԶՈՐՍ ԵՀՈՎԱ ԿԸ ԼՍԷ

12. (ա) Աստուած ինչո՞ւ չի պատասխաներ կարգ մը աղօթքներու։ (բ) Երբ կ’աղօթենք, ինչո՞ւ միմիայն մեր անձնական կարիքները պէտք չէ խնդրենք։

12 Ոմանք Քրիստոսի միջոցով աղօթելով հանդերձ, կը զգան որ Աստուած իրենց աղօթքները չի լսեր։ Սակայն, Յովհաննէս առաքեալ ըսաւ. «Գիտենք թէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք [Աստուծոյ] կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի»։ (Ա. Յովհաննու 5։14) Հետեւաբար, Աստուծոյ կամքին համեմատ պէտք է խնդրենք։ Քանի որ Ան հետաքրքրուած է մեր հոգեւոր բարօրութեամբ, մեր հոգեւորականութեան ազդող որ՛եւէ բան աղօթքի յարմար նիւթ մըն է։ Մեր ուշադրութիւնը միմիայն ֆիզիքական կարիքներու վրայ կեդրոնացնելու փորձութեան դէմ պէտք է դնենք։ Օրինակ, թէեւ պատշաճ է ներատեսութիւն ունենալու ու հիւանդութեան տոկալու համար աղօթել, սակայն առողջութեան մտահոգութիւնները պէտք չէ մթագնեն մեր հոգեւոր հետաքրքրութիւնները։ (Սաղմոս 41։1–3) Քրիստոնեայ կին մը անդրադառնալով որ իր առողջութեամբ չափազանց մտահոգ էր, Եհովայէ խնդրեց որ իր հիւանդութեան նկատմամբ պատշաճ տեսակէտ մը ունենալու համար իրեն օգնէ։ Որպէս հետեւանք, ան իր առողջապահական խնդիրներով աւելի քիչ մտահոգուեցաւ եւ զգաց որ իրեն «զօրութեան առաւելութիւն» մը տրուեցաւ։ (Բ. Կորնթացիս 4։7) Ուրիշներուն հոգեւորապէս օգնելու իր ցանկութիւնը զօրացաւ եւ ան Թագաւորութեան լիաժամ քարոզիչ մը եղաւ։

13. Աղօթքի կարգ մը պատշաճ նիւթերը որո՞նք են, ինչպէս ցոյց տրուած է Մատթէոս 6։9–13–ի մէջ։

13 Մեր աղօթքներուն մէջ ի՛նչ բաներ կրնանք յիշել, զորս Եհովայի համար հաճելի պիտի ըլլայ լսել։ Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն սորվեցուց ի՛նչպէս աղօթել։ Մատթէոս 6։9–13–ի մէջ արձանագրուած տիպար աղօթքին մէջ, ան օրինակ մը տուաւ որ ինչ նիւթերու շուրջ կրնանք աղօթել։ Մեր աղօթքներուն գլխաւոր նիւթը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։ Նախապատուութիւն պէտք տրուի Եհովայի անուան եւ Թագաւորութեան։ Տեղին է մեր նիւթական պէտքերուն համար աղօթել։ Կարեւոր է նաեւ մեր մեղքերուն համար թողութիւն՝ ինչպէս նաեւ չարին, Բանսարկու Սատանայի, փորձութիւններէն ազատութիւն՝ խնդրել։ Յիսուս չուզեց որ մենք այս աղօթքը երգենք եւ զայն անդադար կրկնենք, կամ առանց անոր իմաստին մասին մտածելու, գոց արտասանենք։ (Մատթէոս 6։7) Եթէ զաւակ մը իր հօրը հետ խօսած ատեն ամէն անգամ նոյն խօսքերը կրկնէր, ի՞նչպիսի յարաբերութիւն մը կը գոյանար իրենց միջեւ։

14. Բացի պաղատանքէ, ուրիշ ի՞նչ աղօթքներ կրնանք մատուցանել։

14 Պաղատանքէն եւ խնդրանքէն զատ, պէտք է փառաբանութեան եւ շնորհակալութեան աղօթքներ ալ մատուցանենք։ (Սաղմոս 34։1. 92։1. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։18) Կրնանք ուրիշներուն համար ալ աղօթել։ Մեր վշտահար կամ հալածուած հոգեւոր եղբայրներուն կամ քոյրերուն համար աղօթելը, անոնց հանդէպ մեր հետաքրքրութիւնը ցոյց կու տայ, իսկ Եհովայի հաճելի է լսել այսպիսի արտայայտութիւններ։ (Ղուկաս 22։32. Յովհաննու 17։20. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։25) Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7

ԱՂՕԹՔԻ ՄԷՋ ՅԱՐԱՏԵՒԵՑԷՔ

15. Եթէ մեզի այնպէս թուի որ մեր աղօթքները չեն պատասխանուիր, ի՞նչ պէտք է յիշենք։

15 Աստուծոյ մասին գիտութիւն ստանալով հանդերձ, երբեմն կրնաք խորհիլ որ ձեր աղօթքները անպատասխան կը մնան։ Կրնայ ըլլալ որ տակաւին ժամանակը չէ որ Աստուած պատասխանէ ձեր մասնայատուկ աղօթքին։ (Ժողովողի 3։1–9) Եհովա կրնայ թոյլ տալ որ կացութիւն մը շարունակուի որոշ ատեն մը, բայց ան աղօթքներուն կը պատասխանէ՛ եւ ասիկա ընելու լաւագոյն ժամանակն ալ գիտէ։—Բ. Կորնթացիս 12։7–9

16. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք աղօթել, եւ ասիկա ընելը Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։

16 Աղօթքի մէջ յարատեւելը ցոյց կու տայ որ ինչ որ կ’ըսենք Աստուծոյ, ի՛րապէս հետաքրքրուած ենք անով։ (Ղուկաս 18։1–8) Օրինակ, թերեւս որոշ տկարութիւն մը ունինք եւ Եհովայէ կը խնդրենք որ զայն յաղթահարելու համար օգնէ մեզի։ Աղօթքի մէջ յարատեւելով եւ մեր խնդրանքին համաձայն գործելով, մեր անկեղծութիւնը ցոյց կու տանք։ Մեր խնդրանքերուն մէջ մասնակի եւ պարկեշտ պէտք է ըլլանք։ Մանաւանդ երբ փորձութեան մէջ ենք, կարեւոր է ջերմեռանդօրէն աղօթել։ (Մատթէոս 6։13) Երբ մեր մեղաւոր հակումները զսպելով շարունակենք աղօթել, պիտի տեսնենք թէ Եհովա ի՛նչպէս պիտի օգնէ մեզի։ Ասիկա մեր հաւատքը պիտի կերտէ եւ իրեն հետ մեր յարաբերութիւնը պիտի զօրացնէ։—Ա. Կորնթացիս 10։13. Փիլիպպեցիս 4։13

17. Աստուծոյ ծառայութեան մէջ աղօթարար կեցուածք մը ունենալը ինչո՞ւ օգտակար է։

17 Եհովա Աստուծոյ սրբազան ծառայութիւն մատուցանելու մէջ երբ աղօթարար կեցուածք մը ունենանք, պիտի գիտակցինք որ այդ ծառայութիւնը մեր անձնական ուժով չենք կատարեր, այլ՝ Եհովայի ուժով։ (Ա. Կորնթացիս 4։7) Այս բանին գիտակից ըլլալը մեզ խոնարհ պիտի դարձնէ եւ Իր հետ մեր յարաբերութիւնը պիտի ճոխացնէ։ (Ա. Պետրոս 5։5, 6) Այո, աղօթքի մէջ յարատեւելու լաւ պատճառներ ունինք։ Մեր ջերմեռանդ աղօթքները եւ մեր սիրալիր երկնաւոր Հօրը մօտենալու կերպը գիտնալը, մեր կեանքը իրապէս ուրախութեամբ պիտի լեցնէ։

ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԵՏ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՉԷ

18. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ մտիկ ընել։

18 Եթէ կ’ուզենք որ Աստուած մեր աղօթքները լսէ, պէտք է իրեն մտիկ ընենք։ (Զաքարեայ 7։13) Ան այլեւս իր կողմէ ներշնչուած մարգարէներուն միջոցով պատգամներ չի ղրկեր, ոչ ալ ոգեհարցական կերպեր կը գործածէ։ (Բ. Օրինաց 18։10–12) Բայց կրնանք Աստուծոյ մտիկ ընել իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը սերտելով։ (Հռովմայեցիս 15։4. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Ճիշդ ինչպէս որ կը վարժուինք ֆիզիքական սննդարար կերակուր մը սիրել, նոյնպէս մեզի քաջալերութիւն տրուած է որ բանական ու անխարդախ կաթին փափաքինք։ Աստուծոյ Խօսքը ամէն օր կարդալով, հոգեւոր կերակուրի հանդէպ ձեր ախորժակը սրեցէք։—Ա. Պետրոս 2։2, 3. Գործք 17։11

19. Աստուածաշունչէն մեր կարդացածին վրայ խոկալուն օգուտը ի՞նչ կ’ըլլայ։

19 Աստուածաշունչէն ձեր կարդացած բաներուն վրայ խորհեցէք։ (Սաղմոս 1։1–3. 77։11, 12) Ուրիշ խօսքով, անոնց վրայ խոկացէք։ Ասիկա կերակուր մը մարսելու կը նմանի։ Հոգեւոր կերակուրը կը մարսէք, ձեր կարդացած բաները, ձեր արդէն գիտցած բաներուն հետ կապելով։ Նկատի առէք որ ձեր կարդացածը ի՛նչպէս կ’ազդէ ձեր կեանքին, կամ մտածեցէք որ անիկա ի՛նչ կը յայտնէ Եհովայի յատկութիւններուն եւ գործառնութիւններուն մասին։ Այսպիսի անձնական ուսումնասիրութեան շնորհիւ, Եհովայի հայթայթած հոգեւոր սնունդը կը ստանաք։ Ասիկա ձեզ աւելի պիտի մօտեցնէ Աստուծոյ եւ ձեր առօրեայ խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու պիտի նպաստէ։

20. Քրիստոնէական ժողովներու յաճախելը մեզ ինչպէ՞ս աւելի կը մօտեցնէ Աստուծոյ։

20 Աստուծոյ կրնաք մօտենալ նաեւ Քրիստոնէական ժողովներուն մէջ իր Խօսքը մտիկ ընելով, ճիշդ ինչպէս Իսրայելացիները ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէին, երբ կը հաւաքուէին Աստուծոյ Խօսքին հանրային ընթերցումը լսելու համար։ Այդ ժամանակ ուսուցիչները Օրէնքը իմաստալից կերպով կը կարդային, որպէսզի ունկնդիրները հասկնային եւ իրենց լսածը գործադրելու մղուէին։ Ասիկա իրենց ուրախութեան կը նպաստէր։ (Նէեմեայ 8։8, 12) Ուստի, Եհովայի Վկաներու ժողովներուն յաճախելը վարժութիւն դարձուցէք։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Այսպէս ընելը ձեզի պիտի օգնէ որ Աստուծոյ գիտութիւնը ձեր կեանքին մէջ կիրարկէք եւ ասիկա իր կարգին ձեզի ուրախութիւն պիտի տայ։ Քրիստոնէական համաշխարհային եղբայրակցութեան մէկ մասը ըլլալը ձեզի պիտի օգնէ որ Եհովայի մօտիկ մնաք։ Իսկ ինչպէս պիտի տեսնենք, Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ իրական ապահովութիւն կրնաք գտնել։

ՁԵՐ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈՐՁԵՑԷՔ

Ինչո՞ւ Եհովայի պէտք է մօտենաք։

Աստուծոյ մօտենալու կարգ մը պահանջները ի՞նչ են։

Ձեր աղօթքներուն մէջ ի՞նչ կրնաք պարփակել։

Ինչո՞ւ պէտք է շարունակէք աղօթել։

Այսօր, Եհովայի ինչպէ՞ս կրնանք լսել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 157]